Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Հետաքրքրական. Որդան Կարմիրը` Միասնութեան Խորհրդանիշ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ախթալայի որմնանկար

Հին ժամանակ Արարատեան դաշտին մէջ աճած են որոշ տեսակի որդեր. հայերը հաւաքած են զանոնք, եփած եւ անկէ ստացած են կարմիր գոյնի ներկ մը, որ կոչուած է որդան կարմիր կամ հայկական ներկ:

Երկար դարեր այդ ներկը եղած է Հայաստանի հպարտութիւնը եւ ունեցած է համաշխարհային համբաւ: Յաճախ հեռաւոր երկիրներու մէջ «Հայոց աշխարհ»-ի փոխարէն` կ՛օգտագործէին «որդան կարմիր երկիր» արտայայտութիւնը:

Որդան կարմիրը հայերու համար եղած է միասնութեան խորհրդանիշ: Պատմական Հայաստանի բոլոր գաւառներուն եւ իշխանական տուներուն բազմազան զինադրօշներուն վրայ իշխող եղած է այդ գոյնը:

Շուրջ 2000 տարի հայկական որդան կարմիրը եղած է աշխարհի ամենաթանկարժէք ու բարձրորակ ներկը: Այս ներկանիւթը օգտագործուած է նոյնիսկ բժշկութեան մէջ` որպէս ջերմը իջեցնող, հականեխիչ եւ հակաբորբոքային միջոց:

Որդան կարմիրը օգտագործուած է մանրանկարչութեան, որմնանկարչութեան եւ գորգագործութեան մէջ: Ներկայիս ալ հայկական եկեղեցիներու պատերուն կարելի է տեսնել որմնանկարներուն վրայ օգտագործուած որդան կարմիրի հետքերը, որոնք չեն խամրեր: Լաւագոյն օրինակները կարելի է համարել Ախթալայի եւ Քաբայրիի վանական համալիրներուն մէջ պահպանուած մանրանկարները:

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները

 Ճիշդ Թէ Սխալ

Ձմրան եղանակին Տէ. կենսանիւթի պակասը աւելի եւս կը շեշտուի:

ՃԻՇԴ: Արեւը Տէ. կենսանիւթի գլխաւոր աղբիւրը կը համարուի, սակայն Inserm-ի (Ֆրանսայի առողջապահութեան եւ բժշկական հետազօտութիւններու ազգային հիմնարկ) համաձայն, բացի արեւի պակասէն` իգական սեռի պատկանիլը, գիրութիւնը, նստակեաց կեանքը, առանց միսի, ձուկի, հաւկիթի եւ կաթնամթերքի սննդակարգը կարեւոր ազդակներ են Տէ. կենսանիւթի պակաս պատճառելու համար:

* * *

Միայն արեան քննութեամբ կարելի է ստուգել Տէ. կենսանիւթի անբաւարարութիւնը:

ՃԻՇԴ: Արեան քննութիւնը ամէնէն ճիշդ միջոցն է այս կարեւոր կենսանիւթին պակասը ստուգելու համար. այսուհանդերձ, կան ախտանիշներ, որոնք եւս կը վկայեն անոր անբաւարարութիւնը ինչպէս`

– Յոգնածութիւն եւ մկանային ուժի անսովոր նուազում,
– Մկանային ցաւի առկայութիւն,
– Մկանային թուլութեան զգացում,
– Եղանակային ընկճախտը յիշեցնող անտրամադրութիւն,
– Փխրուն դիմադրողական համակարգ:

* * *

Տէ. կենսանիւթը չափազանց անհրաժեշտ է ոսկորներու առողջութեան:

ՃԻՇԴ: Տէ. կենսանիւթին շնորհիւ կիրը, ֆոսֆորը, Ա. կենսանիւթը, մակնեզիոմը եւ այլ օգտակար հանքայիններ սնունդի ճամբով կը ներծծուին մեր մարմնին կողմէ, բարակ աղիքին միջոցով: Այս պատճառով ալ Տէ. կենսանիւթի պակասը նաեւ կը խանգարէ օգտակար միքրօտարրերու ներթափանցումը մեր մարմնին մէջ:

Տէ. կենսանիւթը նաեւ կը կարգաւորէ նիւթափոխանակման գործընթացները, կը խթանէ որոշ հորմոններու համատեղումը, որ շատ կարեւոր է ոսկորներու առողջ աճին համար:

* * *

Միայն չափահաս տարիքին կարելի է Տէ. կենսանիւթի պակասէ տառապիլ:

ՍԽԱԼ: Նորածիններու եւ երեխաներու մօտ եւս կարելի է Տէ. կենսանիւթի անբաւարարութիւն նկատել. բան մը, որ կրնայ մեծապէս ազդել անոնց աճին վրայ:

Յղի կիներուն մօտ Տէ. կենսանիւթի պակասը կ՛ազդէ կազմաւորուող մանուկին վրայ եւ հետագային ոսկրաթեքութեան (rachitisma) դուռ կը բանայ:

* * *

Միայն դեղահատի ճամբով կարելի է դարմանել Տէ, կենսանիւթի պակասը:

ՍԽԱԼ: Ծանր պարագաներու եւ միայն բժիշկին ցուցմունքով կարելի է դիմել դեղահատի օգտագործման: Այսուհանդերձ, օրական 20-30 վայրկեան մարմինը արեւին պարզելը եւ Տէ, կենսանիւթով հարուստ սննդամթերք օգտագործելը ազդու միջոցներ են անոր պակասը լրացնելու համար:

Յիշեցնենք, որ Տէ, կենսանիւթով հարուստ են` կաթնեղէնները. հաւկիթը, սունկը, ձուկն ու ծովային պտուղները, հաւու թոքը, սեւ տուրմը եւ այլն…

Կ՛արժէ Մտածել

Թափե՞լ, Թէ՞ Պահել

Բոլորս ալ կը փափաքինք տան մէջ յաւելեալ սենեակ մը ունենալ ու չձերբազատիլ մեզ շրջապատող կարգ մը իրերէ, որոնք գործնականէն աւելի` զգացական արժէք ունին:

Մեզ շրջապատող առարկաները մեր կեանքին մէկ մասնիկն են, զանոնք թափելը կամ ուրիշին տալը կը նշանակէ բաժնուիլ մեր մէկ մասնիկէն, հրաժարիլ այդ իրերուն հետ կապուած յիշատակներէն:

Հարցը այն է, որ մենք շատ յաճախ սխալ հարցեր կու տանք մենք մեզի, եւ երբ կ՛ուզենք ծերբազատիլ կարգ մը ոչ պիտանի իրերէ, կ՛անճրկինք եւ եզրակացութեան մը չենք յանգիր:

Ստորեւ` 5 լաւ հարցեր, որոնք պէտք է ուղղենք մենք մեզի, որպէսզի կարենանք առանց ափսոսանքի ուրիշին տալ կամ թափել աւելորդ իրերը:

1.- Արդեօք ես այսօր կը գնէի՞ այս բանը, եթէ անիկա սուղ արժէր: Եթէ պատասխանս ոչ է, ապա ուրեմն այս բանը այդքան ալ կարեւոր չէ, եւ ժամանակն է, որ ձերբազատիմ անկէ:

2.- Այս առարկային բացակայութիւնը կ՛ազդէ՞ կեանքիս վրայ: Խօսքը կը վերաբերի ընտանիքէն ժառանգած իրերու կամ խոհանոցային պարագաներու: Եթէ պատասխանս ոչ է, ապա ուրեմն կարելի է հրաժարիլ անկէ:

3.- Արդեօք այս իրը կ՛արդարացնէ այն տարածքը, որ կը զբաղեցնէ տանս մէջ: Եթէ պատասխանս ոչ է, ուրեմն ժամանակն է, որ բաժնուիմ անկէ:

4.- Արդեօք ես կարիքը ունի՞մ նոյն այդ բանէն քանի մը հատ ունենալու, երբ կրնամ մէկ հատով բաւարարուիլ: Եթէ պատասխանս ոչ է, ուրեմն պէտք է երկրորդը ուրիշին տամ կամ թափեմ:

5.- Արդեօք այս բանը ուրիշին աւելի՞ օգտակար կ՛ըլլայ, քան ինծի… Եթէ պատասխանս այո է, ուրեմն կրնամ հրաժարիլ անկէ եւ ուրիշին տալ:

ԲԱՆ, ՈՐ ՊԷՏՔ Է ԹԱՓԵԼ
ՏՈՒՆԸ ԿՈԿԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿ

Չափէն աւելի խճողուած տունը թէ՛ փոշիի բոյն է եւ թէ՛ ընկճախտի աղբիւր: Վերը տրուած 5 հարցերէն ետք տեսէ՛ք, թէ ի՛նչ բաներէ պէտք է անվերապահօրէն հրաժարիք, եթէ մտադիր էք «մաքրագործում»-ի ձեռնարկել: Եւ այսպէս, հրաժարեցէք`

1.-  Ամսաթերթերու հաւաքածոներէն. անոնք ոչ միայն տեղ կը գրաւեն, այլեւս պիտանի չեն, տրուած ըլլալով, որ համացանցին միջոցով կարելի է այդ ամսագիրներուն արխիւները մուտք գործել եւ փնտռուածը գտնել:

2.- Ժամկէտը սպառած դիմայարդարումի իրերէն. անոնք ոչ միայն անգործածելի են, այլեւ կը խճողեն թէ՛ ձեր շպարի սեղանը եւ թէ՛ գզրոցները, անկախ անկէ, որ նաեւ կրնան վնասել ձեր մորթին:

3.- Ծակած, մաշած կամ ձեր չափին չյարմարող հագուստեղէնէն, եթէ զանոնք կարկտելու, նորոգելու հնարաւորութիւնը չունիք: Ձեր հագուստի պահարանէն ու անոր դարաններէն հեռացուցէք ծակծկած գուլպաները, մաշած ներքնազգեստները եւ տեղ բացէք նորերուն:

4.- Տարիներէ ի վեր իրենց տուփերուն մէջ պահուած նոր, բայց ոչ հանգստաւէտ կօշիկներէն. նոյնիսկ եթէ ձեր սիրտը կը ցաւի, որ բաւական սուղ վճարած էք ու չէք կրեր զանոնք, տուէք ուրիշին: Անոնք չեն արդարացներ իրենց գրաւած տարածքը:

5.- Օգտագործման ժամկէտը սպառած համեմներէն, որոնք ո՛չ համ ունին եւ ո՛չ բոյր: Այդ անգործածելի համեմներուն ծրարներն ու շիշերը պարզապէս խճողած են ձեր խոհանոցին պահարանը:

6.- Խոհանոցային կարգ մը պարագաներէն, ինչպէս` կափարիչները անհետացած թափըրուէրներէն, ճեղքուած սուրճի գաւաթներէն, անտէր մնացած կափարիչներէն եւ այլն… Ասոնք միայն կը խճողեն ձեր խոհանոցին պահարանները:

7.- Խանգարուած ելեկտրական սարքերէն. նոյնիսկ եթէ նոյն սարքին նորը ունիք, կը վարանիք հինը թափելէ. բայց ինչո՞ւ… Տուէ՛ք ուրիշին, եթէ նորոգուելու կարելիութիւն կայ, այլապէս ծերբազատուեցէք անկէ եւ տեղ բացէք աւելի անհրաժեշտ ու պիտանի սարքի մը:

8.- Հին բջիջային հեռախօսէն, տկարացած մարտկոցներէն, չբանող ելեկտրական լարերէն, մելանը սպառած գրիչներէն… Ասոնք բոլորը տան գզրոցները կը խճողեն եւ բանի չեն ծառայեր, ուրեմն, ինչո՞ւ պահել:

Խոհագիր

Միջերկրականեան Թաթխան

Բաղադրիչներ

– Կէս գաւաթ ձիթապտուղի ձէթ
– 2 ապուրի դգալ պալսամիք քացախ
– 1 թէյի դգալ չոր ռեհան
– 1 թէյի դգալ չոր խնկածաղիկ (օրեկանը)
– 1 պճեղ ճզմուած սխտոր
– Կէս թէյի դգալ կարմիր կծու պղպեղի փաթիլներ
– Աղ` ըստ քիմքի
– Մանրուած թարմ ազատքեղ կամ ռեհան` զարդարանքի համար
– Խրթխրթան հաց կամ չիփս` հետը մատուցելու համար

Պատրաստութիւն

Փոս ամանի մը մէջ խառնել ձիթապտուղի  ձէթն ու պալսամիք քացախը:

Աւելցնել մնացեալ բաղադրիչները եւ շատ լաւ խառնել` միատարր թացան մը ստանալու համար:

Ձգել, որ խառնուրդը լաւ մերուի` առնուազն 15 վայրկեան: Մատուցման պահուն թացանը անգամ եը եւս խառնել, փոխադրել ներկայանալի ամանի մը մէջ եւ երեսը զարդարել մանրուած ազատքեղով կամ ռեհանով:

Այս համեղ թաթխանին կողքին կարելի է մատուցել ֆրանսական պակեթ հացի շերտեր, տարբեր տեսակի խրթխրթան հացեր կամ չիփս:

Գիտէ՞ք, Թէ

Թաթխանը հացը մէջը թաթխելու համար նախատեսուած թացան է:

Այս իւրայատուկ ուտելիքը կը պատրաստուէր սերմերէ, հատիկեղէններէ, ընկուզեղէններէ եւ զանազան համեմունքներէ: Թաթխանը տարածուած էր յատկապէս Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ:

Բերքահաւաքէն ետք հայ ընտանիքներու տատիկները կը չորցնէին եւ ապա կը բովէին կուտեղէնը` դդումի, արեւածաղիկի, սեխի, ձմերուկի, յետոյ կ՛աղէին: Օգտագործելու ատեն վրան ձէթ կը լեցնէին եւ հացը մէջը թաթխելով կ՛ուտէին:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Գալիքին

Օգնի՜ր ինձ կեանքում ուղի՛ղ ընթանալ,-
Եթէ քնած եմ` քնից արթնանալ,
Թէ դուռը բաց է` իզուր չբանալ,
Եղածով երբեք չհանգստանալ
Եւ չասե՛լ, թէ իմ արածն արեցի՛:
Չասե՛լ, թէ ամբողջ սրտով սիրեցի,
Չասե՛լ, թէ արդէն փառքին տիրեցի,
Դեռ երգը մտքում` չասե՛լ գրեցի,
Դեռ քարը հանքում` չասե՛լ կրեցի.
Առանց հիմք` չասե՛լ, թէ տուն շինեցի
Եւ վայելում եմ տունս բախտաւոր:
Չթուա՜լ արդար` եղած մեղաւոր,
Մեղաւոր պահին` յանցանքը քաւե՛լ,
Քաւելու համար չըղձա՛լ հատուցում
Եւ հատուցումով չհպարտանա՜լ…
Օգնի՜ր ինձ կեանքում ուղի՛ղ ընթանալ:

ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>