Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Հետաքրքրական. Նար-Դոս Գրական Անուան Պատմութիւնը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Կը պատմուի, որ վիպասանին բրդավաճառ հայրը կը հիւանդանայ: Տատիկին խորհուրդով ան նարդոսէ (մեղրատու ծաղիկ) պատրաստուած հիւթ կը խմէ ու կ՛ապաքինի:

Ապագայ յայտնի գրողը` փոքրիկ Միքայէլ Յովհաննէսեանը, շատ կը տպաւորուի այդ դէպքէն եւ Նարդոս ծաղիկէն կախարդական ու բուժիչ յատկութենէն:

Հետագային այդ ծաղիկին անունը կը դարձնէ գրական կեղծանուն` զայն բաժնելով երկու մասի եւ միացման միութեան գծիկով` Նար-Դոս:

Գրագէտը կ՛երազէր երկու որդի ունենալ մէկուն անունը դնել Նար, միւսինը` Դոս: Ան որոշած էր այդ բաղձալի երազանքը իրականացնելէ ետք անուան գրութիւնը փոխել, հանել միութեան գծիկը եւ որդեգրել Նարդոս ձեւը:

Բայց ան ունեցաւ միայն մէկ որդի` երգիչ Նար Յովհաննիսեանը, իսկ իր գրական կեղծանունը մնաց Նար-Դոս:

Գիտէ՞ք, Թէ…

Ամերիկեան հետազօտութիւն մը ցոյց տուած է, որ կանացի պայուսակները մանրէներու իսկական բոյներ են, մանաւանդ` կաշի տեսակները, քանի որ անոնց ծակոտկեն կառուցուածքը աւելի եւս կը նպաստէ, որ մանրէները տեղաւորուին ու տարածուին: Հետեւաբար կը թելադրուի օրական պայուսակները սրբել հականեխուած թաց անձեռոցիկներով:

Իսկ եթէ պայուսակը կտորէ է, թելադրելի է զայն շաբաթական դրութեամբ լուալ ձեռքով կամ լուացքի մեքենայի մէջ (նայած տեսակին):

***

Բրիտանացի հետազօտողներ կը պնդեն, որ չիփսերը վնասակար ազդեցութիւն ունին երեխաներու մտաւոր զարգացման վրայ:

Հետազօտողներու կարծիքով, օրական չիփս ուտող երեխաներուն մօտ կը խախտի յիշողութիւնը, կը տուժէ կեդրոնացումը, իսկ վարքը անհանգիստ ու անհաւասարակշռուած կը դառնայ:

Երեխաներուն սիրելի չիփսերը, բացի յագեցած ճարպերէն, նաեւ կը պարունակեն աքրիլամիտ կոչուած քիմիական նիւթը, որ քաղցկեղի ենթահող պատրաստելու հակամէտ է:

***

Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ եթէ հայելիին առջեւ մարդ ինքզինք խրախուսէ, մտովին աւելի զօրեղ եւ ինքնավստահ կը դառնայ: Հոգեբաններու կարծիքով, հայելիին առջեւ դրական հաստատումներ կրկնելը ինքնագնահատականը բարձրացնելու լաւ միջոց է:

Միւս կողմէ` սիրելի անձի մը կամ անասունի մը թեւերուն մէջ առնելով փաթթուիլը կը խթանէ երջանկութեան հորմոնի արտադրութիւնը, որ իր կարգին կ՛օգնէ մեղմացնելու տուեալ անձին ընկճախտը, զայրոյթը, վախը կամ ցաւը:

Գեղեցկագիտական

 Դէմքի Գիշերային Ծեփուկներուն
Կարեւորութիւնը

Տարիքը, ապականած կենսոլորտը, ցուրտը, արեւին անդրմանիշակագոյն ճառագայթները եւ այլ ազդակներ կը ծերացնեն մորթը եւ կը խլեն անոր փայլքն ու թարմութիւնը:

Շատ կարեւոր է երեկոյեան դէմքին մորթը մաքրել ու ձերբազատել օրուան շպարէն:

Բնաբուժներու կարծիքով, դէմքին մորթը աւելի երկար ժամանակ թարմ կը մնայ, շուտ չի ծերանար ու չի կնճռոտիր, եթէ զայն առաւելաբար սնուցանենք թարմ պտուղներով եւ բանջարեղէններով, օգտագործենք համապատասխան ծեփուկներ ու պարբերաբար մարձենք:

Մաշկաբաններու կարծիքով, գիշերը իտէալական պահն է մորթը խնամելու, քանի որ ժամը 11:00-էն առաւօտեան 3-ը մորթի վերկանգնման գործընթացը իր գագաթնակէտին կը հասնի:

Ստորեւ` գիշերային դիմակի երկու տարբերակներ.

ա.- ՊԱՆԱՆՈՎ ԳԻՇԵՐԱՅԻՆ ԴԻՄԱԿ

Կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ պանանը հրաշքներ կը գործէ դէմքի մորթին:

Առնել հասուն պանան մը եւ պատառաքաղով ճզմել, աւելցնել` ապուրի դգալ մը մածուն, կէս թէյի դգալ ձիթապտուղի կամ նուշի ձէթ եւ մէկ թէյի դգալ մեղր:

Բոլորը միատեղ խառնել եւ ստացուած խառնուրդով ծեփել դէմքը: Սպասել 20-30 վայրկեան, ապա ցօղուել գաղջ ջուրով:

բ.- ՆՈՒՌՈՎ ԳԻՇԵՐԱՅԻՆ ԴԻՄԱԿ

Նուռը դէմքին «քոլլաժեն»-ը պաշտպանելու յատկութիւն ունի: Անիկա կը դանդաղեցմէ մորթի ծերացումը եւ կը պաշտպանէ կնճիռներու կանխահաս գոյացումէն: Նուռով դիմակը կը խոնաւցնէ եւ կը վերականգնէ մորթը:

Ամանի մը մէջ դնել 2 ապուրի դգալ բնական մածուն, 1 ապուրի դգալ մեղր եւ նուռի հիւթ: Խառնել բոլոր բաղադրիչները, մատներով քսել դէմքին` չմոռնալով վիզը: Ձգել 15-20 վայրկեան, ապա խնամքով լուալ գաղջ ջուրով:

* * *

Կարեւորութեամբ նշենք, որ ամանը, որուն մէջ պիտի պատրաստուի ծեփուկը, ինչպէս նաեւ` դգալն ու պատառաքաղը, պէտք է ըլլան չափազանց մաքուր, նոյնիսկ` հականեխուած:

Ինչ կը վերաբերի դէմքին, պէտք է լաւ մաքրել եւ շպարը ամբողջութեամբ հանել` նախքան ծեփուկը օգտագործելը:

Հինը Նորի Վերածենք

Շապիկներուն
Երկրորդ Կեանք Մը Տանք

Եթէ տունը ձեռքի տակ ունիք տղամարդու (ինչո՞ւ չէ, նաեւ` կանացի, պայմանաւ որ մեծ չափի ըլլայ) շապիկ, որ արդէն անգործածելի համարուած ու մէկ կողմ նետուած է, փորձեցէք անոր երկրորդ կեանք մը տալ, ի հարկին դերձակուհիի մը օժանդակութեան դիմելով` ու զայն վերածել`

Կ՛արժէ փորձել…

Խոհագիր

Պասուց Տոլմա

Պասուց տոլման հայկական տօնական սեղաններու զարդն է, ինչպէս նաեւ շատ յարմար եւ առողջապահական ուտեստ մը` պահքի շրջանին:

Բաղադրիչներ`

– Կէս գաւաթ կիսաեփ եւ կեղեւը հանուած սիսեռ
– Կէս գաւաթ կիսաեփ կարմիր լուբիա
– Կէս գաւաթ կիսաեփ ոսպ
– Կէս գաւաթ կիսաեփ բրինձ
– Կէս գաւաթ կիսաեփ մեծ ձաւար
– Մեծ կաղամբ մը
– 2 հատ մանրուած սոխ
– 1-2 ապուրի դգալ լոլիկի խիւս
– Կէս գաւաթ մանրուած ազատքեղ
– Կէս գաւաթ բուսական ձէթ
– Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Ձէթին մէջ տապկել սոխը` մինչեւ թափանցիկ դառնայ: Աւելցնել լոլիկի խիւսը եւ բոլոր կիսաեփ ընդեղէնները: Շարունակել ձէթին մէջ տապկել 2-3 վայրկեան: Վերջապէս, աւելցնել մանրուած ազատքեղը, աղն ու պղպեղը: Ահա լցոնը պատրաստ է:

Կաղամբի տերեւները մէկիկ-մէկիկ բաժնել եւ եռացող ջուրի մէջ թեթեւ խաշել ու քամոցի մէջ փոխադրել: Տերեւներուն մէջ միջուկ լեցնել, փաթթել եւ կաթսային մէջ քով-քովի խիտ շարել եւ երեսը պնակ մը զետեղել:

Աղ-ջուր պատրաստել, լեցնել տոլմաներուն վրայ եւ միջին կրակի վրայ 25-30 վայրկեան եփել:

Մատուցել գաղջ կամ պաղ:

Իմացե՞ր էիք, թէ երգ կայ պասուց տոլմային մասին…

Պասուց տոլմա, ա՛խ թանկ տոլմա,
Լաւ ուտեստ է ամանորեայ,
Որ յատուկ է սոսկ հայերին,
Ու կիսով չափ եւ յոյներին:
Խառնիր իրար հաճար, սիսեռ,
Ոսպ ու լոբի նաեւ բրինձ,
Մի օր եփիր, տասն օր հա կեր:
Շատ համեղ է եւ օգտակար,
Ուրիշ աւել ինչ կայ յարմար:

*
*   *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Կարօտում Եմ

Ինքս` իմ մէջ, ինձ հետ մնալ – կարօտում եմ.
Զարթնել` անհոգ,
Մանուկ օրուայ հետ մանկանալ – կարօտում եմ.
Դուրս գալ տնից ու անճանաչ գնա՜լ, գնա՜լ- կարօտում եմ.
Գտած մի նոր տողի համար
Աշխարհի՜ չափ ուրախանալ – կարօտում եմ.
Քո մի խօսքից առաւօտել,
Թաքուն բախտով ներսից յորդել,
Փխրել, տխրել ու կարօտել – կարօտում եմ.
Հազար տեսակ հոգս ու հարցում`
Մէկը մէկից առաջ ընկած`
Ինձ առել են իրենց տենդոտ հրմշտոցում,
Ինձ` ինձանից հեռացնո՜ւմ են, անջատո՜ւմ են.
Եւ զգում եմ մէկ էլ յանկարծ
Որ ինքս` ինձ կարօտո՜ւմ եմ…

ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>