Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Գրագէտ Ակսել Բակունցի հօր տոհմական մականունը Բեկունց էր, որմէ ալ յառաջացած է Բակունց գրական անունը:
Երբ Բակունցը ծներ է, անոր հօր ալեքսանդրապոլցի ընկերները նուէրներ ղրկեր են եւ խնդրեր են, որ զաւկին անունը Ալեքսանդր դնէ` ի պատիւ իրենց քաղաքին: Գրագէտին հայրը կ՛ընդառաջէ ընկերներուն խնդրանքին: Սակայն Ալեքսանդր անունը երկար չ՛ապրիր:
Պատանեկան տարիներուն Բակունցը կը խաղայ նորվեկիացի թատերագիր Պիոռնսոնի «Նորապսակները» թատերախաղի հերոսներէն մէկու` Ակսելի դերը, եւ ընկերները Ալեքսանդրի փոխարէն կը սկսին զայն Ակսել կոչել այնքան ժամանակ, մինչեւ որ Ալեքսանդր անունը մոռացութեան կը մատնուի, եւ գրագէտը կ՛որդեգրէ Ակսել անձնանունը:
Այսօր (13 յունիս 1899) արձակագիր, թարգմանիչ, ուսուցիչ եւ բանասէր Ակսել Բակունցի ծննդեան օրն է:
«Հայաստանում կայ մի գրող, որի բառերը երգում են կոմիտասեան յանգով եւ փայլատակում Սարեանի կտաւների բոլոր գոյներով: Դա Ակսել Բակունցն է: Նա մեր արձակի ամենատաղանդաւոր ներկայացուցիչն է»:
ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ
Առողջապահական
Նախաճաշելու Համոզիչ Պատճառներ
Հարվըրտի հանրային առողջութեան դպրոցի (HSPH) մէկ ուսումնասիրութիւնը կը վկայէ, որ նախաճաշը կենսական կարեւորութիւն ունի առողջութեան համար: Գիտնականները պարզեր են, որ հասուն տարիքին նախաճաշէ հրաժարիլը կրնայ սրտանօթային հիւանդութիւններու հաւանականութիւնը բարձրացնել: Նոյն գիտնականներուն կարծիքով, նախաճաշը մեծապէս կ՛ազդէ երեխաներու թէ՛ առողջութեան եւ թէ՛ պահուածքին վրայ: Օրինակ` նախաճաշը կը բարելաւէ դպրոցական երեխային վարքը եւ մատուցուող դասանիւթին ընկալունակութիւնը: Անօթութիւնը կը յանգեցնէ` կռուարարութեան, յարձակողական տրամադրութեան, ցրուածութեան եւ դասանիւթերու նկատմամբ հետաքրքրութեան պակասի: Ինչ կը վերաբերի չափահասներուն` մարդիկ, որոնք նախաճաշելու սովորութիւն չունին, գործի մէջ թերացումներու կրկնակի ենթակայ են:
Հայաստան կատարուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, հայ երեխաներուն 44 առ հարիւրը կը նախաճաշէ, իսկ ծնողներուն` 31 առ հարիւրը:
Նախաճաշելու Համոզիչ Պատճառներ
1.- Կը բարձրացնէ կեդրոնացման մակարդակը, յիշողութիւնը եւ մտաւոր աշխատունակութիւնը:
2.- Կը բարելաւէ տրամադրութիւնը եւ կ՛ապահովէ յառաջիկայ ժամերու աշխուժութիւնը:
3.- Կը կանոնաւորէ քաղցի զգացողութիւնը` ամբողջ օրուան ընթացքին:
4.- Կը կանխէ անօթութեամբ պայմանաւորուած շատակերութիւնը եւ կ՛օգնէ նիհարնալու:
5.- Կը խթանէ նիւթափոխականութիւնը:
6.- Կը ձեւաւորէ առողջ սննդային սովորութիւններ:
Կա՞յ Իտէալական Նախաճաշ
Դժուար է թուել իտէալական նախաճաշի մը բաղադրիչները` նկատի ունենալով, որ երեխային նախաճաշը կը տարբերի տարեցինէն, յղի կնոջ նախաճաշը` մարզիկինէն, հիւանդութենէ ապաքինողինը` սոնքութենէ տառապողինէն:
Այսուհանդերձ, մասնագէտներու կարծիքով, առողջապահական նախաճաշ մը պէտք է ընդգրկէ` հաւկիթ, կաթնեղէն, ընկուզեղէն, չիրեր, թարմ պտուղ, ամբողջական հացահատիկներ, մեղր, բոլորն ալ` տրամաբանական չափաբաժիններով:
Միւս կողմէ` առողջապահական նախաճաշ մը պէտք է զերծ ըլլայ շաքարով յագեցած արհեստական հիւթերէ, ճարպերով յագեցած կրկնեփներէ եւ կարկանդակներէ, բայց մանաւանդ` վերամշակուած մթերքներէ (յատկապէս` մորթատելի տեսակներէն):
Ինչ կը վերաբերի տուրմին (նախընտրաբար` սեւ), կարագին եւ մրգանուշներուն, թելադրելի է սահմանափակել անոնց օգտագործումը:
Նախաճաշեր` Աշխարհի Չորս Ծագերուն
– Անգլիան նշանաւոր է իր «պրիթիշ պրէքֆասթ»-ով, որ բաղկացած է` տապկուած հաւկիթէ, նրբերշիկէ, պէյքընէ, ճերմակ լուբիայէ, խորոված հացէ, խորոված լոլիկէ եւ սունկէ: Որպէս տաք խմիչք` կ՛օգտագործուի սեւ թէյը:
– Եգիպտացիներուն աւանդական նախաճաշը ֆուլ մտամմասն է, համեմուած` աղով, քիմիոնով, կիտրոնի հիւթով եւ ձիթաիւղով: Կողքին կը մատուցուին` եղանակի թարմ խոտեր, բանջարեղէններ եւ թթուաշ:
– Եթէ ֆրանսացիները չեն կրնար ապրիլ առանց իրենց սիրելի քրուասանին եւ գաւաթ մը քափուջինոյին, մալեզիացիք ալ չեն կրնար հրաժարիլ իրենց նասի լեմաքէն, որ բաղկացած է` անշուա ձուկէ, հաւկիթէ, գետնանուշէ, վարունգէ, կծու թացանէ, բոլորը` փաթթուած պանանի տերեւով:
– Սպանացիներուն նախաճաշի ցուցակէն անպակաս է «Pan con tomate»: Պատրաստութիւնը դիւրին է եւ արագ, պէտք է հացի շերտերը խորովել, զանոնք սխտորի պճեղով շփել եւ ապա երեսը աւելցնել քերոցէ անցած թարմ լոլիկի խիւս եւ անշուշտ` ձիթապտուղի ձէթ: Խորոված հացերը կարելի է մատուցել նաեւ խոզապուխտով կամ ֆեթա պանիրով:
– Ճափոնական նախաճաշը կ՛ընդգրկէ` շոգեխաշած ճերմակ բրինձ, միսօ ապուր, խորոված ձուկ եւ եղանակի աղցան մը: Այս նախաճաշը կը համարուի բաւական հաւասարակշռուած:
Ակնյայտ է, որ կարգ մը երկիրներու նախաճաշերը բաւական յագեցած են եւ մասամբ ոչ առողջապահական` բաղդատած մեր Լիբանանի մէնէիշին, քամած մածունին, ձիթապտուղին, մաքտուսին եւ եղանակի թարմ կանաչեղէններուն եւ բանջարեղէններուն:
Ինչպէ՞ս Պաշտպանել Տունը
Ճանճերու Նուաճումէն
Ճանճերու ներխուժման հիմնական պատճառը կապուած է եղանակի փոփոխութեան հետ: Ամրան եղանակին հետ զզուելի ճանճերը կը ներխուժեն մեր տուները եւ կը նուաճեն յատկապէս մեր խոհանոցները` մերթ թառելով ուտելիքներուն վրայ, մերթ` աղբամանին: Ճանճերը իրենց կարճ կեանքին ընթացքին շուրջ 1000 ձու կ՛ածեն: Մեր աղբամանները, բաց երկինքի տակ մնացած միրգերն ու բանջարեղէնները, սնունդի կամ կենդանիներու մնացորդները կը գրաւեն զիրենք:
Ճանճերը մեր տուները կը մտնեն մեղմ ջերմութիւն գտնելու, բայց մանաւանդ` սնունդ փնտռելու համար: Ստորեւ կը ներկայացնենք գործնական միջոցներ` անոնցմէ ձերբազատելու համար:
– Խոհանոցը մաքուր պահեցէք, ուտելիքի մնացորդներ մի՛ ձգէք ամէնուր, լուացարանին մէջ աղտոտ պնակեղէն մի՛ ձգէք, օրական մաքրեցէք աշխատանքի սեղանը, աղբամանին բերանը փակեցէք:
– Ձեր քայքայուող աղբէն յառաջացող զօրաւոր հոտերը կը գրաւեն ճանճերը: Պարբերաբար աղբամանը մաքրեցէք ճերմակ քացախով: Մաքուր աղբամանի յատակին ապուրի դգալ մը սոտա ցանեցէք ճանճերը վանելու համար:
– Ճանճերը հեռացնելու բնական միջոց մըն է ճերմակ քացախը, զայն լուծեցէք ջուրի մէջ, ստացուած խառնուրդը լեցուցէք ցօղացիր շիշի մէջ, ապա զայն ցօղեցէք տան պատուհաններուն եւ դռներուն շուրջ:
– Պատուհաններուն եւ պատշգամներուն եզերքը զետեղեցէք ռեհանի, անանուխի, լաւանտի, խնկունիի թաղարներ:
– Տան դռներն ու պատուհանները օժտեցէք մժեղարգել ցանցերով:
– Տան տարբեր անկիւնները զետեղեցէք նարինջներ կամ կիտրոններ, որոնց վրայ հաստատած ըլլաք մեխակի գամեր: Ճանճերը չեն հանդուրժեր անոնց շեշտուած բոյրը:
– Խոհանոցը զետեղեցէք կիսուած սոխ կամ սխտորի պճեղներ պարունակող պնակ մը:
– Կարելի է օգտագործել միջատասպան դեղեր, որոնք թէեւ ազդու են, բայց` ոչ առողջապահական:
Խոհագիր
Ծոթրինով Մէնէիշ
Տապակի մէջ, ծոթրինով տունը պատրաստուող մէնէիշը վստահաբար շուկայէն գնուածէն աւելի խնայողական եւ համեղ է, քանի որ գիտէք ձեր օգտագործած բաղադրիչներուն որակը, յատկապէս ինչ կը վերաբերի ձիթապտուղի ձէթին:
Բաղադրիչներ` 4 միջակ չափի համար
– 1 թէյի դգալ թթխմոր
– 4 թէյի դգալ շաքար
– 3/4 գաւաթ գաղջ ջուր
– 2 գաւաթ ալիւր
– 2 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր
– Պտղունց մը աղ
– 2 ապուրի դգալ ձէթ (խմորին համար)
– 4 ապուրի դգալ ծոթրին + ձէթ (ըստ ճաշակի)
Պատրաստութիւն
Թթխմորը, շաքարն ու կաթը լուծել եւ մէկ կողմ ձգել: Մինչ այդ խառնել 2 գաւաթ ալիւրը, պէյքինկ փաուտըրը, աղն ու ձէթը, աւելցնել թթխմորով խառնուրդը եւ շաղել:
Ստացուած փափուկ խմորին երեսը ծածկել եւ ձգել, որ քառորդ ժամ հանգչի:
Խմորը բաժնել 4 հաւասար մասերու, գունդերու վերածել, ապա իւրաքանչիւրը ձեռքով կամ գրտնակով բանալ: Կրակին վրայ տաքցնել ոչ կպչուն յատակով տապակը, բացուած խմորը մէջը փոխադրել եւ 30 երկվայրկեան ձգել, մինչեւ որ շէկ գոյն ստանայ: Խմորը շրջել եւ եփած երեսին վրայ տարածել ձէթով ծոթրինը, կրկին սպասել, մինչեւ որ տակի հատուածը եւս շէկ գոյն ստանայ:
Մատուցել շերտուած լոլիկի, ձիթապտուղի, անանուխի տերեւներու կողքին:
*
* *
Շաբթուան Մտածումը
Հայրենիք…
Առանց քեզ սիրելու անհնար է աշխարհը սիրել եւ քեզ կորցնելուց յետոյ, իսկապէս, այլեւս ոչինչ չի մնայ կորցնելու…
Ուրեմն, մի հարցնի, թէ որտեղ պիտի հանգիստ առնի մարմինդ մահից յետոյ…
Երեւի Հայրենիքն հէնց այն է, որ կորցնելուց յետոյ, ինչպէս բանաստեղծն է ասում, այլեւս ոչինչ չես ունենայ կորցնելու:
Եւ կրկնէք բանաստեղծին, երեւի հայրենիքը հէնց այն է, որ անհնար է հասկանալ խելքով, չափել մեթրերով, որին կարելի է եւ պէտք է հաւատալ միայն:
ՎԱՐԴԳԷՍ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ