Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Գրագէտ, թարգմանիչ Ստեփան Զօրեանի տուն-թանգարանին մէջ ուշագրաւ տեղ կը գրաւէ Մարտիրոս Սարեանի վրձինած Զօրեանի դիմանկարը:
Սարեանը Զօրեան նկարած է 1945-ին, տարիներ անց գրագէտը պատմեր է իր զգացողութիւններուն եւ մեծ վարպետին հետ աշխատանքի մասին: Եւ ահա, թէ ինչպէ՛ս ծնունդ առեր է կտաւը` Զօրեանի խօսքերով.
«Սարեանի բնաւորութեան հիմնական գիծը մեղմութիւնն էր, ան հանգիստ էր եւ սակաւախօս: Բայց դիմանկար նկարելու ժամանակ բոլորովին կը փոխուէր, դիմացը նստողին հետ կը խօսէր տարբեր նիւթերու մասին: Տխուր կամ ծիծաղելի բաներ կը պատմէր, այնպիսի նիւթեր կը շօշափէր, որպէսզի զարմացնէ բնորդը ու զայն դուրս բերէ կաշկանդուած վիճակէն: Այսպիսով, ան կը ջանար գտնել նկարուող դէմքի հայեացքի, նայուածքի բնական ու բնորոշ արտայայտութիւնը, որ պէտք էր իրեն»:
Այս գեղեցիկ դիմանկարին բնօրինակը 1992-էն ի վեր մեծ խնամքով կը պահպանուի գրագէտին տուն-թանգարանին մէջ, Վանաձոր:
Հետաքրքրական է, որ ամէն տարի սեպտեմբեր 15-ին` Զօրեանի ծննդեան օրը, թանգարանին շրջափակը բերքահաւաք կը կազմակերպուի: Թափ կու տան գրողին տնկած եւ աճեցուցած խնձորենիները եւ կը հիւրասիրեն այցելուներուն:
Հոգեբանին Կարծիքով
3 Տարեկանի Ճգնաժամ
Հոգեբաններու կարծիքով, առհասարակ բոլոր տարիքային ճգնաժամերը, որոնք նաեւ «անցումային» փուլեր կը կոչուին, կապուած են որակական փոփոխութիւններու հետ: Այսինքն այս տարիքին ի յայտ կու գան նոր որակներ ու կարողութիւններ, որոնք մինչ այդ չկային: Այդ նոր որակները կ՛առնչուին երեխային ե՛ւ ֆիզիքական, ե՛ւ յուզական աշխարհին ու մտաւոր կարողութիւններուն:
Կարգ մը երեխաներու մօտ 3 տարեկանի ճգնաժամը թեթեւ եւ աննկատելի կ՛անցնի, սակայն երեխաներուն մեծամասնութիւնը այս տարիքին կը դառնայ կամակոր ու չարաճճի:
3 Տարեկանի Ճգնաժամի
Պատճառները
3 տարեկան երեխան կը սկսի հասկնալ, որ ինք անհատականութիւն ունի: Ան ընտանիքի լիիրաւ անդամ է այնպէս, ինչպէս` մայրը, հայրը, քոյրը կամ եղբայրը: Երեխան կը սկսի կրկնօրինակել մեծերը եւ նմանիլ անոնց:
Երեխան կը սկսի խօսիլ «ես»¬ով, կը մերժէ հնազանդիլ ծնողներուն, կամակորութիւններ կ՛ընէ եւ տեւաբար կը հակաճառէ: Այս տարիքի երեխան կը սկսի բաներ պահանջել ոչ թէ այն պատճառով, որ շատ կը փափաքի զանոնք, այլ` պարզապէս ստուգելու համար, որ ծնողները հաշուի կ՛առնե՞ն իր կարծիքը եւ զինք կ՛ընդունի՞ն որպէս ընտանիքի լիիրաւ անդամ:
Ան կ՛ուզէ առանձին հագուիլ ու հանուիլ, նոյնիսկ եթէ տակաւին բոլորովին ինքնաբաւ չէ: Յաճախ կը դառնայ յարձակողական եւ կռուազան: Կ՛ուզէ, որ իրեն հետ խորհրդակցին, իր կարծիքը առնեն այնպէս, ինչպէս` մեծերու պարագային:
3 Տարեկանի Ճգնաժամին
Դրսեւորումները
– ՅԱՄԱՌՈՒԹԻՒՆ. Ան կը ցանկայ հասնիլ իր ուզածին, կը մերժէ հնազանդիլ կամ լսել մեծերը, կը դառնայ անզիջող ու անդրդուելի:
– ՆԱԽԱՆՁ. Քրոջ կամ եղբօր հանդէպ:
– ԸՄԲՈՍՏՈՒԹԻՒՆ. Ան կը սկսի ի՛նք որոշել` կը պառկի՞, թէ՞ կը նստի: Այս կերակուրը կ՛ուտէ՞, թէ՞ միւսը: Մեծ մայրիկին հետ տունը առանձին կը մնա՞յ, թէ մօրը հետ կ՛երթայ եւ այլն…
– ԺԽՏՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ. Երեխան կ՛ուզէ հակադրուիլ մեծերուն: Երբ մեծերը իրմէ բան մը խնդրեն, ճիշդ հակառակը կը կատարէ եւ կամ չլսելու կու տայ:
– ԱՐԺԵԶՐԿՈՒՄ. Այն բոլոր բաները, որոնք նախապէս յարգի էին երեխային համար, կը դառնան անկարեւոր եւ անհետաքրքիր: Ան կրնայ շատ հանգիստ կոտրել իր շատ սիրած մէկ խաղալիքը, եւ կամ մերժել գնդակով խաղալ, կամ ծովափ երթալ:
– ՅԱՐՁԱԿՈՂԱԿԱՆ. Զայն կը բարկացնէ ցանկալին ստանալու անհնարինութիւնը, եւ ան կը դառնայ յարձակողական:
* * *
Հոգեբաններուն կարծիքով, պայման չէ, որ ճգնաժամը դրսեւորուի ճիշդ 3 տարեկանին. անիկա կրնայ ի յայտ գալ 2,5 կամ 4 տարեկանին:
Նաեւ պայման չէ, որ նշուած վիճակները բոլորն ալ ի յայտ գան. կարգ մը երեխաներ այս շրջանը թեթեւ ու գրեթէ աննկատ կ՛անցընեն:
Ձեր Առօրեան
Դիւրացնող Հնարքներ
Լուացքի մեքենային անախորժ հոտը չէզոքացնելու համար օգտագործեցէք երկու բնական եւ անվնաս միջոց` սոտա եւ ճերմակ քացախ: Նախ մեքենային մէջ 250 կ սոտա ցանեցէք եւ պարապ մեքենան աշխատցուցէք բարձր ջերմաստիճանով, ապա կրկին պարապ մեքենային մէջ 500 մլ ճերմակ քացախ լեցուցէք եւ դարձեալ բարձր ջերմաստիճանով աշխատցուցէք: Այս միջոցին դիմեցէք ամսական դրութեամբ:
Մի՛ մոռնաք նաեւ իւրաքանչիւր լուացքէ ետք մեքենային կափարիչը առնուազն 1-2 ժամ բաց ձգել:
* * *
Առանց «լաց»-ի սոխ կեղուելու եւ մանրելու հնարքները շատ են. արդեօք փորձա՞ծ էք բերնին մէջ ջուր պահելու հնարքը: Այո՛, կեղուելու ժամանակ ձեր բերնին մէջ ջուր պահեցէք, սոխին արձակած արցունքաբեր կազը կ՛երթայ դէպի բերանի ջուրը եւ ոչ` ձեր աչքերուն: Կ՛արժէ փորձել:
* * *
Եթէ կ՛ուզէք, որ բաղնիքը անուշ բուրէ` առանց ծանր հոտով սփրէյներ օգտագործելու, ընտրեցէք ձեր ճաշակին համապատասխանող «ուիլ էսանսիել» կոչուած, պզտիկ սրուակներով վաճառուող հեղուկները եւ քանի մը կաթիլ կաթեցուցէք բաղնիքի թուղթի խաւաքարտին վրայ:
* * *
Կարկանդակի պատրաստութեան ընթացքին հարիչի գործածութիւնը կրնայ պատճառ դառնալ, որ չորս կողմը աղտոտի: Մինչդեռ եթէ հարիչին մետաղեայ ձողերուն խաւաքարտէ պնակ մը հաստատէք, այդ անպատեհութիւնը կը չքանայ:
* * *
Տան ծորակները կիրի կամ օճառի պատճառով կը կորսնցնեն իրենց փայլքը: Կիսուած կիտրոնով մը շփեցէք զանոնք` փայլքը վերականգնելու համար:
* * *
Նախքան խաշած հաւկիթը շերտելը` դանակին շեղբը տաք ջուրին մէջ դրէք եւ յետոյ կտրեցէք. այսպիսով, հաւկիթը դանակին չի փակչիր եւ կանոնաւոր շերտեր կը ստանաք:
* * *
Ձուկը խորովելու ժամանակ զայն զետեղեցէք կիտրոնի շերտերու վրայ, որպէսզի անիկա մետաղեայ տաք թելերուն չփակչի եւ չայրի:
* * *
Որպէսզի տարուան բոլոր եղանակներուն կանաչ սոխ ունենաք, լուացուած եւ լաւ ցամքեցուած սոխը մանրեցէք եւ լեցուցէք հանքային ջուրի փոքրիկ շիշերու մէջ եւ սառցարանը պահեցէք:
Խոհագիր
Խնձորով, Հաւկիթով Աղցան
Շուարա՞ծ էք` ինչպէս սպառել Զատկուան խաշած հաւկիթները… Ահաւասիկ աղցանի հետաքրքրական տարբերակ մը` խաշած հաւկիթները օգտագործելու եւ տնեցիները գոհացնելու համար:
Բաղադրիչներ
– 3 հատ խաշած հաւկիթ
– 2 հատ կանաչ թթու խնձոր
-1 ստեպղին
– 150 կ պանիր (ըստ ճաշակի)
– 200 կրամ մայոնեզ
– 2 պճեղ սխտոր
– Հազարի տերեւներ
– 2 ցօղուն կանաչ սոխ
– Կիտրոնի կեղեւի տաշուք
– Աղ
Պատրաստութիւն
Ամանի մը մէջ մանր կտրատել կամ քերոցէ անցընել` պանիրը, ստեպղինը, խնձորն ու խաշած հաւկիթները: Աւելցնել ճզմուած սխտորն ու աղը:
Խառնուրդին աւելցնել մայոնեզն ու կիտրոնի կեղեւի տաշուքը եւ խառնել:
Ներկայանալի ամանի մը յատակը հազարի տերեւներով ծածկել, վրան ձեւաւորել աղցանը եւ երեսը զարդարել մանրուած կանաչ սոխով, կիսուած լոլիկով, կամ ստեպղինի ցպիկներով:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Եկեղեցին Հայկական
Եկեղեցին Հայկական ծննդավայրն է հոգւոյս,
Ինչպէս քարայր մ՛ընդարձակ, պարզ ու խորունկ, մութ ու լոյս…
Իր գաւիթով հիւրընկալ, իր լայն բեմով ու հեռուն
Կանգնած իր լուռ խորանով, որ կարծես նա՜ւ մ՛է ծփուն
Եկեղեցին Հայկական ես աչքս գոց կը տեսնեմ,
Ու կը շնչեմ, կը լսեմ` իր Յիսուսով մանկադէմ,
Իր սեղանէն մխացող, քուլայ-քուլայ խունկերով,
Եւ իր պատերը ցնցող աղօթքներով ալեխռով…
Եկեղեցին Հայկական բարձր բերդն է հաւատքին
Իմ պապերուս` որ հողէն զայն քար առ քար հանեցին
Ու երկինքէն իջուցին զայն ցօղ առ ցօղ, ամպ առ ամպ
Ու թաղուեցա՜ն անոր մէջ հանդարտութեամբ, հեզութեամբ:
Եկեղեցին Հայկական մեծ վարագոյր մ՛է բանուած`
Որուն ետեւ, սըկիհին մէջ կ՛իջնէ ի՛նքը Աստուած,
Որուն առջեւ` գլխահակ կու գայ իմ ազգս ամբողջ
Հաղորդուիլ Անցեալին հաց ու գինւով կենսառողջ…:
Եկեղեցին Հայկական` ծովուն դիմաց ալեկոծ
Նաւահանգիստ մ՛է խաղաղ, ցուրտ գիշերին` հո՛ւր ու բոց,
Ու տօթակէզ ցերեկին անտա՛ռ մըն է ստուերոտ`
Ուր շուշաններ կը ծաղկին Շարականի գետին մօտ…
Եկեղեցին Հայկական մէն մի քարին տակ գետնի
Դէպի երկինք բարձրացող գաղտնի ճամբայ մը ունի…
Եկեղեցին Հայկական հայ հոգիին եւ մարմնոյն
Զրահանդերձն է փայլուն, մինչ իր խաչերն են դաշոյն
Եւ զանգակներն են բոմբիւն եւ երգն է մի՜շտ Յաղթութիւն…
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ
Տարիներ առաջ, այս օրը (4 ապրիլ 1945), մահացաւ բանաստեղծ, հրապարակագիր եւ ազգային հասարակական գործիչ Վահան Թէքէեանը: