Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Երեխան, ինչ տարիքի ալ ըլլայ, յատուկ ուշադրութեան եւ հոգատարութեան կարիք ունի, բայց երբ խօսքը կը վերաբերի նորածին երեխային, ծնողքին պատասխանատուութիւնները կը քառապատկուին: Ստորեւ մանկաբուժի օգտակար խորհուրդներ` նորածին երեխային անվտանգութիւնը ապահովելու համար:
Երբ կը վերցնէք ու կը գրկէք ձեր երեխան, մէկ ձեռքով ապահով պահեցէք անոր գլուխը: Թէեւ անիկա աւելի ուժեղ է, քան ինչ կը թուի, սակայն անոր վիզին մկանները դեռ թոյլ են եւ յենարանի կարիք ունին:
***
Վստահ եղէք, որ անոր մահճակալը, մանկասայլակը եւ խաղալիքները կը համապատասխանեն անվտանգութեան չափանիշներուն:
***
Նորածին երեխային մահճակալին մէջ աւելորդ իրեր, խաղալիքներ, ծածկոց կամ սաւան մի՛ ձգէք: Սաւանը թող ըլլայ անկիւնաւոր եւ լաւ հաստատուած: Ծածկոցի փոխարէն` նախընտրեցէք անոր հագցնել ըստ եղանակի գիշերանոց, իսկ գիշերը հեռացուցէք բոլոր տեսակի փափուկ խաղալիքները:
***
Նորածին երեխան երբեք փորին վրայ չպառկեցնէք. շնչահեղձութեան կամ յանկարծակի մահուան արկածներէ զերծ մնալու համար: Բժիշկներու կարծիքով, ճիշդ տարբերակը երեխան կռնակին վրայ պառկեցնելն է: Դիմեցէք ձեր մանկաբուժին կարծիքին եւ ըստ այնմ որոշեցէք, թէ ձեր երեխան կողի՞ն, թէ՞ կռնակին վրայ պիտի պառկեցնէք:
***
Նորածինի նոր գնուած հագուստները առանց լուալու պահարանին մէջ մի՛ տեղաւորէք, նոյնիսկ եթէ կերպընկալ տոպրակի մէջ են:
***
Ձեր նորածին երեխան առանձին մի՛ ձգէք ընտանի անասուններու հետ:
***
Լոգարանին մէջ երեխան առանձին չձգէք, ոչ իսկ` վայրկեանի մը: Ամէնէն չնչին քանակութեամբ ջուրին մէջ իսկ ան կրնայ խեղդամահ ըլլալ:
***
Երեխային ականջները սովորական ականջի ցպիկներով մի՛ մաքրէք, կան երեխաներու յատուկ տարբերակներ: Այլապէս` ոլորուած մաքուր թաշկինակ մը կրնայ նոյն նպատակին ծառայել:
***
Երեխան բուրաւէտ օճառներով մի՛ լոգցնէք, ոչ ալ անուշահոտ սերեր օգտագործեցէք: Ասոնք կրնան գրգռել ձեր փոքրիկին մորթը` գերզգայնութիւններ պատճառելով:
***
Երեխան գրկած` խոհանոց մի՛ մտնէք. կրակին կամ տաք կաթսաներուն մի՛ մօտենաք: Մանուկին կողմէ որեւ անհանդարտ շարժում կրնայ գէշ հետեւանքներ ունենալ:
***
Նորածին երեխան ծովափ մի՛ տանիք: Քանի մը ամսական երեխան ծով կրնաք տանիլ առաւօտեան կանուխ ժամերուն կամ յետմիջօրէին: Հրաժարեցէք անոր զգայուն մորթին արեւէն պաշտպան ոչ սերեր քսելէ. այդ քսուքները կրնան գերզգայնութիւններ պատճառել:
Երեխան արեւէն պաշտպանելու մտահոգութեամբ, զայն աւելիով մի՛ ծածկէք, որպէսզի անոր մարմնի ջերմաստիճանը չտատանի, եւ ջրազրկում չպատահի:
Ծովափին յաճախ ջուր խմցուցէք ձեր երեխային:
Նորաձեւութեան Աշխարհէն
2024-2025 Աշուն–Ձմեռ Նորաձեւութեան
Գլխաւոր Միտումները
Ամիսներ առաջ Նիւ Եորքի, Միլանոյի, Լոնտոնի եւ Փարիզի մէջ կայացան աւելի քան 200 նորաձեւութեան ձեռնարկներ, որոնց ընթացքին նորաձեւութեան աշխարհի յայտնի ոճաբանները ցուցադրեցին իրենց վերջին յղացումները ու ձեւով մը վճռեցին յառաջիկայ աշուն-ձմեռ եղանակներու գլխաւոր միտումները: Ահա թէ ի՛նչ պէտք է կրել նորաձեւութեան հետ քայլ պահելու համար:
– Քարտիկաններ (առջեւէն բաց, կոճակներով օժտուած, բրդեայ հիւսք բաճկոններ),
– Թիկնոցներ (յաճախ` միագոյն եւ միջին երկարութեամբ):
– Կենդանական եւ յատկապէս ընձառիւծի նաշխերով վերարկուներ,
– Ծոպերով օժտուած հագուստներ ու վերարկուներ,
– Արհեստական մուշտակէ վերարկուներ եւ բաճկոններ,
– Պտուղներու եւ բանջարեղէններու պատկերներով հագուստներ,
– Տուփ-պայուսակներ (box bags), տպաւորիչ են յատկապէս Կուչիի, Շանելի տարբերակները,
– Արմուկներէն վեր բարձրացող երկար ձեռնոցներ, ինչպէս նաեւ` մինչեւ ծունկ եւ վեր բարձրացող մոյկեր,
– Յառաջիկայ եղանակներու 10 նորաձեւ գոյներու առաջին 5 տեղերը կը գրաւեն սրճագոյնը, ձիթապտուղի կանաչը, մոխրագոյնը, ուղտի գոյնը (camel) եւ կարմիրը:
Առողջապահական
Գիտէ՞ք, Թէ…
Մաքրութեան եւ առողջապահութեան ամերիկեան կազմակերպութիւն մը ճշդած է, թէ ի՛նչ յաճախականութեամբ պէտք է լուալ կամ մաքրել կենցաղային իրերը: Շարքը երկար է, բաւարարուինք մէկ քանիով:
– ԼՈԳԱՆՔԻ ԱՆՁԵՌՈՑԸ` շաբաթական դրութեամբ, պայմանաւ, որ իւրաքանչիւր գործածութենէ ետք զայն բացօթեայ փռենք, որպէսզի խոնաւութիւն չհոտի:
– ԲԱՐՁԸ` 3-6 ամիսը անգամ մը, նայած` եղանակին: Ամրան եղանակին բարձը աւելի՛ հակամէտ է աղտոտելու, յատկապէս քրտինքին պատճառով, հետեւաբար աւելի շուտ կարիքը ունի լուացուելու:
– ՆԵՐՔՆԱԿԸ` 6 ամիսը անգամ մը: Փոշին, քրտինքը, ցեցը, աքարիէնները եւ զանազան մանրէներ կրնան բոյն շինել ներքնակին մէջ: Բացի ընդհանուր մաքրութենէն` պէտք է յաճախ օդին եւ արեւին պարզել:
– ՍԱՒԱՆԵՂԷՆԸ` շաբաթական դրութեամբ:
– ՃԻՆԶ ՏԱԲԱՏԸ` 3-4 անգամ հագուելէ ետք, եթէ մաքուր է արատներ չկան:
– ԿՐԾԿԱԿԱԼԸ` 3-4 անգամ կրելէ ետք: Անշուշտ խօսքը չի վերաբերիր ամրան տաք օրերուն, երբ քրտինքը անխուսափելի է:
– ՆԵՐՔՆԱԶԳԵՍՏՆԵՐԸ` մէկ գործածութենէ ետք:
– ԳՈՐԳԸ` տարին անգամ մը, յատուկ շամփուէնով: Բացի մեծ եւ ընդհանուր մաքրութենէն` օրական կամ շաբաթական մաքրութիւնը անհրաժեշտ է, յատկապէս եթէ տունը երեխայ կայ:
– ՄԱԶԵՐԸ` օրական լուալը սխալ է, քանի որ անոնք կը զրկուին զիրենք պաշտպանող բնական իւղէն, կը չորնան ու կը կորսնցնեն իրենց փայլքը: Լաւագոյնը զանոնք 2-3 օրը անգամ մը լուալն է:
Խոհագիր
Արմաւով Աղանդեր
50 կրամ մեղրադդումի սերմեր
75 կրամ ընկոյզ
110 կրամ արմաւ
75 կրամ ծիրանի չիր
1 նարինջի կեղեւի տաշուք
20 կրամ շուշմայ
Պատրաստութիւն
Տապակին մէջ յաջորդաբար խարկել մեղրադդումի սերմերը, ընկոյզը եւ շուշման:
Խորունկ ամանի մը մէջ 10 վայրկեան թրջել կորիզները հանուած արմաւները եւ ապա ծիրանի չիրը: Քամոցէ անցնել եւ մանր կտրատել:
Ամանի մը մէջ լեցնել խարկուած մեղադդումի սերմերը եւ խարկուած ու կտրատուած ընկոյզը: Աւելցնել մանրուած արմաւն ու ծիրանը եւ նարինջի տաշուքը: Խառնուրդը լաւ շաղել` միատարր զանգուած մը ստանալու համար, ապա զայն գլանաձեւ ձեւաւորել եւ խարկուած շուշմային մէջ գլորել ու սառցարան փոխադրել:
Երկու ժամ անց գլանը կլոր շերտերու վերածել ու մատուցել:
Գիտէ՞ք, Թէ…
Քնանալէ առաջ մեղրադդումի սերմեր ուտելը կը բարելաւէ քունին որակը: Հաստատուած է, որ կուտերուն պարունակած թրիփթոֆանը կը նպաստէ մելաթոնին եւ սերոթոնին հորմոններու արտադրութեան. հորմոններ, որոնք կը կարգաւորեն քունը եւ անոր որակը:
Մեղրադդումի սերմերը ոչ միայն կը նպաստեն քունին, այլեւ կը բարձրացնեն տրամադրութիւնը` վերը յիշուած պատճառներով:
Մեղրադդումի սերմերու չափաւոր եւ կանոնաւոր օգտագործումը կրնայ նպաստել մտային առողջութեան բարելաւման` նուազեցնելով անհանգստութեան եւ ընկճախտի ախտանիշները:
Մեղրադդումի սերմերը առողջ ճարպերու, հակաօքսիտաններու եւ մանրաթելերու լաւ աղբիւր են: Իսկ բոլոր այս բաղադրիչերը օգտակար են սիրտի առողջութեան:
Վերջապէս զինկով հարուստ մեղրադդումի սերմերը կրնան խթանել դիմադրողականութեան համակարգը:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ամէն գիշեր
բարձրանում եմ սարը
եւ լուսնին համոզում եմ
պատմել,
թէ ինչ են խօսում սարերը,
որ մնացել են եօթ սարից
այն կողմ:
Լուսնի հայացքից պոկուող
արցունքը
բանաստեղծութիւն է,
որը ջրում է յիշողութիւնս,
որպէսզի ծաղկած սարերով
տուն դառնամ:
Իմ ու իմ միջեւ
արօտներս շարք են կազմել
եւ սպասում են,
թէ առաջինը ով է հատելու
ինձնից պոկուած
տարածութիւնը:
Այս լռութիւնն ամենաերկարն է,
որովհետեւ լեզու ունի,
բայց չի ուզում խօսել:
Նա մի օր կը խօսի,
երբ երեխաների աչքերում
սարերը խառնուեն երկնքին
ու նրանք որոշեն,
որ ինչ էլ լինի`
բարձրանալո՜ւ են սարը…
ՀԵՐՄԻՆԷ