Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Հինգ Բան, Որ Պէտք Է Ննջարանէն Հեռացնել Հանգիստ Քնանալու Համար

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Եթէ գիշերը քնանալու դժուարութիւն ունիք, պատճառը ձեր ննջասենեակը կրնայ ըլլալ:

Ահա հինգ բան, որ պէտք չէ պահել ննջասենեակին մէջ` լաւ քունը խթանելու համար:

1

Ելեկտրական Սարքեր

Բջիջային հեռախօսը, համակարգիչը, պատկերասփիւռը եւ նմանօրինակ սարքերը իրենց տեղեկութիւններուն եւ նկարներուն տարափով ոչ միայն արթուն կը պահեն ուղեղը, այլեւ կ՛ազդեն քունի որակին եւ աչքերու առողջութեան վրայ: Հետեւաբար ննջարանէն պէտք է հեռացնել այս սարքերը եւ զանոնք փոխարինել հետաքրքրական գիրքով մը:»

2

Շատ Հին Ներքնակը

Ներքնակ մը պէտք է փոխել միջին հաշուով 7-10 տարին անգամ մը: Որակաւոր ներքնակը նախապայման է գիշերը հանգիստ քնանալու եւ առաւօտեան առանց ցաւերու արթննալու համար:

3

Խառնաշփոթը

Հանգիստ քնանալու համար անհրաժեշտ է հանգիստ միջավայր: Եթէ ննջասենեակը խճողուած է երեխաներուն խաղալիքներով, դիզուած լուացքով, հոս-հոն թափառող կօշիկներով, անկարելի է երազել հանգիստ քունի մը մասին:

Ննջասենեակը պէտք է ըլլայ ծայր աստիճան կոկիկ, առանց հոս-հոն թափառող ու իրենց ճիշդ տեղը չգտած իրերու:

4

Լոյսը

Լաւ քնանալ գրեթէ անհնար է, եթէ ննջասենեակը չափազանց լուսաւոր է: Վերը յիշեցինք ելեկտրական սարքերու լոյսերը, բայց կայ նաեւ ննջասենեակին առաստաղէն հաստատուած գլխաւոր լոյսը, որ իր կարգին խանգարող տարր է ննջասենեակին մէջ, եթէ անիկա շատ զօրաւոր է:

Թելադրելի է բաւարարուիլ միջակ լուսաւորութեամբ մը եւ ի հարկին մահճակալին կողքին զետեղել լուսամփոփ մը ընթերցելու համար:

5

Ընտանի Անասունները

Ճիշդ է` կը սիրենք զանոնք, թէեւ անոնք մեր ընտանիքին մաս կը կազմեն, բայց խոստովանինք, որ ննջասենեակին մէջ անասունի մը ներկայութեան հանգիստ քնանալը գրեթէ անհնար է: Եթէ կէս գիշերէն ետք կատուին սիրտը խաղալ կ՛ուզէ կամ շունը կու գայ ու կը բազմի մահճակալին լայնքին-երկայնքին, մեր քունը վերականգնող չի կրնար ըլլալ: Միակ լուծումը զանոնք ննջարանէն դուրս պահելն է:

Հետաքրքրական

Ինչ Կը Պահատի, Եթէ Տան Մէջ
Խնկունի (Ռոզմէրի) Այրէք

Մեր կերակուրներուն բոյր եւ համ հաղորդող խնկունին` բացի խոհարարական բոյս ըլլալէ, նաեւ օժտուած է հետաքրքրական բարիքներով:

Քիչերուն ծանօթ է խնկունի այրելու ծէսը: Յոյները, հռոմէացիներն ու եգիպտացիները, որպէս սուրբ խոտ, խնկունին օգտագործեր են մթնոլորտ մաքրելու արարողութիւններու ժամանակ:

«Նաշընըլ տէյ օֆ մետիսին»-ի մէկ ուսումնասիրութիւնը կը հաստատէ, որ այս խոտաբոյսին ծուխը բնական դեղամիջոց է տան օդը թարմացնելու համար: Տեսէք, թէ ի՛նչ կը պատահի, եթէ տան մէջ խնկունի այրէք:

ԿԸ ՄԱՔՐՈՒԻ ՏԱՆ ՕԴԸ. Այո՛, խնկունիին ծուխը ձեր տան օրը կը մաքրէ ու կը թարմացնէ: Որպէս բնական ախտահանիչ` տարածքը կը մաքրէ մանրէներէն եւ արդիւնաւէտ միջոց է` հիւանդութիւններէ ետք կամ եղանակային գերզգայնութիւններու ժամանակ:

Կը ԲԱՐԵԼԱՒՈՒԻ ՁԵՐ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆԸ. Այո՛ խնկունին, հին յոյներու կարծիքով, կը բարելաւէր մտային ունակութիւնները, իսկ ժամանակակից ուսումնասիրութիւնները կը հաստատեն, որ այրուող խնկունիին բոյրը կը խթանէ կեդրոնացումը եւ կը բարելաւէ յիշողութիւնը: Եթէ դուք նախագիծի մը վրայ կ՛աշխատիք, խնկունիին ծուխը կրնայ ձեզի անհրաԺեշտ խթան տալ:

ԿԸ ՆՈՒԱԶԵՑՆԷ ԸՆԿՃԱԽՏԸ. Խնկունիին հանգստացնող յատկութիւնները կ՛օգնեն նուազեցնելու ընկճախտը. անոր ծուխին բոյրը կ՛ազդէ ձեր ջղային համակարգին վրայ` օգնելով նուազեցնելու քորթիզոլի (ընկճախտի հորմոն) մակարդակը: Ընդամէնը քանի մը վայրկեան խնկունիի ծուխին բոյրը շնչելով` դուք կը թուլանաք եւ քիչ-քիչ կը ձերբազատիք ծանրաբեռնուածութեան եւ լարուածութեան վիճակէն:

Իմացէ՛ք նաեւ`

– Կրնաք խնկունիի ճիւղեր այրել քնանալէ առաջ` ձեր քունին որակը բարելաւելու համար, կամ լոգանքի պահուն` ձեր լոգանքը վայելքի վերածելու համար:

– Եթէ հիւրեր պիտի ընդունիք, տան մթնոլորտը գրաւիչ ու հիւրընկալ դարձնելու համար կրնաք խնկունիի մէկ-երկու ճիւղ այրել` անոնց ժամանումէն քիչ առաջ:

– Թարմ խնկունին, ինչպէս նաեւ այրած խնկունիին ծուխը բնական միջոց է ճանճերն ու մժեղները քշելու համար:

– Թարմ, ձէթի մէջ թաթխուած խնկունին յաճախ օգտագործուած է աւանդական բժշկութեան մէջ` որպէս ցաւազերծիչ, յատկապէս` գլխացաւի, յօդացաւի եւ մկանային ցաւերու պարագային:

– Խնկունիի եփուկի ջուրը կը խթանէ մազերուն աճը եւ կը հեռացնէ թեփը:

– Խնկունիի եթերաիւղի քանի մը կաթիլը կ՛օգնէ, որ ձեր մորթը աւելի թարմ եւ երիտասարդ տեսք ունենայ:

Սովորութիւններ, Որոնք
Կը Վնասեն Մեր Առողջութեան

Ծխելը, ֆասթ ֆուտով սնանիլը, մարզանքէ հրաժարիլը… Բոլորս ալ գիտենք, որ այս վատ սովորութիւնները կրնան առողջական լուրջ հարցեր յառաջացնել: Բայց կան ուրիշներ` աւելի թաքուն, անվնաս թուացող, որոնք նոյնպէս կրնան վնասել մեր առողջութեան` յաճախակի կրկնուելու պարագային, եւ այսպէս`

-1-

Քնանալ` Առանց Ակռաները Խոզանակելու

«Հելթ Քանատա»-ի կարծիքով, այս սովորութիւնը կրնայ լինտերու հիւանդութիւն յառաջացնել, որ ինքնին կրնայ յանգեցնել աւելի լուրջ խնդիրներու` շաքարախտի, ուղեղի կաթուածի եւ այլն…

-2-

Երթեւեկել` Պատուհանները Բաց Ինքնաշարժով

Գլխացաւէ եւ սիրտի հետ կապուած անհանգստութիւններէ հեռու մնալու համար անհրաժեշտ է հրաժարիլ պատուհանները բաց ինքնաշարժով երթեւեկելէ: Ապականած օդը, կուտակուած աղբերը, փոշին` ինչպէս նաեւ ինքնաշարժներէն արտաքսուող թունաւոր կազերը քառապատիկ աւելի կը մտնեն թոքերուն մէջ եւ շնչառական խնդիրներ կը ստեղծեն:

-3-

Կերպընկալէ Ամանով Մանրալիքին Մէջ Կերակուր Տաքցնել

«Հելթ Քանատա»-ի կարծիքով այս վատ սովորութիւնը քաղցկեղ եւ հորմոններու ծերացում կրնայ պատճառել: Խիստ յանձնարարելի է կերակուրները տաքցնել ապակեայ ամաններու մէջ:

-4-

Ուտել Երեխաներուն Կերակուրի Մնացորդները

Շատեր սովորութիւն ունին իրենց երեխաներուն կերակուրներուն աւելցուքները ուտելու` մտածելով, որ` «Մեղք է թափելը», կամ «Եղած-չեղածը քանի մը պատառ է», մինչդեռ եթէ այս վատ սովորութիւնը յաճախակի կրկնուի, շատ չանցած` անիկա գիրութեան եւ ճարպակալման դուռ կը բանայ, իսկ հետեւանքները բլորին ծանօթ են:

-5-

Անտեսել Դեղերը Կլլելու Ժամանակը

Զանազան պատճառներով շատեր կը խախտեն իրենց դեղերը կլլելու ժամանակը, ոմանք ալ ինքնագլուխ կը զեղչեն անոնցմէ մէկ քանին` առանց իմանալու, որ նման խախտումներ կրնան խաթարել մարմնին հաւասարակշռութիւնը եւ յանգեցնել ախտանիշներու վատթարացման, յատկապէս` քրոնիք հիւանդութիւններու պարագային:

Դեղերու անկանոն օգտագործումը կրնայ նաեւ վնասել հոգեկան առողջութեան եւ ընկճախտ պատճառել: Այս վիճակը կրնայ փոխել` խնդրոյ առարկայ անձին տրամադրութիւնը, խանդավառութիւնը, ուրիշներու հետ յարաբերելու ոճը, ընդհանուր բարեկեցութիւնը:

Ձեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

Փափուկ Խաղալիքներու Դասաւորում

Ձեր երեխային փափուկ խաղալիքներուն թիւը օրէ օր կ՛աւելնայ, եւ դուք շուարած էք, թէ ինչպէ՛ս եւ ո՛ւր տեղաւորէք զանոնք… Ահա երկու հետաքրքրական եւ գործնական միջոցներ` զանոնք գեղեցիկ ձեւով դասաւորելու եւ ոտքի տակ չձգելու համար: Վստահաբար այս տարբերակներէն մէկը պիտի լուծէ ձեր խնդիրը:

Խոհագիր

Սմբուկով Նախուտեստ

Բաղադրիչներ

– 2 երկար սմբուկ (երկայնքին, բարակ շերտուած)
– 1 գաւաթ ֆեթա պանիր
– 1 կանաչ պղպեղ (մանր, խորանարդաձեւ կտրատուած)
– 1 լոլիկ (միջուկը հանուած եւ խորանարդաձեւ, մանր կտրատուած)
– 2 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
– Կէս թէյի դգալ խնկածաղիկ (օրեկանօ)
– Նուռի ռուպ` զարդարանքի համար (կամ նուռի հատիկներ)
– Մանրուած ընկոյզ` զարդարանքի համար:

Պատրաստութիւն

Նախապէս աղի ջուրի մէջ թրջուած սմբուկի շերտերը երկու լաթի միջեւ ցամքեցնել եւ տապկել (կամ` փուռին մէջ խորովել): Փոխադրել ծծուն թուղթի վրայ եւ ձգել, որ պաղին:

Մինչ այդ փոս ամանի մը մէջ պատրաստել միջուկը, վերը նշուած բաղադրիչներն ու խնկածաղիկը լաւ խառնելով:

Սմբուկի շերտերուն ծայրամասին միջուկէն բաժին մը դնել եւ գլանաձեւ ոլորել ու շարել ներկայանալի, բաց ամանի մը մէջ: Մատուցման պահուն զարդարել մանրուած ընկոյզով եւ նուռի ռուպով:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ո՞վ Կը Հանդիպի…

Ո՞վ կը հանդիպի, ո՞վ կը բարեւի,
Ո՞ւմ հոգեհամբոյր խօսքը կը լսեմ:
Ո՞ւմ ուրախացած դէմքը կ՛արեւի`
Բարեկամական հրճուանքով վսեմ:

Ո՞վ կը համբուրի, ո՞վ կը հեկեկայ,
Ո՞վ կը hիանայ անսուտ հրճուանքով:
Գուցէ աշխարհում, դուրսը մէկը կայ,
Որ ապրում է իմ անուրախ կեանքով:

Գուցէ իմ սրտում, երգերում իմ մութ,
Խօսքերում` ասուած իմ հոգու մասին-
Հեռաւոր մէկի անրջանքն եմ սուտ`
Նետուած աշխարհի անսուտ երազին:

Գուցէ` ապրելով նրա երազում`
Երգում եմ նրա տագնապները խոր-
Եւ թւում է ինձ աշխարհի մուժում,
Որ ի՛նձ եմ երգում, կեանքս մենաւոր:-

– Ողջո՛յն քեզ, անյայտ, անծանօթ ընկեր,
Խաղաղութի՛ւն քեզ, հեռաւոր եղբայր.
– Ողջո՜յն ձեզ, վաղուայ չծնուած կեանքեր:

– Ես` եղբայրօրէն ու մտերմաբար`
Ողջունում եմ ձեզ անցած խաւարի
Իմաստուն, տխուր ժպիտով բարի…

ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑ

 

 

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>