Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Մարիա Մոնթեսորիի Ոսկեայ Պատուիրանները

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Իտալացի նշանաւոր մանկավարժ Մարիա Մոնթեսորին այն չորս մանկավարժներէն մէկն է, որ ըստ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի, մեծ ներդրում ունեցած է 20-րդ դարու մանկավարժական մտածողութեան ոլորտին մէջ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք մեծ մանկավարժին կողմէ մշակուած պատուիրաններ` ուղղուած ծնողներուն:

1.- Մի՛շտ լսեցէք եւ պատասխանեցէք ձեզի դիմող երեխային:
2.- Կեդրոնացէք երեխային մէջ լաւի զարգացման վրայ, այնքան մը, որ վատին համար տեղ չմնայ:
3.- Երեխային մասին վատ մի՛ արտայայտուիք ո՛չ անոր ներկայութեան, ո՛չ ալ բացակայութեան:
4.- Եթէ երեխան կ՛ապրի համերաշխ մթնոլորտի մէջ եւ ինքզինք պիտանի կը զգայ, ան կը փորձէ եւ կը սորվի սէր գտնել այս աշխարհի երեսին:
5.- Եթէ երեխան յաճախ ուրախացնէք, ան ինքնավստահութիւն ձեռք կը բերէ:
6.- Եթէ երեխային հանդէպ յաճախ հանդուրժողութիւն ցուցաբերեցէք. ան կը սորվի համբերատար ըլլալ:
7.- Եթէ երեխան յաճախ անարգէք, ան կը վարժուի մեղաւոր զգալու:
8.- Եթէ երեխան ապահովութեան զգացումով կ՛ապրի, ան կը սորվի հաւատալ:
9.- Եթէ երեխան յաճախ քննադատէք, ան կը սորվի տեւաբար դատապարտել:
10.- Եթէ երեխան յաճախ գովէք, ան կը սորվի գնահատել:
11.- Եթէ երեխան յաճախ ծաղրէք, ան վախկոտ կը դառնայ:
12.- Եթէ երեխային հետ թշնամաբար վարուիք, ան կը դառնայ կռուազան:
13.- Թող երեխաները ազատ զգան: Խրախուսեցէք զանոնք, թող վազեն դուրսը, երբ կ՛անձրեւէ. թող հանեն կօշիկները, երբ ջրափոս տեսնեն, իսկ երբ մարգագետիններուն խոտը թրջուի ցօղէն, թող բոպիկ ոտքերով կոխկռտեն զայն: Թող անոնք հանգստանան, երբ ծառը զիրենք կը հրաւիրէ քնանալու իր ստուերին տակ. թող անոնք գոռան, խնդան, երբ արեւը առաւօտեան զիրենք արթնցնէ: Երբ երեխաները կը շփուին բնութեան հետ, անոնք կը բացայայտեն իրենց ուժը:

Ոճաբանին Կարծիքով…

Ոճային 6 Սխալներ,
Որոնցմէ Պէտք Է Խուսափիլ

Գեղեցիկ եւ ոճային համադրութիւններ ընելը անհնար չէ: Կան որոշ տարածուած սխալներ, որոնցմէ պէտք է խուսափիլ` անճաշակ տեսք չունենալու համար: Եւ այսպէս`

1.- Հրաժարիլ պալըրին կօշիկներէն: Այո՛, որքան ալ այս կօշիկները հանգստաւէտ եւ յարմարաւէտ ըլլալու համբաւ կը վայելեն, անոնք յանձնարարելի չեն, եթէ կը փափաքիք աւելի սլացիք ու վայելուչ տեսք ունենալ:

2.- Խուսափիլ երկար ու փակած վերնաշապիկներէն: Այո՛, եթէ ճինզ տաբատ հագած էք, նախընտրելի է վերնաշապիկը տաբատին մէջ դնել, աւելի կոկիկ եւ բարեձեւ երեւալու համար:

3.- Խուսափիլ շատ մեծ պայուսակներէն: Յատկապէս պաշտօնական եւ երեկոյեան ձեռնարկներուն նախապատուութիւնը տուէք փոքր կամ փոշեթ պայուսակներուն` անճաշակ եւ ծիծաղելի տեսք չունենալու համար:

4.- Խուսափիլ զանգակաձեւ կիսաշրջազգեստներէն: Դասական ոճի եւ մինչեւ ծունկ հասնող տարբերակները աւելի սլացիք եւ վայելուչ տեսք կը հաղորդեն, քան` կրկէսը յիշեցնող զանգակաձեւ տեսակները: Պարմանուհիներն ու երիտասարդները բացառուած են:

5.- Հրաժարիլ կարճ կիսաշրջազգեստի հետ պոթիններ կրելէ: Բաց գոյնի (յատկապէս պէժ) բարձրակրունկ կօշիկները աւելի՛ կ՛արժեւորեն ձեր սլացիք սրունքները:

6.- Հրաժարեցէք անորակ ճինզերէն: Ճինզ տաբատը տարիներու վրայ հագցուող տոկուն եւ միշտ նորաձեւ տաբատ է: Նախընտրելի է մէկ անգամ սուղ վճարել եւ որակաւորը գնել, որպէսզի ան չձեւափոխուի, չլայննայ եւ անշնորհք տեսք չհաղորդէ:

Գիտէ՞ք, Թէ…

– Պղպեղի 3 հիմնական գոյներն են` կանաչը, դեղինը եւ կարմիրը: Գոյնը կախեալ է անոր հասունութեան փուլէն: Կանաչը ամենաքիչ հասունն է, դեղինն ու կարմիրը աւելի հասուն են եւ ունին աւելի մեղմ ու քաղցր համ:

– Պղպեղի բոլոր տարբերակներն ալ օգտակար են մեր առողջութեան, սակայն կարմիրը կը համարուի ամէնէն սննդարարը, քանի որ անիկա աւելի բարձր տոկոսով Ա. եւ Սէ. կենսանիւթեր, պեթաքարոթեն եւ անթիօքսիտաններ կը պարունակէ: Կան նաեւ նարնջագոյն, մանիշակագոյն տարբերակներ, որոնք նոյնքան բարձր սննդական արժէք կը ներկայացնեն:

* * *

– Ապացուցուած է, որ առանձնութիւնը վնասակար է առողջութեան: Իսկ չինական նոր հետազօտութեան մը համաձայն, ընկերային մեկուսացումը նոյնիսկ կը կրճատէ կեանքի տեւողութիւնը: Այս սարսափելի եզրակացութեան յանգելու համար չին հետազօտողները վերանայած են նախորդ տարիներու 90 հետազօտութիւններ, որոնց մասնակցեր են աւելի քան 2,2 միլիոն մարդ` ամբողջ երկրագունդին վրայ:

Բացատրութիւնը շատ պարզ է. «Առանձին մարդիկ քիչ հաւանական է, որ հաւասարակշռուած ուտեն եւ կանոնաւոր մարզուին: Ընդհակառակը, անոնք հակուած են աւելի յաճախ ծխելու եւ ոգելից ըմպելիներ օգտագործելու»: Ասկէ բացի, չին հետազօտողները նկատած են, որ առանձնութիւնը նաեւ կը վնասէ դիմադրողական համակարգի արդիւնաւէտութեան եւ կը նպաստէ քրոնիք բորբոքային հիւանդութիւններու զարգացման:

* * *

– Մարդիկ անասուններու կաթ սկսած են խմել աւելի քան 8000 տարի առաջ, երբ կովը եւ միւս կաթնտու անասունները դարձեր են ընտանի: Դարեր առաջ մարդիկ կը հաւատային, որ կաթը աւելի արագ կը թթուի ամպամած եղանակին, սակայն որքան ալ զարմանալի թուի, գիտնականները ապացուցեր են, որ ասիկա ճշմարտութիւն է, իսկ պատճառը ելեկտրամագնիսական ազդակներն են:  Շատ հին ժամանակներէն մարդիկ նկատեր են կաթին օգտակար յատկութիւնները եւ թագուհիներն ու իշխանուհիները կաթով լոգանքներ առեր են իրենց մորթը գեղեցկացնելու համար:

– Կաթին 85-95 առ հարիւրը կազմուած է ջուրէ, մնացեալ բաժինը կը կազմեն` կենսանիւթերը, սպիտակուցները, ածխաջուրերը եւ ճարպերը: Շնորհիւ իր պարունակած Ա., Պէ.2, Պէ.3 եւ Տէ. կենսանիւթերուն` կաթը մեզ կը պաշտպանէ բազմաթիւ հիւանդութիւններէ:

– Ուղտի կաթը, կովու կաթին հետ համեմատած, աւելի դիւրին կ՛իւրացուի մարդու օրկանիզմին կողմէ եւ աւելի շատ Սէ. կենսանիւթ կը պարունակէ ու աւելի ուշ կը թթուի: Իր բաղադրութեամբ այծի կաթը ամէնէն մօտն է մայրական կաթին:

– Կաթը ունի իր միջազգային օրը` յունիս 1-ը: Որոշ երկիրներ տարբեր օրերու կը նշեն զայն. օրինակ` Աւստրալիոյ մէջ սեպտեմբեր 26-ին, Մալեզիոյ մէջ` յունիս 16-ին, իսկ Ֆինլանտայի մէջ` յունիս 3-ին:

Խոհագիր

Շոմինով Եւ Գետնախնձորով Ապուր

Բաղադրիչներ

– 1 ապուրի դգալ բուսական ձէթ
– 1 մանրուած սոխ
– 2 գաւաթ թարմ շոմին
– 4 խաշած եւ կտրատուած պզտիկ գետնախնձոր
– Կէս գաւաթ կաթ
– 1 խորանարդ խտացուած հաւու արգանակ
– 6 գաւաթ ջուր
– Մշկընկոյզ
– Աղ, սեւ համեմ

Պատրաստութիւն

Տապակին մէջ ձէթը տաքցնել եւ մանրուած սոխը թեթեւ կրակի վրայ եփել, մինչեւ փափկանայ:

Կաթսային մէջ ջուրը եռացնել, կրակը թեթեւցնել եւ խտացուած հաւու արգանակը մէջը լուծել:

Հարիչին մէջ դնել խաշած գետնախնձորները, սոխը, շոմինը, մշկընկոյզը եւ 2 գաւաթ արգանակը ու հարել, մինչեւ որ միատարր թանձրուկ մը ստացուի:

Կաթսային մէջի մնացածը արգանակին վրայ աւելցնել թանձրուկը եւ եփել: Եռալէն ետք կրակը թեթեւցնել եւ շուրջ 20 վայրկեան շարունակել եփել:

Վերջապէս, աւելցնել կաթը եւ 10 վայրկեան եւս եփել. համեմել աղով, սեւ համեմով եւ մշկընկոյզով:

Ապուր Ուտելու
Համոզիչ Պատճառներ

1.- Յատկապէս բանջարեղէններով պատրաստուած տարբերակները քիչ ջերմուժ կը պարունակեն եւ կ՛օգնեն նիհարնալու:
2.- Հարուստ են կենսանիւթերով եւ հանքայիններով:
3.- Հարուստ են բնաթելերով, հետեւաբար դիւրամարս են եւ կը կարգաւորեն աղիքներուն գործունէութիւնը:
4.- Հակաքաղցկեղային յատկութիւն ունին, յատկապէս ինչ կը վերաբերի հաստ աղիքին:
5.- Վերջապէս, ապուրները համեղ, սննդարար, համեմատաբար աժան եւ արագ պատրաստուող,  ցուրտ օրերու իտէալ ուտեստներ են:

*
*   *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Նամակը, Որը Քեզ Երբեք Չի Հասնելու

Ամէն ինչ բաժանուած է արդէն,
եւ աստղերը, եւ արեւը, եւ լուսինը:
Ես գլխահակ եմ գալիս քեզ մօտ,
ես ամաչում եմ սարսափելի,
որովհետեւ ոչինչ չունեմ քեզ նուիրելու,
որովհետեւ ամէն ինչ բաժանուած է ու նուիրուած:
Եւ այս բառերը` օտար արեւներ,
եւ մերկ ծառերը, եւ քո կարօտը
անչափ տխուր են, անչափ յուսահատ,
որովհետեւ այս նամակը երբեք քեզ չի հասնելու,
որովհետեւ նորից փնտռելու եմ քեզ ամէնուրեք,
որովհետեւ նորից քեզ յիշելու եմ ամէնուրեք,
գլխահակ քայլելու եմ նոյն փողոցներով,
որովհետեւ ես սարսափելի ուշացած սիրահար եմ,
որովհետեւ ես ոչինչ չունեմ քեզ նուիրելու,
որովհետեւ ամէն ինչ բաժանուած է ու նուիրուած:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>