Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Ինչո՞ւ Ճափոնցի Երեխաները Աւելի Հանդարտ Են Եւ` Հաւասարակշռուած

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Աշխարհը հիացած է ճափոնցիներուն բնաւորութեամբ: Անոնք ամենասարսափելի փորձութիւններն անգամ կը դիմակալեն մեծ տոկունութեամբ եւ երբեք չեն կորսնցներ իրենց ինքնատիրապետումը: Անոնք նաեւ յայտնի են շրջապատին հանդէպ իրենց մեծ յարգանքով եւ աշխատասիրութեամբ:

Եւ այս բոլորը միայն մեծերուն չեն վերաբերիր: Ճափոնցի երեխաները նոյնպէս շատ կը տարբերին Արեւմուտքի երեխաներէն: Անոնք համեստ են եւ` հաւասարակշռուած. իսկ ո՞րն է այս բոլորին գաղտնիքը… ընկերաբանները փորձած են պարզել զայն:

Ճափոնցիները Կը Գնահատեն Ընտանեկան Կապերը

Ճափոնցիներուն յատուկ են ընտանեկան սերտ կապերը` տարբեր սերունդներու միջեւ: Ճափոնի մէջ տարեցները յատուկ ուշադրութեան եւ յարգանքի կ՛արժանանան եւ կ՛ընկալուին որպէս իմաստութեան աղբիւր:

ՏԱՐԵՑՆԵՐԸ, իրենց կարգին, երիտասարդներուն նկատմամբ աւելի համբերատար ու սիրալիր են: Անոնք չեն քննադատեր երիտասարդները, այլ կը բաւարարուին խրատներ տալով, այս պատճառով ալ տարբեր սերունդներու միջեւ կապը չափազանց ներդաշնակ է:

Երեխաներուն Դաստիարակութիւնը Հիմնուած Է Ըմբռնման Վրայ

Ծագող արեւի երկրին մէջ ծնողները համոզուած են, որ երեխաներուն դաստիարակութիւնը պէտք է կառուցուի նրբազգացողութեան եւ ըմբռնման վրայ: Երեխային նկատմամբ ձայն բարձրացնելը անընդունելի է, այնպէս` ինչպէս ֆիզիքական բռնութիւնը: Ծնողները համոզուած են, որ պատիժներէն հրաժարելով` երեխաներուն կը սորվեցնեն ինչպէս վերաբերիլ աշխարհին` յարգելով այլ մարդոց զգացումները: Իսկ եթէ երեխան որեւէ սխալ գործէ, ծնողները զայն կը պատժեն խիստ հայեացքով. այսպէս անոնք ցոյց կու տան սխալ վարքին անընդունելիութիւնը:

Ազատ Ժամերուն

Ճափոնի մէջ սովորութիւն է` ընտանեօք հաւաքուիլ ճաշի սեղանին շուրջ, զրուցել, պատմութիւններ պատմել… երեխաները շատ կանուխէն կը սորվին բանաւոր շփման կարեւորութիւնը: Ահա թէ ինչո՛ւ հոն երեխաները հանգիստ են. անոնք կը մեծնան շրջապատի մը մէջ, ուր փոխադարձ հասկացողութիւն, երկխօսութիւն կայ: Անոնք սիրոյ պակաս չունին եւ կը տեսնեն, որ աշխարհի մէջ որոշ կարգ կայ, եւ որ` ամէն մարդ իր տեղը ունի: Ասիկա երեխաներուն հանգստութիւն կը պարգեւէ եւ կ՛օգնէ հասկնալու, որ յուզական պոռթկումներու անհրաժեշտութիւն չկայ:

Բարձր Տրամադրութեամբ Դիմաւորենք
Ձմրան Ցուրտ Օրերը

Մեր ուտելիքները մեծ ազդեցութիւն ունին մեր կենսունակութեան վրայ: Ոմանք կը բարելաւեն ուղեղին աշխատանքը, ոմանք կ՛օգնեն նիհարնալու, ոմանք ալ կը պահպանեն մեր առողջութիւնը:

Իսկ ձմրան, երբ արեւին բացակայութիւնն ու ցուրտ եղանակը տխրութիւն կը բերեն, հետաքրքրական է իմանալ, թէ ի՛նչ սնունդ կրնայ բարձրացնել մեր տրամադրութիւնը: Ցուրտ ու մութ եղանակներուն է, որ շատեր կ՛ունենան յուզական խանգարումներ:

Որքան քիչ ըլլայ արեւին լոյսը, այնքան քիչ սերոթոնին (հաճոյքի հորմոն) կ՛արտադրէ մարդուն մարմինը: Ասկէ բացի` ձմրան տեղի կ՛ունենայ մելաթոնինի արտադրութեան խախտում, որ կ՛ազդէ քունի եւ տրամադրութեան վրայ: Զարմանալիօրէն որոշ ուտելիքներ կրնան փոխել ուղեղին տրամադրութիւնը, եթէ զանոնք ներառենք մեր ամէնօրեայ սննդակարգին մէջ:

Ձուկը

Ճարպոտ ձուկերը` սալմոնը, թունան, սարտինը հարուստ են չյագեցած օմեկա 3 ճարպաթթուներով: Մարդուն մարմինը ի վիճակի չէ ինքնուրոյն արտադրելու այդ օգտակար նիւթերը, հետեւաբար անհրաժեշտ է այս ձուկերէն յաճախ ուտել: Օմեկա 3-ը կ՛օգնէ սերոթոնինի արտադրութեան եւ կ՛ամրապնդէ ջղային համակարգը:

Սեւ Տուրմը

Տուրմը նոյնպէս կը պարունակէ այնպիսի նիւթեր, որոնք կը նպաստեն տրամադրութեան բարելաւման: Անիկա նաեւ հարուստ է Պէ. կենսանիւթով, մակնեզիոմով եւ քաֆէինով. այս տարրերը կ՛օգնեն աւելի շատ ուժանիւթ հաւաքելու:

Պայման է, որ տուրմը պարունակէ առնուազն 72% չմշակուած քաքաօ: Այլապէս անիկա պարզապէս բարձր ջերմուժով քաղցրութիւն է, որ քանի մը վայրկեան հաճոյք կը պատճառէ, բայց ոչ մէկ օգուտ կու տայ:

Ածխաջուրը

Ուսումնասիրութիւններ պարզած են, որ քիչ ածխաջուր պարունակող սննդականոնի հետեւողները աւելի ընկճուած են, քան` ցած ջերմուժ եւ բարձր ածխաջուր պարունակող սննդականոնի հետեւողները:

Ածխաջուրով հարուստ են` հացահատիկները, պտուղները, ընդեղէնները, ամբողջական ձաւարեղէնները եւ այլն…

Ապուրը

Ձմրան ցուրտին դիմանալու, մարմինը ջերմացնելու եւ կենսուժով զինելու յարմար ուտելիք է տաք ապուրը: Յատկապէս թելադրելի են բանջարեղէններով, հատեղէններով եւ հաւով պատրաստուած տարբերակները:

Երիցուկի Թէյը

Ձմրան, ցերեկային ժամերու կրճատման պատճառով մարմնին մէջ որոշ կշռոյթի տատանումներ տեղի կ՛ունենան, եւ ոմանց մօտ քունի եւ զարթնումի դժուարութիւններ կը ծագին:

Երիցուկի թէյը կ՛օգնէ քունի կարգաւորման եւ կը բարելաւէ մարմնին ճանաչողական գործառոյթները` յիշողութիւնը եւ ընկալումը օրուան ընթացքին: Երիցուկի թէյը նաեւ կ՛օգնէ նուազեցնելու ձմրան բնորոշ յոգնածութեան զգացումը, ինչ որ դրականօրէն կ՛անդրադառնայ մարդու ինքնազգացողութեան բարելաւման վրայ:

Չմսելու Գործնական Եւ Դիւրին Միջոցներ

Շտապօգնութեան բժիշկ Լուի Էթիէն կը ներկայացնէ պարզ եւ ազդու միջոցներ` ցուրտէն պաշտպանուելու եւ չմսելու համար: Էթիէն դէմ է տունը արտակարգ տաքցնելու կամ «քանի մը շերտ» հագուստ կրելու գաղափարին. անոր կարծիքով`

– Ձեռքերը, ոտքերը եւ գլուխը մարմնին ամենազգայուն մասերն են, քանի որ շատ անօթաւորուած են, քիչ պաշտպանուած` պաշտպանիչ ճարպերով: Էթիէն կը թելադրէ ձեռնոցներ, տաք գուլպաներ եւ գլխարկ կրել ծայրայեղ ցուրտի պարագային:

– Մարմինը տաք պահելու համար Էթիէն կը թելադրէ ոչ շատ տաք, այլ գաղջ բուսական թէյեր խմել: Ան կ՛առաջարկէ ուրցով թէյը, ինչպէս նաեւ կոճապղպեղի օգտագործումը` թէյերուն մէջ: Բժիշկը նաեւ կը շեշտէ ջուր խմելու կարեւորութիւնը, քանի որ շատեր ձմրան եղանակին հակուած են մոռնալու այս սովորութիւնը:

– Ցուրտին դիմանալու եւ տաքնալու համար Էթիէն կ՛ընդգծէ կերակուրներու ընտրութեան կարեւորութիւնը: Անոր կարծիքով, պէտք է նախապատուութիւնը տալ ապուրներուն եւ այն բաղադրատոմսերուն, որոնք կը համատեղեն ե՛ւ սպիտակուցներ ե՛ւ դանդաղ շաքարներ: Դդմաճի տեսակները, բանջարեղէնային ապուրները, չիրերն ու ընկուզեղէնը արդիւնաւէտ միջոց են արագ տաքնալու համար:

– Վերջապէս, Լուի Էթիէն կ՛առաջարկէ մարձել դէմքը, ականջները, ուսերը եւ մէջքի հատուածը` արագ տաքնալու համար: Ան կը թելադրէ նախ երկու ձեռքերուն ափերը իրարու շփել մօտ կէս վայրկեան եւ ապա մարձել նշուած մասերը: Բժիշկին կարծիքով, մարձումը կը խթանէ արեան շրջագայութիւնը եւ բնականաբար ջերմութեան արագ արտադրութիւնը:

Խոհագիր

 Ստեպղինով Եւ Նարինջով Ապուր

Բաղադրիչներ

– 6 ստեպղին (կտրատուած)
– 2 նարինջի հիւթ
– 1 սոխ (մանրուած)
– 2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– 1 լիթր հաւու արգանակ
– Պտղունց մը քիմիոն
– Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Ճնշեփ կաթսային մէջ ձէթը տաքցնել եւ մանրուած սոխը մէջը դարձնել: Աւելցնել` քիմիոնը, հաւու արգանակը, նարինջի հիւթը եւ կտրատուած ստեպղինը:

10 վայրկեան եփելէ ետք աւելցնել համեմները եւ հարիչէ անցընել` միատարր թանձրուկ մը ստանալու համար: Մատուցել խրթխրթան հացով:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Մօրս մատների բոյրը
հիւսում եմ մազերիս հետ,
գրպաններս լցնում եմ
երազանքներով
եւ վազում դէպի տունը,
որ իմը չէ արդէն…

Երբ մայրամուտը ներկում է
տան պատերը,
մանկութիւնս վառում է
մեր ունեցած բոլոր լամպերը,
որ վերադառնալիս
յանկարծ չմոլորուեմ:

Պատշգամբում ժպտում է
իմ հին օրօրոցը,
որի մէջ հիմա քամին է քնում,
որը հեքիաթ պատմող չունի…

Վարագոյրները դեռ
պարում են նոյն պարը,
որ պարում էին, երբ
առաջին անգամ բացեցի աչքերս:

Ծխնելոյզին սառած  ծուխը
մերթ նամակներ է գրում երկնքին,
մերթ պարզապէս աղօթում է.
ես լսում եմ նրա ձայնը…

Այգու խնձորենին
դեռ յիշում է իմ ձեռքերի շոյանքը,
եւ ինձ է նայում
ճիշդ այն հայեացքով, երբ
փոքր ժամանակ նրան նկարեցի
սենեակիս պատին:

Երբ գիշերը իջնում է,
ես յիշում եմ այն բոլոր երազները,
որ թողել եմ բարձիս տակ.
պիտի յետ գնամ, որ տեսնեմ…

Պատուհանագոգի ծաղկամանը
ամէն օր հաւաքում է
լուսնի արցունքները,
որ ծաղիկները չթառամեն այնքան,
մինչեւ չլսեն
իմ նոր բանաստեղծութիւնը:

Օրերի սանդուղքով
բարձրանալիս
ստուգում եմ գրպաններս,
որ չկորցնեմ
յիշողութեանս բանալիները…

ՀԵՐՄԻՆԷ

2024

 

 

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>