Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ընտանիքը այն ջերմ բոյնն է, ուր երեխաները կը զգան պաշտպանուած, սիրուած ու փայփայուած` մնացեալ անդամներուն կողմէ:
Կատարեալ մարդ չկայ, ինչպէս որ չկայ կատարեալ ընտանիք, բայց կարեւորը միասնական ըլլալն է: Իսկ ի՞նչ կը հասկնանք «միասնական ընտանիք» ըսելով. անշուշտ խօսքը չի վերաբերիր կատարեալ ընտանիքին, այլ` անվտանգ եւ խնամող միջավայրի մը մասին, ուր բոլոր անդամները զիրար կը յարգեն, կը լսեն, իրարու հանդէպ հոգատար են եւ ուշադիր` հակառակ պարբերաբար ծագող վէճերուն եւ տարակարծութիւններուն:
Երեխաներու դաստիարակութեան աշխարհի առաջատար մասնագէտներէն Ալան Քազտին կը ներկայացնէ հիմնական յատկանիշներ, որոնք պէտք չէ բացակային առողջ եւ դրական ընտանեկան միջավայրէն:
1 – ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ.- Լաւ հաղորդակցութիւնը մարդկային յարաբերութիւններու հիմքն է, անիկա թթուածինի չափ անհրաժեշտ է ընտանիքէն ներս: Հաղորդակցութիւնը պէտք է ըլլայ բաց. երեխան պէտք է վստահ ըլլայ, որ ունի զինք լսող ծնողներ:
2 – ԴՐԱԿԱՆ ՇՐՋԱՊԱՏ.- Երեխաներուն անհրաժեշտ են դրական կերպարներ` մեծ հայրիկ, մեծ մայրիկ, մօրեղբայր, հօրաքոյր, զարմիկներ… Անոնց յաճախակի այցելութիւնները կ՛օգնեն, որպէսզի երեխաները օգտուին մեծերու փորձառութենէն, հաղորդակցին իրենց զարմիկներուն հետ, նիւթեր արծարծեն… Այս բոլորը կ՛օգնեն, որ կեանքի մէջ առաջ երթան` դրական մարդոցմով շրջապատուած:
3 – «ՌՈՒԹԻՆ»-ը շատ կարեւոր է երեխաներու կեանքին մէջ: Ռութինը կայունութիւն եւ ապահովութիւն կը ստեղծէ: Առնուազն մինչեւ որոշ տարիք մը անոնք պէտք է ունենան` ընտանեկան ընթրիքի ժամ, դասերը պատրաստելու եւ ապա խաղի ժամ, պատկերասփիւռ դիտելու եւ ժապաւէնը քննարկելու ժամ, շաբաթավերջի պտոյտ եւ այլն…
4 – ՀՍԿՈՂՈՒԹԻՒՆ.- Ուշադիր ծնողները պարտաւոր են հետեւիլ եւ իմանալ, թէ որո՛նք են իրենց երեխաներուն ընկերները, ո՛ւր կ՛երթան, ինչո՛վ կը զբաղին եւ այլն… Այս հսկողութիւնը կրնայ ըլլալ երկկողմանի զրոյցներով, հարցաքննութենէ հեռու մթնոլորտի մէջ:
5 – ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԱՆԴՈՐՐ.- Ընկճախտը բոլորին դռները կը թակէ, եւ ոչ ոք պաշտպանուած է անկէ: Ընտանիքին մեծերը պէտք է ջանան հնարաւորինս երեխաները հեռու պահել որոշ տեսակի դժուարութիւններէ, վերահսկել կամ լուծում գտնել հարցերուն` առանց ընտանեկան անդորրը խանգարելու:
6 – ՍԱՀՄԱՆԻ ՃՇԴՈՒՄ.- Ծնողք ըլլալը անկասկած դժուար եւ պատասխանատու առաքելութիւն է. ծնողները առաջին հերթին հոգ պիտի տանին իրենց երեխաներուն, բայց չի նշանակեր, որ պիտի հրաժարին իրենց անձնական կեանքէն, հաճոյքներէն եւ հանգիստէն: Լաւ եւ խելացի ծնողը սահման պիտի ճշդէ իր պարտականութիւններուն եւ հաճոյքներուն միջեւ, քանի որ միայն հանգիստ, ուրախ եւ հաւասարակշռուած ծնողները կրնան ստեղծել միասնական ընտանիք մը:
Առողջապահական
Խուսափեցէ՛ք Կօշիկներու Հետ
Կապուած Այս 5 Սխալներէն
Կօշիկներու ճիշդ ընտրութիւնը եւ ճիշդ գործածութիւնը կ՛օգնեն պահպանելու ոչ միայն ոտքերուն, այլ ամբողջ մարմնին առողջութիւնը: Ստորեւ` կօշիկներու հետ կապուած յաճախակի սխալներ, որոնցմէ պէտք է խուսափիք: Չմոռնաք, որ ոտքերը ձեր կմախքի հիմքն են, անոնք կը կրեն ձեր ամբողջ մարմնին ծանրութիւնը, իսկ եթէ երկար ժամանակի վրայ անտեսէք անոնց խնամքը, կրնաք առողջական խնդիրներ ունենալ: Եւ այսպէս`
-1-
Շատ բարձր եւ շատ բարակ կրունկներով կօշիկներ մի՛ կրէք, անոնք ձեր ոտքերը դէպի առջեւ կը հրեն եւ մեծ ճնշում կը բանեցնեն մատներուն վրայ: Բարձրակրունկ կօշիկներու երկարատեւ գործածութիւնը ոտնաթաթի, սրունքի եւ մէջքի ցաւեր ու բարդութիւններ կրնայ յառաջացնել:
Կրունկի իտէալական բարձրութիւնը կիներուն մօտ 3,5 – 4 սմ է, իսկ տղամարդոց մօտ` 1,5 – 2 սմ:
Բարձրակրունկ կօշիկները վերապահեցէք պաշտօնական կամ գիշերային հաւաքոյթներուն համար:
-2-
Տեւաբար նոյն կօշիկը մի՛ կրէք: Որքան ալ «սիրելի» եւ հանգստաւէտ ըլլայ ձեր կօշիկը, հրաժարեցէք տեւաբար զայն կրելէ, քանի որ այդպէս դուք մնայուն ձեւով ձեր ոտքերուն նոյն բաժինները կ՛օգտագործէք յենելու եւ քալելու համար: Գտէք այլ հանգստաւէտ տարբերակ մը եւ փոխնիփոխ կրեցէք զանոնք:
-3-
Խուսափեցէք շատ հին կօշիկներ կրելէ: Շատ հին եւ մաշած կօշիկները կ՛ունենան ձեւափոխուած ու անհանգիստ ներբաններ, որոնք կը ծռեն ձեր ոտքերը եւ քալուածքը: Նման պարագայի անհաւանական չէ, որ կոնքի եւ կռնակի սուր ցաւեր ունենաք:
-4-
Հրաժարեցէք գրեթէ անկրունկ, տափակ կօշիկներէն, ինչպիսիք են` «պալըրին»-ները, «թոնկ»-երը եւ մարզական կօշիկները: Ասոնց մէկ կարեւոր մասը լաւ չի պաշտպաներ ձեր ոտքերը, դուք հակամէտ էք «սխալ քայլ» ընելու, ձեր կրունկը ցաւցնելու եւ մինչեւ իսկ իյնալու:
-5-
Զգուշացէք անհամապատասխան կօշիկներ կրելէ: Մարզական կօշիկները ոչ միայն յարմարաւէտ են, այլեւ` նորաձեւ: Մարզական կօշիկ գնելէ առաջ դուք պէտք է լաւատեղեակ ըլլաք, թէ տուեալ մարզական կօշիկը, որ մարզաձեւին կը համապատասխանէ, իսկ ձեր փնտռածը ո՛րն է: Իւրաքանչիւր մարզաձեւ ունի իրեն յատուկ կօշիկ, հետեւաբար միայն արտաքին տեսքէն դատելով` սխալ ընտրութիւն մի՛ կատարէք:
Ձեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ
Երբ ձեր եղունգները կը ներկէք, անխուսափելիօրէն անոնց շուրջի մորթը եւս կը ներկուի, կը ստիպուիք ներկը մէկ կողմ դնել եւ ներկուած մորթը մաքրել` նախքան չորնալը: Այս հարցը լուծում ունի. նախքան եղունգի ներկի արարողութեան անցնիլը, եղունգներուն շուրջի մորթը վազելինով ծեփեցէք, վերջինս մորթը կը պաշտպանէ ներկէն:
***
Երբեմն ձեր եղունգի ներկին սրուակը չի բացուիր, քանի որ կափարիչին ներսի կողմէն ներկը քարացած է. յաջորդին, երբ եղունգ ներկելու գործողութիւնը կ՛աւարտէք, նախքան սրուակին կափարիչը փակելը` սրուակի բերնին շուրջ վազելին քսեցէք եւ յետոյ փակեցէք: Այսպիսով, առանց չարչարուելու կը բանաք կափարիչը:
***
Եթէ կ՛ուզէք, որ ձեր օծանելիքը ամբողջ օր մը դիմանայ, եւ չստիպուիք օրուան ընթացքին քանի մը անգամ օգտագործել զայն, դարձեալ դիմեցէք վազելինի օգնութեան: Թեթեւակի վազելին քսեցէք ձեր դաստակին, ականջին ետեւը կամ վիզին, ապա սովորականին նման օգտագործեցէք ձեր անուշահոտը: Վերջինս երկար ժամեր պիտի բուրէ` շնորհիւ վազելինին, որ բոյրը պահպանելու յատկութիւն ունի:
***
Որպէսզի լոգանքի ատեն շամփուէնը ձեր աչքերուն մէջ չմտնէ, նախապէս ձեր յօնքերուն վերեւ վազելին քսեցէք: Այսպիսով, շամփուէնը կը սահի ձեր դէմքի կողքին` պաշտպանելով ձեր աչքերը:
***
Որպէսզի ձեր մարմնին եւ յատկապէս ձեր դէմքի մորթին մեռած բջիջներէն ձերբազատիք, վազելինին ծովի աղ կամ շաքարաւազ աւելցուցէք եւ մարձեցէք ձեր մորթը` շրջանաձեւ մեղմ շարժումներով: Այս բնական եւ աժան միջոցը նոյնքան ազդու է, որքան` շուկան վաճառուող սքրապները:
Հետաքրքրական
Նուէրներու Հետ Կապուած
Նախապաշարումներ
Շատերուս համար նուէր տալը խոր եւ անկեղծ իմաստ կրող գեղեցիկ արարք է: Անկախ թէ առիթը Ամանորն է, տարեդարձ մը, թէ հարսանիք, նուէրը կ՛արտացոլացնէ մեր սէրը եւ մեր ցանկութիւնը` կիսելու երջանկութեան պահերը մեր սիրելիներուն կամ գործընկերներուն հետ:
Բայց հետաքրքրական է, որ որոշ մշակոյթներ եւ հաւատալիքներ որոշակի նշանակութիւն կու տան կարգ մը իրերու` զանոնք դժբախտութիւն բերող համարելով: Եթէ ձեր շրջապատին մէջ ունիք սնահաւատ կամ նախապաշարուած անձեր, իմացէք, որ անոնց կարելի չէ նուիրել`
– ԴՐԱՄԱՊԱՆԱԿ, քանի որ անիկա դրամական նեղութիւն եւ աղքատութիւն կը յուշէ: Դրամապանակ կարելի է նուիրել այն պարագային, երբ անոր մէջ մետաղեայ դրամ մը զետեղած ըլլաք:
– ԿՕՇԻԿԸ անբաղձալի նուէր է. անիկա մտերիմ մարդիկը իրարմէ հեռացնելու, բաժնելու վատ համբաւ կը վայելէ:
– ՄԱՐԳԱՐԻՏԸ արցունքի խորհրդանիշ է. պէտք է հրաժարիլ մարգարտեայ իրեր նուիրելէ ձեր նախապաշարուած ծանօթին: Անիկա մօտակայ դժբախտութիւն կը յուշէ:
– ԾԱՄԱԿԱԼ չնուիրել սնահաւատ անձի մը. ծամակալը (ինչպէս նաեւ մկրատը) յարաբերութիւններու մօտալուտ խզում կը յուշէ:
– ԺԱՄԱՑՈՅՑԸ չիներուն եւ կարգ մը ժողովուրդներու համար սպառող ժամանակը եւ կեանքի մօտալուտ աւարտը կը խորհրդանշէ, հետեւաբար նուէրի ճիշդ տարբերակ չէ:
– ԹԱՇԿԻՆԱԿ նուիրելու սովորութիւնը արդէն շատ նահանջած է. այսուհանդերձ, իմացէք, որ թաշկինակը արցունքի եւ մօտալուտ սուգի խորհրդանիշ է:
– ՎԶԿԱՊԸ (ֆուլար) վիեթնամցիներուն եւ ռուսերուն մօտ հրաժեշտի խորհրդանիշ է, քանի որ իրարու հրաժեշտ տուող մարդիկ վզկապով կը սրբեն իրենց արցունքները:
Ոչ բախտաբեր նուէրներու շարքը շատ երկար է: Սնահաւատ ըլլալը կամ չըլլալը իւրաքանչիւրին ընտրութիւնն է, սակայն հոգեբաններու կարծիքով սնահաւատութիւնը կը բարդացնէ ոչ միայն տուեալ անձին, այլեւ անոր շրջապատին կեանքը:
Խոհագիր
Խրթխրթան Դդումի Շերտեր
2 միջակ չափի դդում
1/4 գաւաթ փոշի կսկուծ (քահքէի փոշի)
1/4 գաւաթ պանիրի տաշուք (նախընտրաբար` փարմըզան)
1/4 թէյի դգալ աղ
1/4 թէյի դգալ փոշի սխտոր
Պտղունց մը սեւ փոշի պղպեղ
Պտղունց մը օրեկանօ
3 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
Պատրաստութիւն`
Դդումները 5 մմ հաստութեամբ կլոր շերտել:
Ամանի մը մէջ պատրաստել թացան մը` խառնելով ձէթը, աղը, սեւ պղպեղը, օրեկանոն եւ փոշի սխտորը:
Դդումի շերտերը աւելցնել թացանին եւ լաւ խառնել, որպէսզի ներծծեն թացանը: Սպասել 5-7 վայրկեան:
Մինչ այդ փուռը տաքցնել 200 ջերմաստիճան, ափսէի մը յատակը յատուկ թուղթով ծածկել, վրան շարել դդումները, իւրաքանչիւրին վրայ տաշուած պանիր տեղաւորել եւ եփել շուրջ 30 վայրկեան, մինչեւ որ դդումները կարմրին ու խրթխրթան դառնան:
Այս խրթխրթան դդումի շերտերուն կողքին կարելի է մատուցել ցացիքի թաթխանը, որ բաղկացած է մածունէ, սխտորէ, քերած վարունգէ եւ ձիթապտուղի ձէթէ: Թէեւ քեչափը աւելի դիւրին եւ արագ տարբերակ է, բայց դժբախտաբար` ոչ առողջապահական:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ազատութիւնը
Եւ ա՛յն հասկացայ,
Ո՜վ Ազատութիւն,
Որ կարծեմ շատ ես դու նման աղի.
Երբ քեզ պեղում են`
Հանում ընդերքից,
Իրենց ձեռքերն են մարդիկ կտրատում,
Ինչպէս ապակուց…
Ու երբ լուծուում ես`
Ճիշդ աղի նման
Դու չես երեւում,
Դու համ ես դառնում…
Իսկ եթէ չկաս`
Անհամութիւն է,
Որ եւ կարող է կոչուել բռնութիւն…
Իսկ եթէ չկաս`
Կարող է հոտել
Ե՛ւ թանկ սնունդը,
Որ հոգեւոր է…
Իսկապէս որ դու նման ես աղի:
ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ