Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Քանի Մը Տողով. Հայաստանը Առաջին Անգամ Ըլլալով…

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 

Հայաստանը առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի Եւրոպայի մէջ մեծ ճանաչում վայելող Սթրազպուրկի Սուրբ Ծննդեան տօնավաճառին:

Համաշխարհային ճանաչում ունեցող տօնավաճառին ներկայացուած են աւելի քան 60 հայ վարպետներու շուրջ 400 տեսակի ձեռագործ աշխատանքները:

Հայկական զարդանաշխերով ստեղծուած Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի խորհրդանիշները շուրջ մէկ ամիս (նոյեմբեր 24-էն դեկտեմբեր 24) կը զարդարեն Սթրազպուրկի «Սեն Թոմա» հրապարակին վրայ տեղադրուած հայաստանեան հիւրընկալ տաղաւարը:

Տօնավաճառի այցելուներուն ներկայացուած են հայկական մշակութային ժառանգութեան` գորգագործութեան, ասեղնագործութեան, թաղիքագործութեան եւ փայտարուեստի լաւագոյն նմուշները:

«Համաեւրոպական այս կարեւորագոյն հարթակին ներկայացուածութիւնը կը նպաստէ հայկական մշակութային ժառանգութեան միջազգային հանրահռչակման, միջմշակութային երկխօսութեան ձեռքբերման ու ընդլայնման», յայտնած են նախաձեռնողները:

«Զարմանահրաշ Հայ Կիներ»

«Զարմանահրաշ հայ կիներ» մանկական գիրքը արդէն իսկ առկայ է Հայաստանի գրախանութներուն մէջ:

Գիրքը կը պատմէ 30-է աւելի հայ կիներու մասին, որոնք «կամքը ունին` փոխուելու, ընկերային-հասարակական պատնէշներէն անդին մտածելու, իրենց երազանքներու ճամբով երթալու եւ ապրելու հաւասարութեան, արդարութեան եւ ազատութեան մէջ»:

Բացի արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն տարբերակներէն կը ծրագրուի նաեւ գիրքին անգլերէն հրատարակութիւնը:

«Զարմանահրաշ կիներ» գիրքին հեղինակներն են Գայեանէ Աղաբալեանը եւ Էլմիրա Այվազեանը: Հեղինակներուն խօսքով, իրենց առաքելութիւնն է ճանաչելի դարձնել պատմութենէն եւ հաւաքական յիշողութենէն դուրս մնացած հայ կիները, խզել անոնց շուրջ եղած լռութիւնը եւ երկար սպասուած տուրքը մատուցել իւրաքանչիւրին: Պատմական կիներու կողքին, ընդգրկուած են նաեւ մեր օրերուն ապրող կիներ, որոնք կը կոտրեն կարծրատիպերը եւ կը հետեւին իրենց երազանքներուն:

Նշենք, որ «Զարմանահրաշ կիներ»-ը արեւմտահայերէնի թարգմանած է Շաղիկ Շահինեան- Արծրունին:

 

Նոր Տարուան Նախօրեակին

Կազմակերպեցէք Ձեր Ժամանակացոյցը

Արդէն թեւակոխեր ենք դեկտեմբեր ամիսը, եւ Ամանորը սարերուն ետեւ չէ: Շատեր արդէն իսկ յարդարած են տօնածառը, շատ շատեր ալ «տակաւին կանուխ է» կը մտածեն:

Մի՛ մոռնաք, որ ժամանակը շատ արագ կը սահի, ու կան կարեւոր գործեր, զորս պէտք է կատարել մինչեւ դեկտեմբեր 31` վերջին օրերուն խուճապի չմատնուելու եւ ջղագրգիռ տրամադրութեամբ Ամանորը չդիմաւորելու համար:

Ստորեւ կը ներկայացնենք կարեւոր եւ երկրորդական գործերու ցանկ մը, որ կ՛օգնէ կազմակերպելու ձեր ժամանակացոյցը:

Կարգի բերէք ձեր արտաքին տեսքը, քալեցէք, մարզանք ըրէք, ուշադիրէ եղէք ձեր ուտելիքներուն, որպէսզի նոր տարուան գիշերը վայելուչ ու գրաւիչ տեսք ունենաք:

Փոխեցէք ձեր արտաքին տեսքը, յաճախ արտաքին փոփոխութիւնները կը բերեն ներքին փոփոխութիւններ:

Փոխեցէք ձեր սանտրուածքը, մազերուն գոյնը, ակնոցներուն շրջանակը եւ այլն… Նման պզտիկ փոփոխութիւններ նաեւ կը բարձրացնեն ձեր տրամադրւթիւնը:

***

Գնեցէք ձեր նուէրները: Վերջին օրերուն ծանրաբեռնուած պիտի ըլլաք այլ պարտականութիւններով, եւ բնականաբար նուէր փնտռելն ու գնելը տաղտուկի պիտի վերածուին, պիտի դառնաք դիւրագրգիռ եւ ջղային:

***

Յարդարեցէք ձեր տունը: Նոյնիսկ եթէ տօնածառ զարդարելու տրամադրութիւն չունիք, առնուազն քանի մը զարդ (մոմ, Կաղանդի պսակ, արձանիկներ…) գնեցէք եւ տան մէջ տօնական մթնոլորտ ստեղծեցէք:

***

Ամանորեան սեղանին ճաշացուցակը պատրաստեցէք եւ արդէն իսկ որոշ գնումներ կատարեցէք ամէն բան վերջին օրերուն մի՛  ձգէք:

Ամանորեայ ընթրիքի պատրաստութեան պարտականութիւնները բաժնուեցէք, որպէսզի մէկ անձի վրայ չբեռցուին գործերը, եւ իւրաքանչիւրը ստանձնէ իր պարտականութիւնը:

***

Բարի գործ մը կատարեցէք: Այցելեցէք ծերանոց, որբանոց կամ բարեսիրական որեւէ հաստատութիւն եւ սրտաբուխ նուէրով մը երջանկացուցէք գուրգուրանքի եւ ուշադրութեան կարօտ անձեր:

***

Ներողամիտ եւ հաշտարար եղէք: Եթէ ոեւէ անձ ցաւցուցած է ձեզ, Նոր տարուան շեմին ներողամիտ եղէք եւ ձեր ետին նետեցէք քէնն ու ոխը եւ Նոր տարին դիմաւորեցէք մաքուր սրտով: Իսկ եթէ հակառակը` դուք վշտացուցած էք ուրիշին, առաջին քայլը առէք` ներողութիւն խնդրելու ու սրբագրելու ձեր սխալը:

***

Մօտիկ եւ հեռաւոր հարազատներու ու բարեկամներու անունները ցանկագրեցէք եւ մի՛ մոռնաք բացիկներով կամ ելեկտրոնային նամակներով շնորհաւորելու անոնց Ամանորն ու Ս. Ծնունդը:

Օգտակար Է Իմանալ

Ինչպէ՞ս Ընտրել Առողջ
Փուենսեթիա Մը

Փուենսեթիայի հայրենիքը Մեքսիքան է, զայն կոչած են Սուրբ Ծննդեան աստղ Բեթղեհեմի աստղին հետ նմանութեան պատճառով:

Եթէ դուք ալ փուենսեթիայի սիրահար էք եւ մտադիր էք հատ մը գնել ու զարդարել ձեր տունը, ուրեմն հետեւեցէք այս խորհուրդներուն` առողջ փուենսեթիա մը ընտրելու համար: Ծաղկավաճառին խանութը առէք ձեր ժամանակը եւ լաւ զննեցէք.

Տերեւները պէտք է ըլլան ամուր, բաւական խիտ եւ մութ կանաչ:

Ծաղիկները (փոքր բողբոջները) պէտք է իրարու մօտիկ ըլլան եւ ոչ ցանցառ:

Ծաղիկներուն շուրջ գտնուող փոքրիկ տերեւները պէտք է ըլլան գունաւոր, եթէ անոնք մեծ մասամբ կանաչ են, կը նշանակէ, որ բոյսը շուտով պիտի գունաթափուի:

Հրաժարիլ ցանցառ, մասամբ դեղնած տերեւներով եւ թափած բողբոջներով տունկերէն:

Գիտէ՞ք, թէ…

  • Փուենսեթիան, որ արեւադարձային բոյս է, լոյսի կարիք ունի, անիկա պէտք է տեղադրուի պատուհանի մօտ, ուր ան պէտք է ստանայ օրական առնուազն 5 ժամ լոյս:
  • Փուենսեթիան զգայուն է ցուրտին, զայն զետեղեցէք հոսանքէ հեռու անկիւն մը:
  • Բոյսը նաեւ զգայուն է տաքին, զայն պէտք է հեռու պահել ջեռուցիչէն եւ վառարանէն:
  • Փուենսեթիային հողը պէտք չէ ամբողջովին չորնայ, ոչ ալ արմատները ջուրի մէջ թաթխուին: Հողը պէտք է պարզապէս խոնաւ պահել, երբեք` թաց:

Առողջապահական

Կրիփէն Պաշտպանուելու
7 Պարզ Միջոցներ

Կրիփը լայնօրէն տարածուած ժահրային հիւանդութիւն է: Կրիփով կը հիւանդանան բոլոր տարիքի ու սեռի անձեր: Հիւանդութեան հիմնական ախտանշաններն են` ջերմութիւնը, հազը, կոկորդի ցաւը, մարմնի կոտրտուքը, յոգնածութիւնն ու գլխացաւը:

Կրիփի վարակի հիմնական աղբիւրը հիւանդ անձն է, որ շրջապատին համար վտանգաւոր է հիւանդութեան առաջին օրէն մինչեւ լրիւ ապաքինումը: Ան խօսելու, հազալու, փռնգտալու, համբուրուելու կամ ձեռք սեղմելու ատեն վարակը շատ արագ կը փոխանցէ շրջապատին

Բժիշկները խորհուրդ կու տան`

ա.- Կարելի եղածին չափ հեռու մնալ շփումներէ (համբուրուիլ, ձեռք սեղմելու, գիրկընդխառնուիլ…)` առաւելագոյնս պաշտպանուելու համար վարակէն:
բ.- Հեռու մնալ ընկերային հանդիպումներէ, մանաւանդ եթէ անոնք փակ տարածքներու մէջ տեղի կ՛ունենան:
գ.- Հրաժարիլ հիւանդանոց այցելելէ հիւանդտեսի պատրուակով: Հիւանդանոցները վարակի բոյներ են:
դ.- Հրաժարիլ ինքնաբուժումէ եւ զգուշանալ անթիպիոթիքներէ, որոնք միշտ ալ ճիշդ ընտրութիւն չեն:
ե.- Հագուիլ եղանակին համապատասխան:
զ.- Յաճախ օդափոխել փակ տարածքները:
է.- Շատ հեղուկ խմել: միշտ ալ ճիշդ ընտրութիւն չեն:
ե.- Հագուիլ եղանակին համապատասխան:
զ.- Յաճախ օդափոխել փակ տարածքները:
է.- Շատ հեղուկ խմել:

Խոհագիր

Արմաւով Աղանդեր

Բաղադրիչներ

– Չոր արմաւ` 10-12 հատ
– Ընկուզեղէն` ըստ ճաշակի
– Ռիքոթա պանիր, գետնանուշի կարագ
– Կտրատուած չոր մրգեղէն` ըստ ճաշակի

Պատրաստութիւն

Արմաւներուն կորիզները հանել: Քանի մը հատին մէջ կէս թէյի դգալ ռիքոթա պանիր լեցնել, քանի մը հատը պարապ ձգել, մնացեալին մէջ ալ կէսական թէյի դգալ գետնանուշի կարագով ծեփել:

Ըստ ճաշակի, արմաւներուն երեսը աւելցնել` ընկոյզ, կաղին, նուշ, մանրուած չիրեղէն` ծիրան, սալոր, չամիչ, ինչպէս նաեւ` շուշմայ, մեծ դդումի կամ սեխի սերմեր, նուռի հատիկներ, եւ այլն…

Այս շատ սննդարար աղանդերը հիւրասիրութեան շատ յաջող տարբերակ է գաւաթ մը սուրճի կողքին:

*
*   *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Աղէտ

Այս ինչ պատահեց հայոց աշխարհին
Ողբերգութիւն է համաշխարհային
Մի բուռ ազգ էինք, դարձել ենք կէս բուռ
Իսկ այդ կէս բուռն էլ արտասուք է լուռ:

Մենք այլոց տունը երբեք չենք քանդել,
Էլ ինչո՞ւ պիտի մեր տունը քանդուէր.
Մեր պաշտած հողը մեզ իր գիրկն առաւ
Մեր պաշտած քարը մեր գլխին ընկաւ:

Այո՛, կը յիշենք, նոյնիսկ կը գրենք,
Եթէ շատերս չխելագարուենք:
Բայց այս օրերին կայ լոկ մի՛ խորհուրդ`
Պիտի դիմանա՛ս, իմ հայ ժողովուրդ,
Դեռ պիտի յաղթես, ապրելո՛վ յաղթես.
Եւ նաեւ, նաեւ ծիծաղո՛վ յաղթես:

Մենք չմնացինք աշխարհում մենակ.
Ամբողջ աշխարհը դարձաւ մեզ յենակ
Ամբողջ աշխարհը դարձաւ մեզ թիկունք,
Շնորհակալ ենք` բոլորին յատուկ:
Մարդիկ զոհուեցին` ազնուութիւնը ո՛չ:

Սա՛ է պահելու ժողովուրդին ողջ:
Եւ ասա՛ Աստուած, եթէ խիղճ ունես,
Ի՞նչ ճակատագիր տուեցիր դու մեզ:
Մենք այսօր շատ ենք ցնցուած, բզկտուած,
Թող վերջին վիշտը լինի սա, Աստուա՛ծ:

ԱՐԱՄԱՅԻՍ ՍԱՀԱԿԵԱՆ

Ասկէ 35 տարի առաջ այս օրը (7 դեկտեմբեր 1988, առաւօտեան ժամը 11:41-ին) տեղի ունեցաւ Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժը: Զոհուեցաւ 25 հազար մարդ, 19 հազարը հաշմանդամ դարձաւ, շուրջ կէս միլիոնը մնաց անօթեւան:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>