Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Բոլորիս հետ ալ պատահած է, որ խոստումներ տանք մեր զաւակներուն, որպէսզի անոնք կատարեն մեր կամքը, առաջադրանքը, ցանկութիւնը:
Մանկավարժներու կարծիքով դաստիարակութեան այս միջոցը լաւագոյնը չէ: Յաճախ կը լսենք,
– «Եթէ պաչիկ մը տաս, պաղպաղակ պիտի գնեմ…»:
– «Եթէ բարձր նիշ ստանաս, ուզածդ պիտի ստանաս…»:
– Եթէ դասերդ արագ աւարտես, անակնկալ մը պիտի ունենաս…»:
Ու տակաւին խոստումներուն ցանկը երկար է:
Երեխաները բաւականաչափ խելացի ու խորամանկ են եւ կ՛օգտագործեն այդ խոստումները, ստանալու համար այս կամ այն ուտելիքը, խաղալիքը, եւ այլն…
Մանկավարժներու կարծիքով այս խոստումները շատ կը նմանին կաշառքի: Նման «առեւտուր»-ները կը տկարացնեն ծնողք-զաւակ յարաբերութիւնները եւ կը խաթարեն մանուկին նկարագիրը:
Նաեւ թելադրելի չէ երեխային տալ այնպիսի խոստումներ, որոնց իրագործումը գրեթէ անկարելի է: Նման պարագաներու ան չափազանց կը հիասթափի, երբ զգայ, որ ծնողքը ստեր է: Չկատարուած խոստումներու պատճառով ծնողները կը կորսնցնեն իրենց հեղինակութիւնը եւ վարկը, իսկ յաջորդին երեխան արդէն իսկ լուրջի չ՛առներ ծնողքին խօսքը:
Գործնական Գիտելիքներ
Գիտէ՞Ք, Թէ…
Բնական, արդիւնաւէտ, խնայողական, բնապահպանական… ճերմակ քացախին օգտակարութիւններուն ցանկը շատ երկար է: Թէեւ անիկա կրնայ հրաշքներ գործել որոշ առարկաներու մաքրութեան եւ ախտահանման գծով, բայց տան մէջ կան բաներ, զորս երբեք պէտք չէ մաքրել ճերմակ քացախով, զանոնք չվնասելու համար: Եւ այսպէս, քացախով պէտք չէ մաքրել`
– Պատկերասփիւռի, համակարգիչի, բջիջային հեռախօսի, պաստառները
– Փայտէ յատակները
– Մարմարեայ առարկաները
– Թանկարժէք քարերը
– Արծաթեայ իրերը
– Խոհանոցի դանակները
– Պղինձէ իրերը
– Նուրբ գործուածքները
– Երկաթեայ եւ թիթեղեայ իրերը
– Մշակուած մարգարիտը
Վերը նշուած իրերը քացախի ազդեցութեան տակ կրնան գունաթափիլ, փճանալ, այլ խօսքով` անգործածելի դառնալ:
* * *
Կարգ մը սերմեր եւ կուտեր պէտք է աւելի յաճախ օգտագործենք մեր կերակուրներուն, աղցաններուն եւ քաղցրաւենիքի պատրաստութեան ընթացքին, քանի որ անոնք օժտուած են բուժիչ յատկութիւններով:
ՉԻԱ-ի սերմերը կը պաշտպանեն սրտանօթային հիւանդութիւններէն, կ՛օգնեն նիհարնալու, կը կարգաւորեն շաքարի տոկոսը արեան մէջ եւ կը մեղմեն յօդացաւը:
ԿԱՆԵՓ-ի սերմերը կը զօրացնեն մարմնին դիմադրականութիւնը, կը նուազեցնեն սրտի տագնապի հաւանականութիւնը, կ՛ապահովեն մազերու եւ եղունգներու առողջ աճը:
ՄԵՂՐԱԴԴՈՒՄ-ի կուտերը հարուստ են Պէ. կենսանիւթով, կը մեղմացնեն ընկճախտը, կը բարձրացնեն տրամադրութիւնը, մասամբ կ՛արգիլեն երիկամներուն մէջ քարերու գոյացումը, կը պայքարին մակաբոյծներուն դէմ:
ԱՐԵՒԱԾԱՂԻԿ-ի կուտերը կը կարգաւորեն արեան գերճնշումը, կը կանխարգիլեն գլխացաւը, կը նուազեցնեն սիրտի եւ ուղեղի կաթուածի հաւանականութիւնը:
ՆՈՒՌ-ի հատիկները հարուստ են հակաօքսիտաններով, կը նուազեցնեն որոշ տեսակի քաղցկեղներու հաւանականութիւնը, կը պաշտպանեն սիրտի հետ կապուած անհանգստութիւններէ, ինչպէս նաեւ բորբոքումներէ եւ յօդացաւերէ:
ԾԻՐԱՆ-ի կուտերը ունին հակաքաղցկեղային յատկութիւն, անոնք նաեւ կ՛օգնեն մեղմելու յօդացաւը, կը նուազեցնեն բարձր արեան ճնշումը եւ կ՛ապահովեն մազերու առողջութիւնը:
ԽԱՂՈՂ¬ի կուտերը կը կանխարգիլեն արեան բարձր ճնշումը, կը նուազեցնեն քոլեսթերոլի բարձր տոկոսը, կը պաշտպանեն տարիքի հետ կապուած աչքի հիւանդութիւններէ, կ՛օգնեն վէրքերու սպիացման:
* * *
Կլիմայի փոփոխութեան հետ, արդէն իսկ անխուսափելի են հարբուխն ու կոկորդի ցաւը: Ծանր պարագաներու պէտք է դիմել բժիշկի խորհուրդին: Այսուհանդերձ կան բնական միջոցներ կոկորդի ցաւը մեղմելու եւ բարդութիւններու առաջքը առնելու համար:
Ստորեւ կը ներկայացնենք 4 տաք խմիչքներ, որոնք կը մեղմեն կոկորդի ցաւն ու գրգռուածութիւնը:
1.- Տաք ջուր, մեղր եւ կիտրոնի հիւթ:
2.- Տաք կաթ, փոշի կասիա, կոճապղպեղի փոշի եւ մեղր:
3.- Տաք ջուր, նարինջի տաշուք եւ կասիայի փայտիկ:
4.- Տաք կաթ, կասիայի փայտիկ, մեղր եւ քրքում:
Գեղեցկագիտական–Առողջապահական
Ինչպէս Ճի՛շդ Ընտրել
Գեղեցկագիտական Արտադրութիւնները
Երբ գեղեցկագիտական արտադրութիւններու խանութ կը մտնէք, փորձանմուշները շատ գրաւիչ կը թուին, բայց վայրկեան մը մտածա՞ծ էք, թէ քանիներ ձեզմէ առաջ ձեռնած են զանոնք…
Եթէ հնարաւորութիւնը ունենայիք տարրալուծարանի խոշորացոյցով զննել ցուցադրուած գեղեցկագիտական փորձանմուշները, անոնց վրայ պիտի գտնէիք ահռելի քանակութեամբ փոշի` տրուած ըլլալով, որ անոնք կը ցուցադրուին բացօթեայ: Պիտի գտնէիք նաեւ ժահրեր, յատկապէս շրթներկերուն վրայ, ուր կարելի է յայտնաբերել «հերբես»-ի, «հեփաթիթ սէ.»-ի եւ այլ տեսակի ժահրեր: Որեւէ յաճախորդ չի մտածեր ձեռքերը լուալ նախքան փորձանմուշներուն մօտենալը, իսկ եթէ ան նախապէս զուգարան գացած էր… ալ երեւակայեցէք, թէ ի՛նչ վնասներ կրնան սպառնալ ձեր մորթին ու շրթներուն:
Ուրեմն, Ի՞նչ Ընել…
– Նախքան գեղեցկագիտական արտադրութիւններու խանութ այցելելը, ձեր պայուսակին մէջ ունեցէք բամպակի սկաւառակներ, հականեխուած թաց անձեռոցիկներ եւ վերջապէս` ձեռքերը հականեխելու հեղուկ:
– Շրթներկերը փորձեցէք ձեռքի երեսին կամ դաստակին վրայ:
– Աչքերու ստուերաներկը փորձելէ առաջ անոր մակերեսը մաքրեցէք բամպակի սկաւառակով մը եւ երկրորդով մը փորձեցէք զայն ո՛չ աչքին, այլ դաստակին վրայ:
– Թարչնաներկը (մասքարա) ոչ մէկ ձեւով կարելի է փորձել. նախընտրելի է փորձառուի մը կարծիքին դիմել նախքան գնելը:
– Դիմափոշին (պլաշ, փուտր) նախքան փորձելը պէտք է մակերեսը մաքրել բամպակով, ապա երկրորդ բամպակով մը փորձել այտին վրայ:
– Որեւէ գեղեցկագիտական արտադրութիւն գնելէ առաջ վստահ եղէք, որ անիկա իր փակ ծրարին մէջ է եւ ձեզմէ առաջ ուրիշը փորձած չէ: Կասկածի պարագային ձեր իրաւունքն է ուրիշ մը պահանջել:
– Նախքան խանութէն դուրս գալը, թաց անձեռոցիկով մաքրեցէք ձեր դէմքը եւ ապա հականեխիչ հեղուկով ախտահանեցէք ձեր ձեռքերը:
Խոհագիր
Ձիթապտուղով Հաց (Ֆոքաչա)
Ֆոքաչան տափակ, թթխմորով պատրաստուած եւ փուռը թխուած իտալական հաց է: Անիկա նաեւ ծանօթ է «ճերմակ փիծա» անունով: Ֆոքաչային գլխաւոր բաղադրիչները ձիթապտուղի ձէթը, ձիթապտուղը եւ խնկունին են: Կան ֆոքաչայի տարբերակներ, մինչեւ իսկ քաղցր տեսակները: Այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք ֆոքաչայի դասական, պարզ տարբերակը:
Բաղադրիչներ
2 1/3 գաւաթ ալիւր (մաղուած)
1 1/3 թէյի դգալ թթխմոր
1 ապուրի դգալ աղ
1 ապուրի դգալ շաքար
3 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
1/3 թէյի դգալ չոր կամ թարմ խնկունի (ռոզմերի)
250 կր. կանաչ կամ սեւ անկորիզ ձիթապտուղ
1 1/3 գաւաթ գաղջ ջուր
Պատրաստութիւն
Ամանի մը մէջ խառնել ալիւրը, թթխմորը, շաքարն ու աղը:
Աւելցնել գաղջ ջուրը` քիչ-քիչ, մինչեւ որ փափուկ խմոր մը ստացուի (կրնայ ըլլալ, որ 1 գաւաթ ջուրը բաւարար ըլլայ):
Խմորը 2 մասի բաժնել եւ կլոր կամ քառանկիւն ձեւաւորել ու փոխադրել մոմէ թուղթով ծածկուած ափսէի մէջ:
Բացուած խմորներուն երեսը մատով փոսիկներ բանալ եւ կտրատուած ձիթապտուղները տարածել: Խմորները ծածկել կերպընկալ թուղթով, որպէսզի հանգչին` առնուազն 1 ժամ:
Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով, խմորներուն երեսը դարձեալ մատով փոսիկներ բանալ, ձիթապտուղի ձէթը եւ խնկունին երեսը տարածել եւ եփել 20-30 վայրկեան, մինչեւ որ երեսները ոսկեգոյն դառնան: Մատուցելէ քիչ առաջ կարելի է երեսը աղի փաթիլներ ցանել եւ քիչ մը ձէթով թարմացնել:
Մեր Ճաշերուն Մէջ Խնկունի Օգտագործելու
Համոզիչ Պատճառներ
Խնկունին կը բարելաւէ յիշողութիւնը:
Կը խթանէ մազերուն աճը:
Կ՛ամրապնդէ մարմնին դիմադրականութեան համակարգը:
Կը պաշտպանէ լեարդը:
Կը կանխէ արեան մէջ շաքարի բարձրացումը:
Կը պաշտպանէ տարիքի հետ կապուած աչքի հիւանդութիւններէն:
Հանգստացնող է, կը մեղմէ ընկճախտը:
Կ՛օգնէ քնանալու:
Կը պաշտպանէ որոշ տեսակի քաղցկեղներէ:
Կը պահպանէ ուղեղին առողջ գործունէութիւնը:
Կարեւորութեամբ նշենք, որ խնկունին դեղ չէ, անոր չարաշահումը կրնայ վնասակար դառնալ: Բժիշկին խորհուրդը միշտ ալ լաւագոյն ուղեցոյցն է:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Մի կեանքը քիչ է սիրելու համար,
Մի սիրտ ու հոգի տիրելու համար,
Սիրով տարուելու, սիրավառուելու
Սիրածին երգեր ձօնելու համար:
Մի կեանքը քիչ է գրկելու համար,
Ծաղկող ձեռագիր փրկելու համար,
Երկինք թռչելու, ծովեր շրջելու
Ծովացած յուշից կառչելու համար:
Մի կեանքը քիչ է յաղթելու համար,
Ցաւերից անդին գաղթելու համար,
Բայց թէ անուժ ես, որ ներսդ բուժես
Ապրելն էլ ինչ է տկարիդ համար:
ՊԵՏՐՈՍ ՀՈԿՏԱՆԵԱՆ