Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Հետազօտութիւնները Կը Վկայեն…

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Հիւսելու Առաւելութիւնները

Հարվըրտ համալսարանի հետազօտողներու կարծիքով, հիւսելը դրական ազդեցութիւն ունի մեր առողջութեան վրայ: Փրոֆեսէօր Հերպըրթ Պենսոնի կարծիքով, հիւսելը, որ առհասարակ մեծ մայրիկներու զբաղում համարուած է, յանձնարարելի է բոլորին` ընկճախտը յաղթահարելու համար:

Պենսոնի կողմէ կատարուած հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ անոնք, որոնք արդէն 70 տարիքը թեւակոխած են, բայց կը շարունակեն օգտագործել իրենց ձեռքերը` ըլլայ հիւսելով, դաշնամուր նուագելով, խեցեգործութեամբ զբաղելով, նուազ ենթակայ են մեղմ ճանաչողական  խանգարումներու եւ յիշողութեան կորուստի:

Հետաքրքրական է նաեւ այն վարկածը, որ հիւսելը կը կանխէ արթրիտի յառաջացումը եւ հոյակապ մարզանք է ձեռքի մատներու յօդերուն համար:

Զարմանալի է սակայն, Շիքակոյի համալսարանի հետազօտողներու կարծիքով, հիւսելը ծխախոտէն հրաժարելու 10 լաւագոյն միջոցներէն մէկն է: Այս հանգստացնող ու գրաւիչ զբաղումը կ՛օգնէ զսպելու ծխելու փափաքը:

Տունը Կոկելու Առաւելութիւնները

եթէ անկարգութիւնն ու խառնաշփոթը կ՛արտացոլացնեն բացասական պատկերներ, կարգն ու կանոնը կը ստեղծեն` ներդաշնակութիւն, ջերմութիւն, ուրախութիւն:

Բազմաթիւ գիտական ուսումնասիրութիւններ ապացուցած են, որ կոկիկ միջավայր ունենալը կ՛օգնէ նուազեցնելու ընկճախտը: Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիայի համալսարանի (UCLA)-ի մէկ հետազօտութեան համաձայն, քորթիզոլի մակարդակը (ընկճախտի հորմոն) աւելի բարձր է թափթփած տուներու մէջ ապրող կիներուն մօտ: Իսկ տունը մաքրելու, կոկելու աշխատանքը շատ արժանիքներ ունի բարեկեցութեան վրայ:

Այլ հետազօտութիւններ հաստատած են, որ կանոնակարգուած միջավայրի մէջ աշխատող մարդիկ աւելի դիւրին կատարած են իրենց առաջադրանքները, մինչդեռ, ընդհակառակը, անկարգ ու խառնաշփոթ միջավայրի մէջ աշխատողները աւելի դժուարութեամբ կեդրոնացած են իրենց առաջադրանքներուն վրայ:

Կ՛ըսուի, թէ կոկիկ տունը լաւ կազմակերպուած մտաւոր տարածութեան արտացոլացումն է: Տունը կոկելու առաքելութիւնը աւարտելէ ետք մենք մտովին եւ հոգեպէս հանգիստ կը զգանք, կը բարձրանան մեր ինքնագնահատականն ու տրամադրութիւնը:

Գեղեցկագիտական

 Ձմերուկով Դէմքի Ծեփուկներ

Հակաօքսիտաններով, ինչպէս նաեւ Ա., Սէ. եւ Պէ. 6 կենսանիւթերով հարուստ ձմերուկը կը խթանէ քոլլաժենի արտադրութիւնը եւ կը պաշտպանէ մորթը վաղաժամ ծերացումէ: Հոլիվուտի բազմաթիւ աստղեր կը խոստովանին, որ իրենց առողջ տեսքով մորթը կը պարտին ձմերուկին եւ յաճախ կ՛օգտագործեն ձմերուկով ծեփուկներ:

– Առաջին տարբերակ` բոլոր տեսակի մորթերուն համար:

Առնել ձմերուկի միջակ շերտ մը, պատառաքաղով ճզմել, աւելցնել թէյի դգալ մը մեղր եւ խառնել: Ստացուած թանձրուկը տարածել դէմքին եւ վիզին վրայ, սպասել 20 վայրկեան, ապա ցօղուել գաղջ ջուրով: Այս տարբերակը առողջ եւ թարմ տեսք կու տայ ձեր մորթին:

– Երկրորդ տարբերակ` բշտիկները դարմանելու համար:

Պատառաքաղով ճզմել ձմերուկի շերտ մը, աւելցնել կէս պանան, դարձեալ ճզմել եւ ստացուած թանձրուկը տարածել դէմքին վրայ, սպասել 15 վայրկեան, յետոյ ցօղուել գաղջ ջուրով: Այս տարբերակը կրկնել շաբաթը 2-3 անգամ` բշտիկներէն ձերբազատելու համար:

– Երրորդ տարբերակ` չոր եւ ջրազրկուած մորթի համար:

Պատառաքաղով ճզմել ձմերուկի շերտ մը, աւելցնել ապուրի դգալ մը մածուն, ստացուած ծեփուկը տարածել դէմքին եւ վիզին վրայ. սպասել քառորդ ժամ, ապա ցօղուել գաղջ ջուրով: Այս տարբերակը յանձնարարելի է յատկապէս ամրան եղանակին եւ ծովափէն վերադարձին:

Գիտէ՞ք, թէ…

Ձմերուկին կեղեւը հարուստ է կենսանիւթերով եւ հանքայիններով, այսուհետեւ երբե՛ք չթափէք զայն:

Շուկայէն բերուած ձմերուկը լուացէք, կտրեցէք, իսկ մէկ կողմ դրուած կեղեւէն կտոր մը կտրեցէք ու անոր ներսի մասով շփեցէք ձեր դէմքը` թեթեւ, շրջանաձեւ շարժումներով:

Այս մարձումը կ՛աշխուժացնէ արեան շրջագայութիւնը, կը մաքրէ մաշկը եւ անհրաժեշտ սնունդ կը հայթայթէ ջրազրկուած, խամրած մորթին:

Իսկ ծովափէն վերադարձին մակերեսային այրուածքները դարմանելու եւ զովանալու համար պաղ ձմերուկի շերտով մը թեթեւակի շփեցէք վնասուած մորթը:

Ձեռային Աշխատանք

Գինիի Խցաններուն
Երկրորդ Կեանք Մը Տուէք

Եթէ ձեռքի տակ ունիք գինիի խցաններ եւ չէք գիտեր` ինչպէ՛ս ձերբազատիլ անոնցմէ, թափելու փոխարէն` երկրորդ կեանք մը տուէք անոնց: Հնարամիտ մարդիկ ինչե՜ր ստեղծած են այդ սովորական խցաններով. ծանօթացէք անոնցմէ մէկ քանիին եւ նայած ձեր խցաններու քանակին` փորձեցէք որպէսզի ժամանց վերարտադրել անոնցմէ մէկը:

Դուք հնարաւորութիւնը ունիք պատրաստելու` ա) բջիջային յենարան բ) տակդիր գ) բաղնիքի գորգ դ) դգալեղէնի աման ե) ականջակալի պահպանակ զ) ծաղկամանի ծածկոյթ:

Չմոռնանք, որ ձեռային աշխատանքը կը զարգացնէ ձեր ձեռային հմտութիւնները, ձեզ ժամանակաւոր կ՛անջատէ առօրեայ հոգերէն եւ ամէնէն կարեւորը` աշխատանքի աւարտին կը բարձրացնէ ձեր տրամադրութիւնն ու ինքնագնահատականը:

Խոհանոցային Սխալներ, Որոնք
Կրնան Վնասել Մեր Առողջութեան

Տնտեսուհիներուն համար խոհանոցը այն վայրն է, ուր անոնք կը դրսեւորեն իրենց խոհարարական հմտութիւնները: Խոհանոցը տանտիկնոջ թագաւորութիւնն է, ուր միայն իր օրէնքները կը գործեն…

Բայց յաճախ ամենալաւ տանտիկինը անգամ խոհանոցին մէջ սխալներ կը գործէ. իսկ այդ սխալները կրնան ծանր հետեւանքներ ունենալ մեր առողջութեան վրայ:

Եկէք. պարզենք մէկ քանին:

1

– Մէկ կտրատելու տախտակ` ամէն ինչի համար:

Յանձնարարելի է առնուազն երկու տախտակ օգտագործել, մէկը բանջարեղէններու եւ պտուղներու համար, միւսը` մսեղէններուն: Թէեւ փայտեայ աշխատանքի տախտակները աւելի առողջապահական են, քան փլասթիք տարբերակները, սակայն վերջինները աւելի դիւրին կը մաքրուին, մինչդեռ փայտեայ տեսակները իրենց մէջ կը պահեն մթերքներուն հոտն ու հիւթը:

Ինչ ալ ըլլայ աշխատանքի տախտակին տեսակը, պարտադիր է զայն հականեխել իւրաքանչիւր գործածութենէ անմիջապէս ետք:

2

– Հում ուտեստը համտեսել:

Ասիկա անթոյլատրելի է, յատկապէս` ամրան եղանակին: Հում մթերքներուն մէջ (միս, ձուկ, հաւ, ծովային պտուղ…) կրնան վարակներ ըլլալ եւ սննդային թունաւորում պատճառել:

3

– Ստուգել, թէ ուտելիքը արդեօք փճացա՞ծ է:

Եթէ թէկուզ չնչին կասկածներ ունիք, որ մթերքը փճացած է, աւելի լաւ է` զայն թափէք եւ փորձարկումներ չընէք ձեր ստամոքսին հաշուոյն…

4

– Ձեռքերը յաճախ չլուալը:

Տարբեր մթերքներու հետ աշխատելու ընթացքին, իւրաքանչիւր փուլէ ետք պէտք է ձեռքերը լուալ տաք ջուրով եւ օճառով: Նաեւ` աղտոտ ձեռքերով չբռնել համեմներու զանազան ամանները, սառնարանին բռնակը եւ այլն…

5

– Կերակուրը երկար ժամեր սառնարանէն դուրս պահել:

Տաք ճաշը սառնարանէն դուրս կարելի է պահել 1-2 ժամէն ոչ աւելի, յատկապէս` ամրան եղանակին: Բացօթեայ միջավայրի մէջ երկար մնալու պարագային, կրնայ թունաւորումի պատճառ դառնալ:

6

– Յաճախակի չփոխել ամանեղէն լուալու սպունգը:

Սպունգները խոհանոցի ամենակեղտոտ իրերէն են, անոնց վրայ տեւաբար մանրէներ կը կուտակուին: Զանոնք պէտք է մանրէազերծել օրական, եւ երկու շաբաթը անգամ մը փոխարինել նորով մը:

7

– Խոհանոցին մէջ քանի մը օրուան աղբ կուտակելը:

Օրական թափեցէք աղբը եւ հականեխեցէք աղբամանը: Աղբը սիրելի միջավայր է մանրէներուն, ճանճերուն եւ ուտիճներուն:

Խոհագիր

 Բանջարեղէնով Շօթեր

Բաղադրիչներ

2 միջակ չափի գետնախնձոր
2 դդում
2 ստեպղին
1 հաւկիթ
3 ցօղուն կանաչ սոխ
2 ապուրի դգալ տաշուած պանիր
1 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
Աղ, սեւ պղպեղ, քիմիոն, կարմիր փոշի պղպեղ

Պատրաստութիւն

Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:

Բանջարեղէնները քերոցէ անցընել, երկու ափերուն միջեւ ամուր քամել, որպէսզի աւելորդ հիւթը սուզուի, ապա խորունկ ամանի մը մէջ փոխադրել:

Աւելցնել` մանրուած կանաչ սոխը, հաւկիթը, տաշուած պանիրն ու համեմները եւ լաւ խառնել:

Փուռի ափսէին երեսը մոմ-թուղթով ծածկել եւ ստացուած բանջարեղէնի թանձրուկը դգալի միջոցով համաչափ ձեւաւորել` քիչ մը տափակցնելով:

Նախապէս տաքցուած փուռին մէջ եփել շուրջ կէս ժամը` երկու երեսով:

Երբ երկու երեսով ոսկեգոյն դառնան փոխադրել ներկայանալի ամանի մը մէջ: Բանջարեղէնով շօթերուն կողքին կարելի է ըստ ճաշակի թաթխան մը մատուցել:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Եթէ Կամենաս

Եթէ կամենաս, եթէ հաւատաս`
Գալիքը լոյս է.
Եւ մինչեւ անգամ մահը վաղահաս
Յարութեան յոյս է…

Ես գուցէ իյնամ երազի ճամբան,
Ինձ համար ուշ է.
Բայց դուն կը տեսնես պայծառ ապագան,
Որ այսօր յուշ է…

Եթէ ականջ տաս հայոց լեռներուն`
Սիրտը ժիր զանգ է.
Եւ մինչեւ անգամ օտար տեղ ու տուն
Հայրենի վանք է…

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>