Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ամերիկեան «Վոկ» ամսաթերթը յօդուած տրամադրած է հայ կին շեֆ խոհարարուհիներու, որոնք վերաիմաստաւորած են ազգային խոհանոցը` անոր մէջ ժամանակակից շեշտադրումներ մտցնելով:
Խօսքը կը վերաբերի Արեւիկ Մարտիրոսեանին, Վարդա Աւետիսեանին եւ Անի Յարութիւնեանին` խոհարարական կալուածէն ներս, Մարիամ Սաղաթելեանին` գինեգործութեան եւ Մարինա Շաքարեան-Միքայէլեանին` պանրագործութեան կալուածներէն ներս իրենց ձեռքբերումներուն, հմտութեան եւ նորարարական մօտեցման համար:
Ստորեւ յօդուածէն կը մէջբերենք բաժիններ, որոնք կը վերաբերին Հայաստանին եւ հայկական խոհանոցին:
«… Հայաստանը յայտնի է իր հիւրընկալութեամբ. մտէք որեւէ հացի փուռ, եւ անոնք հաճոյքով ձեր պայուսակին մէջ երեք յաւելեալ հաց կը դնեն որպէս նուէր:
«… Հայկական խոհանոցը կ՛արտացոլացնէ երկրին հարուստ մշակոյթն ու բնական գեղեցկութիւնը: Յատկանշական ուտեստներէն են` փոքրիկ սփռոցի չափի թարմ թխած լաւաշ հացը, հիւթեղ ժինգեալով հացը եւ նրբահամ գաթան:
«… Գարնան բնութիւնը կը վերակենդանանայ, եւ մարդիկ կը բարձրանան սարերը` վայրի խոտաբոյսեր հաւաքելու համար: Տարեկան աւելի քան 300 արեւային օրերով եւ Սեւանայ լիճով Հայաստանը յայտնի է աշխարհի ամենահամեղ պտուղներով եւ բանջարեղէններով:
«… Հայաստանը նաեւ կը համարուի գինեգործութեան բնօրրան: Երկրին հարաւը գտնուող Արենի-1 քարանձաւին մէջ յայտնաբերուած է աշխարհի առաջին գինեգործարանը:
«… Բացի ճաշարաններէն եւ գինեգործարաններէն` ժամանակակից հայկական խոհանոցին մէջ արդէն կարեւոր տարր կը դառնայ պանրագործութիւնը»:
Եւ այսպէս, «Վոկ»-ի յօդուածագիրը կը գովաբանէ վերոյիշեալ 5 հայ կիները, որոնք կեդրոնանալով հանդերձ տեղական մթերքներու եւ հնագոյն բաղադրատոմսերու վրայ, զանոնք կը մատուցեն ժամանակակից ձեւերով` ընդգծելով մշակոյթի, բնութեան եւ համի կապը:
Հայ Խոհարարուհի Ժիւլիա Սետեֆճեանի Ճաշարանը
Երկրորդ Անգամ Ըլլալով Պարգեւատրուեցաւ «Միշըլեն»-ի Աստղով
Սիկիլիացի խոհարար Ժիւլիա Սետեֆճեանի Փարիզի «Baieta» ճաշարանը երկրորդ անգամ ըլլալով արժանացաւ հեղինակաւոր «Միշըլեն» աստղին:
Նշենք, որ Սետեֆճեանը ծնած է Նիս քաղաքը, հայրը հայ, իսկ մայրը սիկիլիացի է: Կ՛ենթադրուի, որ ան Ֆրանսայի ամենաերիտասարդ խոհարարն է, որ ստացեր է իր առաջին «Միշըլեն» աստղը` 21 տարեկանին:
2012-ին Ժիւլիան տեղափոխուած է Փարիզ եւ աշխատած է «Լէ Ֆապլ տը Լա Ֆոնթեն» ճաշարանը, նախ որպէս ենթախոհարար, իսկ յետոյ` որպէս գլխաւոր խոհարար, երբ ընդամէնը 20 տարեկան էր:
2018-ին Ժիւլիան Փարիզի մէջ բացաւ իր սեփական ճաշարանը «Baieta»-ն, ուր մատուցեց Նիսի դասական խոհանոցի հիանալի նմուշներ:
«Baieta»-ն իր առաջին «Միշըլեն» աստղը ստացաւ 2019-ին` բացումէն ընդամէնը 10 ամիս ետք:
Վերջերս, 2024-ին Ժիւլիային ճաշարանը երկրորդ անգամ ըլլալով արժանացաւ «Միշըլեն» աստղի գնահատականին:
Ոճաբանին Կարծիքով
«Թանկ» Տեսք Ունեցող Կնոջ
10 Յատկանիշներ
Ոճն ու վայելչութիւնը հասանելի են իւրաքանչիւր կնոջ` անկախ անոր ելեւմտական հնարաւորութիւններէն:
Երբ կը խօսուի ոճի եւ վայելչութեան մասին, շատեր կը կարծեն, որ անոնք մեծ գումարներ կը պահանջեն: Մինչդեռ ոճային ըլլալու համար պարտադիր չէ մեծ գումար ծախսել թանկարժէք ապրանքանիշներու եւ նորաձեւութեան աքսեսուարներու վրայ: Խօսքը աւելի շատ լաւ ճաշակի, զգեստապահարանի տարրերը համադրելու ունակութեան եւ ինքնավստահութեան մասին է:
Ոճաբան, նախկին մանըքեն եւ նորաձեւութեան խորհրդատու Քրիսթինա Քորտիւլայի կարծիքով, «թանկ» տեսք ունեցող կնոջ առանձնայատկութիւններն են`
1 – ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆԸ, որ ոճային եւ վայելուչ կնոջ հիմնական յատկանիշն է: Անկախ անկէ, թէ ի՛նչ հագած էք, կարեւորը այն է, որ կրէք ինքնավստահութեամբ: Վստահութիւնը ձեզ գրաւիչ կը դարձնէ եւ ձեր արտաքինին յատուկ հմայք կը հաղորդէ:
2 – ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԿՈԿԻԿՈՒԹԻՒՆԸ վայելուչ կնոջ կարեւոր առանձնայատկութիւններէն են: Նոյնիսկ ամենանորաձեւ եւ ոճային հագուստը աժան տեսք կ՛ունենայ, եթէ մաքուր եւ արդուկուած չէ, կամ վրան արատներ կան:
3 – ՊԱՐԶՈՒԹԻՒՆԸ միշտ աւելի թանկ տեսք կու տայ հագուստին եւ աքսեսուարներուն, քան` նախշերով եւ խճողուած աքսեսուարներով հանդերձանքը:
4 – ԴԱՍԱԿԱՆ ՈՃԸ միշտ ալ վայելչութիւն եւ շքեղութիւն կը հաղորդէ: Եւ այսպէս, փոքրիկ սեւ զգեստը, լաւ ձեւաւորուած բաճկոնը, սպիտակ շապիկը կամ կաշի պայուսակը կարելի է համադրել շատ մը բաներու հետ եւ օգտագործել երկար տարիներ` առանց երբեք հնաոճ դառնալու:
5 – ՈՐԱԿԵԱԼԻՆ նախապատուութիւն տալը միշտ ալ ճիշդ տարբերակն է. թէեւ որակեալը աւելի սուղ կ՛արժէ, սակայն անիկա աւելի երկար կը ծառայէ եւ մանաւանդ աւելի ոճային ու թանկ տեսք կը հաղորդէ ձեզի:
6 – ԿՕՇԻԿՆԵՐԸ մեծ կարեւորութիւն ունին կերպար ստեղծելու համար: Որակաւոր, մաքուր եւ խնամուած կօշիկները մեծապէս կը բարելաւեն ձեր ընդհանուր տեսքը: Թելադրելի է ունենաք մէկ կամ երկու որակաւոր կօշիկ, քան` տասնեակ մը աժան տեսքով «նորաձեւ» կօշիկներ:
7 – ԴԻՄԱՅԱՐԴԱՐՈՒՄԸ պէտք է ըլլայ բնական. ընտրեցէք չէզոք եւ դասական երանգներ, որոնք կը համապատասխանեն ձեր մորթի տեսակին, մազերու գոյնին եւ տարիքին: Կարեւոր է ընդգծել բնական գեղեցկութիւնը եւ նախապատուութիւնը տալ մորթի խնամքին, քան` խճողուաթծ գոյներուն:
8 – ԱՔՍԵՍՈՒԱՐՆԵՐԸ կրնան նոյնիսկ ամենապարզ հանդերձանքը ոճային եւ վայելուչ դարձնել: Եւ այսպէս, որակեալ ժամացոյց մը, ոճային ակնոցներ, գեղեցիկ վզկապ մը, կամ վայելուչ զարդեր կրնան որոշ երանգ հաղորդել ձեր տեսքին եւ զայն աւելի շքեղ դարձնել:
9 – ԼԱՒ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆ ու վայելուչ շարժումները ոճային կնոջ ոչ պակաս կարեւոր յատկանիշներն են: Կանգնեցէք ուղիղ, քալեցէք ինքնավստահ եւ խուսափեցէք կոպիտ ու անշնորհք շարժումներէն:
Թեթեւակի ժպտեցէք, ձեր գլուխը բարձր պահեցէք եւ ուղիղ նայեցէք ձեր խօսակիցին աչքերուն մէջ:
10 – ԼԵԶՈՒԻՆ ԵՒ ԲԱՌԱՊԱՇԱՐԻՆ հոգ տարէք: Նոյնիսկ ամենամօտիկ շրջանակներու մէջ խուսափեցէք կոպիտ, ոչ կանացի արտայայտութիւններէն, հայհոյանքներէն եւ տհաճ կատակներէն: Արտայայտուեցէք մաքուր լեզուով, ձեր խօսակիցները մի՛ ընդմիջէք, հնարաւորութիւն տուէք ուրիշներուն արտայայտուելու եւ կարծիք յայտնելու:
Շատախօսութիւնը եւ գռեհիկ լեզուն վայրկեանի մը մէջ կը քանդեն ձեր ամբողջ կառուցածը:
Ինչպէ՞ս Տղամարդու Շապիկի Մը
Երկրորդ Կեանք Մը Տալ
Եթէ ձեռքի տակ ունիք տղամարդու շապիկ մը, որ զանազան պատճառներով անգործածելի համարուած է, թափելու կամ ուրիշին տալու փոխարէն` երկրորդ կեանք մը տուէք անոր եւ պատրաստեցէք նոր ու հետաքրքրական իրեր, որոնք կրնան կացութիւն փրկել եւ դիւրացնել ձեր առօրեան:
Տեսէ՛ք, թէ հնարամիտ եւ ստեղծագործ մարդիկ ինչե՜ր պատրաստեր են տղամարդու սովորական շապիկէ մը.
Ա.- Շատ ոճային շուկայի պայուսակ,
Բ.- Խմիչքի անսովոր ծրարումներ` տարեդարձի, հայրերու օրուան կամ այլ առիթներու համար,
Գ.- Ակնոցի, բջիջայինի կամ մանր իրերու պահպանակներ` օգտագործելով շապիկի թեւին ծայրամասերը,
Դ.- Զանազան լարերու պահպանակներ,
Մի՛ մոռնաք, որ կարը, ինչպէս հիւսքը, դրական ազդեցութիւն ունի ձեր առողջութեան վրայ: Անոնք կը խթանեն կեդրոնացումն ու յիշողութիւնը, կը վանեն սեւ միտքերը եւ կը մեղմեն հոգեկան ու մտային լարուածութիւնը:
Խոհագիր
Ոսպով Աղցան
– 2 սուրճի գաւաթ խաշած ոսպ
– 1 ստեպղին
– 1 միջակ կարմիր սոխ
– 2 ապուրի դգալ ազատքեղ
– 2 ապուրի դգալ քացախ (նախընտրաբար` պալսամիք)
– 1 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– 1 թէյի դգալ մանանեխ
– 1 ապուրի դգալ ջուր
– Աղ, սեւ համեմ
Պատրաստութիւն
Փոս ամանի մը մէջ պատրաստել թացանը, բաղադրիչները` քացախը, ձէթը, ջուրը, մանանեխը, աղն ու սեւ համեմը լաւ խառնելով, մինչեւ որ միատարր թանձրուկ մը ստացուի:
Աղցանի ամանի մը մէջ լեցնել խաշած ոսպը, խորանարդաձեւ կտրատուած ստեպղինն ու կարմիր սոխը եւ մեծ մանրուած ազատքեղի տերեւները. բոլորին վրայ լեցնել թացանը եւ միատեղ խառնել ու մատուցել:
Յիշեցնենք, որ կենսանիւթերով, օլիկօ էլեմաններով յագեցած ոսպը յանձնարարելի է թէ՛ բուսակերներուն, թէ՛ շաքարախտաւորներուն եւ թէ՛ նիհարցնող սննդականոնի հետեւողներուն:
Հետեւողական ոսպի օգտագործումը օգտակար է` սրտին, մարսողական համակարգին, ջղային համակարգին: Ոսպը յանձնարարելի է նաեւ ապաքինումի փուլին մէջ գտնուող հիւանդներուն:
*
* *
Շաբթուան Մտածումը
Ո՞վ է հնարել, թէ կարելի է ուրիշի վիշտը կիսել, ծիծաղելի է, կարելի է գուցէ ուրախութիւնը կիսել կամ գտած փողը կիսել, բայց վի՞շտը… վիշտը մարդու միակ սեփականութիւնն է մնում այս երերուն հողի վրայ: Վիշտը ոչ միայն միակ, վիշտը մարդու վերջին սեփականութիւնն է, որովհետեւ ոչ ոք երբեք չի ուզենայ խլել այն, ինչպէս մնացած ամէն ինչ այս երերուն հողի վրայ:
ՎԱՐԴԳԷՍ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ