Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ինչպէս ամէն տարի, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ աւանդական «Ծաղկահաւաք» ձեռնարկը:
Այս նախաձեռնութիւնը կը մէկտեղէ քաղուած ծաղիկներուն «երկրորդ կեանք» հաղորդելու խորհուրդը եւ վերամշակման միջոցով կրկին օգտագործելու առաքելութիւնը:
Այս տարի եւս ապրիլ 24-ին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրին մէջ խոնարհուած ծաղիկները հաւաքուեցան, ու ցօղունները ծաղկաթերթերէն բաժնուեցան: Առաջիններէն ստացուած պարարտախառնուրդը պիտի օգտագործուի Յիշողութեան պուրակի հողի մշակման համար, իսկ ծաղկաթերթերէն պիտի պատրաստուին ձեռակերտ թուղթեր, բացիկներ ու մոմեր: Ստացուած թուղթին մէկ մասը ամէն տարի կը նուիրաբերուի Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին:
Նշենք, որ «Ծաղկահաւաք»-էն կը մասնակցին` հասարակական, միջազգային, սեփական ու պետական ոլորտներու ներկայացուցիչներ, կրթական հաստատութիւններ, դպրոցականներ, ուսուցիչներ ու կամաւորներ:
Դաստիարակչական Սխալներ
Յաճախ ծնողներու սխալ պահուածքի դրսեւորումները անջնջելի հետք կը ձգեն երեխաներու հոգեկերտուածքին վրայ: Սակայն մանկավարժները կը պնդեն, որ ամենաթողութիւնը եւ զիջումները նոյնպէս բացասական հետեւանքներ կրնան ունենալ` մեծցնելով կամակոր, անինքնավստահ, անպատասխանատու եւ եսակեդրոն զաւակներ:
Ահա թէ ի՛նչ կը թելադրեն մանկավարժները` վերը յիշուած սխալներուն մէջ չիյնալու համար.
– Մի՛ յանձնուիք ձեր զաւկին կամակորութիւններուն. օրինակ` եթէ ձեր երեխան պնդէ, որ ուրիշ գաւաթով կ՛ուզէ խմել կաթը եւ ոչ` ձեր տուածով, ու դուք անմիջապէս կը կատարէք անոր պահանջը` մերժելու եւ բացատրելու փոխարէն, դուք կը գործէք մեծագոյն սխալը: Այսպիսով, դուք առիթ կու տաք, որ նոր կամակորութիւններ դրսեւորուին:
– Մի՛ արդարացնէք ձեր զաւակը` «Ան երեխայ է» ըսելով. այս խօսքով դուք հրապարակաւ կ՛արդարացնէք զինք, կը քաջալերէք, որ ան շարունակէ եւ կրկնէ իր սխալ արարքները եւ երբեք պատասխանատու չզգայ իր կատարածներուն համար:
– Մի՛ չափազանցէք ձեր հոգատարութիւնը. դուք հակուած էք չափէն աւելի գուրգուրալու ձեր երեխային` ստորադասելով ձեր սեփական կեանքն ու հաճոյքները:
Մի՛ տաք այն, ինչ որ կ՛ուզէ, երբ որ կ՛ուզէ: Այսպիսով, կը խաթարէք ձեր կեանքը ու կը մղէք, որ ձեր երեխան կախեալ ըլլայ ձեզմէ:
– Մի՛ բաւարարէք ձեր զաւկին բոլոր պահանջները, այո՛, մէկէ աւելի նուէրներ, յաճախակի պտոյտներ, ելեկտրոնային խաղերու անսահմանափակ ժամեր…
Ամէն բան չափի մէջ լաւ է, եթէ դուք առանց առիթի շռայլօրէն կը բաւարարէք ձեր զաւկին բոլոր պահանջները, ան կը վարժուի կարճ ճամբով, դիւրին միջոցներով ամէն ինչի հասնելու գաղափարին: Մինչդեռ կեանքի մէջ կայ անկանխատեսելին, կեանքը հարթ ճանապարհ չէ, պէտք է երեխային սորվեցնել` համբերութիւն, համակերպում, զիջում, պայքար…
«Մի՛»-երու շարքը երկար է, վերը նշուածները հիմնականներն են, գործադրեցէք զանոնք ու խուսափեցէք դաստիարակչական սխալները` ձեր երեխան լիարժէք դաստիարակելու համար:
Նորաձեւութիւն
2024-ի Գարուն–Ամառ
Նորաձեւութեան Միտումները






Փարիզի, Լոնտոնի, Միլանոյի եւ Նիւ Եորքի մէջ կայացած նորաձեւութեան փառատօներէն կարելի է եզրակացնել, թէ ո՛ր գոյները եւ ոճերը նորաձեւ են 2024-ի գարուն-ամառ եղանակներուն:
Գոյներ
Ալեքսանտր Մէքուին, Հերմէս, Արմանի, Շանել, Քուրեժ, Վիքթորիա Պեքհամ, Ալայա եւ Պալմէն նորաձեւութեան տուները արդէն արձակած են իրենց վճիռները. գարնան եւ ամրան տիրական գոյներն են` վառ կարմիրը, գունատ մանիշակագոյնը եւ բաց վարդագոյնը: Քուրեժ, Փաքօ Ռապան, Թոմ Ֆորտ չեն հրաժարած նաեւ ոսկեգոյնէն եւ արծաթագոյնէն:
Նախշեր
Ինչ կը վերաբերի կտորներու նախշերուն, բացի վերը յիշուած գոյներէն, Շանելը, Տոլչէ է Կապանան եւ Ժան Փաթուն իրենց հաւաքածոներուն մէջ ներառած են գծաւոր (նախընտրաբար` ուղղահայեաց) կտորները:
Պալմենը, Էլի Սաապը եւ N0 21-ը չեն բացառած կէտաւոր կտորները:
Վերջապէս, Քենզոն, Մաքս Մարան եւ Վալլին որդեգրած են ծաղկաւոր կտորները:
Ոճեր
Այս գարուն-ամառ նորաձեւ չեն «քարկօ» տաբատները (քիչ մը լայն, թափթփած, կողմերը մեծ գրպաններով օժտուած) 2024-ի նորաձեւութիւնը վերադարձած է «շորթ»երուն, կարճ կիսաշրջազգեստներուն եւ այլն…
– XXL բաճկոնները ցերեկային ժամերու շատ յարմարաւէտ տարբերակներ են` ըլլայ գործի մէջ, թէ այլուր, իսկ անոնց մետաքսեայ կամ սաթեն տարբերակները նոյնիսկ երեկոյեան հանդերձանքը կը ճոխացնեն:
– Թափանցիկ կիսաշրջազգեստները առաւելաբար Տիորի, Ալայայի, Մայքըլ Քորսի եւ Տոլչէ է Կապանայի հաւաքածոներուն մէջ առկայ են: Ասոնք առաւելաբար երեկոյեան առիթներու վերապահուած են:
– Նուազապաշտ ոճը զուսպ, պարզ, վայելուչ եւ անժամանցելի է. Ֆերակամոն, Հերմէսը եւ Լանվենը իրենց հաւաքածոներուն մէջ լայն տեղ տուած են այս ոճի սիրահարներուն:
Այլ խօսքով, 2024-ի գարուն-ամառ հագուստները պիտի ըլլան զուարթ, թեթեւ ու «շնչող» կտորներով, յարմարաւէտ ու անժամանցելի: Զարմացնող է աքսեսուարներու բացակայութիւնը, չկան աչքառու զարդեղէններ, գօտիներ, գլխարկներ… Ինչ կը վերաբերի կօշիկներուն, բարձրակրունկ սանտալները միշտ տիրական են. անոնք յաւելեալ վայելչութիւն եւ հմայք կը հաղորդեն հագուստներուն եւ սլացիկ տեսք` կրողին:
Խոհագիր
Խորոված Ծաղկակաղամբ
– 1 միջակ չափի ծաղկակաղամբ
– 2 ապուրի դգալ նուռի ռուպ
– 1 թէյի դգալ կարմիր փոշի պղպեղ
– 1 թէյի դգալ փոշի սխտոր
– 1 թէյի դգալ փոշի սոխ
– Կէս թէյի դգալ աղ
– 2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– Թահինով թացան (թարաթոր)
Պատրաստութիւն
Ծաղկակաղամբը քառորդ ժամ խաշել եռացող աղի ջուրի մէջ, ապա քամոցի մէջ փոխադրել, որպէսզի ջուրը ամբողջովին սուզուի:
Փոս ամանի մը մէջ խառնել վերը նշուած բոլոր բաղադրիչները եւ ստացուած թացանով ծեփել ծաղկակաղամբը, փոխադրել ափսէի մը մէջ եւ 45 վայրկեան եփել փուռի մէջ:
Փուռէն հանուած ծաղկակաղամբին վրայ թահինով թացանը թափել եւ զարդարել մանրուած ազատքեղով, նուռի հատիկներով եւ, եթէ ձեռքի տակ ունիք, խորոված սնոպարով:
Ծաղկակաղամբ ուտելու
10 համոզիչ պատճառներ
Ծաղկակաղամբ սիրող էք, թէ ոչ, պէտք է իմանաք, որ այս բանջարեղէնը հարուստ է Պէ. խումբի, Սէ, Քա եւ Էօ կենսանիւթերով, ինչպէս նաեւ հանքայիններով` կիր, մակնեզիոմ, ֆոսֆոր, մանկանեզ եւ այլն…
Այս շատ սննդարար բանջարեղէնը ունի բուժիչ յատկութիւններ: Թուենք մէկ քանին.
1.- Կը բարելաւէ սրտանօթային համակարգը:
2.- Կը պաշտպանէ թոքերու, միզապարկի, ստինքի, փրոսթաթի, ձուարաններու քաղցկեղէ:
3.- Կը կանխարգիլէ տարիքի հետ կապուած աչքի հիւանդութիւնները:
4.- Կը կարգաւորէ արեան բարձր ճնշումը եւ քոլեսթերոլի մակարդակը:
5.- Կը կարգաւորէ շաքարի տոկոսը արեան մէջ:
6.- Կը զօրացնէ ոսկորները եւ կը կանխարգիլէ օսթէոփորոզը:
7.- Կը պահպանէ ուղեղին առողջութիւնը:
8.- Կը զօրացնէ մարմնին դիմադրականութիւնը:
9.- Կ՛օգնէ փայլուն մորթ եւ առողջ մազեր ունենալու:
10.- Կը մաքրէ աղիքները եւ կը ձերբազատէ լեարդը թոյներէն:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Մայրիկ, ինձ յաճախ
Ապտակում էիր
Սխալիս համար
Եւ սաստում էիր,
Որ լաց չլինեմ:
Բայց ցաւած տեղս
Համբուրում էիր
Եւ իմ փոխարէն
Ինձանից թաքուն
Լաց էիր լինում:
Ախ, վերջին անգամ,
Չեմ իմանում ո՞ր
Սխալիս համար
Ինձ ապտակեցիր
Կորուստով քո մեծ…
էլ սաստող չեղաւ,
Որ լաց չլինեմ,
Եւ ցաւած տեղս
Համբուրող չեղաւ,
Եւ իմ փոխարէն
Իմ ցաւն զգացող
Ու լացող չեղաւ:
Ի՜նչ անեմ, մայրիկ:
ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ