Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի պատանեկան տարիներու մտերիմները Չարենց անուանումը կը բացատրեն անով, որ ան փոքր տարիքին շատ աշխուժ եւ չար երեխայ մը եղած է: Տնեցիք այնքան անոր չար անուաներ են, որ անունը Չարենց մնացեր է:
Այլ աղբիւրի մը համաձայն, մտորելով իրեն համար գրական կեղծանուն ստեղծելու մասին, ան հնչիւնային եւ տեղաշարժային փոփոխութիւններու ենթարկեր է ռուս գրող Պուշկինի «Անչար» ստեղծագործութեան վերնագիրը, եւ ստացեր Չարենց տարբերակը:
Իսկ իր անուան մասին խօսելով` Չարենցը պատմեր է, որ իրենց քաղաքը այդ թուականներուն բժիշկ մը կար, որուն տան ցուցանակին վրայ գրուած էր` բժիշկ Չարենց: Շատ իւրօրինակ համարելով այս անունը` Եղիշէ Սողոմոնեանը կ՛որոշէ որդեգրել Չարենց գրչանունը:
Աւելի ուշ Չարենց անուան մասին բանաստեղծը տուած է հետեւեալ բացատրութիւնը.
«Ես իմ հոգու բարի բովանդակութեանը, այսպէս ասած, չար անունն եմ տուել»:
Կ՛արժէ Մտածել…
Ներումը Ուժեղներուն Կը Պատկանի
Յաճախ մեր զաւակներէն կը պահանջենք, որ իրենց գործած մէկ սխալին համար ներողութիւն խնդրեն եւ իրենց դէմ գործուած յանցանքին դիմաց ներողամիտ գտնուին:
Մենք` չափահասներս, մեր կարգին պէտք է ներենք մեզ ցաւցուցած անձը, մոռնանք անախորժ պատահարը, այլապէս կը բարդացնենք մեր կեանքը եւ կ՛ալեկոծենք մեր ներքին անդորրութիւնը:
Չներել` կը նշանակէ մէջը պահել վիրաւորանքը, ցաւը, դժգոհութիւնը: Մշտապէս մեր ուղեղին մէջ պտտցնելով այդ ժխտական իրադարձութիւնը` մենք կը դժուարանանք կեդրոնանալու դրական բաներու վրայ:
Ներումը առաջին հերթին ՄԵԶԻ կ՛օգնէ: Ամբողջ իմաստը ա՛յդ է: Մենք կը կարծենք, թէ ներումը կը վերաբերի դիմացինին, սակայն իրականութեան մէջ այս դժուար քայլը մեզի աւելի պէտք է: Առանց ներումի` մենք չենք կրնար կեանքի մէջ առաջ երթալ, միշտ մեր հոգիին վրայ ծանր քար մը կրելու տպաւորութիւնը կ՛ունենանք:
Ներումը բոլորին համար պէտք է ըլլայ եւ ոչ թէ` միայն անոնց, որոնք ներողութիւն խնդրած են մեզմէ: Այլապէս, ո՞ւր է ներման իմաստը: Ուժեղ մարդիկ կը ներեն նոյնիսկ անոնց, որոնք արժանի չեն այդ ազնիւ քայլին. այլապէս, մեր մէջ թաքնուած վիրաւորանքը կ՛արտացոլայ մեզ շրջապատող այլ մարդոց վրայ, եւ ատիկա կը դառնայ բարդոյթ եւ մարդոց հանդէպ անվստահութեան պատճառ:
Միայն ներելով մենք կը հաշտուինք անցեալին հետ, որպէսզի ան չխանգարէ մեր ապագան: Երբ մենք մէկ կողմ կը դնենք անցեալի ցաւը, վիրաւորանքը, նոր տեղ կը բանանք նոր եւ խաղաղ զգացումներու:
Մանկավարժին Կարծիքով
Աշխատանքին Կարեւորութիւնը`
Փոքր Տարիքէն
Մանկավարժներու կարծիքով, երեխային ճիշդ դաստիարակութեան համար թելադրելի է անոր աշխատիլ սորվեցնել կանուխ տարիքէն:
Անոնց կարծիքով, ԽԱՂԸ, ՈՒՍՈՒՄԸ եւ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ երեխաներու զարգացման երեք կարեւոր բաղադրիչներն են: Ծնողքին օգնել պզտիկ գործ մը կատարելով եւ անոր դիմաց հաճոյախօսութիւն մը կամ չնչին վարձատրութիւն մը ստանալով` երեխան աւելի լաւ կը հասկնայ, թէ ինչպէ՛ս կառուցուած է աշխարհը եւ աւելի լաւ նախապատրաստուած կ՛ըլլայ հասուն կեանքին:
Աշխատանքը նաեւ երեխային հնարաւորութիւն կու տայ հասկնալու, թէ կեանքի մէջ ի՛նչ դեր կը խաղայ աշխատանքը, եւ թէ` որքա՛ն կարեւոր է չծուլանալը: Այլապէս երեխան կրնայ վերածուիլ ծոյլ պատանիի մը կամ անյաջողակ չափահասի մը:
Նոյն մանկավարժները կարեւորութեամբ կ՛ընդգծեն, որ աշխատանք ըսելով` երբեք պէտք չէ հասկնալ մանկական աշխատանքի շահագործումը եւ յանուն աշխատավարձի ու ընտանիքը կերակրելու համար աշխատիլը:
Աշխատանքը պէտք է որ երեխային զարգացման մէկ մասը կազմէ եւ ոչ թէ խանգարէ անոր զարգացումը: Աշխատանքը միջոց մը պէտք է ըլլայ երեխային համար` ճանչնալու զինք շրջապատող աշխարհը, բայց ան պէտք է, որ բաւարար ժամանակ ունենայ խաղալու եւ ուսում ստանալու:
Աշխատանքը ոչ մէկ ձեւով պէտք է վնասէ երեխային մարմնական կամ հոգեկան առողջութեան, կամ վիրաւորէ անոր արժանապատուութիւնը:
Ի՞նչ Աշխատանքներու Մասին Է Խօսքը…
Երբ մենք կը սկսինք երեխային պատասխանատուութիւններ վստահիլ, ոչ միայն կարգուկանոն կը հաստատուի տան մէջ, այլ մենք հիմը կը դնենք, որպէսզի ան դառնայ ուրիշներու կարիքներուն հանդէպ ուշադիր եւ շրջակայ միջավայրին մասին մտահոգ անձ:
Ըստ երեխային տարիքին եւ անոր ֆիզիքական ունակութիւններուն, կարելի է բազմազան գործեր վստահիլ. այսպէս`
Ա.- Սենեակը կոկել եւ ասդին-անդին թափառող խաղալիքները իրեն տրամադրուած տուփերուն մէջ տեղաւորել,
Բ.- Մահճակալը կոկել, աղտոտ հագուստները հաւաքել եւ համապատասխան զամբիւղին մէջ դնել,
Գ.- Ճաշի սեղանի պատրաստութեան ձեռք մեկնել, ճաշի աւարտին աղտոտ պնակն ու բաժակը լուացարանին մէջ դնել,
Դ.- Տան բոյսերը ջրել,
Ե.- Աւելի մեծ տարիքին փոշեկուլ գործիքով գորգը կամ յատակը մաքրել,
Զ.- Մօտակայ խանութէն քանի մը գնում կատարել,
Է.- Պնակեղէնները լուալ,
Ը.- Փոքր քրոջ (եղբօր) տիրութիւն ընել, դասերուն օգնել,
Թ.- Ինքնաշարժը կամ հեծիկը լուալ,
Ժ.- Մեծ հայրիկին կամ մեծ մայրիկին կարգ մը պէտքերը հոգալ:
Ցանկը երկար է. իւրաքանչիւր ընտանիք ունի իր ներքին կանոնները, իւրաքանչիւր ծնող` իր համոզումները: Բայց եթէ երեխան վերը յիշուած գործերէն գէթ մէկ կամ երկուն որդեգրէ, անկասկած որ առաջին հերթին ի շահ իրեն է, իր ճիշդ կազմաւորման` ապագայի հաշուոյն:
Առողջապահական
Գիտէ՞ք, Թէ…
Վերջերս կատարուած հետազօտութիւններ կրկին ու կրկին կը շեշտեն գարեջուրի առողջապահական յատկութիւնները` յիշեցնելով, որ անոր առաւելութիւններէն օգտուելու բանալին ՉԱՓԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆ է, իսկ չարաշահումը առողջական լուրջ հարցեր կրնայ ստեղծել: Բժիշկներու կարծիքով, գարեջուրի առաւելագոյն օրական չափաբաժինը 300-450 մլ է տղամարդոց պարագային, իսկ կիներուն` 300 մլ:
Գարեջուրի 5 բարիքները` չափաւոր խմելու պարագային.
1.- Մեծ քանակութեամբ սիլիսիում (silicium) պարունակող գարեջուրը կը նպաստէ ոսկորներու առողջութեան: Ան կ՛ապահովէ ամուր ոսկորներ եւ բարձր ոսկրային խտութիւն:
2.- Հարիւրաւոր հետազօտութիւններ ցոյց տուած են, թէ գարեջուրի չափաւոր օգտագործումը կը նուազեցնէ սիրտի կաթուածի եւ սրտանօթային հիւանդութիւններու հետ կապուած մահերու հաւանականութիւնը: Ան կրնայ նոյնիսկ բարձրացնել լաւ քոլեսթերոլին մակարդակը:
3.- Գարեջուրի չափաւոր օգտագործումը կը նպաստէ երիկամներու առողջութեան եւ կը նուազեցնէ քարերու յառաջացման հաւանականութիւնը:
4.- Օրական մէկ շիշ գարեջուրը կրնայ վերահսկել Ալցայմըր հիւանդութեան զարգացումը:
5.- Գարեջուրի չափաւոր օգտագործումը նաեւ կը վերահսկէ զարկերակային բարձր ճնշումը:
Բացի այս 5 հիմնական բարիքներէն` յիշենք նաեւ, որ գարեջուրը կը բարելաւէ յիշողութիւնը, կ՛ապահովէ մորթին առողջութիւնն ու որակը, կ՛օգնէ քունին, կը բարձրացնէ տրամադրութիւնը, կը խթանէ աղիքներու գործունէութիւնը:
Եկէք` չբաւարարուինք գարեջուրի առողջապահական յատկութիւններով եւ ծանօթանանք գարեջուրը օգտագործելու հետաքրքրական տարբերակներուն:
– Գարեջուրը կը մաքրէ եւ կը փայլեցնէ պղնձեայ իրերը:
– Գարեջուրը կը փայլեցնէ ոսկեայ զարդերը: Բաւարար է զանոնք 15-20 վայրկեան գարեջուրի մէջ մխրճել եւ ապա չոր լաթով մը շփել ու փայլեցնել:
– Գարեջուրը կը փափկացնէ ոտքերուն մորթն ու կոշտուկները: Բաւարար է ոտքերը մխրճել գարեջուրով եւ գաղջ ջուրով տաշտակի մը մէջ եւ սպասել 20 վայրկեան:
– Գարեջուրը գորգին վրայէն կը մաքրէ գինիի արատը: Պարզապէս գարեջուրի մէջ թաթխուած լաթով պէտք է շփել արատը:
– Գարեջուրը աւելի համեղ կը դարձնէ եղինձը, եթէ անոր ջուրին մէկ մասը փոխարինուի գարեջուրով: Խօսքը մասնաւորաբար կը վերաբերի պասմաթի բրինձին:
– Գարեջուրը կը փափկացնէ միսը` առանց անոր համը փոխելու: Բաւարար է միսի կտորները մխրճել գարեջուրի մէջ, ձգել առնուազն 2 ժամ եւ ապա անցնիլ պատրաստութեան:
Խոհագիր
Սասնայ Փուռտիկ
(Պահեցողութեան Տարեհաց)
Խմորին համար`
– 1 թէյի դգալ թթխմոր
– 200 կ ալիւր
– Մօտաւորապէս 100 մլ գաղջ ջուր
Միջուկին համար`
– Կէս գաւաթ ձեռքի տակ գտնուող չիրեղէն (սալոր, ծիրան, թուզ եւ այլն…)
– Կէս գաւաթ չամիչ
– Կէս գաւաթ ընկոյզ
– Կէս թէյի դգալ փոշի կասիա
Պատրաստութիւն
Հունցել խմորը, տաք տեղ մը պահել շուրջ մէկ ժամ: Հանել խմորը, կրկին հունցել եւ մէկ ժամ եւս տաք տեղ պահել:
Մանր կտրատել չիրերն ու ընկոյզները, ապա խառնել միջուկին բոլոր բաղադրիչները:
Խմորը հանել, կլոր գրտնել, կեդրոնը դնել միջուկը, ապա խմորը ծրարի պէս հաւաքել, յետոյ տափակցնել, գրտնակով թեթեւ վրայէն անցնիլ եւ ձգել, որ 30 վայրկեան եւս հանգչի: Երեսը բուսական ձէթով ծեփել եւ 180 ջերմաստիճան փուռի մէջ եփել շուրջ կէս ժամ, մինչեւ որ երեսը ոսկեգոյն դառնայ:
*
* * *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Հայաստանին
Հազար ու մի վէրք ես տեսել, – էլի՛ կը տեսնես,
Հազար խալխի ձեռք ես տեսել, – էլի՛ կը տեսնես:
Աշնան քաղած արտի նման` Հազար զոհերի
Չհաւաքուած բերք ես տեսել, – էլի՛ կը տեսնես:
Գլուխդ չոր քամուն տուած պանդուխտի նման,
Հազար տարուայ հեք ես տեսել, – էլի՛ կը տեսնես:
Նարեկացի, Շնորհալի, Նաղաշ Յովնաթան,
Ինչքա՜ն հանճար, խելք ես տեսել, – էլի՛ կը տեսնես:
Քո Չարենցին լեզու տուող երկիր Հայաստան,
Հազար ու մի երգ ես տեսել, – էլի՛ կը տեսնես:
ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑ