Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Չորս Օգտակար Խորհուրդներ` Նոր Գործի Դիմողներուն

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Երբ նոր գործի կը դիմէք, բացի հարցաթերթիկ ամբողջացնելէ, անխուսափելիօրէն հարցազրոյց կ՛ունենաք հաստատութեան տնօրէնին կամ անոր մէկ ներկայացուցիչին հետ: Այդ հարցազրոյցը չափազանց կարեւոր է` տրուած ըլլալով, որ անկէ կախեալ է գործի ընդունուելու կամ մերժուելու վճիռը:

Գործի ընդունուելու հարցազրոյցը կ՛ենթադրէ` պողպատեայ ջիղեր, ինքնավստահութիւն, արթնամտութիւն, պատրաստաբանութիւն եւ այլն…

Հոգեբան-հոգեբուժ Ժաք-Անթուան Մալարվեց հետեւեալ խորհուրդները կու տայ բոլոր անոնց, որոնք կը պատրաստուին նման հարցազրոյցի մը:

1

Նախօրօք պատրաստեցէք ձեր «մուտք»-ը:

Տունը քալելու, նստելու, ժպտելու փորձ կատարեցէք: Ձեր շարժումները կտրուկ ու անճարակ թող չըլլան, ոչ ալ` դանդաղ ու թոյլ:

Աթոռի վրայ նստելու փորձ կատարեցէք: Ո՛չ աթոռին ծայրամասին նստեցէք, ո՛չ ալ բազկաթոռին մէջ թաղուեցէք:

2

Խնամեցէ՛ք ձեր արտաքին տեսքը:

Ո՛չ շուկայ, ո՛չ ալ պարահանդէսի գացողի տեսք ունեցէք: Եղէք դասական, զուսպ ու վայելուչ` ձեր հագուածքով եւ շպարով:

3

Եղէք բնական:

Չափազանց ինքնավստահ կամ պոռոտախօս անձերը հաճելի չեն թուիր: Պէտք է չափի մէջ մնալ եւ համեստութեան սահմանները պահել:

Ահա թէ ինչո՛ւ նման հարցազրոյցներու ընթացքին գործի դիմողէն կը պահանջուի, որ խօսի իր առաւելութիւններուն եւ թերութիւններուն մասին:

4

Երբեք չստէք:

Գործի հարցազրոյցներու ընթացքին շատ բաներ ընդունելի են, ինչպէս` շփոթը, անճարակութիւնը եւ այլն… Մէկ բան աններելի է` սուտը: Երբեք չստէք, ինչ կը վերաբերի ձեր վկայականներուն, «տիրապետած» լեզուներուն եւ տարիներու փորձառութեան: Ասոնք դիւրին ստուգելի բաներ են եւ շատ գէշ տպաւորութիւն կը ձգեն գործատիրոջ վրայ:

Գիտէ՞ք, Թէ…

Քոփենհակընի համալսարանի գիտնականները, հետազօտելով աւելի քան 200 յղի կիներու օրկանիզմը, յանգած են այն եզրակացութեան, որ որոշ կենսանիւթերու անբաւարար տոկոսը վատ անդրադարձ կ՛ունենայ երեխայի ուղեղին զարգացան վրայ:

Հետազօտութեան արդիւնքներուն հիմամբ, Սէ. կենսանիւթը չափազանց կարեւոր է մօր արգանդին մէջ կազմաւորուող մանուկին համար: Անոր պակասը կարելի չէ հատուցել, նոյնիսկ եթէ ծնելէ ետք երախային տրուի Սէ. կենսանիւթի անհրաժեշտ չափաբաժինը:

Գիտնականներուն կարծիքով, այն երեխաները, որոնք մօր արգանդին մէջ չեն ստանար Սէ. կենսանիւթի բաւարար չափաբաժին, հետագային կ՛ունենան տկար յիշողութիւն, կողմնորոշուելու դժուարութիւն եւ կեդրոնացումի պակաս:

Ահա թէ ինչո՛ւ յղի կիներ կարեւորութեամբ նկատի պէտք է առնեն այս իրողութիւնը, եթէ կ՛ուզեն պայծառ մտքով երեխաներ լոյս աշխարհ բերել:

Սէ. կենսանիւթով հարուստ են` սեւ հաղարջը, կարմիր հատապտուղները, կիտրոնը, նարինջը, փոմելոն, ազատքեղը, շոմինը, դեղին եւ կարմիր թարմ պղպեղները, պրոքոլին եւ այլն…

* * *

 

Շատ հին ժամանակներէն մեծ կարեւորութիւն տրուած է ճիշդ շնչառութեանը, որ մարդուս կենսական պահանջներէն կարեւորագոյնն է: Շատ յաճախ մարդիկ սխալ կը շնչեն` մեքենականօրէն եւ մակերեսային: Մինչդեռ շնչառութիւնը օրկանիզմի միակ կենսական երեւոյթն է, զոր կարելի է վերահսկել: Շնչառութեան հետ կապուած է արեան բնականոն շրջագայութիւնը, մարմնի լիարժէք սնուցումը եւ ջերմակարգաւորումը: Սխալ շնչառութեան պատճառով արիւնը բաւարար թթուածին չի ստանար, եւ հիւսուածքներու սնուցման խանգարում կը պատահի:

Պէտք է շնչել քիթով, ամենաարդիւնաւէտը` որովայնի ստորին մասով, եւ կարեւոր է, որ արտաշնչումը ներշնչումէն երկար ըլլայ: Ասիկա սովորական շնչառութեան տարրական կանոնն է: Ինչ կը վերաբերի շնչառական մարզումներուն, անոնց բարիքներէն օգտուելու համար կարեւոր են վայրը` մաքուր օդին, մարզուող անձին մարմնին դիրքը, ներշնչումի եւ արտաշնչումի տեւողութիւնը, քիթի եւ բերնի ճիշդ օգտագործումը, կեդրոնացումը եւ այլն…

* * *

Լռութիւնը կը համարուի հոգեկան հաւասարակշռութիւնը վերականգնող միջոց: Հիւանդութիւններու ատեն մարմինը` որպէս ինքնապաշտպանողական միջոց, կ՛որդեգրէ այդ վիճակը: Խօսելու ցանկութեան պակաս կը յառաջանայ նոյնիսկ սովորական հարբուխի ժամանակ: Լռութեամբ կարելի է բուժել հոգեկան անհաւասարակշռութեան որոշ վիճակներ: Ծանր հիւանդութիւններու պարագային, հիւանդներուն կը թելադրուի 4-5 ժամ լռել, չխօսիլ: Պատահական չէ, որ ծանր հիւանդութիւններու պարագային հիւանդներուն այցելելը կ՛արգիլուի:

Լռութիւնը օգտակար է նաեւ առողջ մարդոց, որոնք յոգնած են, մտահոգ կամ լարուած. քանի որ լռութիւնը կը նուազեցնէ արեան ճնշումը, կը պակսեցնէ քորթիզոլը` ընկճախտին նպաստող հորմոնը, կը բարելաւէ քունը, կեդրոնացումն ու ուշադրութիւնը:

* * *

Հարաւային Աւստրալիոյ համալսարանի գիտնականները կապ մը յայտնաբերած են յղութեան ժամանակ ծխելու եւ երեխաներու դպրոցական գնահատականներու միջեւ: Հետազօտութիւնը հրապարակուած է «Addictive Behaviors» գիտական ամսաթերթին մէջ:

Գիտնականները ուսումնասիրած են շուրջ 7 հազար անձերու տուեալները եւ եկած են այն եզրակացութեան, որ մինչեւ ծնիլը ծխախոտի ծուխի ազդեցութեան ենթարկուած երեխաները 19 տոկոսով աւելի յաճախ ուսումնական տկար արդիւնքներ ձեռք կը ձգեն` բաղդատած մնացեալ դասընկերներուն, որոնց մայրերը յղութեան ժամանակ չեն ծխած:

Շատրուանի Մը Պատմութիւնը

Թաղամասը անտառին մէջ էր, թէ՞ անտառը թաղամասին, դժուար է ըսել… Բայց Մանուշեան փողոցի այս թաղամասը ստացաւ Անտառաւան անունը, յետոյ հսկայ շատրուանը փոխեց այս անուանումը, իսկ գիւմրեցիները մինչեւ հիմա կ՛ըսեն` Ֆանտանի թաղամաս:

Շատրուանը կառուցուած է 1982-ին, գործելու սկսաւ 1984-ին: Բացումը կատարուեցաւ Լենինականի 60-ամեակի տօնին, եւ ճարտարախօս գիւմրեցիները շատրուանին տուին նոր անուն մը` «60-ամեակի տորթը»…

Բոլորին սիրելի շատրուանը երիտասարդութեան ու հանրային ժամանցի կեդրոն էր, որուն կողքին կառուցուած էր նաեւ պոլիտեխնիկական հիմնարկը:

Քաղաքի խորհրդանիշ Բարեկամութեան շատրուանի ճարտարապետը Արթուր Թարխանեանն է: Շատրուանը գործեց ընդամէնը չորս տարի. 1988-ի երկրաշարժէն աւերուեցան պոլիտեխնիկի մասնաշէնքերը եւ շրջակայքի բնակելի տուներէն շատերը, իսկ շատրուանին տարածքը միակն էր, ուր չկային փլած տուներ, եւ հնարաւոր էր տնակներ տեղադրել:

Դժբախտաբար «Ֆանտան»-ը, «Բարեկամութեան  շատրուանը», «60-ամեակի տորթ»-ը մատնուած է անմխիթար վիճակի եւ չի գործեր:

Լենինականցիները լաւ կը յիշեն շատրուանին բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Երեւելի հիւրեր եկեր էին Լենինական, ուր շատրուանին շրջակայ նոր հիմնադրուած զբօսայգիին մէջ տնկեցին անուանական ծառեր:

Խոհագիր

Հաւով Պրոքոլի

Բաղադրիչներ

– Միջակ չափի պրոքոլի
– 2 հաւի կուրծք
– 2 ապուրի դգալ շուշմայ
– 1 ապուրի դգալ սոյայի թացան
– 1 ապուրի դգալ բուսական ձէթ

Պատրաստութիւն

Պրոքոլին փոքրիկ փունջերու բաժնել եւ 2-3 վայրկեան եփել եռացող ջուրի մէջ, ապա պաղ ջուրի մէջ փոխադրել` կանաչ գոյնը պահպանելու համար յետոյ քամոցի մէջ փոխադրել:

Հաւու կուրծքերը խորանարդաձեւ կտրատել եւ չփակչող յատակով տապակի մէջ բուսական ձէթով թեթեւակի տապկել` մինչեւ ոսկեգոյն դառնան: Ապա կէս բաժակ ջուր աւելցնել եւ 3 վայրկեան եփել:

Խառնուրդին աւելցնել սոյայի թացանը, շուշման եւ պրոքոլին: Բոլորը միատեղ խառնել եւ 2 վայրկեան եւս շարւնակել եփել թեթեւ կրակի վրայ:

Մատուցել պասմաթի բրինձով պատրաստուած եղինձի կողքին:

Պրոքոլի Ուտելու Համոզիչ Պատճառներ

– Փոթասիոմով եւ Պէ. կենսանիւթով հարուստ պրոքոլին կը կանխէ մկանային պրկումները:
– Պրոքոլին կը նուազեցնէ վատ քոլեսթերոլին մակարդակը:
– Պրոքոլին կը կանխէ քաղցկեղի որոշ տեսակներ, պայմանաւ որ հում օգտագործուի:
– Պրոքոլիին պարունակած հզօր անթիօքսիտանը` սիւլֆորաֆանը, դրական ազդեցութիւն կը գործէ մեր աչքերուն եւ տեսողութեան վրայ:
– Պրոքոլին կ՛օգնէ պայքարելու շնչառական որոշ հիւանդութիւններու դէմ, յատկապէս` հեղձանքի (asthma):
– Պրոքոլին կը նպաստէ մորթի բջիջներու վերանորոգման գործընթացին եւ կը կանխարգիլէ կնճիռներու վաղահաս յատնուիլը:
– Պրոքոլին շնորհիւ Սէ. կենսանիւթին` կը զօրացնէ մեր մարմնին դիմադրականութիւնը եւ արդիւնաւէտօրէն կը պայքարի ձմեռնային հիւանդութիւններուն եւ մրսածութեան դէմ:
– Պրոքոլին հիանալի է յիշողութեան համար, անիկա կը դանդաղեցնէ ճանաչողական անկումը:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Օր Առաջին

Ամէն ինչ լեռը պահեց
Մեռելները մեր անյաղթ եւ ծառերը արեւի
Որոնց վրայ լոյսը շող դարձաւ պտուղ ` արեգակ
Արդար թէեւ, բայց ցաւի արցունք է, որ կը կաթի
Ամէն առտու, երբ առնես լեռը գրկիդ մէջ կախարդ…

Ամէն ինչ լեռը պահեց
– Մեր անցեալը արեւոտ –
Որ դարձած է երգ թախծոտ
Էջերուն մեր պատմութեան…

Լեռը մնաց արիւնոտ յիշատակը մեծութեան
Ազգիս, որ միշտ կը նայի այդ մշուշոտ կատարին…
Լեռը մնաց յիշատակ այն օրերէն
Որ կնքեց ազգիս անունը բոլոր մատեաններուն մէջ օտար…
Լեռը մնաց այդ ուժեղ պատարագը հաւատքիս
Ուրկէ ամէն օր լռած տիրոջ ձայնը կը լսուի…

ԱՐԱ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ

30 յունուար 2013


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>