Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Հետաքրքրական. Հայկական Ճաշարանը «Տը Կարտիըն»-ի Ցանկին Վրայ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 

Բրիտանական հեղինակաւոր «Տը Կարտիըն» թերթը վերջերս հրապարակած է ցանկը 20 եւրոպական ճաշարաններու, որոնք արժանի են այցելութեան: Ճաշարաններու ընտրութիւնը հիմնուած է խոհարարներու եւ սնունդի մասին յօդուածագիրներու կարծիքներուն վրայ: Ճաշարաններու ցանկին վրայ է «Ծաղկունք» ճաշարանը եւ հացատունը:

«Տը Կարտիըն»-ի թղթակից-յօդուածագիր Քարոլայն Էտընի կը գրէ. «Հայաստանը ուշադրութեան արժանի է, եկեղեցիները, երաժշտութիւնը, թանգարանները, արուեստն ու արշաւը` բոլորը հասանելի են. ասոնց վրայ կու գայ աւելնալու համեղ սնունդն ու գինին»:

Էտընի «Իսկապէս մթնոլորտային ուտելու վայրեր» խորագրեալ ցանկին առաջին դիրքը կը գրաւէ Ծաղկունք փոքրիկ գիւղը եւ համանուն ճաշարանը, ուր կ՛երազէ անպայման վերադառնալ: Ըստ յօդուածագիրին, գիւղ հասնիլը այդքան ալ դիւրին չէ, սակայն տեղական համերով հետաքրքրուողներուն համար անիկա անպայման այցելելիք վայր է:

«Խոհարարները հնարամիտ են, սունկ եւ խոտաբոյսեր կը հաւաքեն շրջակայ բլուրներէն, իսկ ճաշարանին կից կայ աւանդական հացատուն` թոնիրի մէջ թարմ լաւաշ թխելու համար» կ՛աւելցնէ Էտըն:

Նշենք, որ «Ծաղկունք»-ը 2021-ին եւս տեղ գրաւեց հեղինակաւոր «Ֆորպզ» թերթի 10 սիրուած ճաշարաններուն ցանկին վրայ:

Հոգեբաններու Կարծիքով

 Մեծ Հայրիկի Եւ Մեծ Մայրիկի Կարեւորութիւնը
Երեխաներու Կեանքին Մէջ

Գիտական հետազօտութիւններու համաձայն, մեծ մայրիկի եւ հայրիկի ներգրաւուածութիւնը երեխաներու կեանքին մէջ շատ դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ անոնց աճին վրայ:

Հոգեբան-մանկավարժներ իրենց կարգին կը հաստատեն, որ մեծ հայրիկի եւ մայրիկի ներկայութիւնը վայելող թոռնիկները աւելի հաւասարակշռուած կեանք կը կառուցեն եւ աւելի կայուն են զգացմունքային առումով` շնորհիւ այն բոլոր բաներուն, զորս կը սորվին անոնցմէ:

Ստորեւ համոզիչ պատճառներ` թէ ինչո՞ւ մեծ հայրիկին եւ մայրիկին ներկայութիւնը կարեւոր է երեխային կեանքին մէջ:

ա.- Անոնք մասամբ կը փոխարինեն ծնողները (յատկապէս աշխատողները կամ երկրէն բացակայողները), որոնք բաւարար ժամանակ չեն գտներ իրենց զաւակներուն հետ յարաբերելու, զրուցելու կամ խաղալու:

Հեքիաթներ պատմող, խաղացող եւ զուարճացնող մեծ հայրիկներն ու մայրիկները նաեւ աւելի ներողամիտ են ու հանդուրժող, այս պատճառով ալ թոռնիկները պատրաստ են անոնց հետ բաժնելու իրենց դժուարութիւններն ու գաղտնիքները. անոնք շատ լաւ գիտեն, որ ունին ուս, որուն վրայ կրնան յենիլ, լալ…

Այս բոլորը կը բարելաւեն ընտանիքին մթնոլորտը, քանի որ ծնողները հոգեպէս հանգիստ կը զգան, որ իրենց զաւակները չեն ձանձրանար կամ չեն տառապիր իրենց բացակայութեան:

բ.- Անոնք թոռնիկներուն կ՛ապահովեն յուզական ապահովութիւն եւ կը պակսեցնեն ընկճախտի հաւանականութիւնը: Թոռնիկներուն եւ անոնց միջեւ ստեղծուած մտերմութիւնը զգալիօրէն կը նուազեցնէ ընկճախտի յառաջացումը: Թոռնիկները նուազ լարուած կ՛ըլլան եւ աւելի հանգիստ կը զգան մեծ հօր եւ մեծ մօր կողքին, քանի որ անոնք նուազ խստապահանջ են եւ աւելի ներողամիտ:

գ.- Անոնք կը մասնակցին երեխաներու կրթութեան, կը սորվեցնեն լաւ վարքագիծ, կը փոխանցեն արժէքներ եւ նոյնիսկ կ՛օգնեն դասերուն:

դ.- Անոնք թոռնիկներուն կը սորվեցնեն ընտանիքին պատմութիւնը: Յիշողութիւններու եւ լուսանկարներու ճամբով երեխաները կը կապեն իրենց արմատներուն:

ե.- Վերջապէս, մեծ հօր եւ մեծ մօր ներկայութիւնը լաւ միջոց է սերունդներու միջեւ կամրջելու: Երեխաները, որոնց բախտ վիճակուած է յարաբերիլ տարեցներու հետ, ամենայն հաւանականութեամբ շատ աւելի մեծ յարգանք կ՛ունենան ընդհանրապէս այլ երէցներուն հանդէպ:

Խօսքեր` Թոռնիկներէ

«Մեծ հայրիկներու եւ մեծ մայրիկներու մազերուն մէջ արծաթ կայ, իսկ սրտերուն մէջ` ոսկի»:
«Մեծ հայրիկներն ու մեծ մայրիկները միշտ ժամանակ ունին մեզի համար, երբ բոլորը չափազանց զբաղած են…»:
«Մեծ հայրիկներն ու մայրիկները քիչ մը ծնողք են, քիչ մը ուսուցիչ, բայց մանաւանդ` լաւագոյն ընկեր»:
«Մեծ հայրիկներն ու մայրիկները աստղերուն նման են. միշտ չենք տեսներ զանոնք, բայց գիտենք, որ անոնք միշտ ներկայ են»:

ՍննդագիտականԱռողջապահական

Հետազօտութիւնները Հաստատած Են, Որ

– Ստամոքսի թթուածութիւնն ու այրուածքը կանխարգիլելու համար ճաշի ժամերէն առաջ ջուրով լուծուած մէկ ապուրի դգալ խնձորի քացախ պէտք է խմել:

– Կոճապղպեղի հետեւողական օգտագործումը անհամեմատօրէն կը թեթեւցնէ մկանային ցաւերը:

– Օրական ափ մը կեռաս ուտելը կը թեթեւցնէ յօդացաւը եւ գլխացաւը:

– Իւղոտ ձուկեր (լոսդի, սարտին, կարմրախայտ…) շաբաթական դրութեամբ ուտելը կը կանխարգիլէ աղիքային բորբոքումները:

– Օրական 2 գաւաթ մածուն ուտելը կը կանխարգիլէ նախադաշտանային ցաւերն ու տրամադրութեան խանգարումները:

– Փոթասիոմով հարուստ կէս բաԺակ լոլիկի հիւթը կ՛օգնէ պայքարելու մկաններու ջղաձգութեան դէմ:

– Քալիֆորնիոյ համալսարանի հետազօտներուն կարծիքով, այն երեխաները, որոնք ամիսը 12 եւ աւելի «հաթտոկ» կ՛ուտեն, 9 անգամ աւելի հակամէտ են արեան քաղցկեղ ունենալու:

Ձեռային Աշխատանք

Հինը Նորի Վերածենք

Եթէ տունը հին կամ անգործածելի ճինզ տաբատ, կիսաշրջազգեստը կամ հագուստ ունիք, նախքան թափելը կամ ուրիշին տալը, փորձեցէք երկրորդ կեանք մը տալ անոնց` զանոնք պիտանի իրերու վերածելով:

Տեսէք, թէ հնարամիտ մարդիկ ինչպիսի՛ լուսաւոր գաղափարներ ունեցած են, եւ անոնց ստեղծագործ միտքերը որքան հեռուն գացած են:

Ստորեւ 6 հետաքրքրական նմուշներ.

ա.- Սեղանի անհատական սփռոց
բ.- Այլազան իրերու դասաւորումի պատի զարդ
գ.- Թաղարներու ծածկ
դ.- Գործնական բարձ
ե.- Գրչատուփ
զ.- Խոհանոցի բռնիչներ

Վերը նշուածներէն առնուազն մէկը իրագործելով, դուք ոչ միայն ձեռք կը բերէք ձեռային հմտութիւն, այլ նաեւ կը զգաք հոգեկան մեծ բաւարարութիւն:

Նորաձեւութիւն

Էլի Սաապի Գարուն-Ամառ
2024-ի Հաւաքածոն

Ճենիֆըր Լոփէզը դարձաւ Փարիզի նորաձեւութեան շաբթուան` Էլի Սաապի ցուցադրութեան աստղը: Ձեւի եւ փայլի լիբանանցի ձեւագէտը երգչուհիին համար յղացած է շուրջ 100 հագուստներ, իսկ վերջինս փափաքած է աջակցիլ իր վաղեմի ընկերոջը:

Սաապի վերջին հաւաքածոն ներշնչուած է «Մարոքի առեղծուածէն եւ անապատի լոյսէն»: Ոճաբանը ընդգծած է, որ, թէեւ Մարոքը որոշ չափով նման է Լիբանանին, այնուամենայնիւ կը տարբերի իր հայրենիքէն: «Ձեւերը նոյնը չեն, ասեղնագործութիւնը տարբեր է, բայց անոնք քոյրերու նման են», ըսած է Սաապ:

Ոճաբանը կեդրոնացած է Մարոքի ճարտարապետութեան բարդ երկրաչափական նաշխերուն վրայ. զանոնք հագուստներու եւ թիկնոցներու վրայ տեղափոխած է, իսկ ոսկին վերածուած է մայրամուտի մեղմ գոյներու:

Ստորեւ նկարներուն վրայ Ճէնիֆըր Լոփէզը եւ Սաապի նոր յղացումներէն նմուշ մը:

Խոհագիր

 Սմբուկով Նախուտեստ

Բաղադրիչներ

3 սմբուկ
12-15 առանց կորիզի ձիթապտուղ
100 կր. ֆեթա պանիր
1 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
Ձիթապտուղի ձէթ
2-3 ապուրի դգալ մանրուած ընկոյզ
6 կտոր ձէթի մէջ թրծուած չոր լոլիկ
Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Փուռը տաքցնել 200 ջերմաստիճան տաքութեամբ:

Սմբուկները երկայնքին բարակ շերտել: Ափսէի մը յատակը ձէթով ծեփել, սմբուկի շերտերը շարել, երեսը կրկին ձէթով ծեփել, աղել եւ փուռին մէջ 8 վայրկեան եփել, մինչեւ որ ոսկեգոյն դառնան:

Ամանի մը մէջ խառնել երկուքի կիսուած լոլիկները, ձիթապտուղները, աւելցնել ֆէթա պանիրը, մանրուած ազատքեղը, սեւ համեմն ու ընկոյզը:

Պաղած սմբուկի շերտերուն վրայ մէկական ապուրի դգալ այս խառնուրդէն դնել, սմբուկները գլանաձեւ ոլորել եւ ատամնակրկիտով հաստատել:

Մատուցել իբրեւ նախուտեստ:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Լաց Էլ Կայ, Լաց Էլ

Մէկը լալիս է նորածընի պէս`
Ճչում է, սակայն… արցունքներ չկան:
Մէկն էլ բերանից ծպտուն չի հանում,
Բայց արցունքներն են շիթ-շիթ լճանում:
Մէկն էլ, ինձ նման (գուցէ նաեւ` քե՞զ),
Բարձր ճչալու սովոր չէ բնաւ,
Եւ արցունքներն էլ աչքից չեն յորդում,
Այլ հոսում են ներս
Ու կիտւում դանդաղ
Չեչաքարի պէս ծակծկուած սրտում:

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>