Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Ծառապատում. Ղազար Պապիկի Խնձորենին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Հին ժողովուրդները, որոնց կարգին` նաեւ հայերը, ծառի պաշտամունք ունեցած են, որ մինչեւ օրս ալ որոշ չափով պահպանուած է: Օրինակ, ուխտավայրերուն մէջ երազանք կը պահեն եւ ծառի ճիւղերէն թաշկինակ կը կապեն: Հայաստանի մէջ կան ծառեր, որոնք առանձնայատուկ կենսագրութիւն ունին, պատմութեան կամ դիպուածի հերոսներ են: Այլ խօսքով, ծառ- առասպելներ են:

Ծառ – առասպելներու շարքին է բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի պապիկի խնձորենին:

Արարատի մարզի Զանգակատուն` նախկին Չանախչի գիւղը, Սեւակի ծննդավայրն է: Բանաստեղծը պապենական պարտէզի չորցած ծառերուն փոխարէն` նոր ծառեր տնկեր է: Ան պահեր-փայփայեր է Գէորգեան Ճեմարան աւարտած, ուսեալ Ղազար պապիկին տնկած խնձորենին: Ղազարը, որուն անունէն ալ յառաջացած է Պարոյրին մականունը` Ղազարեան, մահացեր է 1905-ին: Խնձորենին առնուազն 150 տարեկան է: Մինչեւ օրս ալ ան Սեւակի պարտէզին մէջ կը ծաղկի ու բերք կու տայ:

Բանաստեղծին տուն-թանգարան այցելողները անտարբեր չեն անցնիր դարաւոր խնձորենիին քովէն:

Ձեր Պատասխանը
Կը Պատմէ Ձեր Մասին

Տնային ո՞ր գործն է, որ ձեզ ամենաքիչը կը նեղացնէ.

Ա.- Տան յատակը մաքրելը,
Բ.- Լաթեր արդուկելը,
Գ.- Կերակուր եփելը,
Դ.- Պնակեղէնները լուալը:

Կատարեցէք ձեր ընտրութիւնը, ապա կարդացէք պատասխանը:

– Եթէ տան յատակը մաքրելը, սրբելը ամենաքիչը կը նեղացնէ ձեզ, դուք աշխուժ, վճռական եւ նախաձեռնող կին էք: Ձեր ինքնավստահութիւնը թոյլ կու տայ, որ հասնիք ձեր նպատակներուն: Դուք յաճախ խումբի առաջատար էք, մարտունակ, նպատակասլաց ու պայքարող:

* * *

– Եթէ վերոյիշեալ չորս գործերէն լաթեր արդուկելը ամենաընդունելին է ձեզի համար, դուք հանգիստ ու հաւասարակշռուած կին էք: Մտերիմները կը գնահատեն ձեր նուրբ ու բարի բնաւորութիւնը: Ձեր քնքշութիւնն ու ջերմութիւնը հաղորդական են ու վարակիչ: Շնորհիւ ձեր այս յատկանիշներուն` տան մթնոլորտը միշտ կայուն է ու խաղաղ:

* * *

– Եթէ վերը նշուած գործերէն կերակուրի պատրաստութիւնը ամենաքիչը կը նեղացնէ ձեզ, դուք ստեղծագործ կին էք: Կը սիրէք դուրս գալ միօրինակութենէն եւ փորձել նոր բաներ: Յաճախ կը փոխէք ձեր ծրագիրները, կարծիքներն ու որոշումները: Բայց ձեր անկանխատեսելիութիւնը շատ հաճելի կը թուի ձեր շրջապատին: Ձեր ուրախ տրամադրութիւնը վարակիչ է: Դուք գիտէք, թէ ինչպէ՛ս պէտք է լիցքաթափել մթնոլորտը եւ մարդոց ուրախութիւն պարգեւել:

* * *

Եթէ վերը նշուած չորս գործերէն ընտրեցիք վերջինը` պնակեղէն լուալը, դուք կարգ ու կանոն հաստատող կին էք: Պատասխանատուութիւնն ու կարգապահութիւնը ձեր մեծագոյն առաւելութիւններն են: Գործի մէջ դուք գնահատուած էք, քանի որ կարելի է ձեր վրայ յոյս դնել: Դուք կը նախընտրէք ձեր առջեւ դնել միայն իրական եւ իրագործելի նպատակներ: Կը ձգտիք ամէն ինչի մէջ հասնիլ իտէալականին: Ձեզ կարելի է կատարելապաշտ տիտղոսը տալ:

Իրերուն Երկրորդ Կեանք Մը Տանք

Բոլորիս պահարաններուն մէջ կը թափառին լքուած կենցաղային իրեր, որոնք արդէն նպատակի չեն ծառայեր, բայց եւ այնպէս տեղ կը գրաւեն ու կը խճողեն պահարանները:

Ստորեւ կը ներկայացնենք 4 հետաքրքրական գաղափարներ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ոչ պիտանի իրի մը երկրորդ կեանք մը տալ եւ այսպէս`

1

Ակնոցի տուփ մը կարելի է օգտագործել մեր լիցքաւորիչները կամ ականջակալները տեղաւորելու համար: Շատ յարմար միջոց մը` ճամբորդութեան ընթացքին, բայց նաեւ` ձեռքի մեծ պայուսակի մը մէջ զանոնք դիւրաւ գտնելու համար:

2

Անգործութեան մատնուած քամոց մը կարելի է վերածել հիանալի թաղարի մը: Անոր ծակտիկներէն օդը ներս կը թափանցէ, իսկ բռնակները կ՛օգնեն, որ զայն դիւրաւ տեղափոխենք, եւ ինչո՞ւ չէ, կախենք:

3

Խոհանոցի պահարաններուն բռնակները ժամանակի ընթացքին կը մաշին: Երբեմն ալ մենք կը ձանձրանանք անոնց տեսքէն եւ կ՛ուզենք ուրիշներով փոխարինել:

Մտածենք երկրորդ կեանք մը տալ գզրոցներուն մէջ թափառող գինիի խցաններուն եւ զանոնք վերածենք սիրուն եւ իւրայատուկ բռնակներու:

4

Արդէն իսկ ունինք ոչ կպչուն յատակով նոր տապակ մը, իսկ հի՞նը… զայն կախենք խոհանոցի պատէն եւ մագնիսներու միջոցով անոր վրայ հաստատենք խոհագիրներու բաղադրատոմսեր կամ կարեւոր յուշումներ:

Ի՞նչ Կ՛ուզէ Երեխան
Իր Ծնողներէն

– Տաք ուտելիքներէն եւ հագուստներէն բացի` ինծի տուէք հոգեկան ջերմութիւն, հոգատարութիւն եւ սէր:
– Ժամանակ տրամադրեցէք հետս խաղալու, խօսելու եւ զիս լսելու համար:
– Ինծի հետ խօսեցէք սիրտով եւ ձեռքերով, որովհետեւ բառերը յաճախ անհասկնալի են ինծի:
– Ուժ մի՛ գործադրէք ինծի հանդէպ, որովհետեւ ատիկա ինծի կը սորվեցնէ, որ ուժի միջոցով ամէն ինչ կարելի է լուծել:
– Առաջնորդեցէ՛ք զիս, եւ ես կու գամ ձեր ետեւէն:
– Բացատրեցէ՛ք ինծի չարին ու բարիին տարբերութիւնը:
– Օգնեցէ՛ք ինծի, որպէսզի երբեք չվախնամ, որ ձեր սէրը կրնամ կորսնցնել:
– Մի՛ խոստանաք այն, ինչ որ պիտի չկատարէք:
– Մի՛ կաշառէք զիս, այլ մէջս զարգացուցէք ճիշդ արժէքները:
– Օտար մարդոց ներկայութեան ինծի դիտողութիւն մի՛ ընէք, ես ամէն ինչ աւելի լաւ կը հասկնամ, եթէ դուք առանձին ու հանդարտ զրուցէք ինծի հետ:
– Քաջալերեցէ՛ք իմ առաջին նախաձեռնութիւններս, նոյնիսկ եթէ ես տակաւին հարիւրաւոր սխալներ կ՛ընեմ:
– Մի՛ պատժէք զիս ձախողութիւններուս համար: Գնահատեցէք եւ քննադատեցէք ոչ թէ զիս, այլ` արարքներս:
– Լաւ օրինակ ծառայեցէք ինծի:

Խոհագիր

Կանաչ Բակլայով Թաթխան

Այս օրերուն շուկան ողողուած է կանաչ բակլայով: Եկէք` պատրաստենք համեղ, սննդարար թաթխան մը (dip) զայն մատուցելու համար հում բանջարեղէններու եւ խրթխրթան հացերու կողքին:

Ընտրեցէք եղանակի թարմ բանջարեղէններ` բողկ, ստեպղին, վարունգ, ծաղկակաղամբ, թարմ պղպեղ եւ այլն… զանոնք լուացէք, ձեւաւոր կտրատեցէք եւ մատուցեցէք ներկայանալի, բաց ամանի մը մէջ` բակլայի խիւսի կողքին:

Պատրաստութիւն

Մէկ քիլօ կանաչ, թարմ բակլայ մաքրել եւ 5 վայրկեան եփել եռացող ջուրի մէջ: Քամոցէ անցընել եւ ապա մէկիկ-մէկիկ մաքրել մաշկերը:

Մաքրուած հատիկները փոխադրել ելեկտրական հարիչի մէջ, 3 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ աւելցնել եւ հարել: Ապա յաջորդաբար աւելցնել թարմ անանուխի քանի մը տերեւ, երկու պտղունց փոշի գինձ, պճեղ մը սխտոր, երկու ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ, աղ, սեւ պղպեղ եւ շարունակել հարել, մինչեւ որ միատարր խիւս մը ստացուի:

Խիւսը փոս ամանի մը մէջ փոխադրել, 2 ապուրի դգալ մայոնեզ աւելցնել, խառնել, ամանը ծածկել կերպընկալ թերթով եւ սառնարանը պահել:

Մատուցել թարմ բանջարեղէններու կամ խրթխրթան հացի ու չիփսի կողքին:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ես գալիս եմ քեզ, Շուշի՜,
Գալիս եմ ճերմակ մատուռիդ պատերից քամելու աղօթքներս,
Գալիս եմ քո սուրբ հողից պոկելու ոտնահետքերս:
Քո մայրական սուրբ  թեւերիդ մէջ պահիր նահատակուած եղբայրներիս վերջին աղօթքները.
դրանցով է կառուցուելու ամրութիւնը մեր գալիքի:
Թող չցաւի սիրտդ խոցուած գմբէթից.
դարպասներիդ տակ ընկած որդիներիդ հոգիներն են հսկում այն:
Չխելագարուես, չխոնարհուես, Շուշի՛
Գրկիր քեզ մօտ մնացած եղբայրներիս, երբ նրանց կանչող մայրերի ու որդիների կարօտը զգաս:
Լսիր նրանց միշտ, անգամ երբ կը գոռան անարդարութիւնից, մէկ է
յետոյ հանգիստ կը վառեն ծխամորճն ու կը սիրեն քեզ` դուրս կենացներից ու բառերից:
Հպարտ մնա, Շուշի՛, քո բարձունքից
Հայոց յաղթանակած պատմութիւնն ես տեսել:
Ու գիտես` մենք գալիս էինք, մենք կը գայինք, մենք ուզում էինք, մենք կարողացանք,
բայց… ներիր, յաւերժ ապրիր, Շուշի՜…

ՀՐԱՉՈՒՀԻ ԱԼՄԱՍՏԵԱՆ

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>