Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Հետաքրքրական Ծաղկազարդի Խորհրդանիշ Տիկնիկը` Նուրին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Մեր մշակոյթի ամենագեղեցիկ եւ խորհրդաւոր արժէքներէն են հայկական ծիսական տիկնիկները: Անոնց մէջ ամփոփուած է մեր ժողովուրդին մտածողութիւնը: Անցեալին ժողովուրդը զանոնք օժտեր է մոգական ուժով, չարը խափանող, վտանգներէ զերծ պահող եւ յաջողութիւն ապահովող յատկութիւններով: Տիկնիկներուն միջոցով անոնք ձգտած են ապահովել` բերք ու բարիքի առատութիւնը, պտղաբերութիւնը, արգասաբերութիւնը, ինչպէս նաեւ` ընտանեկան ու անձնական յաջողութիւնները:

Հայկական ծիսական տիկնիկներէն իւրաքանչիւրը ունեցած է իր պատմութիւնը. եկէք` այսօր ծանօթանանք Ծաղկազարդի խորհրդանիշ տիկնիկին` Նուրիին:

Նուրի Կամ Անձրեւի Հարս

Նուրին համարուած էր Ծաղկազարդի խորհրդանիշ տիկնիկը, որմէ երաշտի ժամանակ գիւղացիները անձրեւ կը խնդրէին: Նուրիին մեծ ու նշաձեւ աչքերէն կը ծնէին շաղը, ցօղն ու անձրեւի կաթիլները: Երբ մարդ ու անասուն ջուրի պակասէ կը տառապէին, Նուրին կ՛արտասուէր, եւ անոր արցունքներով թրջուած հողը կը վերակենդանանար ու կրկին բերք կու տար:

Նուրի տիկնիկը կը պատրաստուէր ցախաւելէ կամ փայտէ: Դէմքը կը պատրաստէին ճերմակ լաթէ, գօտին` գունաւոր կտորէ, լաչակը` փայլուն ուլունքներէ, իսկ գլխուն ծաղկեպսակ կ՛ամրացնէին:

Նուրիին համար մինչեւ իսկ յատուկ երգ յօրինուած էր.

Նուրի նուրին եկել է,
Սիրուն հուրին եկել է,
Շիլա շապիկ հագել է,
Կարմիր գօտին կապել է,
Մեր նուրիին փայ տուէք,
Ուտենք, խմենք, քէֆ անենք:
Անձրե՛ւ, անձրե՛ւ, ցած արի
Բուսցրու ցորեն ու գարի:

Ծաղկազարդի տօնին աղջիկ երեխաները երգով ու պարով Նուրին տունէ տուն կը պտտցնէին, մինչ մարդիկ դռներէն ու պատուհաններէն կուժերով տիկնիկին վրայ ջուր կը ցօղէին, իսկ երեխաներուն հաւկիթ, պանիր, հաց եւ երբեմն ալ մետաղադրամ կը նուիրէին: Այսպէս, շրջակայ տուներէն հաւաքուած մթերքներով երեխաները խնճոյք կը կազմակերպէին, իսկ գումարը կը տանէին գիւղի դարբինին, որպէսզի մետաղեայ տիկնիկ մը ձուլէ, ապա զայն կը տանէին ու կը նուիրէին գիւղի եկեղեցիին:

Նուրի տիկնիկին ծէսը Ծաղկազարդի տօնին ամենակարեւոր բաղադրիչներէն էր:

Բարի՛ Ծաղկազարդ…

Առողջ Կենցաղակերպ

Իւրաքանչիւր ժողովուրդ ունի իրեն յատուկ սովորութիւններ` առողջ, ուրախ եւ երկար ապրելու համար: Ի՞նչ կ՛ընեն ճափոնցիք երկար ապրելու համար, զուիցերիացիք նիհար մնալու եւ իտալացիք` առոյգ զգալու համար…

– Ճափոնցիք կանաչ թէյ եւ սոյա շատ կը սպառեն: Ասոնք չափազանց հարուստ են ֆլաւոնոյիտներով, որոնք ունին անթիօքսիտան յատկութիւններ: Հետեւաբար կանաչ թէյն ու սոյան կը պայքարին բջիջներու ծերացումին եւ կարգ մը մահացու հիւանդութիւններու դէմ, կը պաշտպանեն մեր յօդերը արթրոզ կոչուած հիւանդութենէն եւ կը պակսեցնեն գէշ քոլեսթերոլին տոկոսը:

Ճափոնցիք միջին հաշուով կ՛ապրին 82,6 տարի:

* * *

– Զուիցերիացիք իրենց բարեձեւութիւնը պահպանելու համար կը քալեն կամ հեծիկ կը քշեն: Այսպէս, անոնք իրենց տեղափոխութիւններուն 30 առ հարիւրը կը կատարեն քալելով, 10 առ հարիւրը` հեծիկով:

Քալելը կը նուազեցնէ սրտանօթային հիւանդութիւններու, շաքարախտի եւ քոլեսթերոլի հաւանականութիւնը եւ կ՛օգնէ նիհար ու սլացիք մարմին ունենալու:

* * *

– Իտալիոյ մէջ հաստատութիւններուն եւ խանութներուն մեծամասնութիւնը կը փակուի ժամը 12:30-15:30: Այս դադարը առիթ կու տայ շատերուն, որ թեթեւ մրափ մը առնեն եւ օրուան երկրորդ կէսը սկսին առոյգ ու կայտառ ձեւով:

Պառկիլ կամ քնանալ, հոգ չէ թէ` քառորդ ժամ, կ՛օգնէ, որ խնդրոյ առարկայ անձը նոր ուժ հաւաքէ եւ իր գործերուն ձեռնարկէ հանգստացած եւ լաւ տրամադրութեամբ:

* * *

– Գերմանացիները լաւ լողորդներ են: Անոնք շատ լաւ գիտեն, որ այս ձեւի մարզանքը զիրենք կը պաշտպանէ` սրտանօթային հիւանդութիւններէ, շաքարախտէ, ճարպակալումէ եւ այլն…

Լողը նաեւ կ՛օգնէ յօդերու ճկունութեան եւ կը պաշտպանէ արթրոզ կոչուած հիւանդութենէն:

* * *

– Պոլիվիացիք օրական քոքայի տերեւ կը ծամեն: Այս բոյսը կ՛աշխուժացնէ շնչառական դրութիւնը եւ կ՛օգնէ, որ խնդրոյ առարկայ անձը ըլլայ դիմացկուն ու տոկայ ծանր աշխատանքներուն: Քոքան նաեւ կը դարմանէ աղիքային խանգարումները, կը պաշտպանէ ձայնային լարերը եւ կը մեղմացնէ ճամբորդութեան ընթացքին յառաջացած անհանգստութիւնները, ինչպէս` գլխու պտոյտն ու սիրտխառնուքը:

* * *

– Չինաստանի մէջ առաւօտեան հազուադէպ չէ տեսնել զբօսայգիներուն մէջ դէպի ետ քալող մարդիկ. անոնք պարզապէս չինական աւանդական բժշկութեան վարժութիւններ կը կատարեն… Հաստատուած է, որ դէպի ետ քալելը կը մարզէ մարմնին զանազան մկանները, կը նուազեցնէ մէջքի ցաւը, կը բարելաւէ հաւասարակշռութիւնը:

Ձեր Պատասխանները Կը Պատմեն Ձեր Մասին

 Ինչպիսի՞ Վիճող Մըն Էք

Զոյգերու միջեւ տարակարծութիւններն ու վէճերը անխուսափելի են. սակայն կան վէճեր, որոնք շինիչ կը դառնան, վէճեր ալ` քանդող: Կարգ մը վէճեր կ՛աւարտին փոխադարձ հասկացողութեամբ եւ զիջումներով, մինչ ուրիշներ` խզումներով…

Իմանալու համար, թէ ինչպիսի՛ վիճող մըն էք, պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 7 հարցումներուն, ապա կարդացէք պատասխաններուն արդիւնքը:

-1-

Ի՞նչ յաճախականութեամբ կը վիճիք

Ա.- Օրական,
Բ.- Առնուազն շաբաթը անգամ մը,
Գ.- Հազուադէպօրէն:

-2-

Ի՞նչ է ձեր կարծիքը` զոյգերու միջեւ վէճերու մասին:

Ա.- Անհրաժեշտ են, որպէսզի կարգ մը դժուարութիւններ հարթուին,
Բ.- Անխուսափելի են եւ բնական,
Գ.- Ազդանշան են մօտալուտ խզումի:

-3-

Ձեր միջեւ ծագած վէճերուն նիւթը`

Ա.- Ընտանեկան է,
Բ.- Նախանձի եւ անվստահութեան հետ կապուած է,
Գ.- Դրամական է:

-4-

Երբ տարակարծութիւններ կը ծագին, յաճախ`

Ա.- Անզիջող էք,
Բ.- Երկու կողմերը գոհացնող ելքեր կը փնտռէք,
Գ.- Տեղի կու տաք:

-5-

Ծանր վէճերէ ետք, յաճախ`

Ա.- Ոխ կը պահէք ու պատրաստ էք վերսկսելու,
Բ.- Միջնորդներ կը փնտռէք,
Գ.- Կը զղջաք:

-6-

Ծանր վէճերու ընթացքին, յաճախ`

Ա.- Ակամայ կը վիրաւորէք դիմացինին արժանապատուութիւնը,
Բ.- Կը կորսնցնէք ձեր վերահսկողութիւնը,
Գ.- Կը լռէք ու կու լաք:

-7-

Ձեր կարծիքով զիջումը`

Ա.- Տկարութիւն է,
Բ.- Լուծում է,
Գ.- Փրկութիւն է:

ԱՐԴԻՒՆՔ

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «Ա» է, խնդրայարոյց անձ էք: Ձեզ նեղացնող հարցի մը դիմաց երբեք չէք լռեր. պատրաստ էք կռուելու, հակադարձելու, մինչեւ իսկ` ցաւցնելու: Ձեր մօտ զիջում, ներողամտութիւն գոյութիւն չունին, ընդհակառա՛կը, թեւեր կ՛առնէք ու մինչեւ վերջ կ՛երթաք եւ դժբախտաբար հետեւանքներուն մասին չէք մտածեր…

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «Բ» է, դուք բանակցող, գործակցող եւ միջին եզրեր փնտռող անձ էք: Երբ հարց մը ծագի, ո՛չ կը հրահրէք, ո՛չ ալ կռնակ կը դարձնէք. ընդհակառա՛կը, կը սիրէք երկխօսութիւնը, բանակցութիւնը, միջին լուծումները: Շնորհիւ ձեր այս մօտեցումին` առողջ պահած էք զոյգերու միջեւ ձեր կապը:

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «Գ» է, ջայլամի քաղաքականութիւն վարող անձ էք: Կը ձգէք, որ հարցերը երկարին, խորանան, միայն թէ վէճ ու կռիւ չծագի ձեր շուրջ: Պատրաստ էք մինչեւ իսկ ձեր իրաւունքները կորսնցնելու եւ ձեր ինքնասիրութիւնը ոտնակոխելու, սակայն ասիկա տկարութիւն է, որմէ քիչ-քիչ պէտք է հրաժարիք:

Խոհագիր

 Դդումով Հըմմոս

Բաղադրիչներ

– 2 խոշոր դդում` քերոցէ անցած
– 2 ապուրի դգալ թահին
– 1 պճեղ սխտոր` ճզմուած
– 1 կիտրոնի հիւթ
– Կէս թէյի դգալ քիմիոն
– 2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– Աղ

Պատրաստութիւն

Վերը նշուած բոլոր բաղադրիչները հարիչէ անցընել` մինչեւ միատարր թանձրուկ մը ստացուի: Փոխադրել ներկայանալի ամանի մը մէջ եւ մատուցել խրթխրթան հացով:

Կարելի է դդումները փոխարինել դդումի միջուկով: Այո՛, տոլմայի համար փորուած դդումներուն միջուկը թափելու փոխարէն` կարելի է օգտագործել նոյն այս բաղադրատոմսի պատրաստութեան ընթացքին:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Գարնանամուտ

Մանուշակներ ոտքերիս ու շուշաններ ձեռքերիս,
Ու վարդերը այտերիս, ու գարունը կրծքիս տակ,
Ու երկինքը հոգուս մէջ, ու արեւը աչքերիս,
Ու աղբիւրները լեզուիս` սարից իջայ ես քաղաք,-
Ու քայլեցի խայտալով ու շաղ տալով մայթերին
Մանուշակներ ու վարդեր ու շուշաններ ձիւնաթոյր,
Ու մարդիկ ինձ տեսնելով` իրենց յոգնած աչքերին
Տեսան ուրիշ մի աշխարհ, գարուն տեսան նորաբոյր,
–  Ի՜նչ թարմութիւն,- ասացին,- ի՜նչ թարմութիւն,-
ու բացին
Լուսամուտներն իմ առջեւ, ու ես իմ սիրտը բացել`
Անցնում էի երգելով ու շաղ տալով մայթերին
Մանուշակներ ու վարդեր ու յասմիկներ հոգեթով,
Կարծես մի ողջ բնութիւն մի պատանի էր դարձել,
Քաղաք իջել լեռներից` կ՛անցնէր զմրուխտ հեքիաթով
Երկրէ-երկիր շաղ տալով կակաչներն իր ձեռքերի,
Մեր երգերի լուսաբացն ու գարունը լեռների:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ

Այսօր, 21 մարտ, բանաստեղծութեան համաշխարհային օրն է:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>