Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Լաւ վարքագիծը ընկերային կենցաղավարութեան անբաժան մէկ մասն է: Անիկա կ՛օգնէ անհատներու միջեւ ներդաշնակ յարաբերութիւններուն` ըլլայ ընտանիքի անդամներուն թէ դպրոցը` ընկերներուն միջեւ: Հետեւաբար շատ կանուխէն երեխային պէտք է խօսիլ քաղաքավարութեան օգուտներուն մասին: Քաղաքավարութեան կանոնները պէտք է սորվեցնել առաջին հերթին տունը` հաշուի առնելով երեխային տարիքը. իսկ ծնողները պէտք է յաճախ կրկնեն ու յիշեցնեն զանոնք, բայց մանաւանդ իրենց հերթին օրինակ ծառայեն երեխաներուն:
Ստորեւ` նիստ ու կացի կանոններ, զորս երեխաները պէտք է իմանան:
– «Խնդրեմ» ըսել: Կանուխէն երեխան պէտք է սորվի կը խնդրեմ կամ հաճիս ըսել: «Կ՛ուզեմ»-ը կոպիտ եւ անքաղաքավար կը հնչէ…
– Բարեւել: Յաճախ ամչկոտ երեխաները կը մերժեն բարեւել, նման պարագաներու դիտողութիւնն ու յանդիմանութիւնը անիմաստ են, նախընտրելի է բացատրել, թէ ինչո՛ւ պէտք է բարեւել:
– Շնորհակալութիւն յայտնելը նոյնքան կարեւոր է, որքան` խնդրեմ կամ ներողութիւն ըսելը: Այս հրաշք բառերը երեխան պէտք է գործածէ, թէկուզ` երկու-երեք տարեկանին:
– Մարզական ոգի ունենալ: Երեխան պէտք է սորվի լաւ խաղալ, յաղթել, բայց նաեւ պէտք է ընդունի պարտութիւնը: Ան պէտք է հասկնայ, որ ինք աշխարհի կեդրոնը չէ, ենթադրուած չէ, որ մնայուն ձեւով պիտի յաղթէ… հետեւաբար պարտութիւնը ողբերգութեան վերածելը, կռուիլը, լալը սխալ հակազդեցութիւններ են:
– Ընդունիլ հաճոյախօսութիւնները: Երբ երեխան դրուատուի իր մէկ լաւ արարքին համար, պէտք է «շնորհակալութիւն» յայտնէ խօսակիցին` փոխանակ «գիտեմ» ըսելու կամ մօրը փէշերուն ետին պահուըտելու:
– Տարբերութիւնները ընդունիլ: Երեխան կանուխէն պէտք է սորվի իրմէ տարբերները ընդունիլ եւ յարգել: Անոր պէտք է բացատրել, թէ ինչո՞ւ ոմանք սպիտակամորթ են, ուրիշներ` սեւամորթ, ինչո՛ւ ոմանք հաշմանդամ են, կոյր, համր եւ այլ… Այս տարբերութիւնները անտարբերութեան, արհամարհանքի կամ ծաղրի առարկայ երբեք պէտք չէ դառնան:
– Կիսուիլ ուրիշին հետ: Երեխան պէտք է վարժուի կարգ մը բաներ ուրիշին հետ բաժնեկցելու, ինչպէս, օրինակ, խաղալիքները: Եսակեդրոն, անձնասէր երեխան ապագային ընկերային լուրջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ:
Նաեւ`
– Մեծերուն հետ «դուք»-ով արտայայտուիլ,Սենեակ մտնելէ առաջ փակ դուռը թակել,
– Սեղանի կենցաղավարական կանոնները յարգել,
– Տարեցները յարգել եւ ի հարկին օգնել,
– Դիմացինին լսել եւ խօսելու համար կարգին սպասել:
Երեխաները վարքագիծեր կլանող սպունգներ են: Մի՛ սպասէք, որ անոնք մեծնան, որպէսզի լաւ սովորութիւններու տարափ մը թափէք անոնց գլխուն: Մանկութեան սորվածները յաւերժ կը պահպանուին:
Առողջապահական
Կրիփէն Աւելի Արագ
Ապաքինելու Միջոցներ
Ֆրանսական «Փասթէօր» հիմնարկի համաձայն, տարեկան 10 հազար մարդ կը մեռնի կրիփի պատճառով. յատկապէս խոցելի են` 65 տարիքը անց մարդիկը, յղի կիները, արտակարգ գէր անձերը, շաքարախտաւորները, դիմադրողականութիւնը տկար մարդիկը, նորածինները եւ այլն…
Կրիփի դէմ պատուաստումը ամենաարդիւնաւէտ միջոցներէն մէկն է,
անշուշտ կան նաեւ դեղեր, իսկ ոչ ծանր պարագաներուն բնական ու դիւրին միջոցներ` արագ ապաքինելու համար:
– Կէս կիտրոն կեղուեցէք, ճզմեցէք եւ տաք թէյին մէջ աւելցնելով խմեցէք: Ասիկա կ՛օգնէ հանգստացնելու բորբոքած կոկորդը:
– Մեղրը կ՛օգնէ մեղմացնելու կոկորդի ցաւը եւ իջեցնելու բարձր ջերմը: Առէք կէս լիթր գաղջ ջուր, մէջը լուծեցէք 1 թէյի դգալ մեղր, աւելցուցէք 1 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ եւ այս խառնուրդով կէս ժամը անգամ մը ողողեցէք բերանն ու կոկորդը:
– Ծծումբով շատ հարուստ սխտորը ունի ուժեղ հակաբորբոքային յատկութիւն: Զայն կարելի է հում օգտագործել եւ կամ` թէյերու մէջ, կրիփէն աւելի արագ ապաքինելու համար:
– Խնձորի քացախը, ինչպէս` կիտրոնը, մանրէասպան յատկութիւն ունի: Կոկորդի թեթեւ ցաւը դարմանելու համար օրական երկու ժամը անգամ մը ձեր կոկորդն ու բերանը ողողեցէք բաժակ մը ջուրի մէջ մէկ թէյի դգալ խնձորի քացախով:
– Կոճապղպեղը հարբուխի դէմ պայքարելու կախարդական միջոց է: Անիկա շատ արագ կը վերացնէ առաջին իսկ ախտանշանները:
Կոճապղպեղը կտրատեցէք, դրէք բաժակի մը մէջ, երկու կտոր կիտրոն աւելցուցէք եւ վրան թէյ լեցուցէք:
Այս բուրաւէտ ու համեղ թէյը խմեցէք առտու եւ օրուան ընթացքին: Նախընտրելի է երեկոյեան չխմել, եթէ քունի հարց ունիք:
– Քիչ քանակութեամբ ուիսքին կը թեթեւցնէ մրսածութեան ախտանշանները: Սկովտիացիները անցեալին ուիսքիով կը դարմանէին ձմեռնային հիւանդութիւնները: Թէյին մէջ աւելցուցէք քանի մը կաթիլ ուիսքի եւ տաք-տաք խմեցէք:
Կրիփէ չվարակուելու կամ շրջապատը չվարակելու համար չմոռնաք հեռաւորութիւնները պահելու, դիմակ օգտագործելու, յաճախ լուացուելու, ձեռքերը յաճախ հականեխելու կանոնները:
Հրաժարեցէք բարեկամներու այցելելէ, ձեռնարկներու կամ ժողովներու մասնակցելէ, ձեռք սեղմելէ, գիրկընդխառնուելէ, համբուրուելէ:
Ծանր կրիփի պարագային, հրաժարեցէք ինքնաբուժումէ եւ զգուշացէք անթիպիոթիքներէն, որոնք միշտ ալ ճիշդ ընտրութիւն չեն: Անվարան դիմեցէք ձեր բժիշկին:
Ձեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ
Սուրճի Մրուրը Օգտագործելու
Հետաքրքրական Տարբերակներ
Գեղեցկագիտական Նպատակներու Համար
Սուրճի մրուրը ազդու միջոց է «սելիւլիթ»-ը դարմանելու համար: Երկու ապուրի դգալ սուրճի մրուրին մէկ ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ աւելցուցէք եւ այդ խառնուրդով մարձեցէք ձեր ազդրերուն տուժած հատուածները:
Սուրճի մրուրը նաեւ կը ձերբազատէ մորթը` մեռած բջիջներէն: Դարձեալ անոր քիչ մը ձէթ աւելցնելով եւ շրջանաձեւ մարձումներով կարելի է մաքրել դէմքի (բայց նաեւ` մարմնի այլ հատուածներու) մեռած բջիջները:
Սուրճի մրուրին քիչ մը մածուն եւ քանի մը կաթիլ կիտրոնի հիւթ աւելցնելով` կրնաք դարմանել ձեր աչքերուն տակի մութ գոյնի արատները: Շաբաթական երեք անգամ, քառորդ ժամ, խառնուրդը օգտագործելով` գոհացուցիչ արդիւնք ձեռք կը բերէք:
Սուրճի մրուրը նաեւ մազերուն փայլք կու տայ, բայց նախընտրելի է օգտագործել մութ շագանակագոյն կամ սեւ մազերու պարագային: Սուրճի մրուրը տարածեցէք ձեր մազերուն վրայ, աւելցուցէք սովորական «քոնտիշընըր»-ը, ապա առատօրէն ցօղուեցէք ձեր մազերը:
Խոհանոցէն Ներս
Սուրճի մրուրը կը մաքրէ այրած տապակներուն յատակը: Սպունգին վրայ առատօրէն տարածեցէք զայն, ապա ամուր շփեցէք այրած հատուածները:
Սուրճի մրուրը նաեւ կը մաքրէ ճարպերը: Եթէ ձեր կազօճախին, տապակին կամ պատին վրայ իւղի, ձէթի հետքեր կան, զանոնք շփեցէք սուրճի մրուրով:
Սուրճի մրուրը արդիւնաւէտ ձեւով կը կլանէ տհաճ հոտերը, զայն օգտագործեցէք սառնարանին մէջ, ինչպէս նաեւ` խոհանոցի լուացարանին եւ անոր խողովակին մէջ: Մրուրը նաեւ կ՛օգնէ խցուած խողովակը բանալու:
Պարտէզը
Սուրճին մրուրը ազդու միջոց է պարտէզին բոյսերը խխունջներէն, մրջիւններէն եւ կատուներէն պաշտպանելու համար: Պարզապէս զայն տարածեցէք հողին շուրջ վնասակար միջատներն ու որդերը վանելու համար:
Սուրճին մրուրը արդիւնաւէտ միջոց է թաղարներուն հողը աւելի թեթեւ, փխրուն եւ օդաւէտ դարձնելու համար:
Այլ
Սուրճի մրուրով կարելի է ներկել նաեւ գործուածքներու որոշ տեսակներ: Պարզապէս եռացուցէք մրուրը եւ կտորը թրջեցէք որոշ ժամանակ մը, որպէսզի անիկա շագանակագոյն դառնայ:
Սուրճի մրուրը այրելով` կը վանէք մժեղներն ու ճանճերը: Փոս ամանի մը մէջ սուրճի մրուր լեցուցէք (խոնաւ պէտք չէ ըլլայ) եւ այրեցէք: Կրնաք խնկունիի շիւղ մը կամ դափնիի տերեւ մըն ալ աւելցնել:
Խոհագիր
Ձիթապտուղի Ձէթով Եւ Չոր Լոլիկով
Թխուած Ֆեթա Պանիր
250 կ շերտ մը ֆեթա պանիր
1 գաւաթ կորիզազերծուած ձիթապտուղ (կանաչ կամ սեւ)
Կէս գաւաթ չոր լոլիկ
1/3 գաւաթ ձիթապտուղի ձէթ
3 պճեղ մանրուած սխտոր
Կէս թէյի դգալ խնկածաղիկ
Կէս թէյի դգալ ուրց
Կէս թէյի դգալ խնկունի
Աղի փաթիլներ
Մանրուած, թարմ ազատքեղ` զարդարանքի համար:
Պատրաստութիւն
Փուռը տաքցնել 170 ջերմաստիճանով:
Ֆեթայի կտորը դնել փայրեքս, փոքր ամանի մը մէջ, շուրջը շարել ձիթապտուղներն ու չոր լոլիկի կտորները:
Փոս ամանի մը մէջ խառնել` ձիթապտուղի ձէթը, սխտորը, խնկածաղիկը, ուրցը, աղը եւ խնկունին: Ստացուած թացանը լեցնել ֆեթա պանիրին, ձիթապտուղներուն եւ լոլիկներուն վրայ: Եփել 20 վայրկեան, ապա 2 վայրկեան եւս` երեսը կարմրելու համար:
Մատուցելու ատեն երեսը ազատքեղով զարդարել, իսկ կողքին չմոռնալ ֆրանսական պակեթ հացի շերտերը:
Բարի՛ ախորժակ:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Դու Հպարտ Չես,
Իմ Հայրենիք
Դու հպարտ չես, իմ հայրենիք,
Տրտում ես դու եւ իմաստուն.
Կիզում է քեզ մի հուր կնիք,
Մի հմայող ու հին խոստում:
Եւ մի՞թէ այդ վշտիդ համար
Չեմ սիրում քեզ այսպէս քնքուշ
Եւ խոնարհուում քեզ պէս յամառ,
Օ, հայրենիք դառն ու անուշ:
Չշլացայ խնդուն փառքիդ
Անցեալ ու հին փայլով երբեք.-
Սիրեցի հեզ, անքէն հոգիդ
Եւ երգերդ մեղմ ու բեկբեկ:
Խեղճութիւնդ խաւար ու լուռ,
Աղօթքներդ դառն ու ցաւոտ,
Զանգակներիդ զարկը տխուր
Եւ խուղերիդ լոյսերն աղօտ…
ՎԱՀԱՆ ՏԷՐԵԱՆ