Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Ոճաբանին Կարծիքով. Հագուստներ` Ըստ Կազմուածքի

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ  

Ծագումով պրազիլցի ոճաբան Քրիսթինա Քորտիւլայի կարծիքով, «Բոլոր կիներն ալ գեղեցիկ են, գէր թէ նիհար` իւրաքանչիւրը ունի իր զօրաւոր կէտը, առանձնայատկութիւնը»: Ոճաբանին կարծիքով, նորաձեւութեան հետ քայլ պահելով հանդերձ, պէտք չէ դառնալ անոր գերին, այլ պէտք է ընտրել տարիքին եւ կազմուածքին համապատասխան հագուստներ: Եւ այսպէս`

– Եթէ Գէր Էք…

Հրաժարեցէք փայլուն հագուստներէն, որոնք աւելի եւս կը շեշտեն ձեր գիրութիւնը: Նոյնպէս` հրաժարեցէք գծաւոր եւ ծաղկաւոր կտորներէն, որոնք կը շեշտեն ձեր լեցուն կազմուածքը:

Նախապատուութիւնը տուէք թեթեւակի լայն եւ երկար բաճկոններուն, զորս կրնաք կրել հագուստի կամ տաբատի վրայէն` առանց կոճկելու:

Եթէ գէր էք կամ տարեց, հրաժարեցէք անթեւ եւ շատ կարճ հագուստներէն, ինչպէս նաեւ սլիմ, փակած ճինզերէն: Ձեր տաբատները նախընտրաբար թող ըլլան միագոյն, մութ գոյնի` սեւ, լազուարթ եւ քուփ սիկարեթ կտրուածքով: Վրայէն կրեցէք թեթեւակի լայն եւ ձեր կոնքը ծածկող, թոյլ կտորէ շապիկներ: Խուսափեցէք ձեր փորին ծալքերը շեշտող փակած թիշըրթներէն:

Եթէ Շեշտուած Կոնք Ունիք

Այս պարագային հրաժարեցէք փլիսէ կամ փոթով կիսաշրջազգեստներէն, որոնք հովանոցի տպաւորութիւնը պիտի ձգեն: Նոյնպէս` խուսափեցէք գծաւոր եւ ծաղկաւոր, թայ պաս տաբատներէն, ինչպէս նաեւ` կողմերուն մեծ գրպաններով օժտուած տեսակներէն:

Եթէ Շատ Բարձրահասակ Էք

Երբեք յանձնարարելի չեն բարձրակրունկ կօշիկները, շատ կարճ հագուստները: Կրեցէք միտի, ծունկէն վար, մինչեւ սրունքին կէսը ծածկող հագուստներ, ձեր մէջքը շեշտող եւ հասակը կտրող գօտիներ, բայց մանաւանդ խաղացէք գոյներուն հետ: Հրաժարեցէք միագոյն հագուստներէն, թող ձեր վերնաշապիկը եւ տաբատը բոլորովին տարբեր գոյնի ըլլան եւ «կտրեն» ձեր հասակը:

Եթէ Շատ Կարճահասակ Էք

Հրաժարեցէք բարձրակրունկ կօշիկներէն, որոնք աւելի եւս կը շեշտեն ձեր թերութիւնը: Նախապատուութիւնը տուէք միագոյն, երկար հագուստներուն, ուղղահայեաց գծաւորին, չափաւոր լայն ճինզերուն, «վէ» օձիքով վերնաշապիկներուն: Փէշի պարագային, ընտրեցէք միագոյն եւ երկար տեսակը: Ամբողջովին հրաժարեցէք մեծ, աչքառու զարդերէն եւ շատ մեծ ձեռքի պայուսակներէն:

Նաեւ

Եթէ հաստ սրունքներ ունիք, հրաժարեցէք կարճ մոյկերէն: Նախապատուութիւնը տուէք միջին բարձրութեամբ կրունկներուն:
Եթէ մեծ կուրծքեր ունիք, հրաժարեցէք գոց օձիքներէն: Կրեցէք քառակուսի կամ կլոր տեքոլթէներ:
Եթէ լեցուն կազմուածք ունիք, կրեցէք մեծ զարդեր, իսկ եթէ նրբիկ էք, նուրբ զարդեր:
Կօշիկին ու պայուսակին գոյները մի՛ համադրէք, որոշակի հակասութիւն մը կրնայ հետաքրքրական թուիլ:
Ձեր կրած հագուստին գոյներով մի՛ շպարուիք, հաշուի առէք ձեր աչքերուն եւ մորթին գոյնը:

Գործնական Գիտելիքներ

Որպէսզի Լողազգեստը
Պահէ Իր Որակը

Արդէն ծովու եղանակ է. ինչպէս բոլոր հագուստները, լողազգեստները եւս կրնան բարձրացնել ձեր ինքնավստահութիւնը, եթէ անոնք որակաւոր եւ ճիշդ ընտրուած ըլլան:

Սուղ վճարուած, որակաւոր եւ գեղեցիկ լողազգեստ մը ձեռք բերելը բաւարար չէ. պէտք է զայն լաւ խնամել, որպէսզի պահէ իր որակը եւ, ինչո՞ւ չէ, քանի մը տարի ծառայէ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք գործնական խորհուրդներ` ձեր լողազգեստին որակը պահպանելու համար.

– Ձեր լողազգեստը ձեռքով լուացէք իւրաքանչիւր օգտագործումէ ետք: Կարեւոր չէ լողաւազանի, թէ ծովու մէջ լողացած էք, թէ՛ քլորը եւ թէ՛ աղը ձեր լողազգեստին թշնամիներն են:

Օգտագործելէ ետք լողազգեստը ողողելը բաւարար չէ, քանի որ ջուրը մինակը չի մաքրեր աղն ու քլորը: Հետեւաբար գաղջ ջուրի մէջ, ձեռքի օճառով կամ շամփուէնով լուացէք զայն եւ լաւ ողողեցէք:

* * *

– Մեքենայի մէջ մի՛ լուաք եւ մի՛ չորցնէք ձեր լողազգեստը: Այս մեքենաները կրնան վնասել անոր հիւսուածքին եւ մանաւանդ` ձեւափոխել կրծքակալը: Փականները եւս կրնան վնասուիլ մեքենային մէջ:

* * *

– Արեւին տակ մի՛ չորցնէք ձեր լողազգեստը: Արեւը կրնայ գունաթափել զայն եւ վնասել էլասթիքներուն: Հետեւաբար լուալէ ետք մեծ, մաքուր անձեռոցի մը մէջ ոլորեցէք ձեր լողազգեստը, ապա տափակ տարածեցէք զայն արեւի ճառագայթներէն հեռու, մինչեւ որ չորնայ:

* * *

– Լողազգեստով որեւէ տեղ նստելէ առաջ անձեռոց օգտագործեցէք:

Լողաւազանի եզրին, աւազի վրայ կամ որեւէ կոպիտ մակերեսի վրայ նստիլը կրնայ վնասել ձեր լողազգեստին մանրաթելերը:

* * *

– Արեւապաշտպան սերերը, իւղերը եւ այլ գեղեցկագիտական միջոցներ կրնան վնասել ձեր լողազգեստին եւ կրճատել անոր կեանքը: Հետեւաբար ջանացէք ամէն գնով չարատաւորել ձեր լողազգեստը:

Խոհագիր

 Թոնով Եւ Լոլիկով
Նախուտեստ

Բաղադրիչներ

– 4 միջակ չափի լոլիկ
– 1 տուփ թոն (նախընտրաբար` ջուրի մէջ)
– 4 ապուրի դգալ եգիպտացորեն
– 1 սուրճի գաւաթ մածուն
– 1 ապուրի դգալ մանանեխ
– 1 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– 2 – 3 ապուրի դգալ մանր կտրատուած վարունգի (կամ այլ) թթուաշ
– Ռեհանի թարմ տերեւներ` 2 ապուրի դգալ
– Աղ, սեւ համեմ

Պատրաստութիւն

Լոլիկները փորել (միջուկը պահել այլ գործածութեան համար), թեթեւ աղել եւ շրջել, որպէսզի ցամքին:

Ամանի մը մէջ պատառաքաղով ճզմել թոնը, աւելցնել մածունը եւ խառնել. ապա յաջորդաբար աւելցնել` մանանեխը, եգիպտացորենը, կտրատուած ռեհանի տերեւները, մանրուած թթուաշը, աղն ու սեւ պղպեղը եւ դարձեալ խառնել:

Լեցուած լոլիկները փոխադրել ներկայանալի ամանի մը մէջ, երեսները զարդարել մէկական ռեհանի տերեւով:

– Եկէ՛ք վերյիշենք լոլիկ ուտելու
5 համոզիչ պատճառները.

1 – Լոլիկը հարուստ է Սէ. կենսանիւթով, որուն շնորհիւ մորթը կը պահպանէ իր առաձգականութիւնը, վէրքերը աւելի արագ կը սպիանան եւ դիմադրողական համակարգը կը պահպանուի:

2 – Հակաօքսիտաններով հարուստ լոլիկը կը պաշտպանէ ոչ միայն քաղցկեղի որոշ տեսակներէ, այլեւ` արեւի անդրմանիշակագոյն ճառագայթներու չարիքներէն:

3 – Բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ հաստատած են լոլիկին, ինչպէս նաեւ անոր հիւթին հակաբորբոքային ազդեցութիւնը` շատ մը հիւանդութիւններու պարագային:

4 – Լոլիկը կը կանոնաւորէ մարսողական համակարգը: Բոլորս ալ գիտենք, որ ջրազրկումը եւ բնաթելերու պակասը փորկապութեան երկու հիմնական պատճառներն են: Իսկ լոլիկը կ՛ապահովէ կարեւոր տոկոսով ջուր եւ բնաթել:

5 – Լոլիկին պարունակած փրովիթամին Ա.-ն եւ լիւթէին կոչուած հակաօքսիտանը կրնան որոշ չափով պաշտպանել տարիքի հետ կապուած աչքի հիւանդութիւններէն:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Ներելը Աստծոյ
Վեհ Գործն Է

Ես չեմ ներում ինձ ստելը,
Ինձ «խոնարհաբար» ատելը,
Ազգս, կեանքս, հայրենիքս,
Ընկերներիս մասնատելը:

Ես չեմ ներում պարտութիւնը,
Թուրքի հետ նոյն հարթութիւնը,
Ձեր նախանձը, ձեր չար լեզուն
Ու դատարկ հպարտութիւնը:

Ես չեմ ներում ուրացումը,
Արժէքներիս վերացումը,
Տանս, դպրոցիս ու վանքիս
Սահմանազատ թրքացումը:

Ես չեմ ներում հողիս գողին,
Փողը հերոս հռչակողին,
Ջահել, պայծառ ջահելներիս
Կեանքը ամէն օր լափողին:

Ես չեմ ներում վախկոտ «քաջին»,
Բերձորս սարքողին Լաչին,
Եկեղեցուս հազարամեայ
Ու Աստծուս դէմ վայրահաչին:

Ես չեմ ների արցունքների
Գետ դարձած լացը մայրերի:
Թէկուզ հազար անգամ ծնուեմ
Միեւնոյն է ձեզ չեմ ների:

ՌՈՒԲԷՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>