Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
«Այսօր օրդ ինչպէ՞ս անցաւ». այս հարցումը օրական կ՛ուղղէք ձեր դպրոցական երեխային եւ յաճախ կը ստանաք նոյն պատասխանը` «լաւ», առանց իսկապէս իմանալու, թէ ան ինչպէ՛ս անցուց իր օրը կամ ի՛նչ ապրումներ ունեցաւ:
Օրէ օր դուք միշտ նոյն հարցումը կը կրկնէք` ցոյց տալով, որ դուք հետաքրքրուած էք իրմով: Այս հարցումը կամաց-կամաց կը կորսնցնէ իր արժէքը, եւ ձեր երեխան ցանկութիւն չ՛ունենար ձեզի հետ բաժնելու աւելի անձնական նիւթեր:
Ժամանակն է, որ հրաժարիք այս սովորութենէն եւ ձեր դպրոցական երեխային ուղղէք աւելի ճշգրիտ հարցումներ եւ ուշադիր լսէք անոր պատասխանները: Անշուշտ հարցաքննութեան բնոյթ պէտք չէ ստանայ ձեր երկխօսութիւնը, այլ վերածուի հաճելի ու շինիչ զրոյցի: Ստորեւ` հարցումի հետաքրքրական տարբերակներ.
1.- Այսօր զբօսանքին ի՞նչ խաղացիր:
2.- Դասարանը կամ բակը ծիծաղելի բան պատահեցա՞ւ:
3.- Ի՞նչ նոր բան սորվեցար, որ զարմացուց քեզ:
4.- Ընկերներով հա՞շտ էիք, թէ պզտիկ վէճեր ունեցաք:
5.- Այսօր որեւէ գնահատական խօսք ստացա՞ր:
6.- Ոեւէ մէկը նեղացո՞ւց քեզ:
7.- Այսօր ի՞նչ լաւ բան պատահեցաւ քեզի հետ:
8.- Այսօր ուսուցիչը հարցաքննե՞ց քեզ, ան գո՞հ էր քու պատասխաններէդ:
9.- Այսօր ընկերներէդ ոեւէ մէկուն օգնելու առիթ ունեցա՞ր:
10.- 10-ի վրայ քանի՞ կ՛արժեւորես օրդ:
Վստահաբար ձեր մտքին մէջ ալ նոր հարցումներ ծագեցան…
Եօթը Վնասակար Մթերք
Երեխաներուն Համար
Եթէ նախանձախնդիր էք ձեր երեխաներու առողջութեան, անհրաժեշտ է, որ անոնք ճիշդ սնանին եւ ստանան առողջ սնունդ:
Բժիշկներու կարծիքով, կան եօթը վնասակար մթերքներ, որոնք պէտք է բացառել երեխաներու սննդակարգէն. եւ այսպէս`
1.- Շուկան վաճառուող թխուածքները
Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ անոնք կը պարունակեն մեծ քանակութեամբ ճարպեր եւ շաքար: Այս թխուածքներուն յաճախակի օգտագործումը ճարպակալում եւ առողջական խնդիրներ կը յառաջացնէ: Այս թխուածքները կարելի է փոխարինել տունը պատրաստուող մամային կամ մեծ մամային համեղ եւ առողջապահական կարկանդակներով:
2.- Քաղցր մածունները
Ասոնք կը պարունակեն` սննդային որոշ յաւելումներ, գունանիւթեր, պահպանիչներ: Այս արհեստական տարբերակները կարելի է փոխարինել սովորական մածունով` անոր աւելցնելով հատապտուղներ, տունը պատրաստուած անուշ կամ մեղր:
3.- Ապխտած միս
Երշիկ, նրբերշիկ, խոզապուխտի տեսակներ… Ասոնք բոլորն ալ կը պարունակեն ճարպեր եւ սննդային յաւելումներ: Որոշ երշիկներ նոյնիսկ միս չեն պարունակեր: Առաջին հայեացքով «անմեղ» թուացող այս մթերքները ոչ միայն ճարպակալման աղբիւր են, այլեւ կրնան բացասաբար ազդել երեխային ջղային համակարգին վրայ:
4.- Չոր նախաճաշը
Տուրմի սալիկներ, եգիպտացորենի փաթիլներ եւ այլն… Այս մթերքները երեխային կարելի է մատուցել ամիսը հազիւ 2-3 անգամ: Երեխային նախաճաշը պէտք է ընդգրկէ` կաթնեղէն, պտուղ, բանջարեղէն, կաթ եւ այլն:
5.- Շուկան վաճառուող հիւթեր
Մէկ բաժակ հիւթը կը պարունակէ 6-7 դգալ շաքար, առաւել` պահպանիչներ եւ գունանիւթեր: Հարկաւոր է ամէն գնով հրաժարիլ անոնցմէ, քանի որ կը վնասեն թէ՛ երեխաներու ակռաներուն եւ թէ՛ առողջութեան: Մինչեւ իսկ կը բարձրացնեն շաքարախտով հիւանդանալու հաւանականութիւնը: Լաւագոյն տարբերակը թարմ քամուած հիւթերն են:
6.- Մարմըլատ ժըլէները
Ասոնց շարքին է նաեւ երեխաներուն սիրելի չուփա-չուփսը: Այս տեսակի քաղցրեղէնները կը պարունակեն` մեծ քանակութեամբ գունանիւթեր, շաքար, յաւելումներ, որոնք կրնան գերզգայնութիւններ եւ ստամոքսի խանգարումներ պատճառել:
7.- Չիփսը եւ կազաւորուած խմիչքները
Ճարպերով եւ շաքարով յագեցած այս շատ վնասակար ուտեստն ու խմիչքները պէտք է հնարաւորինս բացառել երեխաներուն ճաշացուցակէն. անոնք ոչ միայն ճարպակալում կը պատճառեն, այլեւ կախուածութիւն կը ստեղծեն երեխաներուն մօտ:
Հետաքրքրական
Հայկական Ասացուածքներ
Հայկական հարուստ մշակոյթը ասացուածքներու հարուստ ժառանգութիւն ունի: Ասացուածքները ժողովուրդի մը դարաւոր կենսափորձէն բխող սեղմ, պատկերաւոր, իմաստալից ընդհանրացումներն են ընկերային կեանքի, մարդկային բարքերու եւ կեանքի բազմազան երեւոյթներու մասին:
Հայկական ասացուածքները կ՛արտացոլացնեն հայ ժողովուրդին փիլիսոփայութիւնը, կը փոխանցուին սերունդէ սերունդ եւ կեանքի կարեւոր դասեր կու տան մեզի: Ստորեւ` հայկական ասացուածքներու փունջ մը.
«Հերոս չկայ` առանց վէրքերու»:
«Եօթը դուռ թակէ, որպէսզի մէկը բացուի»:
«Հիւրը երկու անգամ կ՛ուրախացնէ տանտիրոջ. երբ կը ժամանէ եւ երբ կը մեկնի»:
«Նետուած քարը չի վերադառնար»:
«Խօսքով փիլաւ չես եփեր. իւղ եւ բրինձ պէտք է»:
«Ճամբան քալելով կը վերջանայ, պարտքը` տալով»:
«Մի՛ ըլլար միայն հացի ընկեր, եղիր նաեւ լացի ընկեր»:
«Հեռո՛ւ կանգնիր այն ջուրէն, որ ոչ կը խշշայ, ոչ կ՛աղմկէ»:
«Տան ներսի պատը կինն է, դուրսինը` ամուսինը»:
«Ուժը քաջին, սուրը գործածողին կը վայելէ»:
Իսկ դուք կրնա՞ք ամբողջացնել հայկական այս ասացուածքները:
1) «Լաւ է կանգնած մեռնիլ, քան` —————–ապրիլ»:
2) «Ալիւրը մենք մաղեցինք, —————- ուրիշները կերան»:
3) «Հերոսը մէկ անգամ կը մեռնի, —————–` հազար»:
4) «Նոյն ծաղիկէն ———— թոյն կը շինէ, մեղուն` մեղր»:
5) «Շատ ————– ունեցուղ գիւղին առաւօտը շուտ կը ծագի»:
Ընկճախտը Փարատող Լոգանք
Ծանրաբեռնուածութիւն, անհանգստութիւն, անքնութիւն, մտահոգութիւն, ընկճախտ… Իսկ ի՞նչ կ՛ըսէք, եթէ այս ամէնօրեայ անհանգստութիւնները լուծում գտնեն մեղմ բուժման ճամբով: Յաճախակի լոգանքը կ՛օգնէ ձերբազատուելու լարուածութենէ եւ ձեզի կը պարգեւէ հանգստութեան ջերմ զգացում:
Վստահաբար իմացած էք դուք լոգանքի առաւելութիւններուն մասին. ստերեւ` արագ յիշեցում մը.
– Տաք լոգանքը կը խթանէ արեան շրջագայութիւնը:
– Կը հանգստացնէ մկաններն ու յօդերը:
– Ջուրի գոլորշին դրական ազդեցութիւն կը գործէ շնչառութեան վրայ:
– Կը մաքրէ մորթը` աղտերէն եւ կը բանայ ծակտիկները:
– Դիմադրական համակարգը կը ձերբազատէ թունաւոր նիւթերէ:
– Կը հանգստացնէ ջղային համակարգը եւ կը փարատէ ընկճախտը:
Ձեզի կ՛առաջարկենք ընկճախտը փարատող եւ լիցքաթափող լոգանքի մը բաղադրատոմսը:
Դուք Պէտք Ունիք`
– 1 ապուրի դգալ նարինջի կեղեւի տաշուքի,
– 1 ապուրի դգալ փոշի կոճապղպեղի,
– 1 ապուրի դգալ խնկունիի,
– 5 կաթիլ նարինջի կամ կոճապղպեղի եթերաիւղի,
– 2 ապուրի դգալ փոշի կաթի,
– 3 ապուրի դգալ «էփսոմ» աղի (ծանօթ է նաեւ սիւլֆաթ տը մակնեզիոմ եւ անգլիական աղ անուններով):
Ինչպէ՞ս Օգտագործել
Առէք շղարշէ ծրարիկ մը կամ թաշկինակ մը, մէջը դրէք վերը յիշուած բոլոր բաղադրիչները, բերանը լաւ գոցեցէք, ապա զայն հաստատեցէք ծորակին ծայրը, այնպէս մը, որ հոսող տաք ջուրը թրջէ զայն եւ մէջի բաղադրիչները ջուրին հետ լեցուին լոգարանին մէջ:
20 վայրկեան պառկեցէք բուրաւէտ եւ առողջարար այս ջուրին մէջ:
Հոս կարեւորութեամբ նշենք, որ տաք լոգանքը բոլորին յանձնարարելի չէ եւ կրնայ անբաղձալի հետեւանքներ ունենալ: Եթէ որեւէ առողջական հարց ունիք, նախընտրելի է դիմէք ձեր բժիշկին կարծիքին:
Խոհագիր
Մեղրադդումի Ապուր
– 1 քիլօ մեղրադդում (խորանարդաձեւ կտրատուած)
– 1 սոխ (մանրուած)
– 2 գետնախնձոր (խորանարդաձեւ կտրտուած)
– 2 պճեղ սխտոր
– 2 ապուրի դգալ ձէթ
– 1 ապուրի դգալ կարագ
– 2 ապուրի դգալ թարմ սեր
– Աղ, սեւ պղպեղ
– Մեղրադդումի սերմ` զարդարանքի համար
Պատրաստութիւն
Մանրուած սոխն ու ճզմուած սխտորը աղին եւ սեւ համեմին հետ 10 վայրկեան դարձնել ձէթին եւ կարագին մէջ:
Աւելցնել 2 բաժակ ջուր, դդումն ու գետնախնձորը, եփել կէս ժամ:
Կաթսան կրակին վրայէն հանել եւ խառնուրդը հարիչի միջոցով խիւսի վերածել:
Աւելցնել թարմ սերը եւ մատուցելու ատեն երեսը մեղրադդումի սերմերով զարդարել:
* * *
Ապուրները համեղ, սննդարար, համեմատաբար աժան եւ արագ պատրաստուող, ցուրտ օրերու իտէալ ուտեստներ են: Յատկապէս բանջարեղէնով պատրաստուած տարբերակները քիչ ջերմուժ կը պարունակեն եւ կ՛օգնեն նիհարնալու:
Ապուրները հարուստ են բնաթելով, հետեւաբար դիւրամարս են եւ կը կարգաւորեն աղիքներու գործունէութիւնը: Կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ ապուրները նաեւ հակաքաղցկեղային յատկութիւն ունին, յատկապէս ինչ կը վերաբերի հաստ աղիքին:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ներեցէք Մեզ, Տղաներ
Ներեցէ՛ք դուք մեզ, անմահ տղաներ,
Որ արշալոյսին այցի չենք գալիս,
Ներեցէ՛ք, որ էլ ծաղիկ չենք դնում
Ձեզ ամուր գրկած այդ մի բուռ հողին:
Ներեցէ՛ք դուք մեզ, անմահ տղաներ,
Որ խունկ չենք ծխում ձեր գերեզմանին,
Որ թողած տուն-տեղ, հայրենի եզերք
Թրեւ ենք գալիս ուր որ պատահի:
Ներեցէ՛ք դուք մեզ, անմահ տղաներ
Գաղթական դարձած արցախցիներիս,
Դուք հո լաւ գիտէք, որ մենք պարտուող չենք
Կը վերադառնանք երկիր հայրենի:
Ներեցէ՛ք դուք մեզ, անմահ տղաներ,
Ձեզնով է լցուած մեր հոգին լոյսով,
Եւ այդ լոյսն է, որ մեզ տուն կը բերի
Ձեր արեամբ թրծուած սուրբ հողի կանչով…
ԳԱԳԻԿ ԲԵԳԼԱՐԵԱՆ