Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Հոգեբանին Կարծիքով. Մանկութեան Տարիներուն Ծնողական Սիրոյ Պակասի Հետեւանքները

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

«Հագուստ ունի, խաղալիք` նոյնպէս, փորդ կուշտ է, դպրոց կ՛երթաս, ի՞նչդ կը պակսի…»: Այս խօսքերը շատ մը ծնողներ կը կրկնեն, սակայն անոնք յաճախ կը մոռնան, որ նիւթական բարիքները այն բոլորը չեն, որոնք անհրաժեշտ են երեխային: Առաջին հերթին անոր հարկաւոր են խնամք, հոգատարութիւն, սէր, հասկացողութիւն եւ աջակցութիւն:

Այս բոլորէն զրկուած երեխաները անինքնավստահ, հոգեպէս ոչ կայուն անհատներ կը դառնան եւ չափահաս տարիքին բազմազան դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն: Այդ դժուարութիւններէն թուենք մէկ քանին.

Ա – Բարդ յարաբերութիւններ հակառակ սեռին հետ,
Բ – Անվստահութիւն մարդոց նկատմամբ,
Գ – Ցած ինքնագնահատական,
Դ – Սխալելու վախ,
Ե – Անապահովութիւն,
Զ – Ընդվզում եւ նախանձ:

Հետազօտութիւններ ցոյց տուած են, թէ այն երեխաները, որոնք օժտուած են նիւթական բոլոր բարիքներով, հասուն տարիքին երջանիկ, կայացած կամ յաջողակ անձեր չեն առ հասարակ: Մինչդեռ ծնողական սէր եւ հոգատարութիւն ստացած երեխաները, նպատակասլաց եւ հոգեպէս խաղաղ անձեր դարձած են:

Հաճելի Ժամանցներ, Որոնք
Կը Խթանեն Մեր Ուղեղը

Մեր ուղեղը պէտք է անընդհատ խթանուի, որպէսզի կարենայ լաւագոյնս գործել: Կան հաճելի ժամանցներ, օգտակար` պահպանելու մեր ճանաչողական կարողութիւնները, որոնք բնականաբար կը նահանջեն տարիքի բերմամբ:

Այնպէս, ինչպէս մարմինը, ուղեղը եւս տարիներու ընթացքին կը փոխուի. ծերացման բնական գործընթացը կը դանդաղեցնէ ուղեղին աշխատանքը: Տեսողական-տարածական յիշողութիւնը եւ աշխատանքային յիշողութիւնը կը դառնան նուազ արդիւնաւէտ, կը նուազին զգօնութեան եւ ուշադրութեան հմտութիւնները:

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան համաձայն (OMS), կեանքի ընթացքին որոշ վարքագիծ որդեգրելով` հնարաւոր է սահմանափակել կամ դանդաղեցնել ուղեղին ծերացման գործընթացը:

Չծխելը, ոգելից ըմպելիներու սահմանափակումը, առողջ, բազմազան սննդակարգը, շաքարի, քոլեսթերոլի մակարդակի վերահսկումը դրական ազդեցութիւն ունին ուղեղին վրայ: Ասոնցմէ բացի` կան սրտի խօսող հաճելի զբաղումներ, որոնք ոչ միայն մեզ կ՛անջատեն մեր առօրեայէն, այլեւ կը խթանեն մեր ուղեղին աշխատանքը եւ թոյլ չեն տար, որ վերջինս «ժանգոտի»: Եւ այսպէս`

ՊԱՐԸ ոչ միայն հրաշալի մարզանք է, այլեւ դիւրին միջոց մը` ընկճախտը յաղթահարելու: Պարը նաեւ կ՛օգնէ աւելի խելացի դառնալու, քանի որ շարժումները յիշելու, կշռոյթները պահելու եւ վերարտադրելու համար մենք կ՛օգտագործենք ուղեղին տարբեր հատուածները:

ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՔ ՆՈՒԱԳԵԼԸ կը նպաստէ մեր մտաւոր ունակութեան զարգացման: Զուիցերիացի հետազօտողներու ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ դաշնամուր նուագելը եւ հետեւողական կերպով լսելը մեծապէս կը բարելաւեն ու կը խթանեն ուղեղին աշխատանքային յիշողութիւնը:

ԽՈԿՈՒՄԸ կը նուազեցնէ ընկճախտի մակարդակը եւ արեան ճնշումը, կ՛ամրապնդէ դիմադրողական համակարգը, կ՛աւելցնէ կեդրոնանալու ունակութիւնը: Ընդամէնը 10 վայրկեան լիարժէք խոկալով թէ՛ մեր տրամադրութիւնը կը բարձրանայ եւ թէ՛ մեր ուղեղին աշխատանքը կը բարելաւուի:

ԲՈՅՍԵՐՈՒ ԽՆԱՄՔԸ զարմանալիօրէն օգտակար զբաղում է ուղեղին համար: Պտուղ, բանջարեղէն կամ ծաղիկ աճեցնելը քորթիզոլի (ընկճախտի հորմոնի) մակարդակը կը նուազեցնէ, դրական զգացումներ կը հաղորդէ եւ ձեռքբերումներու շնորհիւ` մեր մէջ գոհունակութեան զգացողութիւն կը յառաջացնէ:

ԸՆԹԵՐՑՈՒՄԸ կը սորվերցնէ կեդրոնանալ. անիկա կ՛ընդլայնէ մեր բառապաշարը, կը զարգացնէ երեւակայութիւնը եւ վերլուծելու ունակութիւնը: Ընթերցումը չի ձգեր, որ մեր ուղեղը բթանայ կամ ծուլանայ:

ՆՈՐ ԼԵԶՈՒ ՄԸ ՍՈՐՎԻԼԸ նոյնպէս կ՛օգնէ մեր ուղեղին աշխատանքի պահպանման եւ ճանաչողական անկումի յետաձգման:

Իտալացի Խոհարարին Կարծիքով

 Ինչպէ՞ս Յաջող Դդմաճ Պատրաստել

Երբ խօսքը կը վերաբերի դդմաճին, ո՞վ, եթէ ոչ` իտալացի խոհարարը, պիտի բացայայտէ յաջող դդմաճ պատրաստելու գաղտնիքները:

Իտալացի յայտնի խոհարար Մարիօ Ֆրիթթոլիի կարծիքով, դդմաճ պատրաստելը ինքնին արուեստ է: Պատրաստութեան ընթացքին աններելի սխալներ կրնան փճացնել ամբողջ կերակուրը: Ֆրիթթոլի կը թուէ յաճախակի սխալներ, որոնցմէ ամէն գնով պէտք է խուսափիլ:

– 1 –

Հրաժարեցէք պզտիկ կաթսայի մէջ դդմաճ խաշելէ: Դդմաճը եփի ընթացքին կը ծաւալի, հետեւաբար անիկա տարածութեան եւ առատ ջուրի պէտք ունի լաւ խաշելու համար:

– 2 –

Հրաժարեցէք դդմաճի խաշի ջուրին ձէթ աւելցնելէ: Հետագային ձէթը արգելք կ՛ըլլայ, որ պատրաստուած թացանը մասամբ ներծծուի դդմաճներուն կողմէ: Թացանը պարզապէս կը սահի անոնց վրայէն եւ ձեր կերակուրը սպասուած արդիւնքը չի տար: Թէեւ ձէթը կ՛արգիլէ, որ եփի ժամանակ դդմաճները իրարու փակչին, բայց աւելի ճիշդ տարբերակ է ձէթի փոխարէն աղ գործածելը:

– 3 –

Հրաժարեցէք դդմաճները եփի ջուրին աւելցնել, այնքան ատեն որ ջուրը տակաւին չէ եռացած:

Պաղ ջուրին մէջ աղը լաւ չի լուծուիր եւ հետեւաբար սպասուած արդիւնքը չի տար:

– 4 –

Զգուշացէք դդմաճները ճշդուած ժամանակէն աւելի երկար խաշելէ: Քամոցէ անցնելէ ետք անոնք խմորի կոյտի մը կը վերածուին:

– 5 –

Մի՛ մոռնաք նախքան քամոցէ անցընելը դդմաճի եփի ջուրէն սուրճի գաւաթ մը մէկ կողմ դնելու: Այդ ջուրը հետագային օգտագործեցէք դդմաճի թացանին պատրաստութեան ընթացքին` թացանը նօսրացնելու համար:

– 6 –

Մի՛ մոռնաք եփի ընթացքին մէկ կամ երկու անգամ դդմաճները խառնելու, որպէսզի վստահ ըլլաք, որ անոնք իրարու չեն փակած եւ համաչափ կ՛եփին:

– 7 –

Մի՛ պաղջրէք քամոցէ անցած դդմաճները, այլ անմիջապէս աւելցուցէք նախապէս պատրաստուած թացանին ու լաւ խառնեցէք:

Շատերուս համար շատ սովորական կը թուին այս թելադրանքները, բայց երբեմն զանազան պատճառներով կ՛աճապարենք ու բացթողումներ կ՛ընենք եւ յետոյ կը զարմանանք, թէ ինչո՛ւ սպասուած արդիւնքին չհասանք:

Առողջապահական

Բարձր Իւղայնութեամբ 5 Մթերք,
Որոնք Օգտակար Են Մեր Առողջութեան

Բարձր իւղայնութեամբ մթերքը սովորաբար համարուած է վնասակար առողջութեան համար, սակայն սննդագէտները կը պնդեն, որ ճարպերը միշտ ալ վտանգաւոր չեն, նոյնիսկ կենդանական ծագում ունեցող ճարպերը կրնան բաւական օգտակար ըլլալ, եւ հետեւաբար թելադրելի է զանոնք որոշակի քանակութեամբ ներառել մեր սննդակարգին մէջ:

Ճարպերէն ամբողջովին հրաժարիլը սխալ է, քանի որ անոնք ուժանիւթի աղբիւր են, անոնք կը խթանեն ֆիզիքական եւ մտային գործունէութիւնը: Ճարպերը սննդակարգէն բացառելը կրնայ առողջական լուրջ հարցեր ստեղծել, հետեւաբար պէտք է զանոնք չափաւոր քանակութեամբ եւ խելամտօրէն օգտագործել ու օգտուիլ անոնց առողջարար բարիքներէն: Եւ այսպէս`

1.- ԻՒՂՈՏ ՁԿՆԱՏԵՍԱԿՆԵՐ, որոնք հարուստ են օմեկա 3 ճարպաթթուներով, եւ որոնց շնորհիւ կը բարելաւուի սրտանօթային համակարգի վիճակն ու ճանաչողական առողջութիւնը:

2.- ԱՒՈՔԱՆ հարուստ է ոչ միայն ճարպաթթուներով, այլեւ` սպիտակուցներով եւ հակաօքսիտաններով: Աւոքային հարուստ բաղադրութիւնը կը պաշտպանէ բորբոքային բնոյթ ունեցող հիւանդութիւններէն, նաեւ կը պաշտպանէ մորթը` կանխահաս ծերացումէ:

3.- ՊԱՆԻՐԸ ունի բարձր իւղայնութիւն, սակայն անիկա կիրի հիանալի աղբիւր է: Յատկապէս օգտակար են պանիրի պինդ տեսակները` փարմըզանը, չետըրը եւ այլն…

4.- ԸՆԿՈՒԶԵՂԷՆԸ եւս օմեկա 3-ի աղբիւր է: Ընկուզեղէնները նաեւ կը պարունակեն մեծ քանակութեամբ սպիտակուցներ եւ մանրաթելեր: Օրական կէս ափ ընկուզեղէն ուտելը համարուած է արեան մէջ շաքարի մակարդակը կայուն պահելու հիանալի միջոց:

5.- ՄԱԾՈՒՆԸ, չափաւոր ուտելու պարագային, կը բարելաւէ սրտանօթային համակարգին վիճակը եւ կ՛ապահովէ մարսողական համակարգին եւ մանաւանդ աղիքներուն առողջ գործունէութիւնը:

Թէեւ նիւթը գիտական հիմքեր ունի, սակայն միշտ ալ թելադրելի է ձեր առողջական վիճակին ծանօթ բժիշկին կարծիքին դիմել` նախքան որեւէ քայլ առնելը:

Խոհագիր

Կիտրոնով Կարկանդակ

Բաղադրիչներ

– 200 կրամ ալիւր
– 150 կրամ շաքար
– 1 կիտրոն
– 4 հաւկիթ
– 100 կրամ հալած կարագ
– 2.5 թէյի դգալ թթխմոր

Պատրաստութիւն

Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:

Թեթեւ կրակի վրայ հալեցնել կարագը:

Պատրաստել կիտրոնի տաշուքը եւ հիւթը:

Խորունկ ամանի մը մէջ լեցնել մաղէ անցած ալիւրը, շաքարն ու թթխմորը եւ խառնել: Ապա աւելցնել հաւկիթները եւ ձեռքի հարիչով լաւ հարել, մինչեւ որ միատարր խմոր մը ստացուի:

Խմորին աւելցնել հալած կարագը, կիտրոնի կեղեւին տաշուքը եւ հիւթը, դարձեալ խառնել եւ ստացուած խմորը լեցնել նախապէս կարագով ծեփուած կաղապարի մը մէջ եւ տաք փուռին մէջ եփել շուրջ 40 վայրկեան:

Փուռէն ելած կարկանդակը ձգել, որ պաղի, ապա փոխադրել ներկայանալի, բաց ամանի մը մէջ, երեսը փոշի շաքար մաղել ու մատուցել:

*
*  *

Շաբթուան Մտածումը

Մարդիկ չեն տառապիր, այլ իրենք զիրենք կը տառապեցնեն: Իրենց անձը կը տառապեցնեն, որովհետեւ չեն գիտեր, թէ հակազդելու համար` պէտք է տեսնել, վայելելու համար` պէտք է ճանչնալ, եւ տիրանալու համար` պէտք է տալ: Գեղեցիկ հոգի մը վայելելու համար պէտք է գեղեցկացած ըլլալ, ազնուական կեանք մը գնահատելու համար` պէտք է նոյն բարձունքին հասած ըլլալ, եւ նոյն բարձունքին հասնելու համար` պէտք է ճանչնալ ինքզինքը:

ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles