Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Գոյներու Ազդեցութիւնը Երեխաներուն Վրայ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 

Վերջերս լայն տարածում գտած է «պեժ մայրեր» հասկացողութիւնը: Ասոնք մայրեր են, որոնք հանգիստ երանգներ (յատկապէս` պեժ գոյնը) կ՛ընտրեն իրենց տան կահոյքին, հագուստին եւ մանկական խաղալիքներուն համար: Հետազօտողներու կարծիքով, ասիկա բացասաբար կ՛ազդէ հոգեկանին վրայ` յառաջացնելով տխրութիւն եւ հոգեկան անտարբերութիւն (apathie):

Մասնագէտներու խօսքով, տարբեր երանգները որոշակի յուզական եւ ֆիզիքական հակազդեցութիւններ կը յառաջացնեն: Օրինակ` կարմիրը կը խթանէ աշխուժութիւնը եւ կը բարձրացնէ արեան ճնշումը, իսկ կապոյտը կը նպաստէ հանգստութեան:

Զուիցերիական հետազօտութիւն մը ուսումնասիրած է գոյներու ազդեցութիւնը 7-8 տարեկան երեխաներու տրամադրութեան եւ կեդրոնացումին վրայ: Երեխաներուն առաջարկուեր է առաջադրանքներ կատարել տարբեր գոյնի սենեակներու մէջ: Աւարտին ի յայտ եկած է, որ կապոյտ սենեակի երեխաները աւելի հանգիստ ու կեդրոնացած աշխատած են եւ արդիւնաւէտ ձեւով կատարած` իրենց տրուած առաջադրանքները:

Դեղին եւ կարմիր սենեակներու երեխաները աւելի աշխուժ եւ ստեղծագործ եղած են, սակայն անոնց ուշադրութիւնը շեղած է կեդրոնացում պահանջող գործերու պարագային:

Հոգեբաններու կարծիքով, եթէ տան մէջ տիրական են հանգիստ երանգները, կրնայ երեխային մօտ ստեղծագործական գործընթացի խթանման պակաս ձեւաւորուիլ: Կարեւոր են նաեւ զուգորդութիւնները, զորս մարդը կը ձեւաւորէ մանկութեան տարիներուն, անոնք յաճախ կապուած են գոյնի հետ` կարմիրը վտանգ է կամ ազդանշան, դեղինը տաք, արեւոտ  է եւ այլն… հետեւաբար կ՛արժէ երեխային տարածութեան մէջ վառ երանգներ աւելցնել, յատկապէս` ծնելէն 2-3 ամիս ետք, քանի որ այդ շրջանին է, որ ան կը սկսի տարբերել գոյները:

Սակայն զարգացման առանցքային գործօնը ոչ միայն գունապնակն է, այլեւ` ընտանիքին մէջ տիրող ընդհանուր մթնոլորտը:

Սննդագիտական

Որոշ Կենսանիւթերու Եւ Հանքայիններու Պակասը
Կ՛ազդէ Մեր Տրամադրութեան Վրայ

Սննդաբաններու կարծիքով, որոշ սննդանիւթերու անբաւարարութիւնը մեր մարմնին մէջ կրնայ յանգեցնել հոգեկան տագնապի, քանի որ այդ սննդանիւթերը ուղղակի ազդեցութիւն ունին մեր հոգեկան առողջութեան եւ տրամադրութեան վրայ:

Այսպէս, մարմնին մէջ զինկի պակասը կրնայ յանգեցնել տրամադրութեան անկումի, քնկոտութեան եւ յոգնածութեան, մինչ Տէ. եւ Պէ. խումբի կենսանիւթերու պակասը կրնայ դիւրագրգռութիւն եւ հոգեկան տագնապ պատճառել: Իսկ մակնեզիոմը, որ կ՛օգնէ կարգաւորելու ընկճախտը, նոյնպէս անհրաժեշտ է հոգեբանական ինքնազգացողութիւնը պահպանելու համար:

Սննդաբանները ընդգծեր են, որ ժամանակակից կենսակերպը յաճախ պատճառ կը դառնայ կենսանիւթերու անբաւարարութեան զարգացման: Օրինակ` անհաւասարակշռուած սննդակարգը, ընկճախտը, միջավայրի բացասական ազդեցութիւնները կրնան յանգեցնել կենսանիւթերու եւ հանքայիններու անբաւարարութեան, եւ ազդել տրամադրութեան վրայ:

Անբաւարարութիւնը կանխելու համար սննդաբանները խորհուրդ կու տան առաջին հերթին պահպանել բազմազան եւ հաւասարակշռուած սննդակարգը, անիկա պէտք է ներառէ` պտուղ, բանջարեղէն, ընկոյզ, աւոքատօ, ձիթապտուղի ձէթ, ձկնեղէն, մսեղէն, ձաւարեղէն:

Եզրափակելով` սննդաբանները կը յիշեցնեն, որ մարզանքը, առողջ կենսակերպը, ծխախոտի եւ ոգելից ըմպելիներու չափաւորումը նոյնպէս կը բարելաւեն հոգեկան առողջութիւնն ու կեանքի որակը:

Մեծ Մայրիկի Թելադրանքներ

 Ինչպէ՞ս Մաքրել Արծաթեղէնը

Արծաթեղէն իրերը մաքրող ու փայլեցնող դեղերը բազմազան են, սակայն մեծ մայրիկներէն մեզի հասած գործնական թելադրանքները կրնան կացութիւն փրկել… Ստորեւ` թելադրանքներ տան արծաթեայ սպասքը եւ զարդեղէնները մաքրելու համար:

1.- Արծաթեայ իրերը կը վերագտնեն իրենց փայլքը, եթէ զանոնք շփէք կիսուած կիտրոնով կամ խաշած գետնախնձորով:

***

2.- Գետնախնձորի եփի ջուրը մի՛ թափէք. անոր մէջ ամբողջ գիշեր մը թրջեցէք ձեր դգալները, դանակներն ու պատառաքաղները, որպէսզի յաջորդ օրը անոնք վերագտնեն իրենց փայլքը:

***

3.- Ծխախոտի մոխիրին վրայ աւելցուցէք քանի մը կաթիլ կիտրոնի հիւթ եւ ստացուած նիւթով շփեցէք արծաթեայ իրերը, ապա ցօղուեցէք գաղջ ջուրով եւ ցամքեցուցէք մաքուր, փափուկ լաթով մը:

***

4.- Եթէ արծաթեայ իրերը ծակոտկեն հիւսուածքով են, զանոնք լուացէք տաք քացախով, ապա շփեցէք մաքուր, փափուկ լաթով մը:

***

5.- Եթէ արծաթեայ դանակներուն շեղբերը վնասուած են, զանոնք շփեցէք շաքարի մէջ թաթխուած, կիսուած սոխի կտորով մը:

***

6.- Ամանի մը յատակը ալիւմինիոմ թերթով ծածկեցէք, վրան դրէք արծաթեայ իրը, ապա առատ սոտա ցանեցէք եւ եռացած ջուր աւելցուցէք, 5-10 վայրկեան սպասեցէք, յետոյ մաքրեցէք փափուկ լաթով մը: Ի հարկին ակռայի խոզանակ մը օգտագործեցէք, եթէ արծաթեայ իրը խորտուբորտ մակերեսով է:

***

7.- Քեչափը նոյնպէս ազդու միջոց է արծաթեայ զարդեղէնները փայլեցնելու համար:

***

8.- Վերջապէս, գարեջուրի «լոգանք» մը (ամբողջ գիշեր մը) դիւրին միջոց է արծաթեայ իրերը մաքրելու համար:

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

Ամրակ-Սեղմակներու Օգտագործման
Հետաքրքրական Տարբերակներ

Մենք յաճախ ամրակ-սեղմակները կ՛օգտագործենք թուղթի տրցակները ամրացնելու, դասաւորելու համար: Քիչերու ծանօթ է, որ այս փոքրիկ մետաղեայ սեղմակները այլ նպատակներու ալ կը ծառայեն եւ կը դիւրացնեն մեր առօրեան: Ստորեւ` ամրակ-սեղմակներու օգտագործման հետաքրքրական տարբերակներ:

Ա.- Որպէս բջիջային հեռախօսի յենարան,
Բ.- Որպէս զանազան լարերու պահպանակ,
Գ.- Սափրուելու գործիքին շեղբը պաշտպանող միջոց,
Դ.- Աղբամանին մէջ տեղադրուած կերպընկալ տոպրակը հաստատող միջոց,
Ե.- Հագուստի կախիչին վրայ հաստատուող` փէշ կամ տաբատ կախելու միջոց,
Զ.- Ներկաներուն գինիի բաժակները իրարմէ զանազանելու միջոց,
Է.- Սառնարանին մէջ տեղ շահելու նպատակով ջուրի կամ խմիչքի շիշերը դասաւորելու միջոց:

Խոհագիր

 Եղանակի Բանջարեղէններով
Առողջապահական Ուտեստ

Բաղադրիչներ` 6 անձի համար

3-4 լոլիկ
2-3 դդում
2 դեղին թարմ պղպեղ
2 սմբուկ (երկար տեսակի)
6 պճեղ սխտոր
1 մեծ սոխ
2 դափնիի տերեւ
4 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
Աղ, պղպեղ, չոր խնկունի, ուրց, խնկածաղիկ

Պատրաստութիւն

Բանջարեղէնները 1-1,5 սմ թանձրութեամբ կլոր կտրատել: Ափսէին յատակը թեթեւ իւղել եւ վրան շարել կտրատուած սխտորի շերտերը: Այնուհետեւ բանջարեղէնի շերտերը հերթաբար շարել ափսէին մէջ` առանց բացութիւն ձգելու:

Բանջարեղէններուն վրայ աւելցնել ձիթապտուղի ձէթը, տեղադրել դափնիի տերեւները, համեմել աղով եւ թարմ աղացած սեւ պղպեղով, խնկունիով, ուրցով եւ խնկածաղիկով: Երեսը ծածկել ալիւմինիոմ թերթով եւ նախապէս տաքցուած փուռի մէջ եփել շուրջ 40 վայրկեան` 180 ջերմաստիճանով: Եփի աւարտէն 10 վայրկեան առաջ հանել ալիւմինիոմ ծածկը, որպէսզի բանջարեղէնները շէկ գոյն ստանան: Մատուցել մսեղէնի մը կողքին:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Գինովի Երազ

 

Այս գիշեր նորէն երազս տեսայ.
Խոշոր ժայռին տակ, շունչ-շունչի նստած,
Խենթ-խենթ բառերով կը պատմէի, ցած,
Թէ իրմէ յետոյ ի՛նչ կեանք ապրեցայ.

«Երբեմն, պառկած, սաղմոս կարդացի…
Բայց յաճախ ալ, քոյր, մոռնալու համար
Դէզ-դէզ կուտակուած վիշտերս անհամար`
Իրիկունները գինետուն գացի…

«Ահ, դուն գինովի աչքեր չե՛ս տեսեր,
Հոգիս, հաւատա, աստղով կ՛լենայ,
Երբ կ՛երթամ պառկիլ բաց դաշտին վրայ,
Հեգնելու համար երազներն ու սէր…

«Ահ, դուն գինովի, դէմքըս չե՛ս տեսած.
Տժգոյն, անիմաստ, անյոյս ու վայրագ,
Երբ կ՛երթամ պառկիլ, երգով մ՛անառակ,
Լոյսէ անկողինս` լուսինէն փռուած…

«Ահ, դուն գինովի հոգիս տեսած չե՛ս,
Շէնշող ու տրտում, ժպտուն ու լալկան.
Արցունքէն մռայլ ի՜նչ ծիծաղներ կան…
– Գինովը կ՛ատեմ.- չըսե՛ս, քոյր, չըսե՛ս.

«Գինովը սիրէ. անոր սիրտը, քո՛յր,
Գեհեն մ՛է ցաւի, որ անվերջ կ՛այրի.
Գինովը Լքեա՛լն է, յոյսէն այրի,
Անոր կուրծքը հուր, ճակատն է մաքուր…»

Այսպէս կ՛ըսէի ու դեռ շատ բաներ.
Երբ իրեն դարձայ` հոն չէր, զարմացայ.
Աչքերս բացի, բաց դաշտին վրայ
Քնացեր էի. լուսինը կ՛իջնէր…

ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>