Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Հետաքրքրական. Հարսառի Ծէս

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Պատմութեան ընթացքին քրիստոնէութիւնը փոխարիներով հեթանոսութիւնը` մեր նախնիներուն համար սկսաւ նոր ժամանակաշրջան, սակայն անոնք կառչած մնացին իրենց աւանդութիւններուն եւ, ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ այսօր, մենք կը սիրենք մեր զաւակները ամուսնացնել շքեղ հարսանիքներ կազմակերպելով:

Գաւառներուն մէջ հարսանիքը շատ մեծ իրադարձութիւն էր. մանչ կամ աղջիկ ամուսնացնող ընտանիքը ամբողջ տարին կը պատրաստուէր այդ արարողութեան: Գարնան եւ ամրան կ՛աշխատէին, բերքն ու բարիքը կ՛ամբարէին, որպէսզի աշնան կամ ձմրան փառաւոր շուքով հարսանիք կատարեն:

Հայկական իւրաքանչիւր գաւառ ունեցած է իրեն բնորոշ հարսանեկան աւանդութիւնները, որոնց մեծ մասը փոխանցուած է մեզի, մաս մըն ալ ձեւափոխուելով եւ նորօրեայ շունչ ստանալով` տարածուած է մեր մէջ:

Հարսառի Ծէսէն Պատառիկներ

Հարսառի ծէսը հարսը տունէն առնելու, հանելու եւ փեսային մօտ տանելու արարողութիւնն է:

– Մշեցիները հարսին տունէն հանելու ժամանակ գրպանը չամիչ կը լեցնէին եւ քանի մը զոյգ գուլպայ կը դնէին: Հարսին ընկերուհիները զայն ճամբելու ատեն խումբով կ՛երգէին.

«Զչամիչ մաղով մաղեցին,
Շողերի ջէբեր լցեցին,
Զղարիբ ճամբայ դրեցին»:

– Հարսը ճամբելէ ետք տան յատակը չէին մաքրեր, «որպէսզի չաւերուի հայրական տունը»:

–  Հարսը տունէն դուրս գալու ժամանակ գիւղերուն մէջ կօշիկներուն մէջ գարնանացան ցորեն կը լեցնէին, իսկ քաղաքներուն մէջ` մետաղադրամ, որպէսզի հարսին ոտքը «խերով» ըլլայ սկեսրայրի տան վրայ:

– Մուշի մէջ հարսին դեղին ոտնամանները` «մուճակները», հագցնելու ժամանակ մէջը կորեկի հատիկներ կը լեցնէին, որպէսզի ան կորեկի հատիկներուն նման պտղաբեր ըլլայ ու շատ երեխաներ ունենայ:

– Հարսնառի մասնակիցները կը փորձէին հարսին տունէն «խուփ» (կափարիչ) գողնալ, որպէսզի հարսնացուն «փակ», «չխօսկան» ըլլայ:

– Որոշ շրջաններու մէջ հարսնառի կ՛երթային միայն այն ժամանակ, երբ հարսին կողմը յատուկ հրաւէր ղրկէր փեսացուին տան անդամներուն:

– Եթէ հարսառին պիտի մասնակցէին նաեւ կարեւոր անձնաւորութիւններ (գիւղին մեծաւորը, քարտուղարը, եւ այլն…), անոնց ի պատիւ դհոլ-զուռնայի նուագ կ՛ապահովուէր: Նուագը կը հնչէր փեսայի տան դրան մօտ` մինչեւ հարսառը ճամբայ ելլէր: Այս երաժշտական հրաւէրը կը կոչուէր` «դամ ընել»:

– Հարսին տունը ժամանած հարսնեւորներուն դիմաւորելու կ՛ելլէր հարսի տոհմին աւագը եւ զանոնք ներս կը հրաւիրէր:

Ձեր Պատասխանը Կը Պատմէ Ձեր Մասին

 Ի՞Նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

Ձեր ենթագիտակցութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունի ձեր տեսածին վրայ: Բացայայտեցէք ձեր բնաւորութեան գիծերը` պատասխանելով այս միակ հարցումին. «Ի՞նչ տեսաք առաջին հերթին»:

Աղջիկ

Եթէ առաջին հերթին աղջիկ տեսաք, դուք ինքնավստահ անձ էք. ամենաբարդ իրավիճակներուն մէջ իսկ դուք տիրապետող էք: Օտար մարդոց համար ձեր անձնական կեանքը միշտ անյայտ է:

Շատ պահանջկոտ էք ձեր ընտրեալին նկատմամբ, իսկ ձեր ընտրութեան մէջ երբեք չէք սխալիր: Նպատակասլաց էք եւ անզիջող. շնորհիւ ձեր բարձր ինքնագնահատականին` երբեք գլուխ չէք ծռեր ու չէք զիջիր:

Կարապ

Ձեր հմայքին գլխաւոր գաղտնիքը ձեր առեղծուածային ըլլալն է: Թոյլ չէք տար, որ մարդիկ ներխուժեն ձեր հոգիէն ներս: Չէք հանդուրժեր անարդարութիւնը, երբեք չէք յանձնուիր եւ կը մնաք հաստատ` ձեր տեսակէտներուն վրայ:

Պահանջկոտ էք, յատկապէս` դուք ձեզի հանդէպ: Անկախ մարդ էք եւ ձեզ կառավարելը գրեթէ անհնար է:

Եղէգ

Արկածախնդիր անձ էք, կը սիրէք իրականացնել ամենաբարդ փորձարկութիւնները ու նպատակասլաց կը քալէք դէպի անոնց դրական աւարտը: Անհնար է ձեզի հակադրուիլը, քանի որ ուժեղ եւ կամային բնաւորութիւն ունիք:

Շատ կը սիրէք մարդոց հետ յարաբերիլ եւ նոր ծանօթութիւններ մշակել: Մշտապէս կը գտնուիք բոլորին ուշադրութեան կեդրոնը: Հպարտ էք եւ ինքնասէր, բայց պարտադիր կը հասնիք օգնութեան, եթէ անհրաժեշտութիւնը զգաք:

Նորաձեւութիւն

 Ոճաբան Խոսրով Մելքոնեանի
«
ԾառԶգեստ»-ը

Ամերիկահայ ոճաբան Խոսրով Մելքոնեանին անունը աւելի հնչեղ դարձաւ այս տարուան «Grammy»-էն ետք, երբ երգչուհի Տաուն Ռիչարտ կարմիր գորգին վրայ յայտնուեցաւ անոր «Ծառ-զգեստ»-ով: «Ի՞նչ կը կրէք»,- հարցուց լրագրողը երգչուհիին: – Խոսրով, ան հայ ոճաբան է», պատասխանած է Ռիչարտը` ստանալով լրագրողին հաճոյախօսութիւնը` «Հիանալի է»: Նորաձեւութեան այլ պարբերականներ «համարձակ» բնորոշեցին հայ ոճաբանին յղացումը:

Ո՞վ Է Խոսրով Մելքոնեանը

Խոսրով Մելքոնեանը ծնած ու մեծցած է Լոս Անճելըս: Ան համագործակցած է ամերիկացի եւ բրիտանացի բազմաթիւ ձեւագէտներու հետ: Հարցազրոյցի մը ընթացքին հայ ոճաբանը յայտնած է, թէ ներկայիս կ՛աշխատի 2025-ի գարուն-ամառ հաւաքածոյին վրայ, որ պիտի ցուցադրուի յառաջիկայ սեպտեմբերին:

Խոսրովին փափաքն է, որ իր զգեստները կրեն` Քէյթ Պլանշեթը, Զենտայան, Քարտի Պին, Քիմ Քարտաշեանը եւ ուրիշներ:

Հայ ձեւագէտը 2017-ին մէկ ամիսով Հայաստան այցելած է խումբ մը ընկերներու հետ: Անոր խօսքով, հայերը շատ հիւրասէր ժողովուրդ են, ուտելիքները` հրաշալի, իսկ բնութիւնը` հեքիաթային:

Գիտէ՞ք, Թէ

Պանանի սովորական կեղեւը կրնայ շատ բաներու ծառայել: Նախքան զայն աղբաման թափելը` մտածեցէք հետեւեալ կարելիութիւններուն մասին:

Ա.- Պանանի կեղեւը որպէս պարարտացուցիչ օգտագործեցէք ձեր բոյսերուն համար:

Բ.- Պանանի կեղեւով շփեցէք ձեր դէմքը` մորթը կանխահաս ծերացումէ պաշտպանելու եւ զայն թարմ պահելու համար:

Գ.- Տան բոյսերուն մեծ տերեւները փայլեցնելու համար զանոնք շփեցէք պանանի կեղեւով:

Դ.- Պանանի կեղեւով շփեցէք ձեր ակռանեը, մինչեւ որ փոթասիոմով հարուստ թանձր նիւթը լաւապէս պատէ զանոնք: Սպասեցէք 2 վայրկեան, ապա ցօղուեցէք ձեր բերանը: Լաւ, դիւրին եւ արագ միջոց մը` ակռաները սպիտակացնելու համար:

Ե.- Պանանի կեղեւին ներսի բաժինով շփեցէք մժեղի խայթուածքը. շատ չանցած` քերուըտուքը պիտի մեղմանայ:

Զ.- Պանանի կեղեւով շփեցէք ձեր կօշիկները, ապա փափուկ լաթով մը փայլեցուցէք զանոնք:

է.- Պանանի կեղեւով շփեցէք ձեր արծաթեղէնները` անոնց փայլքը վերականգնելու համար:

Ը.- Պանանին կեղեւը ջեռոցին մէջ եփուող միսին կողքին, փափկութիւն կու տայ եւ միսը աւելի հիւթեղ կը դարձնէ:

Ձեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

ԴԱՓՆԻԻ ՏԵՐԵՒ մը զետեղեցէք ձեր ընդեղէններուն եւ մասնաւորաբար ալիւրին մէջ` անոնց պահման ժամկէտը երկարաձգելու եւ ճճիներէն հեռու պահելու համար:

***

ՊՏՂՈՒՆՑ ՄԸ ԱՂ աւելցուցէք տապակին յատակը` նախքան տապկոցի ձէթը լեցնելը, այսպէսով ձէթի ցայտումներ չեն ըլլար տապկոցի ժամանակ:

***

ՃԵՐՄԱԿ ՔԱՑԱԽ-ը լաւագոյն միջոցն է մանրալիքէն եփած ձուկի հոտը չէզոքացնելու համար: Ապակեայ փոս ամանի մը մէջ հաւասարաչափ ճերմակ քացախ եւ ջուր լեցուցէք ու մանրալիքը աշխատցուցէք 1-2 վայրկեան: Յետոյ ձգեցէք, որ ներսի շոգին իր ազդեցութիւնը գործէ ու չէզոքացնէ անախորժ հոտը: Աւելի ուշ մաքուր լաթով մը մաքրեցէք մանրալիքին ներսի պատերը իսկ դուռը բաց ձգեցէք առնուազն կէս ժամ:

Կրնաք հեղուկին կիտրոնի շերտ մը աւելցնել:

***

ԳԵՏՆԱԽՆՁՈՐ մը չորսի բաժնեցէք եւ շատ կծու կերակուրին աւելցուցէք, որպէսզի չափաւորէք կծուին համը: Նոյն հնարքին կրնաք դիմել շատ աղի կերակուրին պարագային:

***

ՓԱՅՏԷ ԴԳԱԼ մը զետեղեցէք կաթսային երեսը, որպէսզի դդմաճ կամ որեւէ այլ բան խաշելու ընթացքին եփի ջուրը չյորդի: Կարելի է նաեւ բամպակի մը միջոցաւ կաթսային բերանը (ներսէն) ձէթ քսել` նոյն նպատակին համար:

Խոհագիր

Ոսպով Պահքի
Բաղադրատոմս

Բաղադրիչներ

1 գաւաթ կարմիր ոսպ
Կէս գաւաթ քերոցէ անցած ստեպղին
Կէս գաւաթ մանրուած ազատքեղ
Կէս գաւաթ կանաչ սոխ
1-2 պճեղ սխտոր
Աղ, սեւ պղպեղ, կարմիր փոշի պղպեղ
Փոշի կսկուծ
Բուսական ձէթ

Պատրաստութիւն

Ոսպը ամբողջ գիշեր մը թրջել պաղ ջուրի մէջ, ապա քամոցէ անցընել:

Թրջած ոսպը ստեպղինը, ազատքեղը, սոխը, սխտորը եւ համեմները հարիչէ անցընել եւ թանձր խիւսի վերածել: Սպասել քառորդ ժամ, որպէսզի կպչուն դառնայ եւ դիւրին ձեւաւորուի (ի հարկին 1-2 դգալ ալիւր աւելցնել):

Ստացուած թանձրուկը կլոր, տափակ ձեւաւորել, երկու երեսով կսկուծի մէջ թաթխել եւ տաք ձէթի մէջ տապկել:

Մատուցել աղցանի մը կողքին:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ամէն առաւօտ յուշերս նորից
Ինձ տանում են այն զմրուխտէ հեռուն,
Ուր իմ մանկութեան ոտնատեղերից
Անձրեւաջուր է խմում եղջերուն:

Ինձ այն ծաղկաբոյր լեռներն են տանում
Այն բարձունքներն են ինձ տանում կրկին,
Ուր մարդն ամպերին վերից է նայում,
Վերից է նայում արծուի ճախրանքին:

Եւ այն տնակն են տանում ինձ դարձեալ,
Որոտանի մօր, բարդու շուաքում,
Որտեղ հանգչում է մի համեստ անցեալ,
Եւ մի փառաւոր գալիք է ծաղկում:

Այն նուիրական տնակն են տանում,
Որ յետոյ այսքան, այսքան մեծացաւ,
Ինձ համար աշխարհ դարձաւ աշխարհում,
Եւ անեզրական հայրենիք դարձաւ:

ՀԱՄO ՍԱՀԵԱՆ

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>