Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Տարբեր մարդոց համար տօները կրնան տարբեր նշանակութիւններ ունենալ` ըստ կրօնին, համոզումներուն, դաստիարակութեան, բայց նաեւ` կեանքի լաւ կամ գէշ փորձառութեան:
Շատ շատերու համար Ամանորն ու Ս. Ծնունդը հաւատքի ամրապնդման, խնճոյքի, տօնախմբութեան եւ վերամիաւորման առիթներ են, մինչդեռ ուրիշներու համար թախիծի, անձկութեան եւ ընկճախտի պատճառ:
Մարդոց մեծամասնութիւնը վերոյիշեալ զոյգ տօները կ՛ընկալէ որպէս`
– Կրօնական Տօն. Այո՛ շատերու համար տօները, յատկապէս` Ս. Ծնունդը, առիթներ են` նշելու Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան հետ կապուած կարեւոր կրօնական իրադարձութիւնները:
– Մշակութային Աւանդութիւններ. Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի տօները կը նշուին մշակութային յատուկ աւանդութիւններով` տօնածառի յարդարանք` նուէրներու փոխանակում, աւանդական կերակուրներու պատրաստութիւն եւ այլն…
– Ընտանեկան Վերամիաւորում. Ամանորն ու Ս. Ծնունդը կապուած են ընտանեկան հաւաքոյթներու հետ. այնքան յուզիչ եւ սպասուած: Ժամանակ է, երբ ընտանիքին անդամները կը հաւաքուին` տօնելու եւ կիսուելու յիշողութիւններով, կերակուրներով, բաժակաճառերով, շարականներով…
– Ուրախութիւն Եւ Երջանկութիւն. Շատերու համար տօները կը խորհրդանշեն ուրախութիւն, առատաձեռնութիւն. մարդիկ իրենց ջերմութիւնը կ՛արտայայտեն` նուէրներ փոխանակելով, ձեռնարկներու մասնակցելով եւ ուրախ պահերը կիսուելով:
– Նորացում Եւ Յոյս. Յաճախ տարեվերջը կը դիտուի որպէս նորացման ժամանակ: Շատեր տօները կը դիտեն որպէս տարուան դժուար ժամանակները մոռնալու եւ աւելի լաւ ապագայի սպասելու հնարաւորութիւն:
– Կամաւորութիւն Եւ Առատաձեռնութիւն. Որոշ մարդիկ տօները կը համարեն ուրիշներուն տալու, ձեռք մեկնելու հնարաւորութիւն: Ասիկա կրնայ դրսեւորուիլ կամաւորական գործունէութեան մը մասնակցութեամբ, բարեգործական նուիրատուութիւններու կամ պարզապէս ուրիշներու հանդէպ բարեացակամ վերաբերմունքի միջոցով:
– Ստեղծագործութիւն Եւ Արտայայտում. Տօները կրնան ըլլալ յարմար առիթ ստեղծագործական տաղանդները դրսեւորելու` զարդարանքի, կերակուրի պատրաստութեան, երաժշտութեան եւ գեղարուեստական արտայայտման այլ ձեւերու միջոցով:
Ինչո՞ւ Որոշ Մարդիկ Չեն Սիրեր
Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Երեկոյթները
Կան բազմաթիւ պատճառներ, թէ ինչո՛ւ որոշ մարդիկ չեն սիրեր տօներն ու տօնական երեկոյթները: Այսպէս`
– Առանձնութիւնը. Տօնական օրերը աւելի եւս կը շեշտեն առանձնութիւնը, յատկապէս անոնց, որոնք չունին ընտանիք կամ ընկերներ, որոնց հետ կրնան նշել տօնը:
– Վիշտ. Անոնց համար, որոնք վերջերս հարազատ կորսնցուցած են, Ս. Ծնունդը կրնայ վերածուիլ ծանր տօնի` կապուած ցաւալի յիշողութիւններու հետ:
– Դրամական Դժուարութիւն. Նուէրներու, զարդարանքներու, ճաշերու հետ կապուած ծախսերը կրնան զգալի ֆինանսական ընկճախտ ստեղծել որոշ մարդոց համար:
– Ընտանեկան Տագնապներ. Ընտանիքի անդամներու կամ ազգականներու միջեւ անհամերաշխութիւնը պատճառ է, որ շատ շատեր խուսափին տօնական երեկոյթներէն:
– Վատ Յիշողութիւններ. Անցեալին Ամանորի կամ Ս. Ծննդեան հետ կապուած բացասական փորձառութիւններ կրնան ազդել որոշ մարդոց տօներու ընկալման վրայ:
Ի՞նչ Կը Կոչուի Ծննդեան Վախը
Որքան ալ տարօրինակ թուի, կայ Ս. Ծննդեան վախ. այդ վախը կը կոչուի Նաթալոֆոպիա (natalophobie): Ասիկա յատուկ ֆոպիայի ձեւ մըն է, որ կ՛արտայայտուի որպէս ուժեղ անհանգստութիւն կամ վախ, որ կապուած է Ս. Ծննդեան շրջանին հետ: Նաթալոֆոպիա ունեցող մարդիկ կրնան անհանգստութիւն զգալ, ինչ կը վերաբերի տօնակատարութիւններուն, զարդարանքներուն, ընտանեկան հաւաքոյթներուն կամ Ս. Ծնունդը նշելու հետ կապուած այլ երեւոյթներուն:
9 Քայլ` Տօնական Ընկճախտէն
Ձերբազատուելու Համար
– Առաջնահերթութիւններ Սահմանեցէք. Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի տօներուն վերաբերեալ առաջնահերթութիւններ ճշդեցէք: Յաջող Ս. Ծննդեան ընթրի՞ք, նուէրներու ճիշդ ընտրութի՞ւն, ընտանեկան ջերմ հաւաքոյթի մը կազմակերպո՞ւմ, ճամբորդութի՞ւն… Յաւելեալ ուժ մի՛ սպառէք, կեդրոնացէք մէկ բանի վրայ եւ ջանացէք այդ մէկը գլուխ հանել: Մի՛ մտածէք, որ ամէն ինչ կատարեալ պէտք է ընէք, ամէն պարագայի, ի՛նչ ալ ընէք, երբեք չէք կրնար բոլորը գոհացնել: Ըրէք անհրաժեշտը, որպէսզի հիասթափութիւն չապրիք:
– Պիւտճէ Ճշդեցէք. Տրամաբանական պիւտճէ մը ճշդեցէք նուէրներու, զարդերու, հաւաքոյթներու համար, պարզապէս բաւարարուեցէք անով, ինչ որ ունիք, ձեր հնարաւորութիւններէն աւելի մի՛ ծախսէք, յիշեցէք, որ յունուար ամիսը ծանր պիտի նստի ձեր ուսերուն:
– Աւանդութիւնը Փոխեցէք. Եթէ աւանդութիւն դարձած է, որ դուք կազմակերպէք եւ հիւրընկալէք տօնական հաւաքոյթները, եկէք` շրջեցէք աւանդոյթը եւ այս տարի դո՛ւք եղէք հիւրընկալուողը, իսկ եթէ ձեզ ընդունող չկայ, բան մի՛ կազմակերպէք այլ փորձեցէք առանձին զուարճանալու տարբերակներ գտնել:
– Իրատես Ակնկալիքներ Ճշդեցէք. Պարտադիր չէ, որ տօնական հաւաքոյթները անթերի ըլլան, իսկ անկատար պահեր ունենալը շատ բնական է: Մանր-մունր ձախողութիւնները ժպիտով ընդունեցէք: Երախտապարտ եղէք, որ առողջ էք, շրջապատուած, սիրուած… մնացեալը երկրորդական է:
– Ձեր Առողջութեան Հոգ Տարէք. Հոգ տարէք ձեր ֆիզիքական եւ մտաւոր առողջութեան. բաւարար քնացէք, առողջ սնունդ սպառեցէք, մարզանք ըրէք:
Ճարպոտ ուտելիքները, չափազանցուած ոգելիցները, անբաւարար քունը եւ մարզանքի պակասը 80 տոկոսով կը բարձրացնեն ընկճախտի հաւանականութիւնը:
– Դուք Ձեզի Ժամանակ Տրամադրեցէք. Դուք ձեզի ընդմիջումներ տուէք ընկերային ցանցերէն եւ աշխատանքային պարտաւորութիւններէն անջատուելու համար: Ժամանակ ստեղծեցէք` քալելու, պտտելու, մարզուելու, ընթերցելու, բոյսերը խնամելու, երաժշտութիւն լսելու… Այս բոլորը զգալիօրէն կը թեթեւցնեն ընկճախտը:
– Համեմատութիւններէ Խուսափեցէք. Խուսափեցէք ուրիշներու հետ դուք ձեզ համեմատելէ` ըլլայ նուէրներու, զարդարանքներու կամ տօնական ձեռնարկներու առումով: Իւրաքանչիւր ոք ունի Ամանորն ու Ս. Ծնունդը նշելու իր ձեւը: Դուք համեմատուելով կը դժբախտացնէք դուք ձեզ` փոխանակ գնահատելու այն, ինչ որ շնորհուած է ձեզի:
– Կեդրոնացէք Ներկայի Վրայ. Կեդրոնացէք ներկայ պահուն վրայ եւ վայելեցէք զայն: Եթէ մտածէք անցեալ տարուան վատ փորձի մասին, վստահաբար պիտի ընկճուիք` ցանկալով չսխալիլ: Իսկ եթէ մտածէք անցեալ տարուան յաջող Ս. Ծնունդին մասին, այդ նոյնպէս ձեր վրայ մեծ ճնշում կը գործադրէ: Պարզապէս ներկան ապրեցէք եւ մնացէք բնական:
– Օգնութիւն Ընդունեցէք. Եթէ ոեւէ մէկը առաջարկէ օգնել ձեզի, մի՛ մերժէք: Տօնական երեկոյթներու ամբողջ պատասխանատուութիւնը ձեր ուսերուն մի՛ բեռցնէք, պարտականութիւններու բաշխումը կրնայ թեթեւցնել ծանրաբեռնուածութիւնը եւ ձեզ ազատել ընկճախտէ:
* * *
Դժբախտաբար յաճախ հակուած ենք մոռնալու տօներուն բուն նշանակութիւնն ու անոնցմէ բխող խորհուրդները եւ մրցավազքի մը մէջ ենք, թէ ի՛նչ հագուինք, ի՛նչ ուտենք, կամ ո՛ւր նշենք գալիք տօները: Թէկուզ այս տարի եկէք` ձերբազատինք ձեւականութիւններէն եւ առաջնորդուինք գալիք տօներու բուն խորհուրդներով:
Խոհագիր
Խմիչքի Հետ Մատուցուող
Տօնածառ–Ախորժաբեր
Ամանորը կամ Ս. Ծնունդը սպասելու պէտք չունիք այս ախորժաբերը պատրաստելու համար: Եթէ բարեկամներ հրաւիրած էք` բաժակ մը խմիչքի շուրջ, ահաւասիկ` իտէալական ախորժաբեր մը, որ թէ՛ արագ կը պատրաստուի, թէ՛ այլազան է իր բաղադրիչներով եւ թէ՛ տօնական…
Այս ախորժաբերը պատրաստելու համար պէտք ունիք` պանիրի, վարունգի, ստեպղինի, սալամիի, մորթատելի, խոզապուխտի եւ թոմաթ սըրիզի:
Փայտէ շամփուրի մը վրայ անցուցէք պանիրի, ստեպղինի, վարունգի եւ ոլորուած մսեղէններու կտորները այնպէս մը, որ տօնածառի տեսք ստացուի:
Գագաթին զետեղեցէք փոքրիկ լոլիկը եւ աստղը: Եթէ ձեռքի տակ ժապաւէն ունիք, աստղին եւ լոլիկին միջեւ կապեցէք զայն:
Ձեր հիւրերը վստահաբար անտարբեր պիտի չմնան ու մեծապէս պիտի գնահատեն ձեր աշխատանքը:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ըսի–Ըսաւ
Կաղանդ է կ՛ըսեն կոր, ըսի,
Ի՞նչ ընեմ, ըսաւ,
Բան մը մ՛ըներ, ըսի,
Բան մը չեմ ըներ կոր, ըսաւ,
Ինչո՞ւ չես ըներ կոր, ըսի,
Ինծի՛ ինչ, ըսաւ,
Դուն մարդ չե՞ս, ըսի,
– Չեմ գիտեր, ըսաւ:
Մեզմէ չե՞ս, ըսի,
Ի՞նչ գիտնամ, ըսաւ,
Ի՞նչ գիտես, ըսի,
Ուտել գիտեմ, ըսաւ,
Ի՞նչ կ՛ուտես, ըսի,
Ինչ որ գտնամ, ըսաւ,
Ինչո՞ւ կ՛ուտես, ըսի,
Ապրելու համար, ըսաւ,
Ինչո՞ւ կ՛ապրիս, ըսի,
– Չեմ գիտեր, ըսաւ:
Հարցուր, ըսի,
Որո՞ւ հարցնեմ, ըսաւ,
Խիղճիդ հարցուր, ըսի,
Խի՞ղճը ով է, ըսաւ,
Դո՞ւն ով ես, ըսի,
– Չեմ գիտեր, ըսաւ:
Ծնունդ է կ՛ըսեն կոր, ըսի,
Ո՞վ ծներ է, ըսաւ,
Փրկիչը, ըսի,
Ետիգուլէ է, ըսաւ,
Աս ուրիշ փրկիչ է, ըսի,
Չեմ ճանչնար, ըսաւ,
Երջանի՞կ ես, ըսի,
– Չեմ գիտեր, ըսաւ:
Ո՞ւր պիտի երթաս, ըսի,
Ե՞րբ, ըսաւ,
Կաղանդին գիշերը, ըսի,
Ո՞ւր երթամ, ըսաւ,
Ո՞ւր կ՛երթաս, ըսի,
Կամուրջին տակ, ըսաւ,
Ի՞նչ ընելու, ըսի,
Քնանալու, ըսաւ,
Ինչո՞ւ կը քնանաս, ըսի,
– Չեմ գիտեր, ըսաւ:
Դրամ ունի՞ս, ըսի,
Չունիմ, ըսաւ,
Ինչո՞ւ չունիս, ըսի,
Չեն տար կոր, ըսաւ,
Աշխատէ, ըսի,
Գործ չկայ, ըսաւ,
Ինչո՞ւ չկայ, ըսի,
– Չեմ գիտեր, ըսաւ:
Ժամ երթանք, ըսի,
Ի՞նչ ընելու, ըսաւ,
Տօն է, ըսի,
Ինծի՞ ինչ, ըսաւ,
Կ՛աղօթենք, ըսի,
Ինչո՞ւ աղօթենք, ըսաւ,
– Չեմ գիտեր, ըսի:
Մնաս բարով, ըսաւ,
Երթաս բարով, ըսի,
Օդը աղուոր է, ըսաւ,
Ո՞ւր կը տեսնամ քեզ, ըսի,
Ամէն տեղ, ըսաւ,
Մինչեւ ե՞րբ, ըսի,
Մինչեւ մահ, ըսաւ,
Պիտի մեռնի՞ս, ըսի,
Օր մը, ըսաւ,
Ինչո՞ւ համար, ըսի,
Ե՛ս գիտեմ, ըսաւ:
ԶԱՒԷՆ ՊԻՊԵՌԵԱՆ