Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը, որ յայտնի է նաեւ որպէս խաղողօրհնէքի տօն, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ 5 տաղաւար տօներէն չորրորդն է եւ Տիրամօր նուիրուած տօներէն ամենահինը:
Տօնը կը նշուի օգոստոսի 15-ի մերձակայ կիրակի օրը եւ ունի շաբաթապահք, նաւակատիք եւ մեռելոց:
Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին օրը բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պատարագ կը մատուցուի, որմէ ետք կը կատարուի խաղողօրհնէք:
Խաղողօրհնէք
Ինչպէս արտօնուած չէր խնձոր ուտելը մինչեւ Վարդավառ, այնպէս ալ արտօնուած չէր խաղող ուտել մինչեւ օգոստոս 15-ին նախորդող կամ յաջորդող կիրակին` խաղողօրհնէքի տօնը:
Աշխարհի տարբեր ժողովուրդներու մօտ աւանդաբար պահպանուած սովորութիւն կար հասունցած առաջին բերքը, առաջին պտուղները զոհաբերել ուխտավայրի եւ յետոյ միայն կարելի էր ուտել: Հայերուս մօտ տարբեր տօներու զոհաբերուող ուտելիքներէն էին հաւկիթը` Զատիկին, կաթնովը` Համբարձումին, հասկերն ու խնձորը` Վարդավառին, հատեղէնները` Նոր տարիին, չոր ու թարմ զանազան պտուղները` Տեառնընդառաջին եւ Ս. Սարգիսին, իսկ խաղողին կամ խաղողաքաղին նուիրուած էր յատուկ տօն` «Խաղողօրհնէք»:
Կարգ մը ազգագրագէտներու կարծիքով, խաղողօրհնէքի աւանդութիւնը կու գայ նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջանէն: Խաղողօրհնէքը անցեալին եղած է պտղաբերութեան եւ մայրութեան աստուածուհի` Անահիտի փառաբանման օրը: Այդ օրը մարդիկ մատաղ կ՛ընէին եւ Անահիտին կը զոհաբերէին իրենց առաջին բերքը: Հետագային, քրիստոնէական շրջանին, խաղողօրհնէքի տօնը եկեղեցին միացուց Աստուածածնի Վերափոխման տօնին:
Խաղողօրհնէքի Աւանդութիւններ
– Քրիստոնէութեան շրջանին ընդհանրացած սովորութիւն էր առաջին խաղողի ողկոյզները քահանային օրհնել տալ:
– Խաղողօրհնէքի տօնակատարութիւնը շրջանէ շրջան կը տարբերէր: Օրինակ` Քեսապի մէջ շաբաթ օրը բոլոր թոնիրները կը վառէին, եւ կիները ձէթով բոկեղ կը թխէին. բոկեղին բոյրը կը դառնար տօնին ուղեկիցը: Կիրակի առաւօտեան տղամարդիկ խաղող, իսկ կիներ բոկեղ կը տանէին եկեղեցի:
– Դարձեալ Քեսապի մէջ, կիրակի անպայման սմբուկով ու սիսեռով ճաշ կ՛եփէին: Այդ սմբուկը սովորաբար տարուան առաջին բերքը կ՛ըլլար: Այս ճաշատեսակը այնքան տարածուած էր, որ շրջակայքի թուրքերը Աստուածածնի տօնը «Պատընճան պայրամ» կը կոչէին:
– Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ տեղացիները օրերով կը պատրաստուէին օգոստոսեան ուխտագնացութեան, իսկ բուն տօնին օրը մտերիմներ, ծանօթներ, ազգականներ նախապէս ընտրելով իրենց տօնական ուխտավայրը` ճամբայ կ՛իյնային, երբեմն ամբողջ գիշեր մը քաղելով, որպէսզի արեւածագը դիմաւորեն նշուած վայրին մէջ:
– Արեւածագը դիմաւորած ուխտաւորներէն մաս մը սեղան կը պատրաստէր, մաս մը մատաղով կը զբաղէր, իսկ երիտասարդները լախտի, ըմբշամարտ, գօտեմարտ եւ այլ խաղեր կը կազմակերպէին, շատեր ալ կը պարէին:
– Կէսօրին ուխտաւորները խումբերով կը նստէին խնճոյքի սեղանին շուրջ, որ ճոխացուած կ՛ըլլար համադամ կերակուրներով, առատ միրգով, գաթայով, հալվայով եւ անշուշտ` մատաղի միսով:
– Յատկապէս խնամիները խիստ պարտաւորուած էին զիրար պատուել. իսկ նորապսակ հարսը կամ նշանուած աղջիկը ամուսինին կամ փեսացուին ազգականներէն կը ստանար մեծաքանակ սկուտեղներ, միրգեր եւ այլն…
***
Աստուածածնայ տօնին յաջորդող օրը մեռելոց է: Բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հանգուցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար հոգեհանգստեան պատարագ կը մատուցուի, որմէ ետք հաւատացեալները կ՛այցելեն իրենց հարազատներուն շիրիմները:
Ըստ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ, Աստուածածնի տօնին տօնելի են` Մարի, Մարիամ, Մարօ, Մարինէ, Տիրուհի, Սրբուհի, Թագուհի, Լուսիկ, Արեւիկ, Աղաւնի, Մարգարիտ, Նազելի, Պերճուհի, Արշալոյս, Գեղանի… անունները:
Զարդատուփի Մը Պատմութիւնը
Գրագէտ Դերենիկ Տեմիրճեանի տուն-թանգարանին մէջ ցուցադրուած է զարդատուփ մը, որ յատուկ նշանակութիւն ունէր գրագէտին համար:
Դեմիրճեանին ծնողները տարբեր ընկերային խաւերէ էին: Մայրը` Նաթալիան, ազնուական ընտանիքի զաւակ, զարգացած երիտասարդուհի էր եւ Թիֆլիս կ՛ապրէր, մինչ հայրը` Կարապետը, անուս, համեստ ախալքալաքցի էր: Նաթալիային հայրը, որ դէմ էր այդ ամուսնութեան, աղջիկը կը զրկէ օժիտէ, սակայն մայրը ամուսինէն գաղտնի թանկարժէք զարդեղէններով լեցուն զարդատուփ մը կու տայ իր աղջկան:
Հետագային անոնք այդ զարդերը վաճառելով կը հոգան իրենց 6 զաւակներուն ուսման ծախսերը:
Դերենիկ Տեմիրճեան մօր իրերը մասունքի նման մեծ գուրգուրանքով կը պահէր:
Հետաքրքրական
«Սիլվոթերափի»-ն Կամ` Ինչպէ՞ս
Ծառերը Կը Նպաստեն
Բարեկեցութեան Եւ Առողջութեան
Սիլվոթերափին («silva», որ լատիներէն կը նշանակէ անտառ եւ «therapeia» դարմանում) ոչ աւանդական միջոց է, որ պարզապէս կը ներառէ բնութեան հետ կապը` անտառին մէջ քալելով կամ խոկալով:
Սիլվոթերափին շատ տարածուած է Ճափոնի մէջ, ուր անիկա կը կիրարկուի 1980-ականներէն ի վեր եւ ծանօթ է որպէս «Շինրին եոքու», որ բառացիօրէն անտառային լոգանք կը նշանակէ:
2007-ին Քիոթոյի համալսարանի ճափոնցի հետազօտողները ապացուցեցին, որ սիլվոթերափին կրնայ զգալիօրէն նուազեցնել քորթիզոլի` այսինքն ընկճախտի հորմոնի մակարդակը` անտառին մէջ զբօսնող մարդոց մօտ: Այս ոչ աւանդական միջոցը կը նուազեցնէ ջղային լարուածութիւնը, կը բարելաւէ կեդրոնացումը, ուշադրութիւնը եւ դիմադրողական համակարգը:
Ինչպէ՞ս Կիրարկել Սիլվոթերափին
Վերը յիշուած բոլոր բարիքներէն օգտուելու համար անհրաժեշտ է իմանալ`
– Սիլվոթերափին պէտք է կիրարկել շաբաթական դրութեամբ:
– Պարտաւոր չէ անտառ երթալ այս դարմանամիջոցէն օգտուելու համար: Պարզապէս պէտք է գտնել ծառերով զբօսայգի, հանրային պարտէզ եւ այլն…
– Սիլվոթերափիէն առաւելագոյնս օգտուելու համար պէտք է շուրջ կէս օր տրամադրել ամբողջովին անջատուելով արտաքին աշխարհէն:
– Բնութեան հետ կապուելու համար կարելի է դիմել խոկումի, շնչառական վարժութիւններու, կամ պարզապէս ուշադիր լսել անտառին ձայները, դիտել բոյսերն ու անասունները… Կարելի է մինչեւ իսկ քանի մը վայրկեան գրկել, փաթթուիլ նախասիրած ծառին` աւելի խոր կապ զգալու համար բնութեան հետ: Գրկախառնութեան ընթացքին պէտք է հանգիստ շնչել եւ կեդրոնանալ այդ պահու զգացումներուն վրայ:
Իւրաքանչիւր Ծառ Ունի Իր Արժանիքները
Ապացուցուած է, որ բոլոր ծառերը նոյն ուժն ու արժանիքները չունի. անոնցմէ իւրաքանչիւրը օժտուած է հետաքրքրական յատկանիշով մը. եւ այսպէս`
– ԿԱՂՆԻՆ հոգեկան խաղաղութիւն կը պարգեւէ:
– ԿԵՉԻՆ ինքնագնահատականը կը բարձրացնէ:
– ՇԱԳԱՆԱԿԵՆԻՆ միտքերը կը հաւասարակշռէ:
– ՍՈՃԻՆ կենսունակութիւն եւ դիմադրութիւն կը հաղորդէ:
Շարքը երկար է, բաւարարուինք այսքանով:
Գիտէի՞ք, Թէ…
Բարտին անցեալին հայերուս մէջ համարուեր է «կենաց ծառ» եւ պատկերուեր է պրոնզէ գօտիներու, արքայական սաղաւարտներու եւ որմնանկարներու վրայ: Հեթանոսական շրջանին գոյութիւն ունեցեր է բարտիի պաշտամունք, որ գոյատեւեր է մինչեւ 12-րդ դար:
Անցեալին եւ ներկայիս բարտին կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդին յաւերժութիւնը, անոր կենսունակ ոգին ու անկոտրում կամքը եւ գեղարուեստական մարմնաւորում ստացեր բանաստեղծներ Դանիէլ Վարուժանի, Վատան Տէրեանի, Եղիշէ Չարենցի եւ Համօ Սահեանի ստեղծագործութիւններուն մէջ:
Ձեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ
– Երբեւէ նկատե՞ր էք, որ ձեր կաթսային կամ տապակին բռնակին վրայ կայ կլոր բացուածք մը, զոր կրնաք օգտագործել ձեր փայտեայ դգալը հաստատելու համար:
***
– Հինգ աստղանի պանդոկներու ինչպէս եւ շատ մը տուներու մէջ հագուստի կախիչները փայտեայ են եւ ոչ մետաղեայ կամ կերպընկալէ պատճառը պարզ է, փայտէ կախիչները ցեցը վանելու յատկութիւն ունին: Հետեւաբար ուշ չէ այս նոր գիտելիքէն օգտուելու համար:
***
– Շատ մը ուսապարկերու կռնակին կան զոյգ մը օղակներ: Ասոնք զարդեր չեն եւ գեղագիտական նպատակ չունին: Պարզապէս եղած են, որպէսզի մարզական կօշիկները հաստատուին:
***
– Դդմաճեղէնի շերեփին կեդրոնի բացուածքը եւս նպատակ ունի: Անիկա կ՛օգնէ, որ գիտնաք, թէ որքա՛ն դդմաճ պիտի խաշէք տուեալ ընթրիքի մը համար: Դգալին մէջտեղի բացուածքը կը համապատասխանէ մէկ անձի չափաբաժինին:
***
– Երբեւէ նկատե՞ր էք, որ «թիք-թաք»-ի տուփի կափարիչին ներսի կողմը փոսիկ մը կայ, շրջեցէք տուփը եւ փորձեցէք շաքարը պահել այդ փոսիկին մէջ. այլապէս շաքարները կը թափթփին ձեր ափին մէջ եւ ստիպուած կ՛ըլլաք զանոնք կրկին լեցնելու տուփիկին մէջ:
Խոհագիր
Առանց Կարագի Կրկնեփ
200 կ ալիւր
125 կ շաքար
2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
4 ապուրի դգալ մեղր
2 հաւկիթ
1 թէյի դգալ փոշի կասիա
Պատրաստութիւն
Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:
Խորունկ ամանի մը մէջ հարել հաւկիթներն ու շաքարը, մինչեւ որ զանգուածը ճերմկի:
Աւելցնել մաղէ անցած ալիւրը, ձէթը, մեղրը եւ կասիա ու լաւ խառնել: Ստացուած խմորը ձգել, որ հանգչի շուրջ 10 վայրկեան:
Խմորը գրտնակել եւ կրկնեփի կաղապարով զայն ձեւաւորել:
Ձեւաւորուած խմորները շարել թխելու ափսէին վրայ եւ նախապէս տաքցուած փուռին մէջ եփել շուրջ 18 վայրկեան:
Թէեւ բաղադրատոմսին մէջ չէ յիշուած, սակայն կարելի է կրկնեփներուն երեսը հարած հաւկիթով ծեփել` նախքան փուռ փոխադրելը: Ինչպէս գիտենք, հաւկիթը յաւելեալ փայլ եւ գոյն կու տայ թքուածքներուն:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Թէ Հրաշքով
Թէ հրաշքով ճամբաս տանի
Դէպի Եփրատ ու մանկութիւն,
Հոտոտելով քեզ կը գտնեմ,
Հայրենական փոքրիկ իմ տուն:
Այն կապոյտից ու այն ոսկուց,
Որ ջրերին էին թառում,
Կը ճանաչեմ ու կը գտնեմ
Իմ մանկութեան ոսկէ առուն:
Հազարի մէջ կը ճանաչեմ
Իմ մանկութեան բարակ բարդին,
Որ խշշում էր երկինքն ի վեր,
Երկինքն առած իր սաղարթին:
Եւ օդի մէջ, ոլորտի մէջ,
Հովերի մէջ լուսաբացի
Ես կը գտնեմ բոյրերը տաք
Մեր տան ծխի ու մեր հացի:
Թէ հրաշքով ճամբաս տանի
Դէպի Եփրատ ու մանկութիւն,
Հոտոտելով քեզ կը գտնեմ,
Հայրենական փոքրիկ իմ տուն:
ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ
Այսօր (15 օգոստոս 1922), բանաստեղծ, թարգմանիչ, հրապարակախօս, խմբագիր Վահագն Դաւթեանի ծննդեան օրն է: