Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Հետաքքրական. Ձիու Արձանի Մը Խորհրդանիշները

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Բոլորիս ծանօթ է Սասունցի Դաւիթի արձանը, որ հայ մեծ քանդակագործ, գեղանկարիչ Երուանդ Քոչարի ստեղծագործութիւնն է: Բայց քիչեր գիտեն, որ անիկա Երեւանի ամենածանր յուշարձանն է եւ կը կշռէ շուրջ 3,5 թոն: Ձիու արձանին բնորդն է Վանուշ Խանամիրեանը (Հայաստանի պարի պետական անսամպլի մենակատար եւ գեղարուեստական ղեկավար):

Հանճարեղ Երուանդ Քոչարի յաւերժախօս քանդակը, որ հայրենապաշտութեան, հայոց հաւաքական ուժի եւ յաղթանակներու խորհրդանիշ է, քիչերու ծանօթ է իր վեց հետաքրքրական խորհրդանիշներով, եւ այսպէս`

1.- Արձանին փոքր պատուանդանը կը խորհրդանշէ մեր փոքր Հայաստանը եւ բռնագրաւուած հայրենիքը:

2.- Ձիու ոտքերուն տակի թասը կը խորհրդանշէ ժողովուրդին համբերութիւնը, համբերութեան թասն է:

3.- Դիւցազնավէպի հերոսները ջրածին են, այդ պատճառով ալ արձանը տեղադրուած է ջրաւազանի մէջ:

5.- Դաւիթին տաբատը եզրակարուած է այծի մազի հիւսքերով: Սասունցիները պատերազմի ատեն այդպիսի տաբատ կը կրէին:

4.- Ձին սանձ չունի. ինչպէ՞ս կարելի էր սանձել խօսող ձին, չէ՞ որ ան Դաւիթի ընկերն էր եւ խորհրդատուն:

5.- Դաւիթին տաբատը եզրակարուած է այծի մազի հիւսքերով: Սասունցիները պատերազմի ատեն այդպիսի տաբատ կը կրէին:

6.- Ձիու պոչը անբնական մեծ է ու հզօր, քանի որ անիկա կռիւի ժամանակ կ՛օգնէր Դաւիթին, կը սպաննէր թշնամին եւ հայկական հողը կ՛աւլէր ոսոխի շունչէն:

Ոճաբանին Կարծիքով

 10 Բաներ, Որոնք Կնոջ
Տարիքը Մեծ Ցոյց Կու Տան

1

Ժամանակէն առաջ ճերմկած մազերը:

Լուծում` զանոնք ներկել կամ առնուազն միշտ կոկիկ ու յարդարուած պահել:

2

Թորշոմած, կախուած վիզը:

Լուծում` հրաժարիլ տէքոլթեներէն եւ, ըստ եղանակի, կրել վիզը ծածկող սիրուն վզկապեր կամ քոլռուլէ (կամ բարձր օձիքով) շապիկներ:

3

Չխնամուած ձեռքերը:

Լուծում` տան գործերու ընթացքին կերպընկալ ձեռնոց կրել, օրուան ընթացքին ձեռքերը օծել յատուկ սնուցանող սերերով, եղունգները միշտ խնամուած պահել:

4

Տարիքին անհամապատասխան հագուածքը:

Լուծում` հրաժարիլ շատ կարճ հագուստներէն ու մարմնին շատ փակած տաբատներէն, ինչպէս նաեւ տեքոլթէներէն ու անթեւ հագուստներէն, որոնք աւելի եւս կը շեշտեն թորշոմած մորթը: Նորաձեւութենէն չհրաժարելով հանդերձ, նախապատուութիւնը տալ տարիքին համահունչ հագուստներուն:

5

Վառ եւ շեշտուած դիմայարդարումը:

Լուծում` շեշտուած դիմայարդարումը, վառ կարմիր շրթներկը, մութ գոյնի դէմքի ծեփուկները, ածուխի գոյն կոպերը, արհեստական, անորակ թարթիչները որոշ տարիքէ մը ետք ոչ միայն ծիծաղելի դիմակի մը կը վերածեն դէմքը, այլ աւելիով կը շեշտեն անոր կնճիռները:

6

Ծանր անուշահոտերը:

Լուծում` հաճելի, թեթեւ օծանելիքը կնոջ հմայքի լաւագոյն զէնքերէն է, պայմանաւ որ անիկա օգտագործուի ճիշդ ձեւով: Ցերեկային ժամերուն օգտագործել Օտը թուալէթները, իսկ երեկոյեան, պաշտօնական առիթներով` Օտը փարֆէօնները:

Որքան ալ զարմանալի թուի, այո՛, ծանր օծանելիքները կը մեծցնեն կնոջ տարիքը:

7

Կանխահաս կնճիռները:

Լուծում` արեւին ճառագայթները, ցուրտ օդը, ջրազրկումը պատճառ կը դառնան կանխահաս կնճիռներու յայտնուելուն: Պէտք է օգտագործել դէմքին մորթը սնուցանող սերեր, ի հարկին պատրաստել ծեփուկներ` ըստ մորթի տեսակին կասեցնելու համար կնճիռներուն զարգացումը:

8

Թոյլ մարմնի կառոյցը:

Լուծում` մարզանքը թերեւս միակ եւ լաւագոյն միջոցն է մարմնին կառոյցը պահպանելու համար: Գրասենեկային աշխատանքը, սխալ նստուածքը եւ մանաւանդ մարզանքի պակասը պատճառ կը դառնան, որ մարմինը քիչ-քիչ շեղի իր ուղիղ կառուցուածքէն ու դառնայ թոյլ: Տունը կամ մարզասրահներուն մէջ կիրարկուող մարզանքները եւ լողը իտէալական են երիտասարդ եւ առողջ կառուցուածք հաղորդելու համար:

9

Չափազանց պղնձագոյն մորթը:

Լուծում` արեւի լոգանքի կամ արհեստական ճառագայթներու միջոցով ձեռք բերուած պղնձագոյն մորթը եւս կնոջ տարիքը մեծցնող ազդակներէն մէկն է: Արեւի լոգանքներու ընթացքին օգտագործուող սերերը միակ միջոցն են մորթը կանխահաս ծերացումէ պաշտպանելու համար: Իսկ ինչ կը վերաբերի արհեստական ճառագայթներուն, փորձագէտները խորհուրդ կու տան հրաժարիլ անոնցմէ:

10

Յոգնած ու խամրած աչքերն ու նայուածքը:

Լուծում` նորութիւն չէ, որ աչքերը դէմքին զարդ են: Զանոնք պէտք է պաշտպանել արեւի ճառագայթներէն` պարզապէս արեւի ակնոցներ կրելով: Սակայն աչքերը նաեւ կը խամրին ու կը յոգնին երկար ժամեր համակարգիչին, բջիջային հեռաձայնին կամ պատկերասփիւռի պաստառին պարզուելով: Կան աչքի պարզ մարզանքներ, զորս կարելի է կատարել գրասենեակը կամ տան մէջ: Կան նաեւ արհեստական արցունք կոչուած կաթիլներ, որոնք կը հանգստացնեն աչքերը: Ինքնաբուժումի մի՛ դիմէք, ձեր ակնաբուժին կարծիքը առաջնահերթ է:

Առողջապահական

 Ոտքերու Քացախով Լոգանք

Խնձորի ըլլայ, թէ սպիտակ, քացախը յայտնի է իր մանրէասպան եւ հակասնկային յատկութիւններով: Քացախով ոտքի լոգանքը վարակներու դէմ պայքարելէ բացի` կը խթանէ արեան շրջագայութիւնը, կը հանգստացնէ յոգնած ոտքերը եւ կը նուազեցնէ տհաճ հոտը:

Խնձորի քացախը հարուստ է հանքանիւթերով եւ կենսանիւթերով, իտէալական է չոր մորթին եւ վնասուած կրունկներուն համար: Մինչդեռ ճերմակ քացախը արդիւնաւէտ է տհաճ հոտերը չէզոքացնելու եւ սնկային վարակները դարմանելու համար:

Վերոյիշեալ բարիքներէն օգտուելու համար տաշտի մը մէջ գաղջ ջուր (32-37 ջերմաստիճան) լեցուցէք, 2-3 ապուրի դգալ քացախ աւելցուցէք եւ ձեր ոտքերը ջուրին մէջ մխրճեցէք 10-5 վայրկեան: Ապա ձեր ոտքերը շատ լաւ չորցուցէք, քանի որ խոնաւութիւնը կը նպաստէ սունկերու զարգացման:

Տհաճ հոտին դէմ պայքարելու համար կրնաք նոյն ջուրին աւելցնել անանուխի եթերայիւղի քանի մը կաթիլ: Չոր կրունկներուն համար` սուրճի գաւաթ մը քարաղ եւ, վերջապէս, կիտրոնի մը հիւթը, եթէ մարզիկ էք եւ մնայուն սնկային վարակներէ կը տառապիք:

Ոտքերու քացախով լոգանքը դիւրին եւ խնայողական միջոց է ոտքերու առողջութիւնն ու գեղեցկութիւնը պահպանելու համար: Կարելի է զայն կիրարկել շաբաթական դրութեամբ, իսկ ծանր պարագաներու` օրական:

Գծել` Խառնակ Միտքերը
Կարգաւորելու Համար

Հոգեբաններու կարծիքով, խառն միտքով կարելի չէ հանդարտ մտածել եւ հարցերուն ճիշդ լուծումներ գտնել, իսկ գծագրութիւնը լաւ միջոց է խառնակ միտքերը կարգաւորելու եւ դժուարութիւնները հարթելու համար:

Ըստ հոգեբաններու, իւրաքանչիւր հոգեվիճակ կամ դժուարութիւն ունի իրեն համապատասխան գծագրութիւն. եւ այսպէս`

Եթէ յոգնածութիւն կը զգաք, ծաղիկներ գծեցէք:
Բարկութեան պարագային` ուղղահայեաց եւ հորիզոնական գիծեր:
Ցաւի պարագային` երկրաչափական պատկերներ:
Եթէ տխուր էք, ծիածան գծեցէք:
Ճիշդ որոշում կայացնելու համար ալիքներ եւ շրջանակներ գծեցէք:
Ցրուած միտքերը հաւաքելու համար քառակուսիներ գծեցէք:
Իրադարձութիւնները յիշելու համար գունաւոր փուջիկներ գծեցէք:
Ուժերը վերականգնելու համար գեղատեսիլ վայր մը գծեցէք:
Ձեր զգացումներուն խորը թափանցելու համար ձեր դիմանկարը գծեցէք:
Կարօտախտի պարագային լաբիւրինթոս գծեցէք:

Իսկ դուք գիտէ՞ք, որ «Մանտալա» գունաւորելը պարզ, զուարճալի եւ հանգստացնող ժամանց ըլլալէ բացի` բնական բալասան է մեր մարմնին եւ մտքին համար: Նուազեցնելով ընկճախտը, բարելաւելով մեր կեդրոնացումը, խթանելով մեր ստեղծագործութիւնը, նուազեցնելով անհանգստութիւնը եւ բարելաւելով քունի որակը` գունաւորելու սէրը կրնայ յեղափոխել ձեր առօրեայ կեանքը:

Խոհագիր

 Գինձով Եւ Կիտրոնով Բրինձ

Բաղադրիչներ

2 գաւաթ ջուր
1 թէյի դգալ աղ
1 գաւաթ բրինձ (նախընտրաբար` պասմաթի կամ երկար հատիկ)
1 ապուրի դգալ կարագ
Կէս գաւաթ մանրուած գինձ
2 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ (նախընտրաբար` կանաչ կիտրոն)
Կէս թէյի դգալ կիտրոնի կեղեւի տաշուք

Պատրաստութիւն

Կաթսային մէջ ջուրն ու աղը եռացնել, ապա աւելցնել բրինձն ու կարագը: Կրակը թեթեւցնել, կաթսան կափարիչով փակել եւ շուրջ 20 վայրկեան եփել, մինչեւ որ բրինձը փափկանայ եւ ջուրը քաշուի:

Մատուցելէ անմիջապէս առաջ աւելցնել մանրուած գինձը, կիտրոնի հիւթն ու կեղեւի տաշուքները:

Պատառաքաղի մը միջոցով զգուշութեամբ խառնել, որպէսզի բրինձին հատիկները իրարու չփակչին, երեսը զարդարել կանաչ կիտրոնի շերտերով ու մատուցել:

*
*  *

Շաբթուան Մտածումը

Քոնն ուրիշին չտա՛ս:
Ինչքան տուեցիր, տանելու են, ինչքան տարան, խփելու են, ինչքան խփեցին, ուժեղանալու են, ուժեղացան` քամահրելու են…

***

Էս աշխարհը մարդակերի աշխարհ է, զաւա՛կս,
չափազանց բարի լինել` կը նշանակի յանձնուել:
Չպիտի յանձնուես, ծաղիկը, որ ծաղիկ է, խոտը, որ խոտ է, էլի պաշտպանութիւն ունի, դառնութիւն ունի, փուշ ունի:

***

Տանջանքը մարդու համար է, զաւա՛կս, սկզբում տանջուում են վերջի համար:
Քո մէջ կայ տանջանքին դիմակայելու ընդունակութիւն, ու որքան ուժեղ է «ես»-ը, այնքան ուժեղ է «մենք»-ը:

ՀՐԱՆԴ ՄԱԹԵՒՈՍԵԱՆ, «ԾԱՌԵՐԸ»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>