Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
ՍԽԱԼ է այն կարծիքը, թէ գիրութիւնը ժառանգական է, եւ մենք անզօր ենք անոր դիմաց: Սերտուած եւ հետեւողական սննդականոնը շատ բան կրնայ փոխել:
* * *
ՍԽԱԼ է այն կարծիքը, թէ զրկանքը նիհարնալու միակ միջոցն է: Սննդագէտներու կարծիքով, պէտք է հրաժարիլ ծայրայեղ ու խիստ սննդականոններէն` նախապատուութիւնը տալով այլազան եւ սերտուած տեսակներուն: Անկասկած որ առաջիններուն արդիւնքը աւելի արագ եւ ակներեւ է, սակայն երկրորդները երկար ժամանակի վրայ աւելի առողջապահական եւ արդիւնաւէտ են:
* * *
ՃԻՇԴ ԵՒ ՍԽԱԼ է այն կարծիքը, թէ մարզանքը կը նիհարցնէ: Մարզանքը ինքնին չի նիհարցներ, անիկա մարմինը աւելի ճկուն եւ սլացիք կը դարձնէ, մանաւանդ կ՛օգնէ, որ մարմինը արագ ջերմուժ այրէ:
* * *
ՍԽԱԼ է այն կարծիքը, թէ մկանները պրկող սարքերը իւղերը կը հալեցնեն: Պատկերասփիւռէն եւ համացանցի վրայ օրական կը սփռուին փորին, թեւերուն կամ զիստերուն վրայ հաստատուող եւ մկանային պրկումներ յառաջացնող «հրաշագործ» սարքեր: Մկանային պրկումները կրնան օգնել մկաններու զօրացման, բայց ոչ մէկ պարագայի իւղերը կը հալեցնեն կամ կը նիհարցնեն:
* * *
ՃԻՇԴ է այն կարծիքը, թէ նիհարցնող սերեր չկան: Կարգ մը սերեր կրնան լուծել սելիւլիթի հարցը, բայց մինչեւ օրս գոյութիւն չունին նիհարցնող սերեր, ծանուցումները իրականութեան չեն համապատասխաներ:
* * *
ՍԽԱԼ է այն կարծիքը, թէ իւրաքանչիւր հասակ իրեն համապատասխան ծանրութիւն ունի: Իտէալ ծանրութիւն գոյութիւն չունի: Ծանրութիւնը կախեալ է որոշ տուեալներէ` տարիք, սեռ, ժառանգականութիւն, մկանային զանգուած, ընկճախտ…
Հետեւաբար նոյն հասակը ունեցող երկու անձեր կրնան տարբեր ծանրութիւն ունենալ, առանց որ անոնցմէ մէկը արտակարգօրէն գէր համարուի:
* * *
ՍԽԱԼ է այն կարծիքը, թէ բնասպիտով սննդականոնները ամէնէն ազդուներն են: Գիտականօրէն փաստուած է, որ բնասպիտով սննդականոնները ազդու են կարճ ժամանակի վրայ: Միսի, ձուկի, հաւկիթի եւ կաթնեղէնի վրայ հիմնուած սննդականոնը կրնայ մինչեւ 7 քիլօ նիհարցնել մէկ ամսուան ընթացքին, բայց երկար ժամանակի վրայ քիլոները կրկին կը կուտակուին:
* * *
ՃԻՇԴ է այն կարծիքը, թէ անբաւարար քունը կը գիրցնէ: Ուսումնասիրութիւններ հաստատած են, որ անբաւարար քունը կը նպաստէ ախորժակի բարձրացման, քանի որ շատ կարճ գիշերէ մը ետք լեփթին կոչուած հորմոնը (յագեցումի հորմոն) որոշ խախտումներ կ՛արձանագրէ, մինչ անօթութեան պատասխանատու հորմոնը կը գերակշռէ: Նոյն ուսումնասիրութիւններուն համաձայն, քունի պակասը կը նպաստէ գիրութեան եւ սոնքութեան, մասնաւորաբար` գիշերային ժամերու աշխատողներուն եւ երեխաներուն մօտ:
* * *
ՃԻՇԴ ԵՒ ՍԽԱԼ է այն կարծիքը, թէ դաշտանադադարի ընթացքին գիրնալը անխուսափելի է: Հաստատուած է, որ գիրութիւնը ծայր կ՛առնէ դաշտանադադարէն 15 տարի առաջ եւ կը շարունակուի անոր յաջորդող 20 տարիներուն: Այսուհանդերձ, օրական մարզանքը եւ հաւասարակշռուած սննդականոնը դրական ազդեցութիւն կը գործեն:
Գիտէ՞ք, Թէ…
Ամերիկեան «US News and World Report» ամսագիրը վերջերս հրապարակած է առողջութեան համար լաւագոյն սննդականոններու իր վարկանիշը:
Աւելի քան 30 սննդաբաններ, բժիշկներ եւ համաճարակաբաններ մանրակրկիտ ուսումնասիրած են տարբեր սննդականոններ` գնահատելով անոնց առողջապահական չափանիշները, եւ 2024-ի լաւագոյն սննդականոնի մրցանակը շնորհած են (7-րդ տարի անընդմէջ) ՄԻՋԵՐԿՐԱԿԱՆԵԱՆ ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆ-ին, որ նաեւ ծանօթ է régime Crétois անունով:
Միջերկրականեան սննդակարգը կը ներառէ` թարմ բանջարեղէններ եւ պտուղներ, ամբողջական ձաւարեղէն, ընդեղէններ, ընկուզեղէն, ձիթապտուղ, չափաւոր քանակութեամբ իւղոտ ձուկ եւ թռչնամիս, կաթնեղէն, քիչ քանակութեամբ կարմիր միս, ձիթապտուղի ձէթ, չափաւոր քանակութեամբ գինի:
Միջերկրականեան սննդակարգին հետեւիլը ունի բազմաթիւ առողջական առաւելութիւններ եւ կրնայ օգնել`
– Նուազեցնելու սրտի հիւանդութեան զարգացման հաւանականութիւնը,
– Նուազեցնելու արեան քոլեսթերոլի մակարդակը,
– Նուազեցնելու արեան ճնշումը,
– Բարելաւելու արեան շաքարի վերահսկումը,
– Պահպանելու ուղեղին առողջութիւնը,
– Կանխելու կլոքոմայի որոշ ախտանիշները,
– Պահպանելու յօդերուն եւ ոսկորներուն առողջութիւնը:
Յիշենք, որ սննդականոնը մինակը հրաշքներ չի գործեր: Ֆիզիքական աշխուժութիւնը, ընկճախտի կառավարումը, բաւարար եւ որակեալ քունը, սիրելիներուն հետ անցուցած ժամանակը եւ առողջ ու բազմազան սննդակարգը` բոլորն են, որոնք կը նպաստեն մեր ընդհանուր բարեկեցութեան եւ մեր կեանքի որակին:
Ինչպէ՞ս Պայքարիլ
Մանրէներուն Դէմ
Մանրէները ամէնուրեք են. անոնց դէմ պայքարելու ձեւերը բազմազան են, բայց նախ եւ առաջ պէտք է իմանանք, թէ ո՛ւր պահուըտած են անոնք: Ահաւասիկ` ամենահաւանական վայրերը.
Խոհանոցին Լուացարանին Մէջ
Ֆրանսական «Փասթէօր» հիմնարկին համաձայն, խոհանոցին լուացարանը 100 հազար անգամ աւելի վարակուած է, քան` բաղնիքին լուացարանը: Պաշտպանուելու համար պէտք է զայն մաքրել` տաք ջուրով, օճառով, օ տը ժաւելով եւ այլն…
Բանջարեղէն Կամ Միս Կտրատելու Տախտակին Վրայ
Արիզոնայի համալսարանին մէկ ուսումնասիրութեան համաձայն, միս կտրատելու տախտակը 200 անգամ աւելի մանրէ կը պարունակէ, քան` բաղնիքին նստարանը:
Պաշտպանուելու համար պէտք է առնուազն 2 տախտակ նախատեսել, մէկը` բանջարեղէններու, միւսը` մսեղէնի համար: Զանոնք պէտք է լուալ տաք ջուրով եւ օճառով, բայց նաեւ` օ տը ժաւելով:
Ամանեղէն Լուալու Սպունգին Մէջ
Այս փոքրիկ սպունգը կը պարունակէ աւելի քան 10 հազար մանրէ, որոնք խոնաւութեան եւ ուտելիքի մնացորդներուն պատճառով աճելու յարմար միջավայր կը գտնեն:
Սպունգը հականեխելու միջոցներէն մէկը զայն օրական 2 վայրկեան մանրալիքին մէջ «դարձնել»-ն է, որուն շնորհիւ մանրէներուն 99 առ հարիւրը կը չէզոքանայ: Թելադրելի է շաբաթական դրութեամբ սպունգը փոխարինել նորով մը:
Ակռայի Խոզանակներուն Վրայ
Ակռայի խոզանակներուն մէջ կրնան ըլլալ ուտելիքի մնացորդներ, բայց մանաւանդ` բաղնիքի օդին մէջ տարածուած զանազան մանրէներ:
Պաշտպանուելու համար թելադրելի է, որ խոզանակին գլուխը պաշտպանուած ըլլայ կափարիչով մը, նաեւ յանձնարարելի է զայն նորով մը փոխարինել 3 ամիսը անգամ մը:
Հանրախանութներու Սայլակներուն Բռնակներուն Վրայ
Այո՛, այդ բռնակները նոյնքան մանրէ կրնան պարունակել, որքան` հանրային լուացարանները:
Պաշտպանուելու լաւագոյն միջոցը տուն վերադառնալէ ետք տաք ջուրով օճառուիլն է, իսկ նախքան տուն հասնիլը` հականեխուած թաց անձեռոցիկով մաքրուիլն է:
Մանրէները Պահուըտած Են Նաեւ`
– Սառնարանին մէջ,
– Բջիջայինի կոճակներուն եւ հեռախօսի ընկալուչներուն վրայ,
– Բաղնիքի աթոռին եւ լոգարանի վարագոյրին վրայ,
– Հանրային լուացարաններու ծորակներուն վրայ,
– Վերելակի կոճակներուն վրայ,
– Ճաշարաններու ճաշացուցակներուն վրայ,
– Ընտանի անասուններու ստեւներուն մէջ:
Մանրէներէն խուսափում չկայ. անոնք ամէնուրեք են. հետեւաբար թելադրելի է պայուսակին մէջ հեղուկ օճառ ունենալ եւ կամ հականեխուած թաց թաշկինակներ ու յաճախ մաքրուիլ, իսկ տան մէջ` տեւաբար օճառուիլ:
Ինչպէ՞ս Վերցնել
Տօնական Զարդարանքները
Արդէն Ամանորն ու Ս. Ծնունդը մեր ետին են. շատեր վերադարձած են իրենց առօրեային, մեծերը` գործի, փոքրերը` դպրոց…
Իսկ տան մէջ տօնական զարդարանքները ամէնուրեք են` պատերուն, դռներուն, տօնածառին վրայ: Ժամանակն է, որ անոնք ալ գտնեն իրենց տեղերը, կոկիկ դասաւորուին, որպէսզի գալ տարի կրկին գործի ծառայեն:
Փորձառուներու կարծիքով, տօնական զարդարանքները վերցնելէ առաջ նախ պէտք է անոնց վրայի փոշին մաքրել, ապա, ըստ չափի կամ տեսակի, խմբել եւ խաւաքարտէ տուփերու (կօշիկի, հաւկիթի) կամ կերպընկալէ թափանցիկ տուփերու մէջ տեղաւորել, ու, վերջապէս, իւրաքանչիւր տուփի վրայ պիտակ մը փակցնել եւ մէկ-երկու բառով գրել բովանդակութիւնը:
Ստորեւ քանի մը հետաքրքրական հնարք` հնարամիտ միջոցներով տօնական զարդարանքները դասաւորելու համար:
Բանջարեղէններով
Քափ Քէյք
4 հաւկիթ
1 գաւաթ ալիւր
1 խաշած դդում` քերոցէ անցած
1 միջակ գետնախնձոր` խաշած եւ քերոցէ անցած
Քառորդ գաւաթ շերտուած ձիթապտուղ
Քառորդ գաւաթ մանրուած կանաչ սոխ
Քառորդ գաւաթ մանրուած ազատքեղ
Կէս գաւաթ կաթ
Կէս գաւաթ բուսական ձէթ
Կէս գաւաթ տաշուած մոցարելլա պանիր
Աղ, սեւ համեմ, 1 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր
Կտոր մը կարագ` կաղապարը ծեփելու համար
Պատրաստութիւն
Ելեկտրական սարքին մէջ հարել հաւկիթները, աւելցնել ձէթը, կաթը, դդումը, գետնախնձորը, ազատքեղը, սոխը, ալիւրը, պէյքինկ փաուտըրը, պանիրը եւ համեմները: Շարունակել հարել միատարր խառնուրդ մը ստանալու համար. վերջաւորութեան աւելցնել ձիթապտուղը:
Քափ քէյքին կաղապարը կարագով ծեփել, խմորը բաժանմունքներուն մէջ հաւասարաչափ լեցնել եւ 200 ջերմաստիճանով փուռի մէջ 20-25 վայրկեան եփել ու նախընտրաբար տաք մատուցել:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Խղճիդ հետ զրոյց արա
Ամէն օր քնելուց առաջ,
Երկնքի յօնքին նայիր
Աղունդ փռելուց առաջ,
Մի պահ քեզ ծառ զգայ
Կացինդ սրելուց առաջ,
Քուչակի սիրտն ունեցիր
Հայրէններ գրելուց առաջ:
ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ