Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Դեկտեմբեր 14-էն արդէն շրջանառութեան մէջ է յայտնի օփերային երգչուհի Գոհար Գասպարեանի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած նամականիշը, որուն վրայ «Գոհար Գասպարեան», եւ «Հայ երգչուհի» գրառումներն են հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով:
Նշենք, որ Գոհար Գասպարեանը ծնած է 1924-ի դեկտեմբեր 14-ին, Գահիրէ: Ան ծնած է 7 ամսական. այդ տարիներուն բժշկութիւնը այդքան մը յառաջացած չէր անհաս նորածինի առողջութիւնը ապահովելու համար: Ծնողները արդէն յուսահատած էին, բայց անոր տատիկը հակառակը պնդած էր` ըսելով. «Կ՛ապրի եւ բոլորիս հպարտութիւնը կը դառնայ»:
Շարունակութեան արդէն ծանօթ էք:
Սննդագէտին Կարծիքով
Տօնական օրերը լեռներուն ետեւ չեն, շուտով Ամանոր է, խթում եւ ապա` Ս. Ծնունդ: Իսկ ի՛նչ տօնական օր` առանց կերուխումի, տունէ տուն այցելութիւններու եւ չիրերու ու քացրաւենիներու համտեսումի…
Շատերուն մօտ տօնական օրերէն ետք 2-3 քիլօ գիրնալը անխուսափելի է. ահա թէ ի՛նչ կը թելադրեն սննդագէտները` այս «աղէտ»-էն փրկուելու համար:
– Մարզանք ըրէք. պայման չէ մարզասրահ երթալը, կը բաւէ, որ տօներու նախօրեակին եւ անոնց յաջորդող շաբաթներուն օրական մէկ ժամ քալէք:
– Ջուր խմեցէք. որքան ջուր խմէք, այնքան ձեր մարմնէն դուրս կը քշէք թունաւոր նիւթերը. իսկ տօնական ճոխ կերակուրներէն ետք այս գործընթացը կրկնակիօրէն անհրաժեշտ է:
– Խուսափեցէ՛ք աղի կամ քաղցր ախորժաբերներէն, որոնք կը մատուցուին խմիչքի կողքին` նախքան ընթրիքի սեղանին նստիլը: Անոնց փոխարէն` նախապատուութիւնը տուէք թարմ բանջարեղէններուն (պրոքոլի, վարունգ, ստեպղին եւ այլն…):
– Հրաժարեցէ՛ք ուիսքիէն եւ վոտքայէն, որոնց ալքոլի տոկոսը շատ աւելի բարձր է, քան` փրփրագինին (շամփանիա) եւ գինին: Վերջիններուն պարագային երկու բաժակով բաւարարուեցէք:
– Թեթեւ բան մը կերէք, եթէ ընթրիքի ժամը ուշ է: Խնձոր մը, խաշած հաւկիթ մը եւ կամ պզտիկ պնակ մը մածուն:
– Մէկ անգամ լեցուցէք ձեր պնակը եւ մի՛ նորոգէք զայն: Յաճախ աչքն է, որ չի կշտանար, մինչդեռ ստամոքսը արդէն լեցուն կ՛ըլլայ:
– Դանդա՛ղ կերէք եւ երկա՛ր ծամեցէք: Ձեր ուղեղին ժամանակ տուէք, որպէսզի արձանագրէ, որ ստամոքսը լեցուն եւ կուշտ է:
– Հրաժարեցէ՛ք քաղցրաւենիքներէն: Եթէ աղը մարմնին մէջ ջուրի կուտակում կը պատճառէ, շաքարը, իր կարգին, ճարպային բջիջներու կուտակում կը պատճառէ: Քաղցրաւենիները փոխարինեցէք պտուղի աղցաններով կամ սովորական պտուղներով:
– Ճաշի սեղանէն ելլելէ ետք կրկին չվերադառնա՛ք, որքան ալ քաշողական թուին աւելցած կերակուրներն ու աղանդերները:
– Ճաշի ժում չջնջէ՛ք. շատեր յանցանքի զգացումէն մղուած` յաջորդ օրը ծոմ կը պահեն: Սխա՛լ որոշում, քանի որ ճաշի ժում ցատկելով` աւելի կ՛անօթենաք եւ կրկնապատիկ կ՛ուտէք:
Նաեւ Իմացէք, Որ…
– Մայոնեզով թացանները շատ աւելի ջերմուժ կը պարունակեն, քան` կիտրոնի հիւթով կամ քացախով պատրաստուած տարբերակները:
– Հնդկահաւին կուրծքի ճերմակ միսը նուազ ջերմուժ կը պարունակէ, քան` մնացեալ մասերը:
– Հաւեղէնն ու ձկնեղէնը աւելի առողջապահական են եւ նուազ ջերմուժ կը պարունակեն, քան` կարմիր միսը:
– Պտուղով թարթերը նուազ ջերմուժ կը պարունակեն, քան` պիւշերը:
– Կերուխումը գաւաթ մը կանաչ թէյով աւարտելը, թէեւ հրաշք չի գործեր, բայց ունի բազմաթիւ առաւելութիւններ:
Ս. Ծնունդի Պսակին Խորհուրդը
Ս. Ծննդեան պսակը զուտ «տեքորաթիֆ» զարդ մը ըլլալէ շատ աւելին է: Անիկա յոյսի, միասնութեան եւ կեանքի յաւերժականութեան խորհրդանիշ է:
Ս. Ծննդեան պսակը կը մարմնաւորէ նորացման, փրկութեան եւ ուրիշները մեր տուներուն եւ սիրտերուն մէջ ընդունելու յաւերժական խորհուրդները:
Երբ ընտանիքը կամ բարեկամները կը հաւաքուին` Ս. Ծնունդը նշելու, տօնական պսակին ներկայութիւնը բոլորին կը փոխանցեն տօնին իսկական իմաստը` ուրախութիւն, սէր, բարի կամքի ոգի…
Անկախ անկէ, թէ Ս. Ծնունդի պսակը կախուած է դրան վրայ, թէ ընթրիքի սեղանին վրայ է` ձեւաւորուած ուտելիքներու տեսքով, անիկա ողջոյնի եւ հիւրընկալութեան խորհրդանիշ է` հիւրերը հրաւիրելով զգալու այնպէս, ինչպէս իրենց տան մէջ` շրջապատուած սիրելիներով:
Այս բոլորը իմանալէ ետք, եկէք, դուք ալ պսակաձեւ տօնական նախուտեստ մը պատրաստեցէք թէ՛ Ս. Ծնունդի խորհուրդով հաղորդուելու եւ թէ՛ անոր գեղեցիկ տեսքով ձեր ընթրիքի սեղանը ճոխացնելու համար: Ստորեւ` քանի մը հետաքրքրական գաղափարներ.
Ա – Մէկ տեսակ պանիրով, ռեհանի տերեւներով եւ թոմաթ սըրիզով պարզ տարբերակ մը,
Բ – Խմորեղէնով եւ փոքրիկ հոթ տոկներով տարբերակ մը,
Գ – Խոզապուխտի եւ պանիրի տեսականիով տարբերակ մը,
Դ – Վարունգով, լոլիկով, ձիթապտուղով, պանիրով, խոզապուխտով ճոխ տարբերակ մը:
Օ՛ն, դուք ալ ստեղծեցէք ձե՛ր տարբերակը:
Ձեռային Աշխատանք
Նարինջի Չորցուած Շերտերով
Տօնական Յարդարանքներ
Նարինջի չոր շերտերով Կաղանդի զարդարանք պատրաստելը հաճելի ժամանց է, իսկ արդիւնքը` կրկնակիօրէն հաճելի, քանի որ տան մէջ կը տարածուի նարինջի անմահական բոյրը, որ իւրայատուկ է Ս. Ծնունդին եւ Ամանորին:
Ինչպէ՞ս Պատրաստել Նարինջի Չոր Շերտեր
– Ընտրել առողջ նարինջներ, լուալ, ցամքեցնել եւ ապա 1 սմ թանձրութեամբ համաչափ շերտերու վերածել:
– Նարինջի շերտերը շարել խոհանոցի մաքուր սրբիչի մը վրայ, երեսը նոյնպէս սրբիչով ծածկել եւ առանց ճզմելու փորձել առաւելագոյն չափով ցամքեցնել զանոնք:
– Փուռի ափսէն յատուկ թուղթով ծածկել, վրան շարել նարինջի շերտերը եւ 180-200 ջերմաստիճանով փուռին մէջ եփել 2-3 ժամ` կէս ժամը անգամ մը զանոնք շրջելով:
– Նայած նարինջի շերտերուն թանձրութեան, չորացումի գործողութիւնը կրնայ տարբերիլ: Երբ վերջապէս շերտերը կը չորնան, կարելի է զանոնք զարդարել մեխակի գամերով կամ անիսոնի աստղով: Փուռէն հանելէ ետք իւրաքանչիւրին վրայ պզտիկ ծակ մը բանալ` ժապաւէնի համար:
Ինչերո՞ւ Օգտագործել Նարինջի Չոր Շերտերը
ա.- Նուէրի ծրար մը զարդարելու համար:
բ.- Պատուհանի կախազարդ մը պատրաստեու համար:
գ.- Տօնածառի կախազարդ պատրաստելու համար:
դ.- Տօնական կարկանդակը զարդարելու համար:
Բայց նաեւ` խմիչքի մէջ, մսեղէն մը կամ ձկնեղէն մը եփելու եւ զարդարելու համար:
Խոհագիր
Տօնական Հաց
1 գաւաթ գաղջ ջուր
2 թէյի դգալ լուծուող թթխմոր
1 ապուրի դգալ շաքար
4 գաւաթ ալիւր
1 ապուրի դգալ աղ
1 հաւկիթ
1 ապուրի դգալ կարագ
Միջուկին համար` 200 կրամ խորանարդաձեւ կտրատուած որեւէ հալող պանիր` ըստ ձեր ճաշակին:
Հացին երեսը ծեփելու համար` 1 հարած հաւկիթ, 1 ապուրի դգալ չոր խոտաբոյսերու համեմունք, քիչ մը աղի փաթիլներ:
Զարդարանքի համար` նուռի հատիկներ, խնկունիի շիւղեր:
Պատրաստութիւն
Վերը յիշուած բաղադրիչներով փափուկ, հարթ խմոր մը պատրաստեցէք: Եթէ խմորը շատ կպչուն ըլլայ, 2-3 ապուրի դգալ ալիւր աւելցուցէք: Խմորը փոխադրեցէք իւղապատ ամանի մը մէջ, կերպընկալ թաղանթով ծածկեցէք, դրէք տաք տեղ մը եւ ձգեցէք 60-90 վայրկեան, մինչեւ ծաւալը կրկնապատկուի:
Երբ խմորը ծաւալի, զայն կոլֆի գնդակներու չափով ձեւաւորեցէք եւ հարթեցուցէք ձեր ափին մէջ: Իւրաքանչիւրին կեդրոնը պանիրի խորանարդ մը դրէք, բոլոր եզրերը լաւ միացուցէք, սեղմեցէք եւ ապա կլորեցէք գնդակներու տեսքով:
Խոշոր, տափակ ափսէ մը մոմ թուղթով ծածկեցէք, ապա խմորի գնդակները տօնածառի տեսքով քով-քովի շարեցէք` իւրաքանչիւրին միջեւ չնչին հեռաւորութիւն մը ձգելով: Տօնածառը դարձեալ ծածկեցէք կերպընկալ թաղանդով եւ սպասեցէք կէս ժամ:
Մինչ այդ փուռը տաքցուցէք 180 ջերմաստիճանով:
Տօնածառին երեսը քսեցէք հարած հաւկիթը եւ վրան ցանեցէք չոր խոտաբոյսերն ու աղի փաթիլները:
Տաք փուռին մէջ եփեցէք 20-25 վայրկեան, մինչեւ ո՞ր հացը եփի եւ ոսկեգոյն դառնայ:
Փուռէն հանելէ ետք 10 վայրկեան սպասեցէք, որպէսզի պաղի, իսկ մատուցման պահուն զարդարեցէք նուռի հատիկներով եւ խնկունիի շիւղերով:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Երկու Ծառեր
Երկու ծառեր, երկու մատղաշ եղեւնի,
Զերդ ձիւնապատ ուրուական,
Ձմրան շունչին մէջ դաժան
Կը տատանին ու կը հեծեն գողունի:
Ծառ մը շքեղ, Կաղանդի ծառն արքենի,
Լոյսերու մէջ շողշողուն
Եւ ժպիտովն աստղերուն
Անդին մինակ` հարսի մը պէս կը կանգնի:
Երկու ծառեր, երկու սառած եղեւնի
Պատուհանէն լուսավառ
Կը նային ներս անդադար
Եւ հիացի՜կ` կու տան հազա՜ր երանի…
Բայց ծառն այդ պերճ, ողբերգութի՜ւն կենդանի,
Կացինահար արմատով,
Լոյսերու մէջ հոգեթով,
Հոն ժամէ ժամ արիւնաքամ կը մեռնի…
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ
1958