Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
-
Վարդան Մամիկոնեանի Արձանները
Աւարայրի ճակատամարտի հերոս Վարդան Մամիկոնեանի յիշատակին կառուցուած են երկու արձաններ` մէկը Երեւանի, միւսը` Գիւմրիի մէջ:
Առաջինը կը գտնուի Երեւանի Օղակաձեւ զբօսայգիին մէջ: 17 մեթր բարձրութեամբ արձանին քանդակագործն է Երուանդ Քոչար:
Գիւմրիի Վարդանանց հրապարակին վրայ կը գտնուի «Վարդանանք» արձանախումբը. կառուցուած է 2008-ին, քանդակագործ Արտուշ Պապոյեանն է:
Արձանախումբին կեդրոնը Վարդան Մամիկոնեանն է` մէկ ձեռքին խաչ եւ դրօշ, միւսին` սուր: Երկրորդ պատուանդանի մը վրայ ներկայացուած են հայոց կաթողիկոս Յովսէփ Հողոմեցին, Ղեւոնդ Երէցը, Սահականուշ իշխանուհին եւ Արտակ Կամսարականը:
* * *
-
Գրիգոր Խանճեանի «Վարդանանք»-ը
Գ. Խանճեանի «Վարդանանք»-ը հայ կերպարուեստի պատմութեան մէջ մեր ժողովուրդի հերոսական ժամանակաշրջաններէն մէկը պատկերող առաջին մեծաչափ գործն է:
Նկարը կը կրէ Եղիշէ պատմիչին Վարդանանց պատերազմի մասին ըսուած իմաստուն խօսքին խորհուրդը` «Մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն է»:
Նկարին կեդրոնը զօրավար Վարդան Մամիկոնեանն է` ճերմակ նժոյգի վրայ, ձեռքին` սուր, շրջապատուած` զինեալ մարտիկներու բազմութեամբ:
Ուշադիր դիտելու պարագային կը նկատենք, որ մարտիկներու շարքին Խանճեանը պատկերած է նաեւ բազմաթիւ յայտնի հայեր` Վարուժան, Կոմիտաս, Չարենց, Սեւակ, Սարոյեան, ֆետայիներ…
-
«Սուրբ Վարդան Մամիկոնեան» Շքանշան
«Սուրբ Վարդան Մամիկոնեան» շքանշանը Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւ է: Հիմնադրուած է 2002-ին: Այս շքանշանով կը պարգեւատրէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը:
«Սուրբ Վարդան Մամիկոնեան» շքանշանը կը շնորհուի հայրենիքին հանդէպ զինուորական պարտքը կատարելու ընթացքին ցուցաբերած բացառիկ խիզախութեան, ինչպէս նաեւ բանակաշինութեան եւ զօրքերու մարտական պատրաստութեան ապահովման գործին մատուցած ակնառու ծառայութիւններու համար:
* * *
-
Ժապաւէն` Վարդանանց Պատերազմի Մասին
2002-ին սկսած եւ 2014-ին աւարտած է հոլիվուտեան այն նախագիծը, որ կը պատմէ Վարդանանց պատերազմին մասին: Հեղինակը հայազգի Ռոճըր Գիւբելեանն է: Ժապաւէնը կը կոչուի «Բիւզանդիոյ արեւելք, պատերազմ, աստուածներ եւ սուրբ նահատակներ» («East of Byzantium: War, Gods and Warrior saints»): Հոն նկարագրուած են Դ. եւ Ե. դարերուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները: Ժապաւէնին կեդրոնական նիւթը Վարդանանց պատերազմն է:
* * *
-
Վարդան Մամիկոնեանի Անունով Ուխտատեղի
Տաւուշի մարզի Ակնաղբիւր գիւղին մէջ կարեւոր ուխտավայր կը համարուի Վարդան Մամիկոնեանի տնկած կաղնին (ծառը ապրած է 1500 տարի), որուն քովէն անցնելով, ըստ աւանդութեան, պատերազմի դաշտ մեկնած են հայ զինուորները: Այս աւանդութիւնը կը շարունակուի հայոց բանակի զինուորներուն պարագային. ամէն տարի, զօրակոչէն առաջ, շրջանի բնակիչները կը հաւաքուին եւ հոնկէ բանակ կը ճամբեն իրենց որդիները: Ժողովրդական այս արարողութիւնը կը կոչուի «Վարդանանց կանչ»: Կաղնին տապալած է, մնացած է միայն հաստաբուն, բայց չորցած կմախքը: Կաղնիին մօտակայքը վերջին տարիներուն կառուցուած է եկեղեցի մը, որ իւրայատուկ խորհուրդ մը կը հաղորդէ «Վարդանանց կանչ» աւանդոյթին: Կաղնին կը համարուի Ակնաղբիւր գիւղին խորհրդանիշը:
Մանկավարժին Կարծիքով
Երջանիկ, Անկախ Եւ Լիարժէք
Երեխաներ Ունենալու 10 Կանոններ
Երեխայ դաստիարակելը դիւրին չէ: Դուք պէտք է ըլլաք ներողամիտ, համբերատար եւ սիրող, բայց նաեւ խիստ` անհրաժեշտութեան պարագային, անշուշտ մնալով միշտ արդար:
Ահա` ձեր երեխաներուն հետ վարուելու 10 եղանակ, որպէսզի անոնք դառնան պատասխանատու չափահասներ:
1.- Ներողութիւն խնդրեցէք, երբ անդրադառնաք, որ սխալած էք: «Ներողութիւն» ըսելը տկարութեան նշան չէ:
2.- Շնորհակալութիւն յայտնեցէք անոր կատարած թէկուզ փոքր ծառայութիւններուն համար:
3.- Երբեք մի՛ անտեսէք ձեր երեխան, ուշադիր լսեցէք ու խօսեցէք անոր հետ:
4.- Ձեր օրինակով առաջնորդեցէք երեխան. ան շատ բան կը սորվի ընդօրինակման միջոցով:
5.- Սահմաններ ճշդեցէք, յստակ կանոններով օգնեցէք անոր, որ ճիշդ առաջնորդուի ու զարգանայ:
6.- Ժամանակ տրամադրեցէք ձեր երեխային եւ ցոյց տուէք, որ դուք հաճոյք կ՛առնէք իրեն հետ ժամանակ անցընելով:
7.- Ձեր ցուցաբերած սիրով, ներողամտութեամբ եւ բարութեամբ, ցոյց տուէք երեխային սիրոյ եւ բարութեան կարեւորութիւնը:
8.- Ընդունեցէք ձեր սխալները: Սխալը ընդունիլը անկատարութիւնը ընդունելու միջոց է եւ, հետեւաբար, ամէն օր աւելի լաւը դառնալու միջոցը: Կարեւոր է, որ երեխան չվախնայ կամ չամչնայ իր սխալը ընդունելէ. իսկ այս դասը ան ձեզմէ պիտի սորվի…
9.- Անպատասխան մի՛ ձգէք ձեր երեխային հարցումները, նոյն հարցումը տարբեր տարիքներու` ունի տարբեր մօտեցումներ ու պատասխաններ:
10.- Թոյլ տուէք, որ երեխան փորձէ եւ, ինչո՞ւ չէ, սխալի, ձախողի: Երեխային չափազանց պաշտպանութիւնը զայն կը վերածէ չափահասի մը, որ կը վախնայ ինքնուրոյն քայլեր առնելէ, կամ կեանքի մարտահրաւէրներ դիմակայելէ:
Ձեռային Աշխատանք
Հին Իրերուն Երկրորդ Կեանք Մը Տանք
Յաճախ, երբ տունը կոկելու կը ձեռնարկենք, մեր դէմ կ՛ելլեն իրեր, որոնց գոյութիւնը արդէն մոռցեր ենք եւ պատրաստ ենք զանոնք աղաման ղրկելու: Նախքան թափելը` փորձենք անոնց երկրորդ կեանք մը տալ եւ պիտանի իրերու վերածել: Տեսնենք, թէ ի՛նչ լուսաւոր գաղափարներ ունեցած են հնարամիտ եւ ճարտար մարդիկ… Եւ այսպէս`
Ա.- Ճաթած կամ վնասուած թէյի սիրուն գաւաթ մը որպէս թաղար օգտագործել:
Բ.- Հին նկարի շրջանակ մը կարելի է վերածել սիրուն, ճաշակաւոր ափսէի մըթ:
Գ.- Գզրոցը նետուած գինիի խցաններով կարելի է պատրաստել ծաղկամանի կամ թաղարի սիրուն ծածկեր:
Դ.- Տարիներէ ի վեր լքուած սքրապըլի կտորներով կարելի է պատրաստել իւրայատուկ գաւաթի տակդիրներ:
Կ՛արժէ մտածել…
Խոհագիր
Յագեցնող
Մեքսիքական Աղցան
Համեղ, յագեցնող եւ շատ սննդարար այս աղցանը կարելի է մատուցել մսեղէնի մը կամ ձկնեղէնի մը կողքին, բայց, ինչո՞ւ չէ, նաեւ առանձին:
Բաղադրիչներ
2 գաւաթ խաշած սիսեռ
1 գաւաթ խաշած կանաչ ոսպ
1 սոխ (նախընտրաբար` կարմիր)
3 ապուրի դգալ ձէթ
1 ապուրի դգալ քացախ
Պզտիկ փունջ մը մանրուած գինձ
1 կանաչ կծու պղպեղ
Աղ
Պատրաստութիւն
Աղցանի ամանի մը մէջ խառնել քացախը, ձէթը եւ աղը: Աւելցնել խաշած սիսեռն ու ոսպը ինչպէս նաեւ` օղակաձեւ կտրատուած սոխը եւ մանրուած կծու պղպեղը: Բոլորը միատեղ խառնել եւ զարդարել մանրուած գինձով:
Գիտէ՞ք, Թէ…
- Երկաթով, մակնեզիոմով, պղինձով եւ զինկով հարուստ սիսեռը կը պահպանէ մեր ոսկորներուն եւ մկաններուն առողջութիւնը:
- Օմեկա-3 ճարպաթթուներով հարուստ սիսեռը կը պաշտպանէ սրտանօթային բարդութիւններէն:
- Կիրով հարուստ սիսեռը չափազանց օգտակար է մեր ոսկորներու առողջութեան: Աւելի յաճախակի սիսեռ պէտք է ուտել դաշտանադադարին նախորդող եւ յաջորդող տարիներուն:
- Բնասպիտով հարուստ սիսեռը խիստ յանձնարարելի է մարզիկներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ֆիզիքական ճիգ կը գործադրեն:
- Սիսեռը յագեցնող է եւ կ՛օգնէ նիհարնալու:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Քաջ Վարդան
Աւարայրի դաշտը ներկեց արիւնդ,
Կարմիր Վարդան, հզօր Վարդան, քաջ Վարդան.
Ազգէ-ազգ կը յիշուի անմահ անունդ.
Կարմիր Վարդան, հզօր Վարդան, քաջ Վարդան,
Խորտակեցիր ծանր լուծը պարսկական:
Մեռար` թողիր անմահ անուն, յիշատակ,
Քո գործքերով դարձար բարի օրինակ
Դու սուրբ գործի համար եղար նահատակ,
Անմահ Վարդան, հզօր Վարդան, քաջ Վարդան,
Խորտակեցիր ծանր լուծը պարսկական:
Քեզ գրգռեց ջերմ հայրենեաց եռանդը,
Պաշտպանեցիր փրկչիդ տուած աւանդը.
Դուրս վանեցիր զրադաշտեան աղանդը,
Դու վեհ Վարդան, հզօր Վարդան, քաջ Վարդան,
Խորտակեցիր ծանր լուծը պարսկական:
ԱՇՈՒՂ ՋԻՒԱՆԻ