Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Աւագ Հինգշաբթիի Աւանդութիւնները Հայերուս Մէջ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Մեծ պահքը իր աւարտին կը մօտենայ, եւ արդէն օրեր անց` մարտ 31-ին, մենք պիտի նշենք Քրիստոսի Ս. Յարութեան կամ Ս. Զատիկի տօնը:

Ս. Յարութեան տօնի նախընթաց շաբաթը կը կոչուի Աւագ շաբաթ, եւ այսօր,  հետեւաբար, այդ շաբթուան հինգշաբթին կը կոչուի Աւագ հինգշաբթի:

Այսօր Յիսուս Քրիստոսի վերջին ընթրիքի յիշատակութեան օրն է: Ըստ Աւետարանին, այդ օրը հաստատուեր է Ս. հաղորդութեան խորհուրդը: Միջօրէին կը մատուցուի Ս. պատարագ: Ոտնլուայի արարողութիւնը կը կատարուի օրուան երկրորդ կէսին` մինչեւ երեկոյեան ժամերգութիւն, եւ կը խորհրդանշէ այն խոնարհութիւնը, զոր ցուցաբերեց Քրիստոս իր աշակերտներուն հանդէպ: Աւագ հինգշաբթի, երեկոյեան Ժամերգութենէն ետք, կը կատարուի հսկումի (խաւարում) կարգը` ի յիշատակ Քրիստոսի կրած չարչարանքներուն, խաչելութեան եւ թաղման:

Աւագ Հինգշաբթիի
Աւանդութիւններ

Եկեղեցական արարողութիւններուն զուգահեռ, դարեր շարունակ պահպանուեր են Աւագ հինգշաբթիի հետ կապուած սովորութիւններ, որոնք անուղղակիօրէն կը վկայեն օրուան խորհուրդի զօրութեան հանդէպ հայ մարդուն ունեցած հաւատքը:

– Աւագ հինգշաբթին տօնական օր համարուած էր: Աւագները երեխաներուն պատուիրած են հաղորդուելէ ետք չհայհոյել, իրարու հետ քաղցր խօսիլ, չվիճիլ, չկռուիլ` մեղք չգործելու համար:

– Երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին նոր հարած կարագ, իւղ տարած են եկեղեցի: Քահանան օրհնած եւ քսած է տղամարդոց ոտքերուն, իսկ կիներու` ձեռքերուն: Ապա մեծ ու փոքր կտոր մը օրհնուած կարագ վերցնելով` քսած են իրենց աչքերուն, ականջներուն, ճակատին, ձեռքերուն, մազերուն…

– Շատեր կարագի կտորը տարած են տուն ու քսած` կովու ստինքներուն, որպէսզի առատ կաթ տայ, ընտանի անասուններու հիւանդ մասերուն, կամ դրած են իւղի կճուճին, կարասին, խնոցիին մէջ` զանոնք մշտապէս լեցուն տեսնելու ակնկալիքով:

– Երկրագործը Աւագ հինգշաբթի իր գործիքներէն որեւէ մաս մը եւ ափ մը սերմ դրած է եկեղեցւոյ գրակալին մօտ, որպէսզի օրհնուին:

Շատերը ծառ տնկած են եւ սերմեր ցանած` առատ բերքատուութեան ակնկալիքով:

– Աւագ հինգշաբթին համարուած է տէրունի օր: Հաւատացած են, որ այդ օրուան ձեռնարկուած գործերը յաջողութեամբ կը պսակուին, եւ ինչ որ մտածեն, Աստուած կը լսէ:

– Դարբինները չարխափաններ պատրաստած են, զորս մարդիկ կրած են իրենց վրայ` հիւանդութիւններէ բուժուելու, բնական աղէտներէ եւ մարդկային չարիքներէն զերծ մնալու համար:

– Աղջիկները գացած են դաշտերը` կանաչեղէն հաւաքելու. բաժին հանած են նաեւ այն ընտանիքներուն, որոնք այս կամ այն պատճառներով դաշտ չեն գացեր:

Պայման էր, որ հինգշաբթի նոր քաղուած կանաչեղէնները ուտէին: Շատերը կանաչեղէնը եփած, տարած են եկեղեցի եւ որպէս մատաղ` բաժնած: Օրուան ուտեստներէն էր «աղամաղ»-ը,  կամ «աղի-մաղի»-ն, զայն պատրաստած են սմբուկի գլխու կանաչ կեղեւով, զոր չորցուցած, խաշած, մանրած, սոխով տապկած, աղ ու պղպեղով համեմած եւ կերած են:

– Այդ օրը յատկապէս ննջեցեալ ունեցող ընտանիքներ կանեփով հաց թխած են:

– Հայաստանի որոշ բնակավայրերու մէջ սովորութիւն էր Աւագ հինգշաբթի նորահարսին դարձ տանիլ (ամուսնութենէն ետք նորահարսին առաջին անգամ իր ծնողներուն տուն երթալը քանի մը օրով), որ կը տեւէր մինչեւ Զատիկի կիրակին:

Ինչպէս կը հաստատենք Աւագ հինգշաբթին, արարողութիւններու եւ ժողովրդական աւանդութիւններու առումով, Աւագ շաբթուան ամենայագեցած օրերէն մէկն է:

Հետաքրքրական

 Ծիսական Ծառեր

Տունը, ուր երկար տարիներ ապրեր եւ ստեղծագործեր է ազգագրագէտ եւ նկարչուհի Լուսիկ Ագուլեցին, արդէն իսկ վերածուած է տուն-թանգարանի:

Թանգարանին մէջ ցուցադրուած են` հին իրեր, խեցեղէն, դրամներու հաւաքածոյ, հնատիպ գիրքեր ու սրբանկարներ, գորգեր, տարազներ, աշխատանքային գործիքներ, զէնքեր, պերճանքի իրեր, ծիսական տիկնիկներ, ծիսական ծառեր եւ այլն…

Ս. Զատկուան առիթով կը ներկայացնենք թանգարանին մէջ ցուցադրուած Զատկուան ծիսական ծառերու հետաքրքրական նմուշներ:

Զատկուան Յարդարանք

Կաղանդին նման` Զատիկն ալ շատ սիրելի եւ սպասուած տօն է, նաեւ յարմար առիթ մը` տունը զարդարելու ոչ միայն նախշուն հաւկիթներով, այլեւ` զատկուան ծառով, պսակով, մոմերով եւ այլն…

Ստորեւ` տունը զարդարելու 6 հետաքրքրական տարբերակներ: Զանոնք իրագործելու համար քիչ մը ժամանակ եւ համբերութիւն կը պահանջուի ձեզմէ, բայց ինչո՞ւ չներգրաւել նաեւ  երեխաները եւ զանոնք շեղել իրենց ելեկտրոնային խաղերէն:

1 – Զատկուան ծաղկեփունջ

Զատիկը կը զուգադիպի գարնան եղանակին. ահաւասիկ Զատիկը խորհրդանշող իւրայատուկ ծաղկեփունջ մը` պատրաստուած մեծ մասամբ ստեպղիններով եւ քանի մը ծաղիկով:

2 – Զատկուան մոմեր

Զատկուան սեղանը յարդարելու համար օգտագործեցէք հաւկիթի կեղեւները, անոնց մէջ հալած մոմ լեցնելով, կամ պարզապէս փոքրիկ տափակ մոմեր զետեղելով: Թող մոմի ու լոյսի խորհուրդը նաեւ լուսաւորէ ճաշասեղանը:

3 – Զատկուան անձեռոցիկներ

Ինչպէս Կաղանդը` Զատիկն ալ կերուխումի առիթ է: Ահաւասիկ դիւրին տարբերակ մը` Զատկուան սեղանի պնակներն ու անձեռոցիկները ձեւաւորելու համար:

4 – Զատկուան պսակ

Արդէն շատերուն համար սովորութիւն դարձած է ինչպէս Կաղանդին, նոյնպէս ալ Զատկին տան մուտքի դուռը պսակով զարդարել:

Եթէ «Ուան տալըր»-ի խանութէ մը եղեգէ պսակը գնէք, կրնաք զայն տարուէ տարի օգտագործել` ամէն անգամ ըստ ճաշակի զարդերը փոխելով: Ստորեւ` պարզ եւ ճաշակաւոր տարբերակ մը:

5 – Զատկուան տօնածառ

Զատկուան տօնածառի յարդարանքը եւս շատ տարածուած է: Ընդհանրապէս կ՛օգտագործուին նշենիի ծաղկած ճիւղեր կամ սովորական ճիւղեր, ուրկէ կը կախուին նախշուն հաւկիթներ, ճուտիկներ, նապաստակներ, ծաղիկներ եւ այլն…

6 – Զատկուան ջահ

Երբեւէ մտածե՞ր էք, որ կարելի է մինչեւ իսկ տան ջահը զարդարել Զատկուան խորհրդանիշներով: Ստորեւ` հետաքրքրական տարբերակ մը:

Զատկուան յարդարանքի տարբերակները շատ են, չմոռնանք, որ շատը միշտ ալ ճոխութեան եւ գեղեցկութեան չափանիշ չէ: Բաւարարուինք մէկ քանիով եւ տունը խճողուած տօնավաճառի մը չվերածենք:

Խոհագիր

Չամիչով Փիլաւ

Շուտով Մեծ պահքը կ՛աւարտի, եւ մենք կը դիմաւորենք այնքան սպասուած Զատիկը:

Հայկական աւանդութեան համաձայն, Զատկուան սեղանէն պէտք է անպակաս ըլլան` խաշած հաւկիթը, ձուկը, չամիչով փիլաւը, թանապուրը, ձուածեղով փիլաւը, տապկուած բանջարը, չէօրէկը եւ այլն…

Այսօրուան սիւնակով կը ներկայացնենք չամիչով փիլաւի բաղադրատոմսը:

Բաղադրիչներ

– 4 գաւաթ բրինձ
– 400 կ առանց կուտի չամիչ
– 50 կ ծիրանաչիր
– 50 կ սալորաչիր
– Լաւաշ հաց կամ համապատասխանը
– 4 ապուրի դգալ կարագ
– Աղ

Պատրաստութիւն

Բրինձը լուալ եւ ամբողջ գիշեր մը աղաջուրի մէջ թրջել: Չոր միրգերը գաղջ ջուրով լուալ եւ ցամքեցնել:

Կաթսային մէջ 2 դգալ կարագ հալեցնել եւ չոր մրգեղէնները քանի մը վայրկեան մէջը դարձնել, ապա զանոնք ամանի մը մէջ փոխադրել:

Կաթսային յատակը ծածկել լաւաշ հացի կտորով մը, աւելցնել քամոցէ անցած բրինձին կէսը, վրան աւելցնել կարագին մէջ դարձած չոր մրգեղէններուն կէսը եւ կրկին ծածկել մնացեալ բրինձով:

Վերջաւորութեան աւելցնել մրգեղէններուն մնացեալ  բաժինը, 2 դգալ կարագը եւ կտրատուած լաւաշի քանի մը կտոր: Բոլորին վրայ աւելցնել եռացած ջուր եւ աղ, կափարիչը փակել եւ եփել թեթեւ կրակի վրայ:

Մատուցելու ատեն ներկայանալի ամանի մը վրայ շրջել փիլաւը, որպէսզի յատակի կարմրած լաւաշը երեսը յայտնուի:

*
*   *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Ծաղկում

Ես չիմացայ` դեղձենին արշալոյսի՞ց բռնկուեց,
Թէ՞ արշալոյսը` նրա բռնկումից այս ծաղկած…
Եւ կանգնել է ծառն ահա այգաբացի լոյսի մէջ
Իբրեւ փոքրիկ այգաբաց:
Կանգնել վառուում է մենակ, կանգնել վառուում է լռին,
Օ՜, լռելեայն է հնչում աշխարհում երգն այրումի,
Զով այգաբացն իր ձեռքով ցօղ է մաղել բոցերին,
Որ խենթ այրումը մեղմի:
Սակայն լուրն այս ծաղկումի, իբրեւ բարի աւետում,
Այդ ո՞վ տարաւ այդքան շուտ մեղուներին ոսկեթեւ,
Որ եկել են ու իրենց բոցերի մէջ են նետում`
Իբրեւ փոքրիկ ասպետներ:
Ու երգում է ծառը տե՛ս, քաղցր մի երգ է երգում,
Երգում է երգը սիրոյ, նուիրումի ու այրման,
Եւ այդ երգից, այդ երգից ջրերն անզուսպ հեկեկում,
Քարը լալիս է անձայն:
Եւ մեղուները ոսկէ, եւ մեղուները զեղուն
Հեռանում են` քաղցրութեան բեռն ու պաշարը կապած,
Ու վառուում է դեղձենին այգաբացի լոյսերում`
Իբրեւ փոքրիկ այգաբաց:

ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>