Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Ո՞ր Տարիքին Կարելի Է Երեխան Տունը Առանձին Ձգել

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Կարելի չէ մէկ օրէն միւսը որոշել ու երեխան տունը առանձին ձգել, այնքան ատեն որ անոր հնարաւորութիւն չէ տրուած ինքնուրոյն եւ ինքնաբաւ դառնալու:

Ինքնուրոյն ըլլալու հնարաւորութիւնը երեխային պէտք է ընձեռել աստիճանաբար` հինգ-վեց տարեկանէն սկսած. հոգեբանին կարծիքով, նախ կարելի եղածին չափ մեծ ազատութիւն պէտք է տաք անոր` ձեր ներկայութեան: Յաճախ թոյլ տուէք ձեր երեխային ինքնուրոյն տնօրինել իր գործերը` առանձին հագուիլ, լոգնալ, սառնարանէն ջուրին շիշը առնել եւ բաժակին մէջ լեցնել, հեռախօսին պատասխանել, խաղալիքով խաղալ եւ այլն…

Այսպիսի քանի մը վաժութենէ ետք կը նկատէք, որ երեխան հասկցեր ու իւրացուցեր է ձեր բացատրութիւնները եւ անդադար ձեր օգնութեան չի դիմեր:

Առաջին անգամ երեխան կարճ ժամանակով առանձին ձգեցէք, իսկ դուք շատ մի՛ հեռանաք. այդ տեւողութիւնը քիչ-քիչ երկարեցէք, մինչեւ որ վստահ ըլլաք, թէ ան առանձին ապահով եւ ինքնավստահ կը զգայ:

Տունը առանձին մնացող երեխան պէտք է գիտակցի, որ կան բաներ, զորս կարելի չէ ընել: Անոր գրաւոր ներկայացուցէք «կարելի չէ»-ի ցանկ մը, վստահ եղէք, որ երեխան իւրացուցեր է զանոնք ու չի փորձեր գաղտագողի խախտել մէկնումէկը:

Ցանկը պէտք է ընդգրկէ հետեւեալ կարեւոր կէտերը.

– Կարելի չէ տան դուռը բանալ եւ մարդ ընդունիլ: Ասիկա միայն մեծերը կ՛ընեն, իսկ տնեցիները արդէն բոլորն ալ բանալի ունին
– Կարելի չէ հեռախօսով անծանօթ մարդոց հետ խօսիլ եւ մանաւանդ` պատմել, որ առանձին ես:
– Կարելի չէ պատուհանէն բաներ դուրս նետել: Առհասարակ պէտք չէ պատուհանին մօտենալ կամ պատշգամ ելլել, նոյնիսկ եթէ օդը շատ տաք է:
– Կարելի չէ ձեռնել ելեկտրական սարքաւորումները:
– Կարելի չէ կրակի հետ գործ ունենալ:

Այս բոլորէն անկախ` երեխային մօտ պէտք է ձգէք ձեր եւ ձեր տան անմիջական մօտիկ անձերու (դրացի, ազգական) հեռաձայնի թիւերը, որպէսզի անհրաժեշտութեան պարագային ան կարենայ կապուի  եւ իր դժուարութիւնը յայտնել:

Երեխայի Ինքնուրոյնութեան
10
Չափանիշները

Եթէ նշուած չափանիշներէն առնուազն ութը կը վերաբերի ձեր զաւկին, ուրեմն ան պատրաստ է իր «գործերը» առանձին գլուխ հանելու եւ կարիք չունի մշտական ուշադրութեան: Այլապէս, տակաւին կանուխ է մտածել տունը զինք առանձին ձգելու մասին:

1 – Երեխան մինակ կրնայ մնալ ու բանով մը զբաղիլ երկու ժամէն աւելի` անընդհատ չվազելով մօրը քով:
2 – Ան չի վախնար մութէն ու փակ վայրերէն:
3 – Յիշաչար յէ, ներողամիտ է:
4 – Յստակօրէն գիտէ թոյլատրելիութեան սահմանը` ի՛նչը` կարելի է, ինչը ոչ:
5 – Հեռաձայն գործածել եւ մանաւանդ միտքերը հասկնալի ձեւով արտայայտել գիտէ:
6 – Առարկայական ինքնագնահատական ունի, կը խոստավանի իր սխալները եւ քիչ անգամ կը ստէ:
7 – Տան մէջ կը ստանձնէ որոշ պարտականութիւններ` խաղալիքները հաւաքել, մահճակալը կոկել, գործածած պնակն ու գաւաթը խոհանոց տանիլ ու լուացարանին մօտ դնել եւ այլն…
8 – Գիտէ ճաշի, խաղի, դասի եւ քունի ժամերու հերթականութիւնը:
9 – Ջղային եւ բարկացկոտ չէ: Մանաւանդ տագնապող չէ:
10 – Երազկոտ ու մտացիր չէ:

Քանի Մը Տողով

 Սառնարանի Ճիշդ Օգտագործում

Սառնարանի իւրաքանչիւր դարան նախատեսուած է որոշ տեսակի ուտելիքի համար: Այսպէս`

– Ամէնէն վերի դարանը նախատեսուած է աւելցած ուտելիքներուն համար, նաեւ` այն ուտելիքներուն, զորս առաջին առիթով պէտք է սպառել:
– Մէջտեղի դարանը նախատեսուած է մածունին (5-7) օր, պանիրին (3 ամիս), հաւկիթին (4-5) շաբաթ, կարկանդակին (2-3) օր:
– Ամէնէն վարի դարանը նախատեսուած է հում միսին եւ հում ձուկին (3 օր):
– Վարի գզրոցները նախատեսուած են պտուղներուն եւ բանջարեղէններուն:
– Դրան վրայի բաժանումները նախատեսուած են թացաններու եւ թանձրուկներու (մայոնեզ, քեչափ, մանանեխ եւ այլն…), ինչպէս նաեւ` ուտելիքներու, որոնք բարձր տոկոսով պահպանիչներ կը պարունակեն:

Տունը Զով Պահելու Գործնական Միջոցներ

Ամրան տօթին, տունը զովացնելու համար օրուան տաք ժամերուն պէտք է փակել պատուհաններուն փեղկերը կամ շերտաւոր վարագոյրները, որպէսզի արեւը ներս չթափանցէ, եւ սենեակները զով մնան:

Գիշերը պէտք է օդափոխել սենեակները եւ թոյլ տալ, որ թարմ ու զով օդը տուն մտնէ:

Որքան ալ զարմանալի թուի, պէտք է անջատել ելեկտրական բոլոր սարքերը, քանի որ անոնք կը նպաստեն ջերմաստիճանի բարձրացման:

Բոյսերը կը գործեն որպէս բնական օդորակիչներ: Անոնք կը զովացնեն տան միջավայրը եւ կը զտեն արեւին ճառագայթները:

Օդափոխիչ հովահարին առջեւ սառոյցի կտորներ զետեղելը նոյնպէս բնական եւ ազդու միջոց է տունը համեմատաբար զով պահելու համար:

Անբաւարար Քունի Անպատեհութիւններէն

Ուսումնասիրութիւններ հաստատած են, որ անբաւարար քունը կը նպաստէ ախորժակի բարձրացման, քանի որշատ կարճ գիշերէ մը ետք լեփթին կոչուած հորմոնը (յագեցումի հորմոն) որոշ խախտումներ կ՛արձանագրէ, մինչ անօթութեան պատասխանատու հորմոնը կը գերիշխէ: Նոյն ուսումնասիրութեան համաձայն, քունի պակասը կը նպաստէ գիրութեան եւ սոնքութեան, մասնաւորաբար գիշերային ժամերու աշխատողներուն եւ երեխաներուն մօտ:

Դաջուածքներու Վնասներէն

«Journal of Applied Physiology» պարբերաթերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը համաձայն, մարմնի դաջուածքները կրնան վնասել քրտնագեղձերուն:

Կամաւորներու վրայ կատարուած հետազօտութիւն մը ցոյց տուած է, որ մորթին դաջուածքներով պատուած հատուածներուն վրայ քրտնարտադրութիւնը յստակօրէն նուազած է, իսկ ատիկա կրնայ լուրջ հարց ստեղծել, քանի որ այդ գործընթացը մարմնին կ՛օգնէ ջերմակարգաւորման վերահսկողութեան:

Անշուշտ խօսքը կը վերաբերի մարմնին մեծ մասը ծածկող դաջուածքներուն:

Կ՛արժէ Մտածել

 Գեղեցիկ Կնոջ Մը 5 Յատկանիշները

«Դիմայարդարումը կրնայ ձեզի արտաքին գեղեցիկ տեսք հաղորդել, բայց ատիկա չ՛օգներ, եթէ դուք ներքուստ տգեղ էք: Կան աւելի կարեւոր բաներ, քան` արտաքին տեսքը: Ոչ մէկ դիմայարդարում չի կրնար ծածկել տգեղ անհատականութիւնը»:

Հմայիչ Օտրի Հեփպըրնը յաճախ կը խօսէր իր գեղեցկութեան գաղտնիքներուն մասին, բայց անոնք այնպիսիք չէին, ինչպիսին կ՛ըսէին այլ հմայիչ աստղեր… եւ այսպէս`

1 – Շուրթերը պէտք է արտաբերեն միայն բարի խօսքեր: Դերասանուհիին կարծիքով, շուրթերը գեղեցկացնելու համար կինը պէտք է արտասանէ բացարձակապէս բարեհաճ խօսքեր:

* * *

2 – Աչքերը մարդոց մէջ պէտք է տեսնեն միայն լաւը: Իսկ աչքերը գեղեցկացնելու համար ուրիշներուն մէջ պէտք է նկատել միայն դրականը:

* * *

3 – Սնունդով պէտք է կիսուիլ կարիքաւորներուն հետ: Գեղեցիկ կազմուածք ունենալու համար դերասանուհին խորհուրդ կու տայ սնունդը կիսել քաղցածներուն հետ:

* * *

4 – Մազերը կը գեղեցկանան երեխաներուն շնորհիւ: Եւ որպէսզի մազերը գեղեցկանան, թոյլ տալ երեխաներուն օրական գոնէ մէկ անգամ մատներով սողալ անոնց մէջ:

* * *

5 – Գեղեցիկ ենք, երբ ինքնավստահ եւ դրական ենք: Դերասանուհին յաճախ կը կրկնէր, թէ գեղեցիկ կինը այն երջանիկ կինն է, որ չի մտածեր խնդիրներու եւ վատ մարդոց մասին: Ան կը ստեղծէ իր աշխարհը` դրական միտքերու եւ լաւ տրամադրութեան օգնութեամբ:

Խոհագիր

Ծաղկակաղամբով Աղցան

Բաղադրիչներ

– 1 միջակ ծաղկակաղամբ
– 1 կանաչ պղպեղ
– 1 լոլիկ
– 1 միջակ կարմիր սոխ
– 1 կիտրոնի հիւթ
– Կէս կապոց մանրուած ազատքեղ
– Կէս կապոց մանրուած գինձ
– 3 – 4 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– 3 – 4 ապուրի դգալ նուռի հատիկներ
– 2 – 3 ապուրի դգալ կտրատուած նուշ
– Աղ

Պատրաստութիւն

Լուացուած եւ ցամքեցուած ծաղկակաղամբը հարիչէ անցընել, փոխադրել խորունկ ամանի մը մէջ:

Մանր կտրատել պղպեղը, լոլիկն ու սոխը:

Պատրաստել ձէթով եւ կիտրոնով թացանը:

Ծաղկակաղամբին վրայ աւելցնել` մանրուած գինձն ու ազատքեղը, կտրատուած բանջարեղէնները, աղն ու թացանը եւ խառնել: Աղցանը փոխադրել սառնարան եւ պահել առնուազն մէկ ժամ:

Մատուցման ատեն աւելցնել մանրուած նուշն ու նուռի հատիկները:

Ծաղկակաղամբ Ուտելու
Համոզիչ Պատճառներ

Շատ ջուր եւ քիչ ջերմուժ պարունակող ծաղկակաղամբը հարուստ է կենսանիւթերով, յատկապէս` Սէ., Պէ.6 եւ Պէ.9, բացի կենսանիւթերէն` անիկա կը պարունակէ հանքանիւթեր եւ հզօր հակաօքսիտաններ: Հետեւաբար փորձենք զայն օգտագործել մեր աղցաններուն, կերակուրներուն եւ ապուրներուն մէջ: Անոր հետեւողական սպառումը`

Ա.- Կը պահպանէ սիրտին առողջութիւնը:
Բ.- Կը բարելաւէ ուղեղին աշխատանքը:
Գ.- Կը նպաստէ մարսողութեան:
Դ.- Հակաքաղցկեղային է, ունի քաղցկեղի որոշ տեսակներու պատճառ հանդիսացող բջիջները վերացնելու յատկութիւն:
Ե.- Կ՛օգնէ նիհարնալու:
Զ.- Կը պաշտպանէ մորթը վաղաժամ ծերացումէ:
Է.- Միզամուղ է:

*
*   *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Դագաղիս համար
Դուք ծառ չկտրէք:
Ինձ մի հին կոճղի
Փչակում դրէք,-
Անտառի եզրին,
Բլուրի վրայ:
Որ գնամ գտնեմ
Արմատը նրա,
Որ գնամ նրա
Արմատը գրկեմ…
Եւ ի՞նչ իմանաս,
Գուցէ թէ մի օր
Դէպի լոյս աշխարհ
Մի շիւղ արձակեմ:

ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles