Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ձեր երեխայէն ներողութիւն խնդրելը վճռորոշ քայլ է, որ կը նպաստէ անոր առողջ զարգացման եւ ընտանիքէն ներս դրական յարաբերութիւններու հաստատման:
Ստորեւ` ներողութիւն խնդրելու 6 համոզիչ պատճառներ.
1.- Օրինակ Ծառայելու Համար
Ծնողները կենդանի օրինակ են իրենց զաւակներուն համար: Անհրաժեշտութեան պարագային ներողութիւն խնդրելը ցոյց կու տայ, որ կարեւոր է պատասխանատուութիւն կրելը գործած արարքներուն համար եւ ընդունիլ սխալը: Այսպէս, երեխան նաեւ կը սորվի, որ ոչ ոք կատարեալ է:
2.- Արժէքներու Ամրապնդման Համար
Ներողութիւնները կ՛ամրապնդեն հիմնական արժէքները` ազնուութիւնը, պատասխանատուութիւնը, պարկեշտութիւնն ու յարգանքը: Ներողութիւն խնդրելով` ծնողը երեխային կը սորվեցնէ, որ բաց հաղորդակցութիւնը եւ սխալը ընդունիլը առողջ յարաբերութիւններու նախապայման են:
3.- Վստահութիւն Շահելու Համար
Անկեղծ ներողութիւնը կ՛օգնէ վստահութեան ձեւաւորման ու պահպանման: Ծնողը իր սխալը ընդունելով` ցոյց կու տայ իր համեստութիւնն ու պարկեշտութիւնը. դաստիարակիչ քայլ` ծնողք-զաւակ փոխադարձ վստահութեան ամուր հիմքեր ստեղծելու համար:
4.- Յարաբերութիւններու Վերականգնման Համար
Վէճերն ու լարուածութիւնները ընտանեկան կեանքի բնական մասնիկներ են: Ներողութիւն խնդրելը անհամաձայնութիւններէն ետք յարաբերութիւնները վերականգնելու կարեւոր քայլ է: Ասիկա կ՛օգնէ վերականգնելու ներդաշնակութիւնը եւ երեխային սորվեցնելու ընտանեկան համերաշխութեան կարեւորութիւնը:
5.- Հաղորդակցութեան Կարեւորութիւնը Սորվեցնելու Համար
Ներողութիւն խնդրելը թիւրիմացութիւններն ու հակամարտութիւնները հաղորդակցութեան միջոցով լուծելու ձեւ է: Զիրար լսելով, կարծիք յայտնելով եւ լուծում փնտռելով` կարելի է ամենաբարդ իրավիճակներուն լուծում գտնել:
6.- Ինքնագնահատականի Ամրապնդման Համար
Ներողութիւն խնդրելով` գիտակից ծնողը երեխային ցոյց կու տայ, որ սխալը ընդունիլը նուաստացում չէ, այլ` մեծահոգի արարք, որ ուժ եւ քաջութիւն կ՛ենթադրէ:
Եզրափակելով` ըսենք, որ երեխայէն ներողութիւն խնդրելը կը ստեղծէ ընտանեկան առողջ միջավայր մը` հիմնուած հասկացողութեան եւ համերաշխութեան վրայ: Ասիկա հզօր միջոց է դաստիարակելու եւ ձեւաւորելու պատասխանատու, կարեկցող անհատներ, ունակ` առողջ յարաբերութիւններ պահպանելու ամբողջ կեանքի ընթացքին:
Ձեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ
1
– Փայտէ խոհանոցային պարագաները` դգալները, աշխատանքի տախտակները, գրտնակները պէտք է լուալ սովորական ամանեղէն լուալու հեղուկով եւ տաք ջուրով, ապա պէտք է լաւ ցօղուել եւ չորցնել, որպէսզի հնարաւորինս քիչ ժամանակ խոնաւ մնան, քանի որ խոնաւութիւնը մանրէներու բազմացման յարմար միջավայր է:
Որպէսզի վերոյիշեալ փայտէ իրերը մանրէներու բոյն չդառնան, կարեւոր է ախտահանել զանոնք առնուազն ամիսը անգամ մը. յատկապէս` աշխատանքի տախտակը, երբ անոր վրայ պարբերաբար հում միս կամ ձուկ կը կտրատէք:
Փայտէ խոհանոցային պարագաները ախտահանելու համար պարզապէս զանոնք լուացէք հեղուկ օճառով եւ տաք ջուրով, ցօղուեցէք, ապա մօտ կէս ժամ թրջեցէք ջուրի եւ ճերմակ քացախի խառնուրդի մէջ: Յետոյ լաւ ցօղուեցէք, ցամքեցուցէք եւ պարզեցէք արեւին:
Փայտը հոտերը կլանող նիւթ է, եւ քանի որ անիկա կը շփուի միսին, ձուկին, սոխին, սխտորին հետ բնականաբար կը կլանէ անոնց հոտերը: Բարեբախտաբար, կայ զայն հոտազերծելու միջոց` ամանի մը մէջ խառնեցէք ջուր եւ սոտա, ստացուած մածուկով ծեփեցէք փայտէ իրերը, ձգեցէք երեք քառորդ ժամ` նախքան ջուրով ցօղուելը եւ ցամքեցնելը:
Փայտը սնուցանելու եւ ձեր խոհանոցային պարագաներու կեանքը երկարաձգելու համար լաթի մը վրայ քիչ մը ձիթապտուղի ձէթ դնել եւ ապա թեթեւակի շփել վերոյիշեալ իրերը:
2
– Շուկայէն տուն բերուած պտուղներն ու բանջարեղէնները եւ մանաւանդ խոտաբոյսերը ծորակի ջուրի տակ ողողելը բաւարար չէ զանոնք հականեխելու եւ քիմիական մնացորդներէ մաքրելու համար: Բարեբախտաբար կայ պարզ հնարք մը` այս հարցը լուծելու համար:
Փոքրիկ տաշտի մը մէջ 1 լիթր ջուր եւ 10 սլ ճերմակ քացախ (կամ 10 սլ կիտրոնի հիւթ) լեցուցէք, պտուղը կամ բանջարեղէնը մէջը մխրճեցէք եւ սպասեցէք առնուազն կէս ժամ, ապա ցօղուեցէք հոսող ջուրի տակ եւ ցամքեցուցէք մաքուր լաթով մը: Եթէ ձեռքի տակ քացախ կամ կիտրոն չունիք, օգտագործեցէք 2 թէյի դգալ քարաղ կամ սոտա:
Գետնախնձորին, ստեպղինին կեղեւը մաքրելու համար կրնաք փոքրիկ խոզանակ մը օգտագործել:
3
– Ձեր բանջարեղէններուն կեղեւները թափելու փոխարէն` անոնց երկրորդ կեանք մը տուէք եւ պատրաստեցէք բանջարեղէնի արգանակ` ձեր կերակուրներուն մէջ օգտագործելու համար: Տունը պատրաստուած այս տարբերակը իր համով չի զիջիր շուկան վաճառուող բանջարեղէնի արգանակին:
Երբ կը խօսինք բանջարեղէններու կեղեւներուն մասին, կարեւորութեամբ շեշտենք, որ անոնք պէտք է ըլլան կատարեալ մաքուր:
Բանջարեղէնի արգանակի պատրաստութեան համար դուք կրնաք օգտագործել որեւէ բանջարեղէնի կեղեւը, ծայրամասերը ինչպէս նաեւ` խոտաբոյսերու ցօղունները:
Նախ կաթսային յատակը ձիթապտուղի ձէթով ծածկեցէք, ապա տաք ձէթին աւելցուցէք ձեռքի տակ ունեցած բանջարեղէններուն (սոխ, սխտոր, ստեպղին, կոճապղպեղ, վարունգ, շողգամ, սմբուկ…) կեղեւներն ու պտղակոթերը, ինչպէս նաեւ` խոտաբոյսերու (ազատքեղ, գինձ, բանջար, շոմին…) ցօղունները եւ թեթեւ կրակի վրայ քանի մը վայրկեան եփեցէք: Ապա աւելցուցէք ձեր նախասիրած համեմները, ինչպէս նաեւ` մեխակի գամ, կասիայի փայտիկ, գինձի եւ սեւ համեմի գնդիկներ եւ անշուշտ` աղ: Բոլորը միատեղ լաւ խառնեցէք: Խառնուրդին աւելցուցէք ջուր եւ եռալէն ետք 20 վայրկեան եփեցէք թեթեւ կրակի վրայ:
Արգանակը զտելու համար մաղէ քամոց օգտագործեցէք եւ ահա ձեր արգանակը պատրաստ է: Կրնաք մաս մը սառցամանի մէջ փոխադրել ու սառեցնել եւ աւելի ուշ օգտագործել:
Տունը պատրաստուած այս արգանակը շատ աւելի առողջապահական է, քանի զերծ է քիմիական նիւթերէ եւ պահպանիչներէ:
Ժամանց
Անգործածելի Իրերուն
Երկրորդ Կեանք Մը Տուէք
Երբ տունը կոկելու կը ձեռնարկէք, վստահաբար ձեր դէմ կ՛ելլեն իրեր, որոնց գոյութիւնը արդէն մոռցեր էիք եւ պատրաստ էք զանոնք աղբաման ղրկելու: Եկէք այս անգամ հրաժարեցէք այս միտքէն եւ փորձեցէք երկրորդ կեանք մը տալ անոնց` պիտանի իրերու վերածելով:
Եւ այսպէս`


– Անզոյգ գուլպաները կարելի է օգտագործել իբրեւ թաղարներու ծածկոյթ կամ գետնի սրբիչ:
– Սքրապլի քարերը օգտագործել խոհանոցի պատէն կախուող ցուցատախտակին համար, ուր նշուած են շաբթուան օրերու սկզբնատառերը եւ օրուան կերակուրը:
– Քորն ֆլեքսի պարապ տուփերը օգտագործել` իբրեւ գիրքեր ու տետրակներ դասաւորելու պահպանակներ:
– Եւ վերջապէս, վնասուած ու անգործածելի հին «Էլ. Փի.» մը կարելի է վերածել պատի ժամացոյցի մը:
Միշտ յիշեցէք, որ ձեռային աշխատանքը կը խթանէ ստեղծագործ միտքը, կը բարձրացնէ ձեր ինքնագնահատականը եւ ձեզ կը շեղէ առօրեայ հոգերէն:
Խոհագիր
Կաթնապուր
– 1 գաւաթ եգիպտական բրինձ
– 4 գաւաթ կաթ
– 1 գաւաթ շաքար
– 1 ապուրի դգալ եգիպտացորենի ալիւր
– 1 թէյի դգալ վանիլլա
– Փոշի կասիա, Հալէպի պիստակ` զարդարանքի համար
Պատրաստութիւն
Բրինձը լուալ, կաթսայի մէջ փոխադրել եւ 1 գաւաթ ջուրի մէջ եփել, մինչեւ որ կիսով չափ փափկանայ ու ջուրը քաշուի:
Բրինձին աւելցնել կաթը եւ թեթեւ կրակի վրայ եփել, մինչեւ որ ամբողջութեամբ փափկանայ: Եփի ժամանակ խառնուրդը մերթընդմերթ խառնել, որպէսզի կաթսային յատակին չփակչի:
Քիչ մը ջուրի մէջ լուծել եգիպտացորենի ալիւրը, աւելցնել խառնուրդին. վերջապէս, աւելցնել վանիլլան եւ շաքարը եւ քիչ-քիչ խառնել, մինչեւ որ խառնուրդը թանձրանայ:
Կաթնապուրը պատրաստ է, զայն լեցնել ներկայանալի, փոս ամաններու մէջ եւ սպասել, որ քիչ մը պաղի: Մատուցելու ժամանակ երեսը զարդարել փոշի կասիայով եւ պիստակով:
Գիտէ՞ք, Թէ…
Անցեալին Համբարձման օրը բոլոր տուներուն մէջ առտու կանուխ կաթնապուր կ՛եփէին: Ոմանք կաթնապուրի կաթսային տակ վառող կրակին մէջ կ՛այրէին եօթը աղօթքով հանգուցուած ձեռքի կապը:
Հայաստանի որոշ շրջաններու մէջ կաթնապուրը կ՛եփէին խմբովի` արտերուն մէջ եւ քանի մը շերեփ կաթնապուր կը թափէին արտերուն շուրջը` բերքի առատութիւն ապահովելու եւ արտը կարկուտէն ու վնասակար միջատներէն պաշտպանելու համար:
Համբարձման օրուան կաթնապուրը մատաղ էր. անիկա կը բաժնուէր առնուազն եօթը տուն:
Կարգ մը ընտանիքներ Զատիկէն մինչեւ Համբարձում կաթնապուր չէին ուտեր, որպէսզի կովերուն կաթը չպակսէր, իսկ Համբարձման օրը առաջին անգամ եփուող կաթնապուրը յատուկ հանդիսութեամբ կ՛ուտուէր:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Լիբանան
Ռումբեր տեղացին, ռումբեր հրավառ
Քաղաքին վրայ այս լուռ, բայց անքուն,
Մարդիկ յեղակարծ եղան շանթահար,
Եւ ահը մահուան մտաւ տունէ տուն:
Հրթիռներ կրակ սուրացին անվերջ
Եւ խորտակեցին երդ ու պատուհան,
Մթին ու խոնաւ նկուղներուն մէջ
Մարդիկ կոչ եկան խլուրդի նման:
Դժոխքէն ժայթքող հրանիւթ որպէս
Ժայթքեցան յաճախ ականներ հզօր,
Բիւր անձեր անմեղ եղան ողջակէզ
Կամ ցիւ եղան կտոր առ կտոր:
Ինչո՞ւ չարն այսպէս տարիներ տիրեց,
Մին ըսաւ Աստուած սէր է եւ գթած,
Միւսն ըսաւ` Աստուած մէկ է եւ միշտ մեծ,
Եւ տարածեցին աւեր, կոտորած…
Մայրիներուդ պէս անմահ Լիբանան,
Դուն գեղեցկութեան թագուհին միակ,
Զոհն եղար անմեղ այլոց ցանկութեան
Այլոց հեշտասէր մոլուցքին անյագ…
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ
(«Լուսեղէն Տրտմութիւն»)