Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

8 Օգտակար Խորհուրդներ` Անուշահոտերու Ճիշդ Օգտագործման Համար

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 

Կը պատահի, որ ծանօթ վաճառանիշի թանկարժէք անուշահոտ գնէք, բայց գոհ չմնաք, յուսախաբ ըլլաք: Հնարաւոր է սակայն, որ դուք ճիշդ ձեւով չէք օգտագործեր զայն: Եկէք բացայայտենք օգտակար խորհուրդներ` անուշահոտը ճիշդ ձեւով օգտագործելու եւ կարգ մը սխալներէ խուսափելու համար:

– 1 –

Անուշահոտը սփռեցէք մարմնի զարկերակային կէտերուն` դաստակներուն, արմուկներու ներսի ծալքերուն, վիզին, ականջներու բլթակներուն: Ասոնք մարմնի այն մասերն են, ուր մորթը ամենաբարակն է ու տաք: Եւ քանի որ տաքը հոտը տարածելու յատկութիւն ունի, ձեր անուշահոտին բոյրը ամբողջ օրը կը «ճառագայթէ»:

– 2 –

Նախքան անուշահոտը սփռելը` վերը նշուած կէտերուն, թեթեւակի վազելին քսեցէք, որպէսզի ձեր անուշահոտին բոյրը ամբողջ օրը դիմանայ:

– 3 –

Անուշահոտը դաստակներուն քսելէ ետք դուք հակուած էք զանոնք իրարու շփելու: Ասիկա սխալ սովորութիւն է, քանի որ կը խաթարէ անուշահոտին բոյրը: Ձգեցէք, որ մորթը բնական ձեւով ներծծէ զայն:

– 4 –

Չափաւոր օգտագործեցէք ձեր անուշահոտը, նոյնիսկ եթէ դուք չէք զգար անոր բոյրը, ուրիշները կը զգան զայն: Դուք արդէն ընտելացած էք ձեր անուշահոտի բոյրին հետ եւ հակուած էք աւելիով օգտագործել, ինչ որ կրնայ զզուելի թուիլ ձեր շրջապատին:

– 5 –

Ձեր օծանելիքը ընտրեցէք ըստ եղանակի: Թեթեւ, կիտրոնային բոյրերը օգտագործեցէք գարնան եւ ամրան, մինչ փայտային ու համեմունքի բոյրերը` աշնան ու ձմրան: Գրեթէ նոյն տրամաբանութեան` ցերեկային ժամերուն, գործի մէջ, նախապատուութիւնը տուէք «eau de toilette»-ներուն, իսկ «eau de parfum»-ները` գիշերային առիթներու:

– 6 –

Անուշահոտերը շատ զգայուն են զիրենք շրջապատող տարրերուն նկատմամբ: Լաւ փակեցէք սրուակին կափարիչը, հեռու պահեցէք լոյսէն ու տաքէն: Մանաւանդ զգուշացէք անուշահոտին սրուակը բաղնիքը պահելէ, քանի որ հոն ջերմային տատանումները շատ են, եւ անուշահոտին բաղադրութիւնն ու բոյրը կրնան տուժել:

– 7 –

Ձեր սիրելի բոյրը գնելու ժամանակ նախապատուութիւնը տուէք միջակ չափի սրուակներուն: Մեծ չափի պարագային, երկարատեւ եւ ոչ յաճախակի օգտագործումը կրնայ խաթարել անուշահոտին բաղադրութիւնն ու բոյրը:

– 8 –

Ձեր անուշահոտին հետ օգտագործեցէք չէզոք բոյրով տէոտորաններ եւ սերեր, որպէսզի բոյրերու աններդաշնակութիւն չստեղծուի:

Գիտնականները Պարզեր Են

Գերաշխատող Մարդիկ Աւելի Կարճ Կ՛ապրին

Ամերիկացի գիտնականները պարզեր են, որ այն մարդիկը, որոնք անընդհատ կ՛աշխատին` առանց արձակուրդ կամ դադար առնելու, աւելի կարճ կ՛ապրին, քան անոնք, որոնք կը տառապին ոգելից խմիչքներու կախուածութենէ:

Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուեր են American Journal of Epidemiology գիտական ամսաթերթին մէջ:

Հետազօտութեան մասնակցեր են 45-64 տարեկան 749 կին կամաւորներ: Գիտնականները վերլուծեր են հետազօտուողներուն կենսակերպը, տեղեկութիւններ հաւաքեր են անոնց աշխատանքային կեանքին եւ վատ սովորութիւններուն մասին, որմէ ետք սկսեր է կամաւորներու դիտարկման շրջանը, որ տեւեր է մօտ 20 տարի:

Վերլուծութիւնը հաստատեր է, որ ծանրաբեռնուածութիւնը եւ հանգիստի բացակայութիւնը լուրջ սպառնալիք դարձած են մասնակիցներու առողջութեան: Գիտնականները պարզեր են, որ անընդհատ գերաշխատող մարդոց կեանքի տեւողութիւնը աւելի կարճ է, քան` ոգելից խմիչքներու կախուածութենէ տառապողներու կեանքի տեւողութիւնը: Գիտնականները նշեր են, որ մշտական յոգնածութիւնը զգալիօրէն կը բարձրացնէ սրտանօթային հիւանդութիւններու հաւանականութիւնը, յատկապէս` սիրտի կաթուածը:

Աւելի Քան 95 Տարի Ապրելու Գործօնները

Սիտնէյի համալսարանի աշխատակիցները ուսումնասիրեր են 34 հետազօտութիւններ` նուիրուած երկարակեացներու կենսակերպի ուսումնասիրութեան, գրեր է «Naked Science»-ը: Ուսումնասիրութեան աւարտին ճշդուեր են շարք մը գործօններ, որոնք կ՛օգնեն մարդուն ապրիլ աւելի քան 95 տարի: Եւ ահա՛ հիմնական գործօնները.

Երկարակեացներուն աւելի քան 78 տոկոսը կ՛ապրի ոչ թէ քաղաքներու, այլ գիւղական վայրերու մէջ: Անոնք կը վարեն առողջ կենսակերպ. մօտ 7 տոկոսը կը ծխէ եւ հազիւ 30 տոկոսը ոգելից ըմպելի կը գործածէ: Անոնք կը սնանին` տեղական պտուղներով եւ բանջարեղէններով, ամբողջական հացահատիկներով, ընդեղէններով, հաւի միսով եւ ձուկով: Հետազօտուողներուն միայն մէկ չորրորդը աղ կ՛օգտագործէ, մնացեալները աղ գրեթէ չեն օգտագործեր: Վերջապէս, անոնց 68 տոկոսը կարեւոր կը նկատէ լաւ, որակեալ քունը:

Բոյսերու Աշխարհէն

 Համոզիչ Պատճառներ` Տան Մէջ
Մանիշակագոյն Շամրոք Աճեցնելու Համար

Եռանկիւնաձեւ օքզալիս, կեղծ շամրոք, մանիշակագոյն շամրոք, սիրոյ բոյս…

Մութ մանիշակագոյն կախարդական այս բոյսը ունի սրտաձեւ տերեւներ, իւրաքանչիւր երեքին միացումը կը նմանի թիթեռներու եռեակին, որոնք միացած են իրենց քիթերով: Ահա թէ ինչու շատեր այս բոյսին կու տան թիթեռ անունը:

Մանիշակագոյն շամրոքի տերեւները կը բացուին ցերեկը` լոյսը կլանելու համար, իսկ գիշերը կը փակուին, կարծէք` կը քնանան:

Այս չքնաղ բոյսը մեծ խնամքի չի կարօտիր, զայն կարելի է աճեցնել թէ՛ տան մէջ եւ թէ՛ դուրսը: Պէտք է տեղադրել արեւոտ անկիւն մը, բայց` ոչ արեւին ուղիղ ճառագայթներուն: Բոյսը պէտք է ջրել չափաւոր, երբ հողին մակերեսը չոր է:

Քիչերու ծանօթ է, որ տունը մանիշակագոյն շամրոք աճեցնելը ունի բազմաթիւ առաւելութիւններ. այսպէս`

– Նրբագեղ ճերմակ կամ վարդագոյն ծաղիկներով օժտուած շամրոքը ոչ միայն մեծ խնամքի չի կարօտիր, այլեւ տարուան մեծ մասը ծաղկած ու առողջ կը մնայ: Ձմրան ցուրտին նախընտրելի է զայն ներս բերել:

– Այս կենսունակ բոյսը ունի օդին մէջի թունաւոր նիւթերը կլանելու յատկութիւն` բնակելի տարածքը դարձնելով աւելի թարմ եւ առողջ:

– Այս հմայիչ բոյսը ոչ միայն գեղեցիկ է իր մութ մանիշակագոյն տերեւներով եւ նուրբ ճերմակ ծաղիկներով, այլեւ ան հանգստացնող եւ ընկճախտէ ձերբազատող յատկութիւն ունի: Պարզապէս զայն դիտելն ու անոր գեղեցկութիւնը վայելելը ինքնին հանգստացնող ծէս է:

– Որոշ աղբիւրներ կը հաստատեն, որ մանիշակագոյն շամրոքը անվտանգ է կատուներուն եւ շուներուն համար: Մինչդեռ կայ նաեւ այլ վարկած մը, որ հակառակը կը պնդէ: Հետեւաբար նախընտրելի է դիմել անասնաբուժի կարծիքին, եթէ որոշած էք մանիշակագոյն շամրոք մը աճեցնել ձեր տան մէջ:

Խոհագիր

Ստեպղինով Աղցան

Բաղադրիչներ

2 մեծ ստեպղին` երկայնքին շերտուած
2 ապուրի դգալ ճերմակ քացախ
կէս գաւաթ ձիթապտուղի ձէթ
1 կիտրոնի հիւթ
2 ապուրի դգալ սոյայի թացան
2 ապուրի դգալ մեղր
2 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
Սեւ համեմ
Շուշմայ` զարդարանքի համար

Պատրաստութիւն

Ստեպղինները լուալ, ցամքեցնել, ապա երկայնքին շատ բարակ շերտերու վերածել:

Ստեպղինի շերտերը փոխադրել խորունկ ամանի մը մէջ, վրան ջուր լեցնել եւ մէկ թէյի դգալ աղ: Այս աղի ջուրի մէջ ստեպղինները թրջել շուրջ 10 վայրկեան, ապա քամոցի մէջ փոխադրել:

Աղցանի ամանին մէջ պատրաստել թացանը` յաջորդաբար աւելցնել քացախը, ձէթը, կիտրոնի հիւթը, սոյայի թացանը, մեղրը, սեւ համեմն ու մանրուած ազատքեղը: Բոլորը լաւ խառնել միատարր թանձրուկ մը ստանալու համար:

Թացանին աւելցնել ստեպղինի շերտերը, լաւ խառնել, զարդարել շուշմայով եւ մատուցել մսեղէնի մը կողքին:

Յիշեցնենք, Որ

Ստեպղինին պարունակած կենսանիւթերը, հակաօքսիտաններն ու բնաթելերը, ինչպէս նաեւ քիչ ջերմուժ պարունակելու անոր առաւելութիւնները զայն կը դարձնեն յարմար ուտելիք մը` բոլոր անոնց համար, որոնք նիհարնալու սննդականոնի կը հետեւին:

Ստեպղինը կը կանխարգիլէ քաղցկեղի յառաջացումը, անոր յաճախակի օգտագործումը կը նուազեցնէ թոքերու, կաթնագեղձի եւ հաստ աղիքի քաղցկեղի յառաջացման հաւանականութիւնը:

Ստեպղինը կը պարունակէ հզօր հակաօքսիտան` պեթա քարոթենը, որ կը կանխարգիլէ բջիջներու ծերացումը:

Ա. կենսանիւթով հարուստ ստեպղինը կը կանխարգիլէ ժամանակէն առաջ յայտնուող կնճիռները, մաշկի չորութիւնն ու խամրած գոյնը:

Ստեպղինը կը պահպանէ եւ կը բարելաւէ տեսողութիւնը եւ կը պաշտպանէ տարիքի հետ կապուած աչքի հիւանդութիւններէն:

Ստեպղինի յաճախակի օգտագործումը կը նուազեցնէ գէշ քոլեսթերոլը եւ կը պաշտպանէ սրտանօթային հիւանդութիւններէն:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ղօղանջ Աւետիսի

Հազար ութ հարիւր վաթսունինն թուին
Հայոց այգիներն ի՞նչ պտուղ տուին,
Հայոց արտերում ի՞նչ բերք էր հասել,-
Դժուար է ասել:

Սակայն այդ թուին Մայր Հայաստանի
Արգանդը եղաւ սրբօրէն բեղուն:
Մի մանուկ ծնուեց Լոռուայ Դսեղում…
Նա յետոյ պիտի դառնայ պատանի,
Եւ երիտասարդ, եւ այր իմաստուն,
Անբախտ Մարոյին լացով սպաննի,
Մեր հառաչանքը հասցընի Աստծուն:
Մրմուռից դաղուած նրա բերանով
Սարոյի նանը պիտի ողբ ասի,
Մսրայ զօրքի հետ Դաւիթը խօսի,
Գիգորը կանչի. «Էստի՜ համեցէք…»:
Նա պիտի երգի` ինչ է կամեցել
Իր մոխրակալած-հրակէզ հոգին
Եւ` որքան տրտում – նոյնքան կենսագին`
Տարիներ յետոյ նա պիտի դառնայ
Մի ժողովրդի ազնիւ կենսագիր…
Միեւնոյն թուին, Լոռուց շատ հեռու`
Անատոլուի խաւար խորքերում
Մէկ ուրիշ մանուկ լոյս աշխարհ եկաւ:
Մինչ հայրը նրա` Գեւոն կօշկակար,
Գոգնոցը հանեց, արխալուղ հագաւ,
Հարեւան-դրկից` մի-մի շիշ օղով`
Նրա տուն մտան` աչքալուսանքի:
Յետոյ հերթն եկաւ կանանց հոսանքի.
Մի թաս խաւիծով կամ ձուածեղով`
Ծննդկանի շուրջ նստեցին նրանք`
Որդուն մաղթելով արեւշատութիւն,
Նորատի մօրը` շուտ ապաշխարանք,
Աղուորիկ մի հարս,
Բարի տատութիւն…

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

 

Այսօր (26 սեպտեմբեր 1869) հայ մեծ երգահան, երաժշտագէտ, բանահաւաք, խմբավար, երաժշտական ազգագրագէտ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան օրն է:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles