Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Երբեւէ մտածե՞ր էք, որ շատ քիչ բան պէտք է տունը հաճելի միջավայրի մը վերածելու համար: Ստորեւ` քանի մը հնարք, որպէսզի ուրախ եւ հանգիստ զգաք ձեր փոքրիկ բոյնին մէջ:
Ո՛չ Ըսէք Աղմուկին
Փորձեցէք տան մէջ աղմուկը նուազագոյնի իջեցնել: Անջատեցէք հեռատեսիլին ձայնը, փակեցէք փողոցին աղմուկը տուն փոխադրող պատուհանը, հրաժարեցէք տան մէջ բարձրակրունկ կօշիկներով շրջելէ, պոռալով խօսելէ… Աղմուկը դիւրագրգիռ կը դարձնէ թէ՛ ձեզ եւ թէ՛ տան մնացեալ անդամները: Երբեմն ալ ականջակալերով կտրուեցէք ձեր շրջապատէն եւ երաժշտութիւն մտիկ ըրէք:
Բոյսերով Շրջապատուեցէք
Այո՛, բոյսեր զետեղեցէք ամէնուրեք. անոնց կանաչ տերեւները եւ սիրուն ծաղիկները ոչ միայն գոյն եւ կեանք պիտի տան ձեր բնակարանին, այլեւ պիտի մաքրեն օդը եւ հաճելի զգացողութիւն ու հանգստութիւն պիտի հաղորդեն ձեզի:
Այո՛ Ըսէք Բնական Լոյսին
Ջանացէք տեւաբար լուսաւոր պահել տան բոլոր սենեակները: Բացէք փեղկերն ու պատուհանները: Օրը սկսէք բնական լոյսով եւ ինքնաբերաբար աւելի ուրախ եւ լաւատես պիտի զգաք: Հրաժարեցէք թանձր վարագոյրներէն, գորշ ու խճողուած կահոյքէն. մութը իրեն հետ կը բերէ սեւ միտքեր ու յոռետեսութիւն:
Ընտանի Անասուն Մը Պահեցէք
Տան մէջ ընտանի անասուն մը պահելը նոյնպէս տրամադրութիւն կը բարձրացնէ. շուն, կատու, ձուկ թէ թռչուն… ի՛նչ ալ ըլլայ անասունին տեսակը, անոր ցուցաբերած ձեր սէրն ու գուրգուրանքը բաւարարութիւն պիտի տան ձեզի, իսկ անոր կողմէ երախտագիտութեան նուազագոյն նշանը պիտի մոռցնէ օրուան ձեր հոգերն ու նեղութիւնները:
Անուշ Բոյր Տարածեցէք Ամէնուրեք
Գնեցէք բուրաւէտ մոմեր (լաւանտր, էօքալիփթիւս, կիտրոն…) եւ օրուան որոշ ժամերուն վառեցէք զանոնք: Մեղմ ու անուշ բոյրերը դրական ազդեցութիւն կը գործեն ձեր տրամադրութեան վրայ: Անոնք ուրախ զգացողութիւններ եւ լաւատեսութիւն կը պարգեւեն:
Կրնաք դուք եւս, ըստ ճաշակի, բոյրեր պատրաստել` կիտրոնի, նարինջի կեղեւներ, կասիայի փայտիկներ, մեխակի գամեր ջուրի մէջ եռացնելով:
Ձեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ
Որպէսզի շուկայէն բերուած պտուղներն ու բանջարեղէնները աւելի երկար ժամանակ թարմ մնան, հետեւեցէք հետեւեալ քայլերուն. նախ զանոնք լուացէք, ցամքեցուցէք, ապա զետեղեցէք սառնարանին պտուղներուն վերապահուած խորունկ գզրոցին մէջ եւ անոնց միջեւ նոր սպունգ մը դրէք: Յանձնարարելի է նաեւ գզրոցին յատակին մաքուր անձեռոց մը փռել:
* * *
Որպէսզի կիսուած եւ չգործածուած կիտրոնը առնուազն շաբաթ մը դիմանայ, սառնարանը պահելը բաւարար չէ. պէտք է կիսուած երեսին աղ ցանել: Այսպիսով, ան կը պահպանէ թարմութիւնն ու հիւթեղութիւնը:
* * *
Որպէսզի շոգեխաշած կարծր միսը վայրկեաններու ընթացքին փափկացնէք, զայն առանձնացուցէք եւ վրան մէկ թէյի դգալ սոտա ցանեցէք: Սպասեցէք, մինչեւ որ սոտան փրփրի եւ իր ազդեցութիւնը գործէ: Միսի կտորը կրկին փոխադրեցէք կերակուրի կաթսային մէջ եւ շարունակեցէք եփել, ընդամէնը քանի մը վայրկեանէն միսը կը սկսի փափկանալու:
* * *
Որպէսզի ամրան տաքը յաղթահարէք, նախ եւ առաջ ընտրեցէք լայն հագուստներ, որոնք թոյլ կու տան, որ օդը շրջի եւ քրտինքի խոնաւութիւնը գոլորշիանայ: Բամպակեայ եւ բաց գոյնի հագուստներուն մէջ դուք աւելի յարմարաւէտ ու հանգիստ կը զգաք: Խուսափեցէք ճինզ տաբատներէն եւ «լեկինկ»ներէն, որոնք կրնան խանգարել ձեր արեան շրջանառութիւնը եւ սրունքի ցաւեր պատճառել:
* * *
Դեղնած ակռաները սպիտակեցնելու համար սովորական ակռայի դեղին վրայ պտղունց մը սոտա աւելցուցէք եւ խոզանակեցէք ձեր ակռաները: Կրնաք նոյնիսկ խոզանակը թրջել, սոտայի մէջ թաթխել եւ խոզանակել:
Այս հնարքին ոչ յաճախ, այլ պարբերաբար կարելի է դիմել:
Սննդագիտական–Առողջապահական
Մեղրադդումի Սերմին
Բուժիչ Յատկութիւնները
Բազմաթիւ հետազօտութիւններ յանգած են այն եզրակացութեան, որ մեղրադդումի սերմը ոչ միայն կը պայքարի մակաբոյծներուն դէմ, այլեւ կը կարգաւորէ քոլեսթերոլին եւ շաքարին քանակը` արեան մէջ:
Մեղրադդումի սերմը հակաբորբոքային յատկութիւն ունի յատկապէս շագանակագեղձի եւ միզուղիներու համակարգի հիւանդութիւններուն դէմ:
Ֆրանսական հետազօտութեան մը համաձայն, մեղրադդումի սերմը հարուստ է մակնեզիոմով, իսկ արեան մէջ մակնեզիոմի աւելի բարձր մակարդակ ունեցող մարդիկ 40 առ հարիւրով աւելի երկար կ՛ապրին եւ լուրջ հիւանդութիւններ նուազ կ՛ունենան:
Մեղրադդումի սերմը կրկնակի առողջարար է, երբ հում է: Յանձնարարելի է սերմերը ամբողջ գիշեր մը ջուրի մէջ թրջել եւ առաւօտեան ուտել: Տապկուած սերմերը գրեթէ զերծ են բուժիչ յատկութիւններէ:
Մեղրադդումի սերմին մէջ յայտնաբերուած ճարպաթթուներով յագեցած իւղը դրական ազդեցութիւն ունի միզապարկի եւ շագանակագեղձի հիւանդութիւններու բուժման մէջ:
Այլ Բուժիչ Յատկութիւններ
– Օգտակար է սրտին առողջութեան, քանի որ անոր մէջ յայտնաբերուած իւղը նոյն բաղադրութիւնը ունի, ինչ որ ունի ձիթապտուղը:
– Կը կարգաւորէ արեան բարձր ճնշումը:
– Կը կանխարգիլէ փորկապութիւնը:
– Կը պայքարի մորթին վաղաժամ ծերացման դէմ:
– Կը պահպանէ տեսողութիւնը:
– Կը հեռացնէ ճճիները:
– Կը հաւասարակշռէ թրիկլիսերիտի, քոլեսթերոլի եւ շաքարի տոկոսը` արեան մէջ:
Թէեւ մեղրադդումի սերմի բարիքները անհամար են, սակայն պէտք չէ չարաշահել անոր օգտագործումը եւ դիմել խնամող բժիշկին կարծիքին:
Խոհագիր
Ձմերուկով Եւ Սեխով Աղցան
– Ռոքքա
– Խորանարդաձեւ կտրատուած ձմերուկ
– Խորանարդաձեւ կտրատուած սեխ
– Ֆեթթա պանիր
– Անանուխի տերեւներ
– Ձիթապտուղի ձէթ
Բաղադրիչներուն քանակը` ըստ անձերու թիւին:
Պատրաստութիւն
Լուալ, ցամքեցնել ռոքքայի տերեւները եւ տարածել ներկայանալի ամանի մը յատակը: Վրան աւելցնել` կտրատուած սեխն ու ձմերուկը, ֆեթթա պանիրը եւ զգուշութեամբ խառնել:
Մատուցման պահուն աւելցնել ձիթապտուղի ձէթը եւ մանրուած անանուխի տերեւները:
Գիտէ՞ք, թէ այս աղցանի պատրաստութիւնը ընդամէնը 10 վայրկեան ժամանակ կը խլէ ձեզմէ: Անիկա համեմատաբար քիչ ջերմուժ կը պարունակէ, հարուստ է բնաթելերով, ինչպէս նաեւ` Ա., Պէ. 5, Սէ., Պէ. 6 կենսանիւթերով, մակնեզիոմով եւ պղինձով:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Նա կռուի դաշտում իր մահը գտաւ.
Կռուեց ու զոհուեց անխօս, անանուն,
Կ՛ուզես նախանձիր
կամ կ՛ուզես` գթա,
Կծկուած քո բախտի տաքո՜ւկ դարանում:
Ի հա՜րկէ, իրաւ, դու երկա՜ր կ՛ապրես,
Քո՛նը կը լինեն կեանք, սէր ու ցնորք,
Գինի՜ կը խմես, գրքե՜ր կը տպես,
Աղջիկների հետ կը զբօսնե՛ս անհոգ.
Բայց չե՜ս մոռանայ դու հուր յաւիտեան
Եւ չե՜ս ազատուի խայթից այն յուշի,
Որ ապրել ես դու միշտ… «խնամքի տակ» –
Ուրիշի ջանքի, կամ արեան հաշուին…
Որ այս յաղթութեան չինարին ջահել,
Որի ստուերում նստած ես գինով,
Կանաչ կեանքի՜ց է նրա կեա՛նք առել
Եւ ջրուել նրա կարմի՜ր արիւնով…
Որ երբ քեզ փնտռող գնդակը եկաւ,
Նա կուրծքը պահեց եւ … նրա՛ առջեւ,
Ու թէեւ ընկաւ, բայց ոչ մի վայրկեան
Ապրելու համար նա չի՜ ամաչել…
ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ