Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Վերջերս «Վերնիսաժ»-ի տարածքին, առաջին անգամ ըլլալով, տեղի ունեցաւ ղափամայի եղանակային փառատօն: Փառատօնը կայացաւ նոյեմբեր ամսուն, քանի որ դդումի բերքը կը հասնի ճիշդ այդ ժամանակ:
Հայ խոհարարական աւանդոյթներու զարգացման եւ պահպանման հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Սեդրակ Մամուլեանի խօսքով, փառատօնին նպատակներէն մէկը մեր ազգային մշակոյթն ու խոհանոցը հանրահռչակելն է, ինչպէս նաեւ` զարգացնել զբօսաշրջութիւնը, իսկ «Վերնիսաժ»-ը այդ պատճառով ընտրուած է, քանի որ անիկա զբօսաշրջային վայր է:
Հակառակ որ անունը հայկական չէ, ղափաման հայկական աւանդական ճաշատեսակ է, որ կը պատրաստուի մեղրադդումով, բրինձով, չիրերով, ընկույզով եւ ընդեղէնով: Կան ղափամայի այլ տարբերակներ, ձաւարով, բանջարեղէններով եւ այլն…
Մամուլեանի բացատրութեամբ, դդումը երկրագունդն է, բրինձը` համայն մարդկութիւնը, չիրերն ու ընդեղէնը տարբեր հաւատքի մարդիկ: Հետեւաբար պատգամը այն է, որ ամբողջ մոլորակը խաղաղ ապրի` անկախ ազգութենէ, սեռէ եւ դաւանանքէ:
Առողջապահական
Ի՞նչ Կը Պատահի Ձեր Մարմնին Մէջ,
Եթէ Օրական Գարեջուր Խմէք
Գարեջուրը շատ ջերմուժ կը պարունակէ, հետեւաբար կը գիրցնէ: Անոր ածխաջուրերու բարձր տոկոսը կը բարձրացնէ արեան շաքարի մակարդակը եւ առողջական բարդութիւններ կը պատճառէ:
Գարեջուրը միջամուղ է, ան կը նպաստէ հեղուկի կորուստին եւ կրնայ ջրազրկման յանգեցնել: Ջրազրկումը իր կարգին գլխացաւ, յոգնածութիւն եւ ծարաւ կը պատճառէ:
Գարեջուրի չափէ աւելի օգտագործումը կը խանգարէ մարմնի դիմադրական համակարգը` հիւանդութիւններուն նկատմամբ դարձնելով աւելի խոցելի:
Գարեջուրի մշտական օգտագործումը կը վտանգէ լեարդի առողջութիւնը:
Թէեւ գարեջուրը թմրեցնելու յատկութիւն ունի, բայց անոր ազդեցութեան տակ քունը կը կորսնցնէ իր որակը, եւ ենթական օրուան ընթացքին կը դառնայ թոյլ եւ յոգնած:
Գարեջուրին պատճառած ջրազրկումը նաեւ կը վնասէ մեր մորթին, անիկա կը դառնայ չոր ու շերտաւոր եւ կը կորսնցնէ իր առաձգականութիւնը:
Վերջապէս, գարեջուրի ամէնօրեայ օգտագործումը կը մեծցնէ քաղցկեղի որոշ տեսակներու յառաջացման վտանգը: Յատկապէս վտանգուած են բերնի խոռոչը, կոկորդը եւ որկորը:
Աւոքատոյի Կորիզին Բուժիչ
Յատկութիւնները
Աւոքատոյին պարունակած ասիտ ամինէներուն 70 առ հարիւրը կը գտնուի անոր մեծ կորիզին մէջ: Կորիզը ինքնին բարիքներու հանք մըն է եւ աժան դեղ մը` շատ մը առողջական խնդիրներու:
Եկէք` ծանօթանանք այս մեծ կորիզին բուժիչ յատկութիւններուն:
– Անիկա անթիօքսիտան մըն է եւ կ՛ուշացնէ բջիջներուն ծերացումը:
– Կը պաշտպանէ սրտանօթային հիւանդութիւններէն:
– Կը զօրացնէ մարմնին դիմադրականութիւնը:
– Կ՛օգնէ ճարպերը այրելու եւ նիհարնալու:
– Կը դարմանէ փորհարութիւնը եւ աղիքային անհանգստութիւնները:
– Կը թեթեւցնէ յօդային եւ մկանային ցաւերը:
– Կ՛արգիլէ որոշ ուռերու կազմութիւնն ու զարգացումը:
– Կը դարմանէ դէմքին բշտիկները:
– Կը պահպանէ մորթին թարմութիւնը եւ զայն երիտասարդ կը պահէ:
Ինչպէ՞ս Գործածել
Աւոքատոյին կորիզը գործածելու համար նախ հանեցէք ամուր բարակ մաշկը, ապա զայն քերոցէ անցուցէք, ստացուած նիւթը թեթեւ կրակի վրայ խարկեցէք եւ պիտի ստանաք կարմրաւուն փոշի մը: Այս փոշիով կրնաք պատրաստել եփուկներ: Փոշին 10 վայրկեան եռացնելէ ետք ձգեցէք, որ 5 վայրկեան հանգչի, ապա քամոցէ անցուցէք եւ օրուան ընթացքին խմեցէք:
Նոյն այս փոշին օգտագործեցէք ձեր աղցաններուն, ապուրներուն եւ եղինձներուն մէջ:
Ուշադի՛ր, աւոքատոյի կորիզին չափազանցուած սպառումը կրնայ փորկապութիւն պատճառել:
Բոյրերու Աշխարհէն
«Պուքէ Տը Լա Քուր»
«Կերլեն»-ը եւ «Շոմէ» շքեղ ոսկերչական տունը ստեղծած են ոսկերչական եւ օծանելիքի արուեստի գլուխ գործոց` «Bouquet de la cour»-ը, «Bee Bottle» սրուակի մէջ:
Շիշին իրագործումը պահանջած է 270 ժամ, զարդարուած է 336 շլացուցիչ ադամանդներով եւ 2 քարաթանոց Impératrice հիասքանչ ադամանդով:
Այս անուշահոտը պարզապէս բուրմունք չէ. անիկա ֆրանսական անզուգական վարպետութեան արտացոլանքն է ինչպէս ոսկերչութեան, այնպէս ալ օծանելիքի ոլորտին մէջ:
«Bee Bottle»-ի 170-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս այս կարեւոր իրադարձութիւնը նշելու նպատակով «Կերլեն»-ը վաճառքի հանած է 27 հազար տոլարի արժէքով սահմանափակ քանակութեամբ սրուակներ` յայտնի ապակեգործ Արիսթիտ Նաջենի ձեռամբ:
Նշենք նաեւ, որ «Bee Bottle»-ի համար յատուկ բեռնախցիկ ստեղծելու համար «Կերլեն» գործակցած է լիբանանցի տիզայնըր Նատին Քանսոյի հետ:
Այսուհետեւ Մտածենք Նախքան Թափելը…
Մանտարինի Կեղեւը Օգտագործելու
Հետաքրքրական Տարբերակներ
Համեղ, հիւթեղ, բուրաւէտ եւ սննդարար մանտարինը շատերու կողմէ համարուած է որպէս ձմրան պտուղներու թագուհին: Սակայն քիչեր գիտեն, որ բացի պտուղէն` կարելի է օգտագործել նաեւ անոր կեղեւը տարբեր նպատակներով: Իմանալէ ետք դուք եւս այսուհետեւ երբեք պիտի չթափէք ձեր սիրելի պտուղին կեղեւը: Եւ այսպէս`
– Մանտարինի կեղեւը կը չէզոքացնէ տհաճ հոտերը, յատկապէս երբ ձմրան եղանակին կը փակէք դուռ ու պատուհան, իսկ խոնաւութեան ու բորբոսի հոտը կը լեցուի տան մէջ: Նման պարագայի մանտարինի կեղեւներ շարեցէք պատուհանի եզրին կամ տաք ջեռուցիչին վրայ, եւ ամբողջ տունը պիտի օծանուի մանտարինի բուրաւէտ հոտով:
– Մանտարինի կեղեւը կարելի է օգտագործել որպէս ոչ հաճելի հոտերը հեռացնող` հագուստի պահարանին մէջ: Անիկա ոչ միայն հոտերը կը չէզոքացնէ, այլեւ կը պաշտպանէ ցեցերէն: Ծրարիկի մը մէջ մանտարինի չորցուած կամ թարմ կեղեւ, քանի մը մեխակի գամ եւ դափնիի տերեւ մը զետեղեցէք, ծրարին բերանը կապեցէք եւ հաստատեցէք հագուստի կախիչի մը վրայ: Արդիւնքը ապահով է:
– Մանտարինի կեղեւը նաեւ շատ հաճելի համ եւ բոյր կը հաղորդէ ձեր թէյերուն: Ջեռոցի մէջ կամ բացօթեայ չորցուցէք մանտարինի կեղեւը եւ աւելցուցէք ձեր թէյերուն:
– Մանտարինի կեղեւը չորցուցէք, աղեցէք եւ փոշին օգտագործեցէք ձեր կարկանդակներու պատրաստութեան ընթացքին:
– Ցօղացիր շիշի մէկ երրորդը քացախ լեցուցէք, մէկ երրորդը` ջուր, մանտարինի թարմ կեղեւ աւելցուցէք եւ ստացուած հեղուկը օգտագործեցէք որպէս մաքրութեան միջոց:
– Մանտարինի թարմ կեղեւներուն հոտը կը վանէ ձեր սիրելի կատուն տան բոյսերէն, որոնց մէկ կարեւոր մասը նաեւ վտանգաւոր է անոնց առողջութեան: Հողի մակերեսին քանի մը կեղեւի կտոր զետեղելով կը պաշտպանէք թէ՛ ձեր բոյսը եւ թէ՛ ձեր կատուն:
Սուրճի Մրուրը Օգտագործելու
Հետաքրքրական Տարբերակներ
Դուք կը սիրէք առաւօտեան սուրճը եւ անոր հետ կապուած ծէսը… Բայց արդեօք ծանօ՞թ էք սուրճի մրուրի օգտագործման տարբերակներուն… Եկէ՛ք` ծանօթանանք:
– Սուրճի մրուրը կը վերացնէ լուացարանի խողովակէն եկող տհաճ հոտը: Ձեր սուրճը պատրաստելէ եւ վայելելէ ետք սրճամանին տակ հաւաքուած սուրճի մրուրին քիչ մը տաք ջուր աւելցուցէք եւ լեցուցէք խողովակին մէջ, ապա տաք ջուր հոսեցուցէք:
– Սուրճի մրուրը կը կլանէ սառնարանին, հագուստի պահարանին կամ աղբամանին տհաճ հոտերը: Սառնարանին մէջ սուրճի գաւաթով, պահարանին մէջ կտորէ ծրարիկով, իսկ աղբամանին մէջ` պարզապէս յատակին ցանելով սուրճի մրուր օգտագործեցէք եւ անմիջապէս կը քաղէք արդիւնքը:
– Եթէ կ՛ուզէք մրջիւնները վանել խոհանոցէն եւ չէք ուզեր քիմիական դեղեր օգտագործել, սուրճի մրուր ցանեցէք անոնց տարածքներուն:
– Սուրճի մրուրով կրնաք շփել ու մաքրել խորովածի շամփուրները, ջեռոցի սկուտեղը, տապակները եւ այլն…
– Սուրճի մրուրը նաեւ կը կլանէ ծխախոտի անախորժ հոտը: Տան տարբեր տեղեր սուրճի մրուրով լեցուն փոքրիկ մոխրամաններ զետեղեցէք: Արդիւնքը պիտի զարմացնէ ձեզ:
Խոհագիր
Մարոքեան Ապուր`
Ոսպով Եւ Ստեպղինով
– 2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– 1 միջակ, մանրուած սոխ
– 3 պճեղ մանրուած սխտոր
– 2 գաւաթ քերոցէ անցած ստեպղին
– 1 թէյի դգալ քիմիոն
– 1 թէյի դգալ քրքում
– 1 թէյի դգալ չոր գինձ
– Կէս թէյի դգալ կարմիր փոշի պղպեղ
– Քառորդ թէյի դգալ կասիա
– 2 գաւաթ լուացուած, նարնջագոյն ոսպ
– 1 գաւաթ խորանարդաձեւ կտրատուած լոլիկ
– 4 գաւաթ հաւի կամ բանջարեղէնի արգանակ
– Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Ձէթը տաքցնել, աւելցնել սոխն ու սխտորը եւ 2 վայրկեան ձէթին մէջ դարձնել մինչեւ փափկանան, ապա աւելցնել համեմները եւ 4 վայրկեան եւս եփել, յետոյ աւելցնել ստեպղինը եւ 10 վայրկեան եւս եփել: Վերջապէս, աւելցնել արգանակը, լոլիկը եւ ոսպը: Կրակը թեթեւցնել եւ մերթընդմերթ խառնելով եփել շուրջ 20 վայրկեան, մինչեւ որ ոսպը եփի ու փափկանայ:
Ապուրը կարելի է մատուցել այսպէս եւ կամ հարիչէ անցընելով` ըստ ճաշակի:
Երեսը զարդարել ազատքեղով կիտրոնի շերտերով եւ այլն…
*
* *
Շաբթուան Մտածումը
«Ամենակարեւոր բաները մեզ ոչ ոք չսովորեցրեց: Առաջին դասարանում անցանք այբուբենը, դա յետոյ էլ կը սովորէինք:
Յետոյ թուաբանութեան դասատուն մեզ անգիր անել տուեց բազմապատկման աղիւսակը… երբ կեանքում մենք անընդհատ բաժանուելու էինք` մեր մտերիմներից, մեր յոյսերից, մեր ապրած տարիներից…
Սովորեցրին հին ու նոր ժամանակների պատմութիւններ, որ ի՞նչ…
… Եւ ոչ ոք չսովորեցրեց ինչպէս հասկանալ կողքինի տխրութիւնը, ինչպէս լսել լռութիւնը, ինչպէս տառապել…. արժանապատուութեամբ:
Թողեցին, որ այդ ամէնը սովորենք ինքնակրթութեամբ` ինչպէս ասում են:
… Իսկ աւելի մարդավարի ասած` մեր սրտերի վրայ ստացած վէրքերով պիտի սովորէինք ամենակարեւոր բաները»:
ՎԱՐԴԳԷՍ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ