Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Լիբանանի Գեղեցկուհի Եասմինա Զէյթուն` Աշխարհի Գեղեցկուհիի Առաջին Տեղակալ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Հնդկաստանի մայրաքաղաք Մոմպայի մէջ 9 մարտ 2024-ին տեղի ունեցաւ «Աշխարհի գեղեցկութեան թագուհիի ընտրութեան մրցում»-ը, որուն աւարտին Չեխիոյ ներկայացուցիչ Քրիստինա Պիշքովա ընտրուեցաւ Աշխարհի գեղեցկուհի:

Ի հպարտութիւն Լիբանանի, Լիբանանի գեղեցկուհի Եասմինա Զէյթուն 112 մասնակից գեղեցկուհիներուն մէջէն կրցաւ անցնիլ բոլոր փուլերը եւ հասնիլ աւարտական փուլ, որուն ընթացքին  իր կեցուածքով ու գեղեցկութեան արժանիքներով ընտրուեցաւ Աշխարհի գեղեցկուհիի առաջին տեղակալ: Արդարեւ, 1970 թուականին Լիբանանի ներկայացուցիչ Ժորժինա Ռըզըքի Տիեզերքի գեղեցկուհի ընտրութենէն ետք գեղեցկութեան մրցումներուն ընթացքին արձանագրուած մեծագոյն ձեռքբերումն էր ասիկա:

Կապոյտ, փայլուն եւ գեղեցիկ հագուստ մը ընտրած Եասմինա Զէյթուն ուրախութիւն յայտնեց, որ կրցաւ Լիբանանը «գեղեցիկ կերպով» ներկայացնել աշխարհին` դիտել տալով, որ իր կարելին ըրաւ, որպէսզի լիբանանցիներուն ձայնը հասցնէ աշխարհին, խօսեցաւ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին` աշխարհին ցոյց տալով, որ լիբանանցի ժողովուրդը իւրայատուկ եւ զօրաւոր է:

Հարաւային Լիբանանի Քաֆարշուպա (Հասպայայի գաւառ) շրջանին մէջ 2002 թուականին ծնած եւ լրագրութիւն ուսանած Եասմինա Զէյթուն իր արտաքին արժանիքներէն անդին լուսարձակները իր վրայ հրաւիրեց դատական կազմին կողմէ ուղղուած միացեալ հարցումին իր տուած պատասխանով: «Լիբանանի մէջ ծնելու եւ կազմաւորուելու հանգամանքին բերումով սորվեցայ ինչպէ՛ս տարածել սէր` ո՛ւր ալ գտնուիմ, նաեւ` ինչպէ՛ս շահիմ յարգանքը ու ամէն իյնալուս կրկին ոտքի կանգնիմ», ըսաւ ան: Ապա Եասմինա Զէյթուն յիշեց 4 օգոստոս 2020-ին տեղի ունեցած Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումը` հաստատելով, որ աւելի քան 220 կեանքեր խլած, 6 հազարէ աւելի վիրաւորներ պատճառած, մայրաքաղաքը ահաւոր կերպով աւերած, պատմութեան մէջ արձանագրուած առաջին ոչ հիւլէական այդքան մեծ պայթումն իսկ արգելք չեղաւ, որ լիբանանցիները շարունակեն երազել եւ նուաճումներ կերտել»:

Եասմինա Զէյթունի գեղեցկուհիի առաջին տեղակալ ընտրութիւնը ուրախութեան եւ հպարտութեան մեծ ալիք բարձրացուց ընկերային ցանցերուն մէջ, ուր լուսարձակի տակ առնուեցաւ անոր զօրաւոր անհատականութիւնն ու նկարագիրը, մտային պաշարն ու պատրաստուածութիւնը եւ Լիբանանը ոչ միայն գեղեցիկ, այլ նաեւ խոհեմ ձեւով ներկայացնելը:

Լուսաւոր Գաղափարներ

 Իրերուն Երկրորդ
Կեանք Մը Տանք

Եթէ ձեռքի տակ ունիք հին կամ անգործածելի իրեր, նախքան անոնցմէ ձերբազատիլը` մտածեցէք երկրորդ կեանք մը տալու հնարաւորութեան մասին:

Տեսէք, թէ հնարամիտ մարդիկ ինչպիսի՛ լուսաւոր գաղափարներ ունեցած են, եւ անոնց ստեղծագործ միտքերը որքա՛ն, հեռուն գացած են:

Ա.- Եթէ անգործածելի, ձմեռնային բրդեայ փիւլովըր մը ունիք, մտածեցէք զայն վերածելու` բարձի երեսի, լուսամփոփի ծածկի եւ, ինչո՞ւ չէ, ծաղկամաններու հագուստներու:

Բ.- Եթէ խոհանոցի աշխատանքի տախտակը փոխարինած էք նորով մը, ապա հինը վերածեցէք կախիչի կամ խոհանոցի պատի զարդի: Նոթեր առնելու կամ խոհագիր մը արձանագրելու համար:

Գ.- Եթէ գինիի շիշերուն խցանները գզրոցին մէջ տեղ կը գրաւեն, ու կ՛ուզէք ձերբազատիլ անոնցմէ, պարզապէս զանոնք լեցուցէք գինիի բաժակներու մէջ, ապա բաժակները շրջեցէք ու անոնց վրայ մէկական մոմ զետեղեցէք: Արդիւնքը շատ տպաւորիչ պիտի ըլլայ:

Եղանակի Բանջարեղէններէն

 Մեղրադդումը

Այնպէս, ինչպէս ստեպղինը եւ քաղցր գետնախնձորը, մեղրադդումը եւս հարուստ է պեթաքարոթէնով, անթիօքսիտան մը, զոր մեր մարմինը զայն կը վերածէ Ա. կենսանիւթի: Իսկ Ա. կենսանիւթը դրական ազդեցութիւն ունի ոչ միայն մեր տեսողութեան, այլեւ դիմադրողական համակարգին, սրտին, թոքերուն, երիկամներուն եւ վերարտադրողական համակարգին վրայ: Ստորեւ` մեղրադդումի բուժիչ յատկութիւններէն մէկ քանին:

Մեղրադդումը կը պահպանէ աչքերուն առողջութիւնը, կը բարելաւէ տեսողութիւնը, յատկապէս երբ լոյսը անբաւարար է եւ կը պաշտպանէ տարիքի հետ կապուած աչքի հիւանդութիւններէն:

Մեղրադդումը կը սահմանափակէ քաղցկեղի յառաջացաման վտանգը, յատկապէս` թոքերու եւ շագանակագեղձի:

Մեղրադդումը կը կարգաւորէ արեան բարձր ճնշումը, լաւ եւ վատ քոլեսթերոլներուն մակարդակը` շնորհիւ փոթասիոմին: Հետազօտութիւններ ցոյց տուած են, որ նոյն այս հանքայինը կրնայ նուազեցնել կաթուածներու, երիկամի քարերու եւ 2-րդ տիպի շաքարախտի վտանգը:

Մեղրադդումը կրնայ բարձրացնել ոսկորներու հանքային խտութիւնը եւ ապահովել անոնց առողջութիւնը:

Մեղրադդումը կ՛օգնէ նիհարնալու: Քիչ ջերմուժ եւ մեծ քանակութեամբ մանրաթելեր պարունակող մեղրադդումը յագեցուածութիւն կ՛ապահովէ, նաեւ կը խթանէ մարսողութիւնն ու աղիքներու գործունէութիւնը:

Մեղրադդումը եւ յատկապէս անոր սերմերը` շնորհիւ սերոթոնին կոչուած նիւթին, կ՛օգնեն, որ լաւ զգանք եւ աւելի լաւ քնանանք:

Մեղադդումը շնորհիւ պեթա-քարոթենի հակաօքսիտան ուժին, կ՛օգնէ պայքարելու մորթին ծերացման դէմ եւ կը նուազեցնէ մորթի բորբոքումները:

Մեղրադդումով Դէմքի Ծեփուկներ

Ստորեւ կը ներկայացնենք տունը պատրաստուող, 4 հետաքրքրական դէմքի ծեփուկներ` ըստ մորթի տեսակի:

1.- Բնական Մորթի Համար

Մեղրադդումը կեղուել, կտրատել եւ 15-20 վայրկեան եփել կաթի մէջ: Երբ փափկանան, ճզմել կտորները` թանձր խիւս մը ստանալու համար, ապա զայն տարածել դէմքին վրայ եւ սպասել 20 վայրկեան: Ցօղուել գաղջ ջուրով:

2.- Իւղոտ Մորթի Համար

Հում մեղրադդումը եւ մէկ ապուրի դգալին մէկ հաւկիթի խիւսը տարածել դէմքին վրայ եւ 20 վայրկեան սպասել, ապա դէմքը ցօղուել գաղջ ջուրով:

3.- Երիտասարդացնող Դիմակ

Կաթին մէջ եփել քանի մը կտոր դդում: Եփած դդումին աւելցնել հաւկիթի դեղնուց մը եւ մէկ թէյի դգալ մեղր: Ծեփուկը տարածել դէմքին եւ պարանոցին վրայ, սպասել քառորդ ժամ, ապա ցօղուել գաղջ ջուրով:

4.- Հարթ Եւ Առոյգ Մորթի Համար

Երեք ապուրի դգալ մեղրադդումի խիւսին աւելցնել 2 ապուրի  դգալ մածուն եւ մէկ ապուրի դգալ մեղր: Ստացուած միատարր խիւսը տարածել դէմքին եւ պարանոցին վրայ, սպասել քառորդ ժամ, ապա ցօղուել գաղջ ջուրով: Սնուցող, խոնաւցնող եւ վերականգնող այս դիմակը յանձնարարելի է բոլոր տեսակի մորթերուն համար:

Խոհագիր

 Մեղրադդումով Նախուտեստ

Բաղադրիչներ (4 անձի համար)

1 միջակ չափի մեղրադդում
4 պճեղ սխտոր
2 միջակ չափի գետնախնձոր
2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
Ուրց
Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Մեղրադդումը լուալ, կեղուել եւ խորանարդաձեւ կտրատել. նոյնպէս ալ` գետնախնձորները:

Փոս ամանի մը մէջ խառնել համեմունքներն ու ձէթը:

Ափսէի մը մէջ փոխադրել կտրատուած մեղրադդումն ու գետնախնձորները, աւելցնել սխտորի պճեղները, թարմ կամ չոր ուրցը եւ, վերջապէս, վրան լեցնել ձէթն ու համեմները:

Եփել 180 ջերմաստիճանով փուռի մէջ, առաջին քառորդ ժամը երեսը ծածկուած ալիւմինիոմ թուղթով, իսկ մնացեալ ժամանակը` երեսը բաց:

Մատուցել տաք կամ պաղ` մսեղէնի մը կողքին, բայց նաեւ` որպէս պահքի կերակուր:

*
* * *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ձեռքեր

Երբ ես տեսնում եմ
Մանր հոգսերից շուտ ընկճուողի,
Իսկոյն յիշում եմ
Իմ ընկերոջը, որ ձեռքեր չունի:
Դեռ կարելի է`
Առանց ոտքերի, առանց աչքերի:
Բայց մտածե՞լ էք,
Որ անհնար է առանց ձեռքերի:
Նոյնիսկ երբ մէկին բռնում են, զսպում,
Ամէնից առաջ ձեռքե՛րն են կապում:
Եթէ ուզում են գերի վերցնել,
Հրամայում են. շուտ ձեռքերդ վեր:

Իսկ իմ ընկերը
Քանի՜ տարի է, որ ձեռքեր չունի:
Բայց չէ՛ որ նա էլ
Պէտք է լուացուի՛, սանրուի՛, թէյի՛,
Ծխի՛, կամ գրի՛,
Մէկին գուրգուրի՛…
Դուք մտածե՞լ էք,
Որ նա չի կարող երբեք նուագել,
Իր տան դռները բացել ու փակել,
Չի կարող լողալ,
Վոլեյբոլ խաղալ,
Մեքենայ վարել
Կամ թիավարել,
Ձեզ նման պարել
Կամ ծափահարել:
Իսկ եթէ փորձեն նրա դէմ ելնել,
Երբեք չի կարող հրացան բռնել:
Եւ, այնուհանդերձ,
Կարողանում է ծիծաղե՜լ անկեղծ:

Իսկ ինչպէ՞ս է, որ
Շատերը ունեն բազուկներ հզօր,
Որոշ կանայք էլ`
Աննման ձեռքեր,
Բայց մի աննշան հոգսից աշխարհում
Յուսահատւում են, տխրում, դժգոհում:

Նման դէպքերում
Ես շատ եմ խնդրում`
Ամէն մարդ նայի իր զոյգ ձեռքերին,
Ձեռքերը դնի սեփական խղճին,
Եւ յիշի, ինչպէս վէրքը թռչունի,
Իմ ընկերոջը, որ ձեռքեր չունի:

ԱՐԱՄԱՅԻՍ ՍԱՀԱԿԵԱՆ

Տարիներ առաջ* (14 մարտ 2013) այս օրը մահացաւ հայ գրող, բանաստեղծ, երգիծաբան եւ հրապարակախօս Արամայիս Սահակեանը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>