Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

«Փարաջանովը Եւ Նորաձեւութիւնը»

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ի պատիւ հայ ականաւոր շարժապատկերի բեմադրիչ Սերգէյ Փարաջանովի հարիւրամեակին (9 յունուար 1924)` աւելի քան 40 հայ ձեւագէտ-ոճաբաններ կը ներկայացնեն եզակի գործեր` ոգեշնչուած անոր յաւերժական արուեստով: Մայիս 18-31 Սերգէյ Փարաջանովի տուն-թանգարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Փարաջանովը» եւ նորաձեւութիւնը» խորագրով աննախընթաց եւ իւրայատուկ ցուցահանդէսը:

Փարաջանովը հսկայ ժառանգութիւն ձգած է իր ետին, անժամանցելի եւ անհերքելի արժէքներ են անոր «Մոռացուած նախնիների ստուերները», «Նռան գոյնը», «Յակոբ Յովնաթանեան»-ը, «Աշուղ Ղարիպ»-ը եւ տասնեակ մը այլ ժապաւէնները:

Քիչեր գիտեն, որ մեծ վարպետին ստեղծագործական տաղանդը դրսեւորուած չէր միայն շարժապատկերի աշխարհէն ներս. ան տարբեր առիթներով տարազներ ստեղծած էր իր եւ ընկերներուն համար, իսկ կալանքի տարիներուն պատրաստած է զարմանահրաշ քոլլաժներ, զարդեր եւ այլն…

Ցուցահանդէսին ներկայացուած են թէ՛ Փարաջանովի ստեղծագործութիւնները եւ թէ՛ հայ ձեւագէտներուն աշխատանքները` տարազներ, գլխազարդեր, ժանեակներ, մետաղեայ կախազարդեր, բոլորն ալ` ոգեշնչուած մեծ արուեստագէտին ձգած հարուստ ժառանգութենէն:

Այցելուներու ուշադրութենէն չի վրիպիր ցուցահանդէսին ամենահետաքրքրական նմուշներէն մէկը` «Just Black»-ի կերպարը, որ ներշնչուած է Փարաջանովի «Ի յիշատակ Պաքուի 26 կոմիսարների» քոլլաժէն եւ կը միաւորէ հայկական երկու խորհրդանիշներ` պտղաբերութեան աստուածուհի Անահիտը եւ Գարեգին Նժդեհը` աննկուն ոգիով զօրավարը:

Նշենք, որ յունուար 9-ին Հայաստանի մէջ ծայր առին Սերգէյ Փարաջանովի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները: Վերը նշուած «Փարաջանովը եւ նորաձեւութիւնը» ցուցահանդէսը կ՛իյնայ այդ ձեռնարկներու ծիրէն ներս: Կը սպասուի հրաշալի իրադարձութիւններու ամբողջ շարք մը` արժեւորելու Փարաջանովի արուեստը, որ կը շարունակէ ապրիլ, ապրեցնել ու ոգեշնչել բազմաթիւ երիտասարդներ:

Գործի Միջավայրի Կարեւորութիւնը
Աշխատող Կիներուն Համար

Ըստ բրիտանական ուսումնասիրութեան մը, դուրսը աշխատող կիները աւելի շուտ կը ծերանան եւ յաճախ կ՛անհանգստանան, եթէ գործի մէջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն իրենց պաշտօնակիցներուն եւ յատկապէս գործատէրերուն կողմէ:

Այսպէս, գործատիրոջ վերաբերմունքը մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենայ աշխատող կնոջ առողջութեան վրայ: Եթէ անոնց յարաբերութիւնը բնական եւ հաշտ չէ ու փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած չէ, աշխատող կինը աւելի եւս ենթակայ կ՛ըլլայ արեան գերճնշումի եւ ընկճախտի: Ան կը դառնայ յարձակողական, անհանդուրժող եւ բնականաբար կը կորսնցնէ իր իգականութիւնը:

Հետեւաբար գործի միջավայրը, ինչպէս նաեւ գործատէր-պաշտօնեայ յարաբերութիւնները շատ կարեւոր են աշխատող կնոջ հոգեկան եւ ֆիզիքական հաւասարակշռութեան համար:

Շուկայ Երթալու Եւ Գնում Ընելու
Առաւելութիւնները

Թայուանցի բժիշկներու կարծիքով, շուկայ երթալ եւ գնում ընելը ոչ միայն կ՛երջանկացնէ, այլեւ առողջ կը պահէ ու կ՛երկարէ կեանքը:

65 տարիքը թեւակոխած շուրջ 2 հազար անձերու վրայ կատարուած հետազօտութիւն մը ցոյց տուած է, որ հետեւողական ձեւով շուկայ գացող եւ գնում ընող անձերը աւելի երկար ապրած են, քան` հազուադէպօրէն գնում կատարողները:

Նոյն հետազօտութեան հիմամբ,

յաճախ շուկայ գացող եւ գնում ընող անձերը աւելի աշխուժ կեանք կ՛ունենան, աւելի արթնամիտ եւ հոգեպէս նուազ ընկճուած ու մելամաղձոտ կ՛ըլլան:

Ծամոնը Կ՛ազդէ Կեդրոնացումին Վրայ

Բրիտանացի գիտնականներու կարծիքով, ծամոն ծամելը դրական ազդեցութիւն կը գործէ կեդրոնացումին վրայ:

Այսպէս, գիտնականները կազմակերպեր են ականջի յիշողութեան փորձ-քննութիւն մը: Մասնակիցները բաժներ են 2 խումբի եւ անոնց համար կարդացեր են թիւեր` պատահական կարգով, իւրաքանչիւր մասնակից պէտք է 30 երկվայրկեանի ընթացքին կարենայ ճիշդ դասաւորել թիւերը` կենտ-զոյգ, կենտ հերթականութեամբ: Երկու խումբերէն մէկն ալ միաժամանակ ծամոն ծամելու հնարաւորութիւն ունեցեր է:

Արդիւ՞նք… Այն խումբը, որուն մասնակիցները ծամոն ծամեր են, աւելի արագ հակազդեցութիւն ունեցած են, աւելի կեդրոնացած աշխատած եւ աւելի յաջող արդիւնքներ ձեռք բերած են, քան` չծամողները:

Սեւ Տուրմի Բարիքներէն

Օրական քանի մը կտոր սեւ տուրմ ուտելով` կը դանդաղեցնենք ծերացման բոլոր գործընթացները եւ յատկապէս` մորթի ծերացումը:

Բրիտանացի գիտնականները կը պնդեն, որ ասոր պատճառը սեւ տուրմին պարունակած ֆլաւոնոլն է:

Փորձաքննութեան ժամանակ կամաւորները բաժնած են 2 խումբի: Առաջին խումբի ներկայացուցիչները 3 ամսուան ընթացքին սպառեր են ֆլաւոնոլի բարձր քանակութեամբ սեւ տուրմ, իսկ երկրորդ խումբի կամաւորները սովորական տուրմ կերած են:

Պարզուած է, որ առաջին խումբի կամաւորներուն մորթը աւելի լաւ ձեւով պաշտպանուեր է անդրմանիշակագոյն ճառագայթներէն, քան` երկրորդ խումբինները:

Քաֆէինը Լաւատե՞ս Կը Դարձնէ

Քաֆէինը կ՛օգնէ մարդոց աւելի վառ գոյներով տեսնելու կեանքը եւ խօսակցութեան ընթացքին ընտրելու դրական արտայայտութիւններ: Այս եզրակացութեան յանգած են գերմանացի գիտնականներ, որոնք փորձ մը կատարած են 66 կամաւորներու վրայ:

Այսպէս, կամաւորներէն պահանջուած է մեկնաբանել պաստառի մը վրայէն անցնող նկարները: Կամաւորներէն անոնք, որոնք օրական 2-3 գաւաթ սուրճ խմած են, դրական բառերով յստակ եւ լաւատես մեկնաբանութիւններ տուած են նկարներուն, մինչ քաֆէին չստացողները մէկ բառով, կցկտուր մեկնաբանութիւններ կատարած են նոյն այդ նկարներուն:

Խոհագիր

Սիսեռով Եւ Շոմինով
Սպանական Նախուտեստ

Բաղադրիչներ

2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
3 պճեղ սխտոր` մանր կտրատուած
1 միջակ կարմիր սոխ` մանր կտրատուած
2 թէյի դգալ քիմիոն
կծու եւ քաղցր կարմիր փոշի պղպեղ (ըստ ճաշակի)
կէս թէյի դգալ աղ
Պտղունց մը սեւ պղպեղ
Պտղունց մը շաքար
1 գաւաթ մանրուած լոլիկ
1 ապուրի դգալ լոլիկի ռուպ
1.5 գաւաթ խաշած սիսեռ
200 կ. շոմին

Պատրաստութիւն

Կափարիչով տապակին մէջ ձէթը տաքցնել, աւելցնել սոխն ու սխտորը եւ թեթեւ կրակի վրայ եփել, մինչեւ որ սոխը թափանցիկ դառնայ:

Սոխին աւելցնել քիմիոնը, կարմիր պղպեղն ու սեւ համեմը եւ խառնել: Ապա աւելցնել մանրուած լոլիկն ու լոլիկի ռուպը եւ կրկին խառնել ու թեթեւ կրակի վրայ եփել: Ստացուած թանձրուկին աւելցնել` աղն ու շաքարը, խաշած սիսեռն ու մանրուած շոմինը: Բոլորը միատեղ խառնել, տապակին կափարիչը գոցել եւ ձգել, որ մէջի շոգիով եփի:

Մատուցել տաք վիճակով` բրինձով եղինձի կողքին եւ կամ գաղջ` որպէս նախուտեստ:

Սիսեռ Ուտելու Համոզիչ Պատճառներ

Կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ սիսեռը յաճախակի ուտելու պարագային, անիկա այլազան օգուտներ կ՛ապահովէ մեր առողջութեան:

Սիսեռը հարուստ է բուսական ծագումով բնասպիտով. հետեւաբար անիկա իտէալական է բոլոր անոնց համար, որոնք միսի բարեկամ չեն եւ բուսակեր են:

Սիսեռը կը կանոնաւորէ աղիքներու աշխատանքը: Շնորհիւ բնաթելերուն` անիկա կը դարմանէ փորկապութիւնը եւ կը կանխարգիլէ մարսողական դրութեան հետ կապուած հիւանդութիւնները:

Սիսեռը նաեւ կը վերահսկէ ախորժակը, շնորհիւ բնաթելերուն` ան յագեցողութեան զգացում կը պատճառէ:

Սիսեռը կ՛ապահովէ մեր ոսկորներուն եւ մկաններուն առողջութիւնը` շնորհիւ իր պարունակած երկաթին, մակնեիզիոմին, պղինձին, զինկին եւ կիրին:

Սիսեռը թելադրելի է բոլոր անոնց, որոնք ֆիզիքական ճիգ կը գործադրեն, մարզանք կ՛ընեն, կամ մրցաշարքերու կը մասնակցին:

Սիսեռը կը կարգաւորէ շաքարի տոկոսը` արեան մէջ:

Սիսեռը կը պաշտպանէ սրտանօթային համակարգը:

*
*   *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ամէն գիշեր
Երկիրը գալիս է ինձ մօտ,
կանգնում է իմ դիմաց
եւ սպասում է, որ խօսեմ…
Նա այնքան նիհար է,
ինչպէս հիւանդը
վիրահատութիւնից յետոյ:
Իմ ու նրա միջեւ ես եմ կանգնած,
այն եսը, որը ուղիղ նայում է
նրա աչքերին ու գիտի,
ինչ էլ ասի` չի՜ հաւատալու…
Ես երբեք չեմ քնում,
որ երազիս մէջ
չտեսնեմ երկիրը պահողներին,
որովհետեւ նրանք հարցեր կը տան
ու ես պիտի կարողանամ խաբել,
ասել, որ երկիրը լաւ է…
Գիշերը նորից կ՛երգեմ  նրա համար,
կը կարդամ  բանաստեղծութիւնս,
կը կարդամ  նրա մասին նոր գրքերը,
Որ լուսաբացին ձեռքս դնեմ ուսին,
փորձեմ նորից ժպտալ,
ինչպէս հիւանդին են ճանապարհում
ամէն մի նոր
վիրահատութիւնից առաջ….

 ՀԵՐՄԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>