Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Սէյն Լուիսի Ուաշինկթըն համալսարանի գիտնականները յայտնաբերեր են, որ աւելորդ ծանրութիւն ունեցող երեխաները նոյնքան խելացի չեն` իրենց բարեկազմ հասակակիցներուն բաղդատած:
Գիտնականները ուսումնասիրեր են 9-11 տարեկան աւելի քան 2.500 աղջիկներու եւ 2.700 մանչերու մտաւոր ունակութիւնները` յատուկ մտաւոր «թեսթ»-երու օգնութեամբ: Հետազօտութեան ընթացքին գնահատուեր են փորձարկուողներուն բառապաշարը եւ մտածողութեան տրամաբանութիւնը:
Հետազօտութիւնը սկսելէ երկու տարի ետք գիտնականները պարզեր են, որ այն երեխաները, որոնք նուազ լաւ արդիւնքներ ձեռք բերեր են, որոնք աւելորդ ծանրութիւն ունեցողներն են, նաեւ պարզուեր է, որ անոնք աւելի յաճախ ընկճախտի ախտանշաններ ցոյց տուեր են:
Հետազօտողները բացատրեր են, որ անառողջ սնունդը եւ շարժումի ու մարզանքի պակասը բացասաբար կ՛ազդեն երեխաներու մտային զարգացման, ինչպէս նաեւ յիշողութեան վրայ:
Առողջապահական
Ինչպէ՞ս Խուսափիլ Սննդային
Թունաւորումէ Ամրան Եղանակին
Սննդային վարակներու մէկ երրորդը տեղի կ՛ունենայ տունը եւ յատկապէս` խոհանոցը:
CDC-ի (Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոններ) համաձայն, ամէն տարի շուրջ 50 միլիոն մարդ կը վարակուի սննդային հիւանդութիւններով: Սննդային հիւանդութիւններ պատճառող մանրէները տեսանելի չեն մարդու աչքին, հետեւաբար շատեր նուազ լրջութեամբ կը վերաբերին անոնց:
Ստորեւ 10 հնարք` սննդային թունաւորումէ խուսափելու համար:
1.- Սառցարանէն հանուած ուտելիք մը (միս, ձուկ, հաւ…) հալեցնելու համար պէտք է օգտագործել կա՛մ մանրալիքը, կա՛մ պաղ ջուրը եւ կա՛մ զայն զետեղել սառնարանի դարաններէն մէկուն վրայ: Հալած սնունդը սենեակի ջերմութեամբ կարելի չէ երկար պահել, պէտք է զայն անմիջապէս եփել, քանի որ մանրէները շատ արագ կը բազմանան:
2.- Տունը պատրաստուած կերակուր մը 3 օրէն աւելի կարելի չէ պահել, նոյնիսկ եթէ սառնարանը պահուած է:
3.- Կերակուր պատրաստելէ առաջ եւ ընթացքին պէտք է ձեռքերը օճառել, նոյնպէս ալ` աշխատանքի տախտակը, դանակը եւ այլն…
4.- Աւելցած կերակուրը ձգել, որ լաւ պաղի եւ յետոյ միայն սառնարան փոխադրել: Տաք սնունդը կը խախտէ սառնարանին ջերմաստիճանը, ինչ որ պատճառ կրնայ դառնալ մնացեալ ուտելիքներու վարակման:
5.- Սառնարանը պէտք է մաքրել առնուազն ամիսը մէկ անգամ` մաքուր սպունգով, օճառ ջուրով կամ ճերմակ քացախով:
6.- Շուկայէն բերուած պանիրը, խոզապուխտը, թթուասերը հանել իրենց ծրարներէն եւ փոխադրել կափարիչով օժտուած տուփերու մէջ:
7.- Խուսափիլ հում մսեղէն կամ ձկնեղէն ուտելէ, յատկապէս` ամրան տաք ամիսներուն: Մասնաւորաբար խոցելի են` յղի կիները, երեխաները եւ տկար դիմադրողականութիւն ունեցող անձերը:
8.- Չծանրաբեռնել սառնարանը, երբ սառնարանը չափէն աւելի լեցուն է, պաղ օդը ազատ չի շրջագայիր, եւ ուտելիքներու պահպանման տեւողութիւնը կը կրճատուի:
9.- Տեւաբար ստուգել մթերքներուն պահպանման ժամկէտը եւ առանց վարանումի` թափել զանոնք:
10.- Երբե՛ք կրկին չսառեցնել հալած մթերքը (միս, ձուկ, հաւ…). զայն կրկին սառցախցիկ փոխադրելով` կարելի չէ պաշտպանել զայն վարակներէ:
Խոհանոցային Սխալներ
Բացի սննդային թունաւորումներէն` խոհանոցային սխալ սովորութիւններ եւս կրնան վտանգել ընտանիքին անդամներուն առողջութիւնը:
– Կարելի չէ խոհանոցի սպունգը շաբաթներ շարունակ գործածել: Շաբաթական դրութեամբ պէտք է փոխարինել նորով մը, քանի որ անիկա մանրէներու աճի կատարեալ միջավայր է:
– Խոհանոցի կտորէ սրբիչները եւս մանրէներու բոյն են, անոնք եւս մանրէներ կլանելու յատկութիւն ունին: Թուղթէ սրբիչներ օգտագործելը տարբերակ մըն է, ապա թէ ոչ պէտք է օրական փոխել զանոնք:
– CDC -ի հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ չմաքրուած խոհանոցի լուացարանը սովորաբար աւելի շատ աղտ եւ մանրէ կը պարունակէ, քան` բաղնիքի զուգարանը… Խոհանոցին լուացարանը պէտք է ախտահանել օրական առնուազն մէկ անգամ:
– Բազմակի օգտագործման իրերը (պահածոյ տուփերու բացիչ, դանակ սրելու գործիք, գինիի շիշի բացիչ եւ այլն…) յաճախ առանց լուալու կը վերցուին` մտածելով, որ մաքուր են. մինչդեռ անոնց վրայ բոյն դրած կ՛ըլլան մանրէներ: Զանոնք իրենց համապատասխան գզրոցներուն մէջ զետեղելէ առաջ պէտք է լուալ, որպէսզի մնացեալ մաքուր իրերն ալ չվարակուին:
Վնասակարը Օգտակարով
Փոխարինելու Տարբերակներ
Ներկայիս ֆութպոլ, շուտով Ողիմպիական խաղեր…
Բարեկամներու կամ ընտանիքի անդամներուն հետ պատկերասփիւռին դիմաց նստած` կ՛ուզենք տուեալ պահը վայելել խմիչքով մը եւ համեղ պատառ մը ծամծմելով: Դուրսէն ապսպրուած ֆասթ ֆուտերը, չիփսը, պիստակեղէնը անկասկած որ համեղ են, բայց դժբախտաբար վնասակար ճարպերով յագեցած եւ մեր առողջութեան վնասող ուտելիքներ են: Ասոնց յաճախակի օգտագործումը կ՛առաջնորդէ` սոնքութեան, շաքարախտի, բարձր արեան ճնշումի եւ սրտանօթային հիւանդութիւններու: Մինչդեռ կան այդ վնասակար ուտելիքները փոխարինող հետաքրքրական տարբերակներ: Բոլորին սառնարաններուն մէջ կարելի է գտնել` մէկ-երկու վարունգ, լոլիկ, ստեպղին, պանիրի տեսակ մը, ձմերուկ, անանուխ եւ այլն…
Ստորեւ կը ներկայացնենք խմիչքի հետ մատուցուող առողջպահական պատառիկներ, ֆրանսացիները պիտի ըսէին` amusa-bouche-ներ, որոնք նաեւ իրենց տեսքով պիտի հմայեն բոլորը: Եւ այսպէս`
– Պանիրի կտորի մը վրայ ատամնակրկիտ մը հաստատել, վարունգը ձեւաւորել տերեւի տեսքով, իսկ ստեպղինը` ծաղիկի: Երկուքն ալ հաստատել ատամնակրկիտին վրայ:
– Պանիրի կտորի մը վրայ փայտէ ձողիկ մը հաստատել եւ անոր վրայ յաջորդաբար շարել վարունգի կլոր շերտ մը, ձիթապտուղ մը եւ լոլիկ մը:
– Աղի կրկնեփի մը վրայ քամած մածուն կամ կակուղ պանիր քսել, ապա աւելցնել վարունգի, լոլիկի կտորներ եւ անանուխի կամ ռեհանի տերեւ մը:
– Ձմերուկը խորանարդաձեւ կտրել, կեդրոնը փոսիկ մը բանալ, ֆեթթա պանիր եւ անանուխի տերեւ մը զետեղել:
– Պանիրի կտորի մը վրայ (նախընտրաբար` պլէօ) ատամնակրկիտ մը հաստատել, վրան ալ` ընկոյզ մը եւ խաղողի հատիկ մը:
– Իսկ եթէ բաւարար ժամանակ կամ տրամադրութիւն չկայ ձեւաւորումներ եւ յարդարանքներ ընելու, կարելի է cupcake-ի կաղապար-ափսէ մը առնել եւ անոր բաժանումներուն մէջ զետեղել կտրատուած բանջարեղէններ, պտուղի հատիկներ, քամած մածուն եւ այլն…
Խոհագիր
Մեքսիքական Թաթխան`
Կուաքամոլ
Աւոքատոյով պատրաստուած այս շատ առողջապահական թաթխանը կարելի է խրթխրթան հացով, չիփսով եւ կամ կտրատուած բանջարեղէններով:
Բաղադրիչներ.
– 3 հատ միջակ չափի աւոքատօ
– 1/4 գաւաթ շատ մանր մանրուած սոխ
– Մէկուկէս ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
– 1/4 գաւաթ շատ մանրուած գինձ
– 1 խոշոր լոլիկ, միջուկը պարպուած եւ շատ մանր մանրուած
– Կէս թէյի դգալ փոշի քիմիոն
– Կէս թէյի դգալ աղ
– 1 թէյի դգալ մանր մանրուած կանաչ կծու պղպեղ
Պատրաստութիւն
Աւոքատոները կորիզազերծել եւ միջուկը փոխադրել խորունկ ամանի մը մէջ. վրան անմիջապէս աւելցնել կիտրոնի հիւթը եւ պատառաքաղով ճզմել, մինչեւ որ թանձրուկ մը ստացուի:
Թանձրուկին աւելցնել մնացեալ բաղադրիչները, խառնել եւ թաթխանը փոխադրել ներկայանալի ամանի մը մէջ: Մատուցելու ատեն շուրջը զարդարել խրթխրթան հացով, չիփսով եւ այլն…
Ի՞նչ Կը Պատահի, Եթէ Յաճախ
Աւոքատօ Ուտենք…
Աւոքատոն հարուստ է` ՍԷ., ԷՕ., ՔԱ. եւ ՊԷ. կենսանիւթերով, օգտակար ճարպերով, մանրաթելով եւ այլազան հանքայիններով. իսկ այս բոլոր տարրերը անհրաժեշտ են մեր առողջութեան համար:
Աւոքատոյին յաճախակի օգտագործումը կը պահպանէ աչքերուն առողջութիւնը, կը բարելաւէ տեսողութիւնը եւ կը դանդաղեցնէ տարիքի հետ կապուած աչքի հիւանդութիւններու յառաջացումը:
Աւոքատոն նաեւ կը կարգաւորէ աղիքներուն աշխատանքը, կը նուազեցնէ սրտանօթային հիւանդութիւններու զարգացման հաւանականութիւնը եւ քոլեսթերոլի մակարդակը:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Յետոյ
Ամէնուն պէս ըլլալ – ընել ամէն ինչ
Ծափահարել ամէնուն պէս – ոտնահարել ամէնուն հետ այս կամ այն
Բանախօսել բարեխօսել ամէնուն
Մատ վերցնել հարցում ուղղել ամէնուն մէջ եւ իմանալ ժխոր մը լոկ ամէնքէն
Նստիլ, խոկալ առանձին.
Սիրտը բանալ բոլորին
Հացի նման փշրանք փշրանք բաշխուիլ
Բաժնել ցաւերն ուրիշներուն – պատմել հոգերն ուրիշին
Մատնել ինքզինքն ասոր անոր քմծիծաղի խայթերուն –
Ցաւիլ, տոկալ առանձին.
Ձեռք երկարել աշխարհին
Եղբայրանալ օտարին հետ, եկուորին հետ, անցորդին
Դուռը բանալ մօտաւորին հեռաւորին – ինչպէս սեղանն ու հոգին
Սիրել ու տալ շռայլօրէն – մինչդեռ տեսնել թէ ամէնքն ալ գալ ու տիրել կը ձգտին
Տրտմիլ ու լալ առանձին.
Յետոյ դառնալ – ամէնուն
Եւ աղօթել
Առանձին:
ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ