Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Ինչպէ՞ս Հագուիլ Աշխատանքային Հարցազրոյցի Ժամանակ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 

Ասիկա ճշմարտութիւն է. անկախ ձեր ձեռքբերումներէն` ձեր հագուելու ոճը կ՛ազդէ ձեր հարցազրոյցին վրայ: Եթէ ձեր երազային աշխատանքին համար դուք հարցազրոյցի ժամադրութիւն ունիք, պարտաւոր էք խնամուած տեսք ունենալ: Հարցազրոյցը վարողը պէտք է դրական տպաւորութեամբ անցնի իր գործին:

Առաջին տպաւորութիւնը ամէնէն կարեւորն է, եւ ատիկա կու գայ հագուածքէն եւ ոչ թէ` խօսքային հաղորդակցութենէն: «Պատշաճ հագուստը» կը բարձրացնէ ձեր ինքնագնահատականն ու ինքնավստահութիւնը: Պարզապէս ներկայացէք կոկիկ ու մաքուր արտաքինով: Ստորեւ` քանի մը գործնական թելադրանքներ.

Ա.- Սանտրուածքի պարագային, նախ պայման է, որ մազերը ըլլան մաքուր. ընտրեցէք կոկիկ սանտրուածք. երկար մազերու պարագային, հրաժարեցէք ձեր դէմքը կիսով ծածկող յարդարանքներէն, զանոնք ամփոփեցէք ձեր ծոծրակին վրայ. եթէ նման սանտրուածք չէք սիրեր, ազատ արձակեցէք ձեր երկար մազերը` ձեր ուսերուն ետեւ, որպէսզի ձեր դէմքը յստակ երեւի:

Բ.- Հագուստի պարագային, հրաժարեցէք հնաոճ դասականէն, բայց նաեւ խուսափեցէք համարձակ տեքոլթէներէն, կիսաշրջազգեստներու երկար բացուածքներէն: Ընտրեցէք յարմարաւէտ ոճ մը` առանց աչքառու գոյներու, ծաղկաւոր ու խոշոր նախշերու եւ այլն…

Գ.- Դիմայարդարումի պարագային, որդեգրեցէք բնականը, այն, ինչ կը համապատասխանէ ձեր մորթի երանգին: Խուսափեցէք վառ գոյնի շրթներկերէն եւ ստուերաներկերէն:

Դ.- Ձեռքի պայուսակը թող ըլլայ միջին չափի, չէզոք կամ փասթել գոյներու երանգով:

Ե.- Կօշիկի պարագային, ընտրեցէք յարմարաւէտ, առաւելագոյնը` 5 սմ բարձրութեամբ կրունկներով: Հրաժարեցէք բարձրակրունկ կօշիկներէն, որոնք կրնան խանգարել ձեր ինքնավստահ քալուածքը:

Զ.- Աքսեսուարներու կապակցութեամբ, ընտրեցէք նուրբ ականջօղեր կա՛մ մանեակներ, չէզոք գոյնի ժամացոյց, եւ այլն… Աքսեսուարներու թիւը պէտք չէ անցնի 3-ը:

Է.- Անուշահոտի ընտրութիւնը եւս շատ կարեւոր է, հրաժարեցէք ծանր բոյրով օծանելիքներէն, ընտրեցէք թեթեւ բոյր մը, որպէսզի չանհանգստացնէք հարցազրոյցը վարողը:

Ձեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

– 1 –

Խաշած հաւկիթները աւելի դիւրին կը կեղուէք, եթէ նախապէս զանոնք շփէք կիսուած կիտրոնի շերտով մը եւ եփի ջուրին մէջ քանի մը շերտ կիտրոն աւելցնէք:

– 2 –

Պանանի կեղեւները սքանչելի պարարտացուցիչներ են: Զանոնք կտրատեցէք. ապակեայ, կափարիչով օժտուած, լայն բերանով շիշի մէջ լեցուցէք վրան առատ ջուր աւելցուցէք եւ առնուազն մէկ շաբաթ կեղեւները թրջեցէք: Ապա ստացուած հիւթով պարբերաբար ջրեցէք ձեր բոյսերը: Կրնաք նաեւ մանր կտրատուած պանանի կտորներ աւելցնել թաղարի երեսին:

– 3 –

Փոշի օճառի մնացորդները եւ խոնաւութիւնը կրնան պատճառ դառնալ, որ լուացքի ձեր մեքենան գէշ հոտի: Այդ անախորժ հոտը չէզոքացնելու համար կայ աժան եւ ձեռքի տակ գտնուող բնական եւ ազդու միջոց մը` քացախը: Ցօղացիր շիշի մը մէջ կէս առ կէս համեմատութեամբ ճերմակ քացախ եւ ջուր լեցուցէք, լուացքի մեքենան ներսի կողմէն մաքրեցէք եւ ցամքեցուցէք, ապա ցօղացիր շիշի օգնութեամբ թէ՛ հականեխեցէք եւ թէ՛ հոտազերծեցէք ձեր լուացքի մեքենան: Այս գործողութիւնը պէտք է կատարէք շաբաթական դրութեամբ:

– 4 –

Ապակեայ շիշերուն պիտակի խէժերը մաքրելու ձեւերը շատ են` ասեթոնը, ալքոլը, ճերմակ քացախը, սոտան…

Բայց արդեօք փորձե՞ր էք սովորական բուսական ձէթը:

Այո՛, շիշերը տաք օճառ ջուրի մէջ թրջելէ եւ թուղթէ պիտակը հանելէ ետք, խէժին վրայ բուսական ձէթ տարածեցէք եւ մետաղեայ կծիկով քերթեցէք, մինչեւ որ խէժին մնացորդները ամբողջովին պոկուին:

– 5 –

Եթէ փուռին մէջ հաւ պիտի եփէք եւ կ՛ուզէք, որ անոր մաշկը հիւթեղ եւ միաժամանակ փխրուն ըլլայ, զայն ցօղեցէք աղի ջուրով, որուն մէջ դգալ մը մեղր լուծած ըլլաք:

– 6 –

Որպէսզի պանիրը երկար դիմանայ, ամանին մէջ շաքարի խորանարդ մը դրէք ու կափարիչը գոցեցէք: Շաքարը ամանին խոնաւութիւնը կը ներծծէ, իսկ պանիրը աւելի երկար կը դիմանայ:

– 7 –

Պղպեղները դիւրին կեղուելու համար նախ փուռին մէջ խորովեցէք, ապա կերպընկալ տոպրակի մէջ փոխադրեցէք, տոպրակին բերանը փակեցէք եւ սպասեցէք առնուազն կէս ժամ: Կէս ժամ ետք մաշկը ինքնաբերաբար կը բաժնուի:

Հետազօտութիւնները
Հաստատած Են, Որ

– Սխալ է այն կարծիքը, որ խաչբառ լուծելը կը բարելաւէ յիշողութիւնը: Խաչբառ լուծելը կամ ոտանաւորներ գոց սորվիլը ոչ մէկ ձեւով յիշողութիւնը կը զօրացնեն: Բայց եւ այնպէս, ընթերցումը եւ մտաւոր որոշ աշխատանքներ թոյլ չեն տար, որ ուղեղը ծերանայ:

– Ճիշդ է այն կարծիքը, որ ոգելից ըմպելիները կը վնասեն յիշողութեան: Անոնց չարաշահումը տարիներու ընթացքին բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ յիշողութեան վրայ:

– Ճիշդ է այն կարծիքը, որ ընկճախտը մոռացութիւն կը պատճառէ: Ծանր ընկճախտը կրնայ վնասել յիշողութեան, թեթեւ ընկճախտը յիշողութիւնը կը տկարացնէ կարճ ժամանակի վրայ եւ յաճախ անցողակի կ՛ըլլայ:

– Սխալ է այն կարծիքը, որ ձուկ ուտելը կ՛օգնէ յիշողութեան: Յիշենք սակայն, թէ ինչ որ օգտակար է մեր մարմնին, օգտակար է նաեւ ուղեղին: Հետեւաբար սննդարար ձուկը օգտակար է նաեւ մեր ուղեղին:

– Ճիշդ է այն կարծիքը, որ հանգիստը եւ խոր քունը անհրաժեշտ են յիշողութիւնը պահպանելու համար: Ուղեղը քունի ընթացքին է, որ կը զտէ ու կը դասէ օրուան դէպքերը: Անկանոն եւ ընդհատուած քունը արգելք կը հանդիսանայ, որ յուշերը ամրապնդուին:

– Առտուան ժամերուն աւելի լաւ կ՛ըմբռնենք ու կը յիշենք: Հետազօտութիւնները կը հաստատեն, որ առտու լաւագոյն ժամանակն է սորվելու եւ ըմբռնելու, մինչդեռ յետմիջօրէին մեր ուշադրութիւնը նուազած կ՛ըլլայ, նոյնպէս ալ` յիշողութիւնը:

– Սխալ է այն համոզումը, որ սոյային կաթը կ՛աշխուժացնէ յիշողութիւնը: Ուղեղին համար հրաշք դեղ գոյութիւն չունի: Անոր անհրաժեշտ են 13 տեսակի կենսանիւթեր, 15 հանքայիններ եւ օլիկօ էլեմաններ, 8 ասիտ ամինէ եւ 4 ճարպաթթու: Այլ խօսքով, միայն այլազան եւ հաւասարակշռուած սննդառութիւնը կրնայ ապահովել ուղեղին կատարեալ գործունէութիւնը:

– Ճիշդ է, որ կարգ մը դեղեր կրնան վնասել յիշողութեան: Յատկապէս հոգեկան անկումները դարմանելու ծառայող դեղերը կրնան տկարացնել յիշողութիւնը, սակայն անգամ մը, որ դարմանումը դադրեցուի, ամէն բան ընթացքի մէջ կը մտնէ:

– Ճիշդ է, որ յիշողութիւնը կը սկսի նուազելու 20 տարեկանէն սկսեալ: Ուսումնասիրութիւններ հաստատած են, որ յիշողութիւնը նուազելու կը սկսի նոյնիսկ 20 տարեկանէն առաջ, միւս կողմէ` բառապաշարն ու պերճախօսութիւնը կը զարգանան շատ աւելի հասուն տարիքի:

– Ճիշդ է այն կարծիքը, որ օդանաւային ընկերութիւններու անձնակազմերը աւելի ենթակայ են յիշողութեան տկարութեան, քան ուրիշներ, սակայն ատիկա կրնայ պարզապէս կապուած ըլլալ անքնութեան հետ:

Խոհագիր

 Դդումով Ապուր

Այս շատ արագ պատրաստուող դդումով ապուրը անձրեւոտ ու ցուրտ օրերու յարմարգոյն տարբերակն է: Ընդամէնը 2 բաղադրիչով կարելի է պատրաստել զայն:

4 անձի համար անհրաժեշտ են`

– 1 քիլօ դդում
– 6 հատ Քիրի (կամ նոյն տեսակի այլ պանիր)
– 1 լիթր ջուր
– Աղ

Պատրաստութիւն`

Դդումները լուալ, կոթերը կտրել, ապա խորանարդաձեւ կտրատել ու խաշել 1 լիթր աղի ջուրի մէջ:

Խաշած դդումները, անոնց եփի ջուրը եւ պանիրները հարիչէ անցընել եւ անմիջապէս մատուցել` երեսը զարդարելով խրթխրթան հացով կամ մեղրադդումի սերմերով:

Յաճախ Դդում Ուտելու
Համոզիչ Պատճառներ

– Քիչ ջերմուժ պարունակող դդումը հարուստ է կենսանիւթերով, հանքայիններով եւ հակաօքսիտաններով:
– Կը դիւրացնէ աղիքներուն աշխատանքը:
– Կ՛օգնէ նիհարնալու:
– Աչքերը կը պաշտպանէ տարիքի հետ կապուած հիւանդութիւններէ:
– Կը պահպանէ բջիջներու երիտասարդութիւնը:

*
*   *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Որդիս Կը Գայ

Յաղթութիւն եկաւ: – Որդիս կը գայ,
Զօրքը տուն եկաւ: – Որդիս կը գայ,
Հօտից գառ բերեց: – Որդիս կը գայ,
Գառը գառ բերեց: – Որդիս կը գայ,
Կռունկը չուեց: – Որդիս կը գայ,
Պատը ճաք տուեց: – Որդիս կը գայ,
Մարգը չորացաւ: – Որդիս կը գայ,
Մէջքը կորացաւ: – Որդիս կը գայ,
Ցաւը խորացաւ: – Որդիս կը գայ,
Մտաւ անկողին: – Որդիս կը գայ,
Փառք տանք յաղթողին: – Որդիս կը գայ:
Դժուար էր շնչում: – Որդիս կը գայ,
Հոգին էր փչում: – Որդիս կը գայ,
Բոլորեց տարին, աչքս վկայ,
Կարդացինք քարին` «Որդիս կը գայ»:

ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>