Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Մանկավարժին Կարծիքով Քաջալերել Եւ Ոչ` Պարտադրել

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Սխալ է այն համոզումը, որ երեխան պէտք է անպայման երաժշտանոց յաճախէ եւ նուագել սորվի արուեստասէր եւ նրբաճաշակ դառնալու համար:

Բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ հաստատած են, որ ուղեղին բջիջները աւելի լաւ կը գործեն, եթէ երեխան փոքր տարիքէն դասական երաժշտութիւն լսէ: Կ՛ըսեն` դաշնակահարները բնաւորութեամբ աւելի կարգապահ, ճշդապահ եւ նպատակասլաց են:

Այսուհանդերձ, պայման չէ, որ երեխան երաժշտանոց յաճախէ եւ երաժշտական գործիքի մը տիրապետէ վերը յիշուած արժանիքները ձեռք բերելու համար:

Անշուշտ կարեւոր է, որ երեխան կապի մէջ մնայ երաժշտութեան եւ ընդհանրապէս արուեստի հետ, քանի որ արուեստը կը նպաստէ անոր ապագայ մարդու ներդաշնակ զարգացման: Սակայն եթէ երեխային մէջ չկայ նուագելու ցանկութիւն, ուրեմն պէտք չէ պարտադրել: Երբ երեխան հակառակ իր կամքին, ծնողքին պարտադրանքով կը յաճախ երաժշտանոց, ան բացասաբար կը տրամադրուի երաժշտութեան հանդէպ:

Եթէ որպէս ծնողք կը փափաքիք, որ ձեր զաւակը արուեստասէր դառնայ, անոր հետ թատրոն գացէք, տունը որակաւոր երաժշտութիւն ունկնդրեցէք, նկարչական ցուցահանդէսներ այցելեցէք` միաժամանակ անոր ծանօթացնելով արուեստագէտներու կեանքին եւ գործունէութեան:

Այս բոլորէն ետք ձեր զաւկին կարծիքը առէք, անոր հարցուցէք` արդեօք կը փափաքի՞ որեւէ երաժշտական գործիք նուագել, երգել, պարել, գծել եւ այլն… թերեւս ան հետաքրքրուած է թատրոնով, կաւագործութեամբ, կամ լուսանկարչութեամբ, ամէն ինչ հաւանական է:

Փորձառուներու կարծիքով, արուեստասէր մարդիկ աւելի խաղաղ եւ հարուստ ներաշխարհ կ՛ունենան. անոնք աւելի հաշտ եւ ներդաշնակ կ՛ըլլան թէ՛ իրենց եւ թէ՛ զիրենք շրջապատողներուն հետ: Կ՛ըսուի, որ մարդիկ արուեստը ստեղծեր են` իրենք զիրենք շեղելու կեանքի դժուարութիւններէն, աշխարհը դիտելու այլ տեսանկիւնէ եւ ճանչնալու դժուարութիւններուն միւս երեսը: Այլ խօսքով, արուեստը նաեւ ինքնադարմանումի միջոց է:

Երաժշտական Գործիք Նուագելու
Առաւելութիւնները

Գործիք նուագելը կը պահանջէ` անձնական պատասխանատուութիւն, նուիրուածութիւն, հաստատակամութիւն եւ «յամառութիւն»:

Նուագելը խնդրոյ առարկայ անձը կը դարձնէ պատասխանատու, ճշդապահ եւ ջանասէր:

Գործիք նուագելը կ՛արթնցնէ գեղարուեստական զգայունութիւնը:

Գործիք նուագելը կ՛ամրապնդէ` յիշողութիւնը, վերլուծելու ունակութիւնը, երեւակայութիւնն ու կեդրոնացումը:

Գործիք նուագելը կը նուազեցնէ ընկճախտը, կը շեղէ սեւ միտքերէն:

Գործիք նուագելը թռիչք կու տայ երեւակայութեան:

Բախտաւոր են այն երեխաները, որոնք երաժշտական գործիք նուագելու սէր եւ փափաք, բայց նաեւ հնարաւոութիւն ունին:

Հետաքրքրական

 Մոռցուած Արարողակարգեր

Դժուարածին կիներուն, նորաթուխ հացի, նոր փորուած ջրհորի, ցանքի… Հայ առաքելական եկեղեցին այս բոլորին համար ունէր յատուկ աղօթքի կարգ: Դարեր առաջ եկեղեցին եւ Աստուած ներկայ էին հայ մարդու կեանքի բոլոր իրադարձութիւններուն մէջ. այսօր շատ մը աղօթքներ եւ կարգեր կա՛մ առհասարակ մոռցուած են, կա՛մ ալ հազուադէպօրէն կը կատարուին:

Ստորեւ կը ներկայացնենք մոռցուած արարողակարգերու հետաքրքրական օրինակներ:

Նշանօրհնէքի Կարգ

Հարսին ու փեսային դէմ-դիմաց կը նստեցնէին աթոռներու վրայ` իբրեւ թագուհի եւ թագաւոր. անոնց առջեւ սկուտեղով մատանի, ապարանջան, ականջօղ, կարմիր շալ ու քող կը դնէին: Քահանան յատուկ աղօթքով կ՛օրհնէր զոյգը ու անոնց մատանիները: Յետոյ փեսան մատանին կ՛անցընէր հարսնացուին աջ ձեռքի մատնեմատին` որպէս խոստում սուրբ ամուսնութեան ականջօղերը կը խորհրդանշէին խոնարհութիւն, թեւնոցը` հնազանդութիւն, իսկ քողը համեստութիւն:

Արտ, Հնձան Եւ Սերմ Օրհնելու Կարգ

Մարդիկ վար ու ցանքէն առաջ քահանայէն կը խնդրէին գալ իրենց արտերն ու հնձանները օրհնել: Քահանան խաչով կ՛օրհնէր արտը, ապա մշակները եւ վերջապէս` շտեմարանները, մաղթելով բերքառատ եւ բարեբեր տարի:

Երաշտի Ժամանակ Կատարուող Աղօթքի Կարգ

Կը պատահէր, որ երկար ժամանակ անձրեւ չտեղար, սակայն մարդիկ յուսահատելու փոխարէն` իրենց յոյսը կը դնէին Աստուծոյ վրայ եւ կը դիմէին քահանայի աղօթքի օգնութեան: Ըստ այս կարգին, ամբողջ գիշերը եկեղեցին կ՛աղօթէին, առաւօտեան պատարագ կը մատուցուէր, մատաղ կը պատրաստէին եւ եկեղեցական թափօրով կ՛երթային դաշտ, ուր քահանան յատուկ աղօթքով անձրեւ կը խնդրէր Տիրոջմէ:

Ջրհոր Օրհնելու Կարգ

Երբ նոր ջրհոր կը փորէին կամ արդէն գոյութիւն ունեցող ջրհորը զանազան պատճառներով պղծուած էր, քահանային կը դիմէին օրհնել եւ սրբագործել զայն: Քահանան Աւետարանով եւ խաչով կու գար ջրհորին մօտ, կը պահանջէր, որ քառասուն դոյլ ջուր հանեն ջրհօրէն ու թափեն. իսկ քառասունմէկերորդ դոյլը կը դնէր իր առջեւը եւ յատուկ աղօթքով կ՛օրհնէր, ապա կը խնկարկէր ջրհորին շուրջը եւ դոյլի օրհնուած ջուրը խաչանման կը լեցնէր ջրհորին մէջ:

Առաջին Անգամ Մանչ Երեխայի Մազերը Կտրելու Կարգ

Կը պատահէին դէպքեր, երբ ամուսնացած զոյգը երկար ժամանակ երեխայ չէր ունենար եւ կամ միայն աղջիկ զաւակ կ՛ունենար: Մանչ զաւակ ունենալու պարագային, անոնք Աստուծոյ կը խոստանային եօթը տարի երեխային մազերը չկտրել:

Եօթը տարի ետք տուն կը հրաւիրէին քահանան, որ կ՛աղօթէր ու կ՛օրհնէր, ապա չորս կողմերէն խաչաձեւ կը կտրէր երեխային մազերը:

Հալաւօրհնէքի Կարգ

Նաեւ կը կոչուի հարս ու փեսայի զգեստներու օրհնութեան կարգ: Պսակէն առաջ փեսային հագուստները կը բերէին քահանային մօտ` օրհնելու: Օրհնուած զգեստները կը հագցնէին փեսային ու կ՛ուղղուէին հարսնացուին տունը, ուր կ՛օրհնուէին նաեւ անոր հանդերձները: Հարսնացուին կը հագցնէին ու կը բերէին փեսային դիմաց: Քահանան բռնելով հարսնացուին ձեռքը` կու տար փեսային եւ կ՛օրհնէր: Յետոյ կ՛երթային եկեղեցի` սուրբ պսակի խորհուրդով ամուսնանալու:

Նոր Գիրք Օրհնելու Կարգ

Նոր աղօթագիրք, Աստուածաշունչ կամ սաղմոսարան ունենալու պարագային, մարդիկ զայն կը տանէին եկեղեցի, որպէսզի քահանան օրհնէ, եւ կարդացողներուն ու լսողներուն միտքերը պայծառանան:

Բացի վերը նշուածներէն` գոյութիւն ունէին նաեւ` դժուարածին յղի կնոջ համար աղօթքի կարգ, նորածին երեխայի քառասունքի կարգ, խաչահանգիստ կամ խաչալուայի կարգ եւ այլն…

Ձմերուկի Ձեւաւորում

Հիւթեղ, քաղցր, զովացնող ու յագեցնող ձմերուկը ամառնային սեղաններու զարդն է: Բայց ինչպէ՞ս ձեւաւորել ու մատուցել զայն, որպէսզի կտորները ըլլան ձեւաւոր, չափաւոր, ներկայանալի, բայց մանաւանդ գործնական` բռնելու եւ ուտելու համար:

Ստորեւ կը ներկայացնենք ձմերուկի ձեւաւորման 5 հետաքրքրական ձեւաւորումներ. նկարները բաւարար խօսուն են ու բացատրութեան չեն կարօտիր:

Լուսաւոր Գաղափար Մը…

Մժեղները Հեռացնել
Կիտրոնի Միջոցով

Մժեղներուն դէմ պայքարելու համար հրաժարեցէք մթնոլորտը ապականող քիմիական նիւթերէն եւ նախապատուութիւնը տուէք բնական միջոցներու:

Ստորեւ կը ներկայացնենք փորձուած, արդիւնաւէտ եւ բնական միջոց մը` մժեղներուն անախորժ բզզոցէն ու զզուելի խայթոցներէն պաշտպանուելու համար:

Ձեզի անհրաժեշտ են`

Մէկ կամ կէս կիտրոն
4 կամ 3 ատամնակրկիտ
Մոմ մը (սովորական կամ մետաղեայ յատակով)
Աման մը
Մեխակի գամեր

Պատրաստութեան համար ուշադիր դիտեցէք նկարը, որ բաւարար խօսուն է: Ընտրեցէք ձեզի համոզիչ թուացող տարբերակը եւ գործի անցէք:

Մոմը վառելէ կարճ ժամանակ մը ետք մժեղները պիտի անհետանան եւ վառող կիտրոնին ախորժելի բոյրը պիտի տարածուի ամէնուրեք:

Խոհագիր

Կարմիր Ոսպով Թաթխան

Ոսպով թաթխանը շատ նման է սիսեռով հըմմոսին. պարզապէս` սիսեռը փոխարինուած է կարմիր ոսպով: Թէ՛ համով եւ թէ՛ սննդական արժէքով ան երբեք չի զիջիր սիսեռով հըմմոսին:

Բաղադրիչներ

1 գաւաթ լուացուած կարմիր ոսպ
2 գաւաթ ջուր` ոսպը խաշելու համար
կէս գաւաթ թահին
Կէս թէյի դգալ աղ
Կէս թէյի դգալ կիտրոնի աղ
Կէս թէյի դգալ քիմիոն
3-4 ապուրի դգալ պաղ ջուր
3 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ

Պատրաստութիւն

Մէկ գաւաթ լուացուած ոսպը երկու գաւաթ ջուրի մէջ խաշել:

Հարիչին մէջ լեցնել խաշած ոսպը եւ վերը նշուած բոլոր բաղադրիչները ու հարել, մինչեւ որ միատարր խիւս մը ստացուի:

Ոսպով թաթխանը փոխադրել ներկայանալի ամանի մը մէջ եւ երեսը զարդարել ըստ ճաշակի` ձէթով, կարմիր փոշի պղպեղով, մանրուած ազատքեղով կամ սնոպրիով:

*
*   *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ես Հայ Եմ

Ես հայ եմ, հին, ինչպէս լեառն այս բիբլիական,
Թաց են ոտքերս դեռ ջրհեղեղի ջրից,
Իմ սուրբ հողն է տեսել Նոյն առաջին անգամ,
Բաբելոնեան Բելը խորտակուել իմ սրից:

Իմ մատների հետքն է կրում կողի վրայ,
Քարն առաջին մամռոտ, որ իմ ձեռքով տաշուած,
Եւ միացած հողին շաղախով իմ արեան,
Արարատեան դաշտում մեհեանի վէմ դարձաւ:

Իմ նահատակ որդոց արիւնով է ոռոգ
Ամէն ծաղիկ ու ծառ հողում հայրենական,
Ամէն բլուր` քաջի մի շիրիմ է նորոգ,
Եւ կոթողի բեկոր` ամէն սանդուղք ու քար:

Ես հայ եմ, հին, ինչպէս լեառն այս Արարատեան,
Հազար սուր է բախուել իմ վահանին ահեղ,
Բայց փշրել եմ նրանց ես ցասումով արդար
Եւ լեռներիս նման գլուխս վեր պահել:

ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>