Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Կնոջ Աշխատավայրը Իր Հայելին Է

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Հոգեբաններու կարծիքով, գրասենեակի մը մէջ առկայ իրերը կրնան շատ բան յուշել տիրոջ խառնուածքին մասին:

Սովորաբար կնոջ գրասեղանին վրայ, բացի համակարգիչէն եւ գործնական անհրաժեշտ իրերէն, կարելի է գտնել գեղօրներ, ասդին-անդին թափառող թուղթեր, ընտանեկան լուսանկարներ եւ նոյնի՛սկ… շպարի վերաբերող իրեր:

Սկսելով համակարգիչէն` փոշոտ ու աղտոտ ստեղնաշարն ու պաստառը կը յուշեն կնոջ անփութութեան եւ անպատասխանատուութեան մասին: Այդպիսի աշխատակիցին դժուար թէ պատասխանատու գործ կամ պաշտօն վստահուի:

Աշխատանքի սեղանին խառնաշփոթութիւնը կը վկայէ տիրոջ թափթփածութեան եւ անկազմակերպութեան մասին, որքան  որ ալ ան ինքզինք արդարացնէ` ըսելով որ` «Ասիկա իմ տարածքս է, ես գիտեմ, թէ ի՛նչը ուր եւ ինչպէ՛ս  դրուած է»:

Հոգեբաններու կարծիքով, յուզական աշխատակիցներու սեղանին կարելի է մշտապէս գտնել` յուշանուէրներ, բացիկներ, ծաղիկներ… Այսպիսի կիներ վստահելի եւ աչալուրջ աշխատակիցներ են: Միակ բացասական գիծը չափազանցուած յուզականութիւնն է:

Ոչ արհեստավարժ մօտեցում է, երբ կնոջ աշխատանքի սեղանին կը յայտնուին` շպարի իրեր, նորաձեւութեան շաբաթաթերթեր կամ ուտելիքներ: Հոգեբաններու կարծիքով, առաջին երկուքը կը յուշեն, որ կինը ուշադրութեան կարիք ունի, կամ կը ցանկայ ոեւէ մէկուն ուշադրութիւնը գրաւել:

Կարեւոր է նշել, որ կարելի չէ աշխատանքի սեղանին զետեղել կուսակցական, միութենական կամ կրօնի վերաբերող իրեր (զինանշան, խաչ, սրբանկար եւ այլն…), անշուշտ եթէ տուեալ կառոյցին մէջ աշխատող չէք: Նախընտրելի է, որ աշխատանքի սեղանը ըլլայ «չէզոք» եւ վրան գտնուին միայն տուեալ աշխատանքին վերաբերող իրեր:

Դպրոցական Պարտականութիւններու
Մղձաւանջը

Դպրոցականներուն մեծագոյն մղձաւանջը բանաւոր, բայց մանաւանդ գրաւոր տնային պարտականութիւններն են, զորս անոնք պէտք է կատարեն երկար եւ ծանրաբեռնուած օրուան մը աւարտին:

Շատ մը տուներէ ներս երեկոյեան ժամերը կը վերածուին. դժոխքի, երբ ծայր կ՛առնեն վէճերն ու մեղադրանքները մէկ կողմէն յոգնած եւ աշխատիլ մերժող մանուկին, իսկ միւս կողմէ` խստապահանջ ծնողին միջեւ:

Կարգ մը տուներու մէջ դպրոցականները իրենց տնային աշխատանքներուն կը սկսին տուն մտնելէ անմիջապէս ետք, յատկապէս եթէ անձնական ուսուցիչ ունին, ոմանք` տուն իսկ չեն մտներ եւ կ՛ուղղուին յատուկ կրթական կեդրոններ` իրենց դպրոցական պարտականութիւնները կատարելու համար, բայց բարեբախտաբար մեծ թիւով երեխաներ ալ պատառ մը բան կ՛ուտեն եւ ապա դասի կը նստին:

Մանկավարժներու կարծիքով, անհրաժեշտ է կարճ դադար մը տալ երեխաներուն` նախքան դասի սկսիլը, պայմանաւ որ այդ դադարը չընդգրկէ հեռատեսիլ, համակարգիչ կամ վիտէօ-խաղեր: Կարգ մը մանկավարժներու կարծիքով, երեխան անձամբ պէտք է ընտրէ դպրոցական պարտականութիւնները կատարելու յարմարաւէտ վայրն ու դիրքը: Այդ վայրը կրնայ ըլլալ տան որեւէ մէկ անկիւնը, սովորական սեղանի մը առջեւ եւ նոյնիսկ… գետինը:  Պէտք է յարգել անոր նախասիրութիւնը, պայմանաւ որ շուրջը չըլլան կեդրոնացումը խանգարող պատկերասփիւռը, ելեկտրոնային խաղերը, խաղալիքները:

Տնային Աշխատանքներուն Կարեւորութիւնը

Որպէս ծնող` ձեր դպրոցական զաւկին յաճախ բացատրեցէք ու կրկնեցէք տնային աշխատանքներուն կարեւորութիւնը: Համոզեցէք, որ այդ պարտականութիւնները կ՛ամրապնդեն այն բացատրութիւնները, զորս ինք սորված է դպրոցը:

Տնային պարտականութիւններու քանակին վերաբերող երբեք մեղսակից մի՛ ըլլաք ձեր զաւկին հետ, իրաւունք մի՛ տաք անոր, մի՛ քննադատէք ո՛չ ուսուցիչը եւ ոչ ալ դպրոցը: Երբ նկատէք, որ տնային աշխատանքներու քանակը իսկապէս շատ է, եւ այս երեւոյթը յաճախ կը կրկնուի, դիմեցէք դպրոց եւ ձեր դժգոհութիւնը յայտնեցէք բաժնի պատասխանատուին կամ կրթական պատասխանատուին:

Ձեր յոգնած երեխային խղճալով` երբեք անոր փոխարէն պարտականութիւն չկատարէք, ոչ ալ բոլորովին անտեսեցէք: Եղէք մնայուն ներկայութիւն եւ նեցուկ` դասի ժամերուն, միջամտեցէք, երբ ձեր օգնութեան դիմէ:

Փորձառուներու Կարծիքով

– Մտային յոգնածութենէ խուսափելու համար թելադրելի է ջուր խմել: Կեդրոնացումը եւ աշխատանքային յիշողութեան հմտութիւնները կը նահանջեն, երբ մարմինը եւ յատկապէս ուղեղը ջուրի պակաս ունենան: Բաժակ մը ջուրով տնային աշխատանքը սկսիլը դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ երեխաներուն ինքնազգացողութեան վրայ:

– Բանաստեղծութիւն, անկանոն բայեր, բազմապատկութեան աղիւսակ… ինչո՞ւ չփորձել սորվիլ, քալելով, պարելով, գնդակը պատին նետելով կամ ցատկելով: Որոշ երեխաներ պէտք է ելլեն, շարժին` աւելի դիւրին եւ արագ «գոց սորվելու» բանաստեղծութիւն մը, պատմութեան կամ աշխարհագրութեան դաս մը եւ այլն…

– Որոշ երեխաներու պարագային երաժշտութիւնը կրնայ հանգստութեան աղբիւր ըլլալ եւ օգնել` աւելի լաւ կեդրոնանալու: Անշուշտ խօսքը ռոք երաժշտութեան չի վերաբերիր, այլ` մեղմ, առանց բառերու տարբերակներուն, որոնք կրնան խթանել ուղեղը եւ դիւրացնել սորվելու գործընթացը:

Գիտէ՞ք, Թէ

– ՍԽԱԼ է այն կարծիքը, թէ մարդ տարիքը առնելով` անոր մօտ քունի պահանջը կը պակսի: Տարիքի հետ քունի ընդհանուր տեւողութիւնը չի կրճատուիր (կամ` շատ քիչ), սակայն քունը կը դառնայ աւելի թեթեւ եւ յաճախակի ընդհատումներով:

* * *

– ՃԻՇԴ է այն կարծիքը, թէ լոյսը կը խանգարէ քունը: Լոյսը կը դանդաղեցնէ մելաթոնին կոչուած հորմոնին գործընթացը, իսկ այս հորմոնը ծանօթ է որպէս քունի հորմոն: Լոյսը նաեւ կ՛աւելցնէ յաճախակի զարթնումի հաւանականութիւնը եւ կը խանգարէ քունի ընթացքը:

* * *

– ՍԽԱԼ է այն կարծիքը, թէ ոգելից ըմպելիները կ՛օգնեն քնանալու: Թէեւ ալքոլը կ՛օգնէ, որ ենթական թմրի ու քունի անցնի, սակայն այդ քունը կ՛ըլլայ շատ անկանոն եւ յաճախակի ընդհատումներով, երբեք` կազդուրող:

* * *

– ՍԽԱԼ է այն կարծիքը, թէ յետմիջօրէի մրափը (սիեսթը) կը խանգարէ գիշերային քունը: Սիեսթը ոչ մէկ անդրադարձ ունի գիշերային քունին վրայ, եթէ անիկա կէս ժամը չ՛անցնիր: Երկարատեւ սիեսթը անկասկած որ իր բացասական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ:

* * *

– ՃԻՇԴ է այն կարծիքը, թէ անքնութիւնը ընկճախտի ու ծանր մտահոգութեան հետեւանք է: Սակայն անոնք միակ պատճառները չեն: Հոգեկան ցնցում մը, մտահոգութիւններ, արտաքին ձայներ որոշ դեղահատեր եւ հիւանդութիւններ եւս քուն խանգարող ազդակներ են:

* * *

– ՍԽԱԼ է այն կարծիքը, թէ լաւ քնանալու գրաւականը տաք լոգանք մը առնելն է: Նախքան քնանալը թելադրելի է գաղջ լոգանք առնել, քանի որ տաք լոգանքը կը բարձրացնէ մարմնին ջերմաստիճանը, որ իր կարգին կը խանգարէ քունը:

* * *

– ՍԽԱԼ է այն կարծիքը, թէ մարդ միջին հաշուով 8 ժամ պէտք է քնանայ: Չափահասի մը քունի տեւողութիւնը միջին հաշուով 8 ժամ է, սակայն ոմանց մօտ 6 ժամը արդէն բաւարար է: Վերջնական եւ կտրուկ չափանիշներ չկան. կարեւորը օրուան ընթացքին հանգիստ եւ կազդուրուած զգալն է:

* * *

– ՃԻՇԴ է այն կարծիքը, թէ ծանր եւ ուշ ժամու ընթրիքը կը խանգարէ քունը: Ընթրիքէն պէտք է բացառել իւղոտ կերակուրներն ու քաղցրաւենիքները: Ասոնք խօսքեր չեն, այլ` հետազօտութիւններու վրայ հիմնուած փաստեր: Յանձնարարելի է ընթրել քնանալէ առնուազն 2 ժամ առաջ եւ նախապատուութիւնը տալ դիւրամարս մթերքներուն եւ կաթնեղէններուն:

* * *

– ՃԻՇԴ է այն կարծիքը, թէ բարձր ջերմաստիճանը կը խանգարէ քունը: Ննջասենեակին իտէալ ջերմաստիճանը 18 պէտք է ըլլայ. թելադրելի է սենեակը օդափոխել քնանալէ կէս ժամ առաջ` առնուազն 10 վայրկեան:

Խոհագիր

Ստեպղինով Աղանդեր
«Ժազարիէ»

Բաղադրիչներ

– Մէկուկէս քիլօ քերոցէ անցած ստեպղին
– Կէս գաւաթ ջուր
– Կէս գաւաթ եգիպտացորենի ալիւր + կէս գաւաթ ջուր
– Կէս թէյի դգալ կասիա
– Քառորդ թէյի դգալ կիտոնի աղ
– Պտղունց մը աղ
– 1 գաւաթ շաքար
– Ապուրի դգալ մը կարագ
– 1 գաւաթ մանրուած ընկոյզ կամ նուշ

Պատրաստութիւն

Քերոցէ անցած ստեպղինը կաթսային մէջ դնել, կէս գաւաթ ջուր աւելցնել, եփել 10-15 վայրկեան թեթեւ կրակի վրայ, մինչեւ որ ստեպղինը փափկանայ եւ ջուրը քաշուի:

Փոս ամանի մը մէջ կէս գաւաթ եգիպտացորենի ալիւրը լուծել կէս գաւաթ ջուրի մէջ եւ աւելցնել ստեպղինին վրայ, տեւաբար խառնել, որպէսզի գունդեր չկազմուին:

Թեթեւ կրակի վրայ շարունակել եփել` յաջորդաբար աւելցնելով կասիան, կիտրոնի աղն ու սովորական աղը: Վերջաւորութեան աւելցնել մանրուած ընկոյզը, շաքարն ու կարագը եւ լաւ խառնել:

Ժազարիէն պատրաստ է, լեցնել ներկայանալի ամաններու մէջ, երեսը զարդարել հնդկընկոյզի փաթիլներով կամ մանրուած ընկոյզով:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

***

Փոքր հայրենիքները
կուլ են գնում մեծերի անկշտութեանը:
Փոքր հայրենիքները
մեռնում են ամէն հեռացողի հետ`
կարօտի հասցէում:
Իսկ ծով չկայ… (յօրինել էին…):

Եւ փրկութիւն է կամ նախախնամութիւն.
փոքր հայրենիքները
վեր, բարձր լեռներում են:
Դժուարանցանելի:
Մենակեաց` ճգնաւորի պէս:
Երանելի` երկինքների մօտիկութեամբ:
Անտարբեր` ցածում ծուարած
գիշատիչ ոռնոցներին:

Հոսում են սարն ի վար`
գետերով ձնհալի,
որպէսզի ջրերը,
չյոգնող ջրերը
պատմեն ափերին,
դաջեն ափերին
անունը
ՀՈՂԻ:

ԱՂԱՒՆԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles