Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Վերջերս Կլենտէյլի մէջ պատուուեցաւ դաստիարակ, ազգագրագէտ, պատմաբան, մրցանակակիր հեղինակ, հայ կիներու պատմութեան եւ իրաւունքներու ջատագով Սոնա Զէյթլեանը` իր 70 տարիներու ծառայութեան համար, ՀՕՄ-ի եւ Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան կեդրոնական վարչութիւններուն կողմէ:
Սոնա Սիմոնեան-Զէյթլեան ծնած է Եգիպտոս, վկայուած է տեղական Ամերիկեան համալսարանէն եւ նուիրուած ուսուցչական ասպարէզին` նախ Գահիրէի, ապա Պէյրութի ազգային վարժարաններուն մէջ:
Սոնա Զէյթլեանի առաջին ուսումնասիրութիւնը` «Հայ կնոջ դերը հայ յեղափոխական շարժման մէջ», «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակին արժանացաւ 1968-ին: Իսկ 1973-ին լոյս տեսաւ անոր «Մուսա Լերան ժողովրդական հեքիաթները», որ իբրեւ բերանացի պատում` անձամբ հաւաքած է Լիբանանի Այնճար գիւղը բնակող մուսալեռցիներէն: 80-ական թուականներուն յաջորդաբար հրատարակուեցան աւանդական մեր պատմութեան հերոսներուն կեանքն ու գործը վիպակի ձեւով ներկայացնող իր չորս հատորները` «Արի արանց» ընդհանուր խորագրին տակ:
Հայ կնոջ գործունէութիւնը լիովին արժեւորելու իր մնայուն հետաքրքրութեան արգասիքն է «Հայ կնոջ կեանքի ուղիին հետքերով» ուսումնասիրութիւնը, որ կ՛ընդգրկէ հայ կնոջ ներդրումը մեր ազգային կեանքի տարբեր փուլերուն:
Սոնա Զէյթլեան այժմ կը բնակի Լոս Անճելըս, իր չորս զաւակներուն հետ:
«… Ան նպատակային պատմաբանութիւն կատարեց հայ կնոջ ղեկավար դերին, բան մը, որ իրմէ առաջ չէր կատարուած: Ան կիներու ուսումնասիրութեան մարզի հիմնադիր ռահվիրան է` կիները ներկայացնելով իբրեւ յառաջդիմութեան ու փոփոխութեան գործիչներ: Ան արձանագրած է հայ կնոջ նպաստը` սեռերու հաւասարութեան եւ ընկերային արդարութեան միջազգային հաստատման մէջ…»:
ՀՐԱԶԴԱՆ ԶԷՅԹԼԵԱՆ
Ձեր Առօրեան
Դիւրացնող Հնարքներ
– Արդուկին այրած յատակը մաքրելու համար կարելի է օգտագործել սոտան կամ քացախը:
Առաջին ձեւ. 2 ապուրի դգալ սոտային քիչ մը ջուր աւելցնել թանձրուկ մը ստանալու համար: Արդուկը քիչ մը տաքցնել, գաղջ արդուկին յատակին տարածել սոտայի թանձրուկը, սպասել 5-7 վայրկեան, ապա շփելով մաքրել այրուածքի հետքը, թերթով կամ թուղթէ անձեռոցով:
Երկրորդ ձեւ. «թեֆլոն» յատակով արդուկի պարագային, լաթի մը վրայ առատ ճերմակ քացախ տարածել եւ արդուկին այրած հատուածը շփել, մինչեւ որ արատը ամբողջովին անհետանայ: Ապա յատակը մաքրել փափուկ չոր լաթով մը:
* * *
– ՋՈՒՐԻ 3-5 լիթրանոց կալոնները կարելի է օգտագործել սոխ, սխտոր, գետնախնձոր պահելու համար: Առնել ջուրի պարապ կալոնը, տաքցուած դանակի շեղբի մը միջոցով բացուածք մը բանալ, բացուածքէն շուրջը խէժերիզով (շարթիթոն) պաշտպանել` ձեռքը չվիրաւորելու համար: Տաքցուած շամփուրի մը միջոցով կալոնին չորս կողմը ծակտիկներ բանալ, որպէսզի օդ բանի եւ, վերջապէս, տեղաւորել սխտորը, սոխը, գետնախնձորը եւ այլն…
* * *
– ԽՈՀԱՆՈՑԻ պահարանները ժամանակի ընթացքին կը կորսնցնեն իրենց նախկին տեսքն ու փայլքը` փոշիի, իւղի կուտակումի պատճառով: Մաքրելու միջոցը շատ պարզ է, խորունկ ամանի մը մէջ խառնել երկու ապուրի դգալ պնակեղէնի հեղուկ օճառ, երկու բաժակ տաք ջուր եւ մէկ բաժակ ճերմակ քացախ: Սպունգին կարծր երեսով այս խառնուրդը տարածել պահարաններուն մակերեսին շփել: Կարգ մը քարացած աղտերու համար կարելի է ակռայի հին խոզանակ մը օգտագործել:
* * *
– ՏԱՊԿՈՑԻ սեւցած, այրած տապակը մաքրելու համար անհրաժեշտ է մեծ կերպընկալ տոպրակ մը, մէկ գաւաթ փեփսի քոլա, երկու ապուրի դգալ սոտա, երկու ապուրի դգալ պնակեղէնի հեղուկ օճառ, 1 ապուրի դգալ աղ:
Վերը յիշուած բաղադրիչները խառնել եւ ստացուած թանձրուկով ծեփել տապակը, ապա զայն տեղաւորել կերպընկալ տապակին մէջ: Թանձրուկին մնացորդացը լեցնել տոպրակին մէջ, բերանը լաւ փակել եւ ձգել 1-2 ժամ:
Տապակը տոպրակէն հանել եւ լուալ, կարգ մը արատներու պարագային օգտագործել մետաղեայ կամ կարծր սպունգ մը:
* * *
– ՀԱՒԿԻԹԻՆ թարմութիւնը ստուգելու համար կայ շատ պարզ եւ արագ միջոց մը:
Հաւկիթը դրէք ջուրով լեցուն բաժակի մը մէջ:
Ա.- Եթէ անիկա յատակին մնայ, կը նշանակէ, որ թարմ է:
Բ.- Եթէ անիկա բաժակին յատակէն վեր է, բայց ջուրին երեսը չէ բարձրացած, կը նշանակէ, որ սահմանի վրայ է, եւ պէտք է շուտով սպառել:
Գ.- Եթէ հաւկիթը արդէն մասամբ կը ծփայ եւ ջուրէն վեր բարձրացած է, կը նշանակէ, որ հին է եւ պէտք է թափել:
Օգտակար Բոյսեր
Տան Փոշին Կլանող Բոյսեր
Տնային բոյսերը չեն դադրիր մեզ զարմացնելէ: Իսկապէս, որոշ տնային բոյսեր զուտ տան զարդեր չեն, անոնք ուրիշ արժանիքներ ալ ունին: Օրինակ` իմացե՞ր էիք, որ կարգ մը բոյսեր կրնան շրջակայ միջավայրի օդը մաքրել եւ մինչեւ իսկ որոշ չափով կլանել տան փոշին:
Եթէ նկատէք, որ փոշին նստած է որոշ բոյսերու վրայ, պատճառը այն է, որ տուեալ բոյսերը բարձրացուցած են շրջակայ միջավայրի խոնաւութեան մակարդակը եւ, այսպիսով, փոշին նստած է անոնց տերեւներու մակերեսին:
Ստորեւ` 3 բոյսեր, որոնք տան փոշին կլանելու յատկութիւն ունին:
1.- «ՔԱՈՒՉՈՒՔ» կամ «ՖԻՔԻՒՍ ԵԼԱՍԹԻՔԱ»-ն կը յատկանշուի իր մութ կանաչ գոյնի, մեծ, փայլուն տերեւներով: Անիկա ունի սենեակին խոնաւութիւնը բարձրացնելու առանձնայատկութիւն: Անոր մեծ, լայն եւ տոկուն տերեւները շատ արդիւնաւէտ են փոշին կլանելու, բայց նաեւ` ապականած օդը թունաւոր նիւթերէ ձերբազատելու համար:
* * *
2.- «ՖԻՔԻՒՍ ՊԵՆԺԱՄԻՆԱ»-ն, որ նաեւ լացող թզենի անունով ծանօթ է, մեծ խնամքի չկարօտող եւ տարբեր միջավայրերու յարմարելու յատկութիւնը ունի:
Տան մէջ պահուող, փոքրիկ տերեւներով. բայց շատ դիմացկուն այս բոյսը կը բարելաւէ սենեակին խոնաւութեան մակարդակը ու կը կլանէ փոշին:
* * *
3.- «ՓՈԹՈՍ»-ը շատ քրտնող բոյս է. ջուրի այս գոլորշիացումը կը բարձրացնէ սենեակի խոնաւութեան մակարդակը: Այս արեւադարձային բոյսը կրնայ ունենալ կախովի կամ մագլցող տեսք: Փոթոսը նաեւ շրջակայ օդի թունաւոր նիւթերը կլանելու յատկութիւն ունի, ինչպիսիք են` ածխածնի օքսիտը քսիլենը, պենզենը եւ այլն…
Փոթոսը եւս մեծ խնամքի չի կարօտիր, չարքաշ է եւ յարմարող:
Գիտէ՞ք, Թէ…
– Մարդու գլխուն վրայ կ՛աճի 90-150 հազար մազ:
– Մեր մորթին 90 առ հարիւրը ծածկուած է մազերով:
– Երեխային առաջին աղուամազերը կը յայտնուին մօր յղութեան 4-րդ կամ 5-րդ ամսուան ընթացքին:
– Ամէնէն արագը կ՛աճին 15-30 տարեկաններու մազերը: 50-էն ետք մազերու աճը կը դանդաղի:
– Մազերը ամրան աւելի արագ կ՛աճին, քան` ձմրան:
– Կիները հազուադէպօրէն ճաղատ կը դառնան, քանի որ անոնց մազերուն արմատները մորթին մէջ 2 մմ աւելի խորը կը գտնուին, քան` տղամարդոցը:
– Տարուէ տարի մազերը կը նօսրանան: Մարդ օրական կը կորսնցնէ 60-100 մազ:
– Շիկակարմրահերերը ունին ամէնէն խիտ մազերը:
– Սեւամորթներուն մազերը ամենահաստն են. անոնք կրնան մինչեւ 8 անգամ աւելի հաստ ըլլալ բաց գոյնի մազերէն:
– Ճարպոտ մազերը անհրաժեշտ է աւելի յաճախակի լուալ քան` չորս կամ բնականոն մազերը: Լուալու համար ամենալաւը 40-45 ջերմաստիճանի ջուրն է:
Թելադրելի է հերաթափութեան պարագային գործածել նօսր ակռաներով սանտրեր:
– Օրական մազերը միջին չափով կ՛աճին 0,33 մմ տարեկան` 12 սմ: Եթէ մենք մեր մազերը չկտրենք, կեանքի վերջաւորութեան կ՛ունենանք մօտ 7,5 – 8 մեթր մազ:
– Մազերու կեանքի տեւողութիւնը միջին հաշուով 2-էն 7 տարի է:
– Ճերմակ մազերը աւելի փխրուն են, քան` գունաւոր մազերը:
– Մարդու ապրելակերպը կ՛ազդէ մազերու առողջութեան վրայ: Այսպէս, ոչ հաւասարակշռուած սննդակարգը, ընկճախտը, ջրազրկումը, անբաւարար քունը եւ ծխախոտի չարաշահումը աւեր կը գործեն:
– Մազերու առողջութիւնն ու փայլքը պահպանելու համար պէտք է հրաժարիլ զանոնք օրական լուալէ, ելեկտրական տաք սարքեր օգտագործելէ եւ քաշուած ու պրկուած յարդարանքներ որդեգրելէ:
– Առողջ մազեր ունենալու համար պէտք է ուտել Պէ. խումբի կենսանիւթերով հարուստ ուտելիքներ` միս, հաւկիթ, ձուկ, ծովային պտուղներ, ամբողջական հացահատիկներ, եւ այլն…
Զինկով հարուստ ուտելիքները ինչպէս ընկոյզը, ծլած ցորենը, սեւ տուրմը, կովու միսը, լեարդը նոյնպէս կ՛ապահովեն մազերուն աճը եւ առողջ տեսքը:
Թթխմորը նոյնպէս կը զօրացնէ մազերուն արմատները ու խթանէ անոնց աճը:
Խոհագիր
Կիտրոնով
Յունական Եղինձ
– 2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– 1 փոքրիկ սոխ` մանր կտրատուած
– 2 պճեղ մանր կտրատուած սխտոր
– 1,5 գաւաթ բրինձ
– 3 գաւաթ հաւու արգանակ
– 2 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
– 1 ապուրի դգալ մանրուած թարմ սամիթ, կամ` 1 թէյի դգալ չոր սամիթ
– 1 կիտրոնի հիւթ եւ կեղեւի տաշուք
– Աղ, սեւ համեմ
Պատրաստութիւն
Բրինձը հոսող ջուրի տակ լաւ լուալ, ապա 15-20 վայրկեան թրջել պաղ ջուրի մէջ, յետոյ քամոցէ անցընել:
Կաթսային մէջ տաքցնել ձէթը, աւելցնել մանրուած սոխը, մինչեւ որ կիսաթափանց դառնայ, յետոյ աւելցնել սխտորը եւ վերջապէս` բրինձը: Բոլորը միատեղ խառնել, որպէսզի բրինձը թեթեւ տապկուի:
Հաւու արգանակը աւելցնել խառնուրդին վրայ, եւ երբ եռման աստիճանի հասնի, կրակը թեթեւցնել, կաթսային կափարիչը փակել եւ եփել, մինչեւ որ բրինձը եփի եւ հեղուկը ներծծուի:
Կաթսան կրակին վրայէն հանել, աւելցնել ազատքեղը, սամիթը, կիտրոնի հիւթն ու տաշուքը: Պատառաքաղի ծայրով բրինձը թեթեւ խառնել, աղել, համեմել եւ ներկայանալի ամանի մը մէջ մատուցել` կիտրոնի շերտերով զարդարելով:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ես ձեզ ասում եմ` կը գայ Ոգու սով,
Եւ դուք կը քաղցէք ճոխ սեղանի մօտ,
Կ՛ընկնէք մուրալու յափրած որկորով`
Հրեղէն խօսքի, վեհ խօսքի կարօտ:
Լրբենի ծաղրով արհամարհեցիք
Ոգու վառ զեղմունք միտք ու երազանք,
Նիւթի տաճարում արբած պարեցիք`
Մոռացած անմահ, անհունի տենչանք:
Դուք, որ հեգնեցիք ուժն ստեղծագործ`
Ձեր նիւթի հանդէպ կը գայ ոգու սով.
Եւ մուրացկի պէս փշրանքի համար
Ծարաւ ու նօթի կ՛անցնէք ծովից ծով:
ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ