Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Հետաքրքրական. Լիբանանի Գիւղերու Ս. Ծննդեան Համեստ Աւանդութիւնները

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Անցեալին լիբանանցիներուն Ս. Ծնունդը ոչ մէկ կապ ունէր ներկայի եւ մօտիկ անցեալի տօնակատարութիւններուն հետ: Ո՛չ նուէրներու մրցարշաւ կար, ո՛չ խցուած ու խճողուած ճամբաներ, ո՛չ շքեղ տօնածառեր, ո՛չ գեղեցիկ ու լուսաւոր ցուցափեղկեր, ո՛չ Կաղանդի կոճղ (bûche de Noël ) եւ ոչ ալ` մսխում: Ամէնուրեք պարզութիւն էր, խոկում, աւանդական համեղ հիւրասիրութիւն` տեղական գոյներով, բայց ամէնէն առաջ` խաղաղութեան եւ հաշտութեան որոնում:

Ս. Ծնունդը Մեծ Տօներու
Շրջափուլին Մաս Չէր Կազմեր

Լիբանանցի ծանօթ գրագէտ Անիս Ֆրէյհա «Լիբանանեան գիւղը, մոռցուած մշակոյթ» իր գիրքին մէջ կը պատմէ, որ անցեալին Ս. Ծնունդը մեծ տօն չէր քրիստոնեայ համայնքին համար: Զատիկը կը համարուէր ամենակարեւոր տօնը, որ կը կոչուէր «Իիտ էլ քպիր» (մեծ տօն) եւ կը նշուէր այլազան աւանդոյթներով:

1950-ականներուն գրուած Ֆրէյհայի գիրքէն կ՛իմանանք, որ Ս. Ծնունդը մեծ տօներու շրջափուլին մաս չէր կազմեր եւ չէր նշուեր այնպէս, ինչպէս կը նշուէր ամբողջ Եւրոպայի մէջ: Յետոյ քիչ-քիչ այդ սովորութիւնները թափանցեցին Լիբանանի որոշ քաղաքներէն ներս:

Գալուստը Կը Սկսի Դեկտեմբեր 3-ին

Լիբանանեան աւանդոյթի համաձայն, Յիսուսի գալուստը կը սկսի դեկտեմբեր 3-ի գիշերը` Ս. Պըրպարայի տօնով: Աւանդութեան համաձայն, այդ գիշեր երիտասարդները կը ծպտուին եւ դրացիներուն դուռերը թակելով` կ՛երգեն «Հէշլի Պըրպարա» երգը եւ նուէր կը ստանան քաղցրաւենիք, «ամհիէ» եւ «աթայէֆ»:

Ս. Պըրպարայի տօնը, որ խորապէս ամրապնդուած է լիբանանցիներու մշակոյթին մէջ, մտորումներու եւ երախտագիտութեան առիթ է Գ. դարու սուրբի մը, որ անսասան կանգնեցաւ իր հաւատքին: «Հէշլի Պըրպարա» երգը, ցորեն ցանելու եւ տօնական խմիչքներ վայելելու աւանդութիւնները վառ կը պահեն անոր յիշատակը բոլորին յիշեցնելով` կառչած մնալ իրենց հաւատքին եւ համոզումներուն` անկախ իրենց առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներէն:

Եւ ինչ Պըրպարա` առանց ցորենի… Անցեալին եւ մինչեւ օրս սովորութիւն է տօնին առիթով խոնաւ բամպակի վրայ ցորենի հատիկներ ցանել, որպէսզի մինչեւ Յիսուսի ծննդեան օրը հատիկները ծլին, աճին եւ ապա զետեղուին տօնածառին տակը` մսուրի կողքին: Աւանդութեան համաձայն, ցորենի հատիկները կեանքի խորհրդանիշ են:

Խոհարարական Աւանդոյթներ

Անիս Ֆրէյհայի համաձայն, բաւականին համեստ եկամուտ ունեցող լիբանանցի գիւղացիները հազուադէպօրէն միս կ՛ուտէին, անոնց ամէնօրեայ սնունդը հիմնականին մէջ բուսական էր:

Ս. Ծնունդի օրը` որպէս տօնական կերակուր, կը պատրաստուէր` լցոնած հաւ կամ աքլոր, կովու կողիկ, «քըպպէ», կամ լցոնած աղիք: Անշուշտ բարեկեցիկ տուներու եւ քաղաքներուն մէջ ճաշատեսակները աւելի ճոխ ու առատ կ՛ըլլային:

Ինչ կը վերաբերի աղանդերներուն, մղլին սեղաններու պարտադիր զարդն էր. կը պատրաստուէր նաեւ ղուրապիէ եւ փախլաւա:

Մղլին լիբանանեան աւանդական տօնական աղանդեր է` պատրաստուած բրինձի ալիւրով, շաքարաւազով եւ յատուկ համեմունքներով, երեսը զարդարուած` հնդկընկոյզի տաշուքով եւ ընկուզեղէնով կամ սնոպարով:

Լիբանանցիներու աւանդոյթներուն համաձայն, մղլին կը մատուցուի «աչքի լոյս»-ի եկած հիւրերուն, երբ տունը երեխայ կը ծնի: Ս. Ծնունդին նոյնպէս մղլի կը պատրաստուի Յիսուս մանուկի ծնունդը աւետելու համար:

Ծնողները երեխաներուն կը նուիրէին` չիրեղէն, ընկուզեղէն, շագանակ եւ եղանակի հիւթեղ նարինջներ:

Լիբանանցիներուն համար Ս. Ծննդեան ընթրիքին ամենակարեւորը ոչ այնքան այն էր, թէ ի՛նչ կ՛ուտէին, որքան` միասին ըլլալը: Դեկտեմբեր 24-ի գիշերը յիշողութիւններ, կատակներ փոխանակելու անկրկնելի պահ էր, երբ ընտանեկան կապերը աւելի կը սերտանային, եւ աւանդութիւնները կը փոխանցուէին սերունդէ սերունդ:

Ս. Ծննդեան Զարդերը

Նախքան Արեւմուտքի եւ յատկապէս հիւսիսային Եւրոպայի երկիրներու Ս. Ծննդեան սովորութիւններու ներթափանցումը, լիբանանցիները` որպէս տօնածառ, սոճիի մեծ ճիւղ մը կը բերէին տուն եւ զայն կը զարդարէին` ժապաւէններով, քլեմանթինով, ընկուզեղէնով…

Որպէս Ս. Ծնունդի խորհրդանիշ` արձանիկներով կը պատկերէ Յիսուս մանուկի ծնունդը, իսկ դեկտեմբեր 3-ին ցանուած եւ արդէն ծլած ու աճած ցորենի շիւղերը կը զետեղուէին մսուրին կողքին:

Ս. ԾնունդըՄտորումներու Առիթ

Լիբանանեան գիւղերուն մէջ Ս. Ծնունդը հիմնականին կէսգիշերային պատարագ էր: Երիտասարդները կը շտապէին եկեղեցի, ցնծութեան զանգերը կը հնչեցնէին հաւատացեալներուն պատարագի կանչելու համար:

Որոշ գիւղերու մէջ մարդիկ կը հաւաքուէին եկեղեցւոյ բակին խարոյկին շուրջ, զայն կը խառնէին փայտէ ձողերով` կայծեր առաջացնելու համար: Դէպի մութ երկինք բարձրացող կայծերը կը խորհրդանշէին աստղերու ցոլքերը` Յիսուսի ծննդեան օրը:

Լիբանանցիներու մէկ այլ սովորութիւնն էր «Աղքատներու զամբիւղ» պատրաստելը: Զամբիւղը կը խորհրդանշէր մոգերու ընծաները` Յիսուսին: Զամբիւղին մթերքները (ընկոյզ, արմաւ, չամիչ, շագանակ, սալորի չիր, ծիրանի չիր) կը խորհրդանշէին շաբթուան 7 օրերը եւ կը բաժնուէին կարիքաւորներու` բարեկեցութեամբ Նոր տարի մաղթելով:

Տօնական Օրերու Նախօրեակին
Տան Յարդարանք

Շատեր անցեալ նոյեմբերին արդէն իսկ յարդարեցին տօնածառը. շատ հասկնալի, մանաւանդ երբ երեխաներ կան տան մէջ: Շատեր ալ տակաւին կողմնորոշուած չեն եւ կը նախընտրեն տօնածառը փոխարինել Ամանորն ու Ս. Ծնունդը խորհրդանշող աւելի «մինիմալիսթ»-ական յարդարանքով մը:

Ստորեւ` քանի մը հետաքրքրական առաջարկներ.

Ա.- Պատի յարդարանք մը, որուն համար անհրաժեշտ են` նկարի շրջանակ մը, ժապաւէններ, կաղանդի գնդակներ եւ այլն…

Բ.- Պատի զարդ մը, որուն համար անհրաժեշտ են` մէկ-երկու ճիւղ, ժապաւէն, տօնածառ խորհրդանշող կտորէ եռանկիւն կախազարդեր, ուլունքներ եւ այլն…

Գ.- Մոմակալներ, որոնց համար անհրաԺեշտ են` մոմեր, ժապաւէն, գինիի բաժակներ եւ Կաղանդի զարդեր:

Դ.- Մոմակալներ, որոնց համար անհրաժեշտ են` ձեռքի տակ գտնուող ծաղկած ճիւղեր, սովորական ջուր եւ ծփացող մոմեր:

Ե.- Սոճիի ճիւղերով յարդարանք, որուն համար անհրաժեշտ են` մետաղեայ պահածոյի պարապ տուփ մը, սնոպրիի ողկոյզներ եւ այլն…

Զ.- Բոյսով յարդարանք` բոլոր անոնց, որոնք տան յարդարանքի տրամադրութեան մէջ չեն… պատրաստութեան համար անհրաժեշտ են Կաղանդ պապուկի փոքրիկ գլխարկներ:

Զուարճանալ`
Առանց Սնանկանալու

Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի խրախճանքները անկրկնելի առիթներ են հարազատներով կամ բարեկամներով հաւաքուելու, կիսուելու եւ տօներուն բուն խորհուրդները ապրելու համար: Եւ ո՞վ ըսաւ, որ խրախճանքը հոմանիշ է մեծ գումարներու եւ մսխումի:

Չմոռնաք, որ ամենակարեւորը ձեր սիրելիներուն հետ անցուցած ժամանակն է, եղէք պարզ, ժուժկալ… ի վերջոյ, ժամանակ մը ետք դուք պիտի յիշէք գեղեցիկ պահերը, քան` կերակուրները: Ստորեւ` քանի մը խորհուրդներ, որոնք կրնան օգնել ձեզի:

Ծրագրեցէ՛ք

Առաջին բանը, որ պէտք է ընէք գումար խնայելու համար, ծախսերու պիւտճէ եւ ճաշացուցակ ճշդելն է: Վերջին օրերուն մի՛ ձգէք ձեր գնումները եւ քիչ-քիչ  օգտուեցէք հանրախանութներու զեղչերէն: Յիշեցէք նաեւ, որ տունը պատրաստուող կերակուրները շատ աւելի խնայողական են, քան` դուրսէն ապսպրուածները:

Փնտռեցէ՛ք Մատչելին

Ընդհանրապէս, բայց մանաւանդ տօնական օրերու նախօրեակին մսեղէնը ամէնէն սուղ մթերքներէն մէկն է: Միսէն չհրաժարելով հանդերձ, թող միսը չըլլայ ձեր ճաշին կամ ընթրիքին գլխաւոր եւ միակ բաղադրիչը: Գնեցէք միսի տրամաբանական չափաբաժին մը եւ կողքին մատուցեցէք բանջարեղէնի, դդմաճի կամ գետնախնձորի յագեցնող ջեռեփուկներ (կրաթէն):

Գործերը Բաժնուեցէ՛ք

Տօնական սեղաններու գործերն ու ծախսերը թեթեւցնելու համար զանոնք կիսուեցէք ձեր ազգականներուն կամ բարեկամներուն հետ: Շատեր կը դիմեն այս միջոցին` թէ՛ տանտիկնոջ բեռը թեթեւցնելու եւ թէ՛ ծախսերը հաւասարակշռելու համար:

Ժամանակ առաջ բոլորին հետ խորհրդակցելով` բաժնուեցէք կերակուրներու եւ աղանդերներու պատրաստութիւնը: Եթէ ոմանք աշխատող են եւ ժամանակ չունին կերակուրներու պատրաստութեան մասնակցելու, թող ստանձնեն խմիչքի կամ պտուղներու մատակարարումը:

Խոհագիր

Մըղլի

Բաղադրիչներ

– Կէս գաւաթ բրինձի փոշի
– 1 գաւաթ շաքար
– 5 գաւաթ ջուր
– Մէկուկէս թէյի դգալ կասիա
– Մէկուկէս թէյի դգալ քարաուիէ (caraway)
– 1 թէյի դգալ աղացած անիսոն
– Կէս թէյի դգալ մշկընկոյզ
– Ընկուզեղէն եւ հնդկընկոյզի տաշուք` զարդարանքի համար

Պատրաստութիւն

Կաթսային մէջ լեցնել ջուրը, աւելցնել շաքարը, բրինձի փոշին, կասիան, քարաուիէն, անիսոնն ու մշկընկոյզը. բոլորը միատեղ խառնել թել դգալով, ապա կաթսան դնել զօրաւոր կրակի վրայ եւ փայտէ դգալով տեւաբար խառնել, որպէսզի բրինձը կաթսայի յատակին չփակչի:

Երբ խառնուրդը միատարր դառնայ ու եռալու սկսի, կրակը թեթեւցնել եւ 5 վայրկեան եւս փայտէ դգալով անդադար խառնել, մինչեւ որ որոշ թանձրութեան մը հասնի:

Մղլին լեցնել ներկայանալի փոս ամաններու մէջ, սպասել, որ քիչ մը պաղի, ապա սառնարան փոխադրել: Եթէ նոյն օրը պիտի չմատուցուի, ամաններուն երեսը ծածկել կերպընկալի շերտով, որպէսզի երեսը չչորնայ:

Մատուցելու պահուն երեսը զարդարել հնդկընկոյզի տաշուքով եւ ձեռքի տակ գտնուող ընկուզեղէնով, նուշով, սնոպարով կամ Հալէպի պիստակով:

*
* *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Կաղանդի Ծառ Մը

Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար
Երկու բան պէտք է
Նախ ծառ մը – յետոյ զարդեր ծառին վրայ
Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար
Երեք բան պէտք է
– Ծառէն զարդէն զատ
Հաւատքը գալիք աղուոր օրերու
Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար
Մէկ բան կը բաւէ – ոչ ծառ ոչ ալ զարդ –
Ատիկա խիճերն ադամանդ կարծող
Միամիտ հոգւոյս բարի խաբկանքն է
Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար
Արդէն պատրանքը լրիւ կը բաւէ
Բարի տարի ձեզ եւ բարի պատրանք:

 ԶԱՀՐԱՏ

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>