Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Երեխային ուղղուած տեւական դիտողութիւնները ոչ միայն իրենց նպատակին չեն ծառայեր, այլ, ընդհակառակը, անոր մէջ կ՛ամրապնդեն անցանկալի վարքը:
Օրինակ, երբ երեխան անուշադիր է, ցրուած է եւ ծնողքը կամ մեծ հայրիկն ու մեծ մայրիկը յաճախ կը բարձրաձայնեն՛ «Ի՛նչ անուշադիր ես», «Նորէ՛ն մոռցար», «Անյոյս պարագայ ես» եւ այլն… այս ժխտական արտայայտութիւնները աւելի եւս կ՛ամրապնդեն անցանկալի վարքը:
Ի՞նչ Ընել
Փոխանակ ամէն անգամ բարձրաձայնելու երեխային անցանկալի վարքը` ծնողները պէտք է փորձեն նկատել այն չնչին, բայց դրական փոփոխութիւնները, որոնք առկայ են երեխային վարքին մէջ:
Այս մօտեցումը կը կոչուի դրական խրախուսանք եւ մեծապէս կ՛օգնէ ծնողք-երեխայ յարաբերութիւններուն: Երեխան զգալով ծնողքին ուշադրութիւնը եւ լսելով իրեն ուղղուած գովասանքը` աւելի յաճախ կը փորձէ կրկնել այդ լաւ արարքը:
Ինչպէ՞ս Իրականացնել
Ա.- Երեխային սահմանել յստակ ակնկալիքներ: Փոխանակ անոր «Մի՛ ըներ» ըսելու` բացատրել, թէ ինչպէ՛ս ճիշդը ընէ:
Բ.- Օգտագործել խրախուսական արտայայտութիւններ` թէկուզ փոքրիկ քայլերու համար:
Գ.- Խրախուսել ոչ միայն արդիւնքը, այլեւ` այն ճանապարհը, որ երեխան կտրեց եւ ճիգը, որ թափեց ինքզինք բարելաւելու համար:
Կեանքի Դժուարութիւնները
Դիմագրաւելու Պարզ Միջոցներ
Կեանքը յաւերժ երջանկութեան եւ յաջողութեան հարթ գիծ չէ: Անիկա ենթադրուած չէ նոյնը մնալ, այնպէս` ինչպէս դուք ենթադրուած չէք նոյնը մնալ: Կեանքը մշտապէս կը զարգանայ եւ կը փոխուի: Անիկա վերելքներու եւ վայրէջքներու, շրջադարձերու մշտական ալիք է:
Ալիքներուն մէջ լողալու եւ հոգեկան խաղաղութիւն գտնելու համար տեսէք, թէ ի՛նչ կը թելադրէ հոգեբանը.
1 – Օրական քալեցէք դրական միտքերով լիցքաւորուելու համար:
2 – Ներողամիտ եղէք ուրիշներուն հանդէպ:
3 – Բան մը նուիրեցէք բոլորովին անծանօթ անձի մը:
4 – Վերադարձէք ձեր սիրած հոպիին` ասեղնագործ, նկարչութիւն եւ այյն…
5 – Բաւարար հանգստացէք, 7-9 ժամ քնացէք:
6 – Ի հարկին լացէք: Լացը ամօթ չէ, ան կը փարատէ ներքին լարուածութիւնը:
7 – Օրագիր պահեցէք:
8 – Սրճարան մը նստէք, գաւաթ մը սուրճ կամ բաժակ մը հիւթ վայելեցէք` շուրջի անցուդարձին հետեւելով:
9 – Ծիծաղաշարժ ժապաւէն դիտեցէք:
10 – Ցանկագրեցէք յաջորդ օրուան ձեր ընելիքները:
11 – Երեկոյեան թուղթի մը վրայ արձանագրեցէք օրուան ընթացքին ձեզի հետ պատահած մէկ-երկու լաւ բան:
12 – Երաժշտութիւն ունկնդրեցէք:
13 – Գիրք կարդացէք:
14 – Որքան կարելի է հրաժարեցէք Դիմատետրէն եւ Ինսթակրամէն: Դադրեցէք ուրիշին հետ համեմատուելէն:
Հետաքրքրական
«Լաւաշագորգեր»`
Հայկական Զարդանախշերով
Սեդա Գրիգորեանը արմատներով Տաւուշի մարզի Բերդ քաղաքն է: Իր իսկ խօսքերով, պահպանողական է, մեծցած է աւանդական միջավայրի մէջ: Զինք հայկական ոգիով դաստիարակած են, տատը միշտ գորգ կը գործէր, ինքն ալ կողքին նստած` ուշադիր կը դիտէր ու կը սորվէր:
«Կը սիրեմ մեր հինը, աւանդականն ու ընդհանրապէս մեր հայկական ամէն ինչը` սկսած ճաշատեսակներէն եւ աւարտած հայկական գորգերու զարդանախշերով լաւաշներէս», կ՛ըսէ ան:
Սեդա լաւաշագորգեր կը պատրաստէ հայկական զարդանախշերով. առայժմ կ՛ուզէ, որ անոնց պատրաստման գաղտնիքը իրեն մնայ: Լաւաշ-գորգերը պատրաստելու ընթացքին ան միրգերն ու բանջարեղէնները չ՛եփեր, որպէսզի անոնք պահպանեն թէ՛ իրենց համը, թէ՛ գոյնը եւ թէ՛ կենսանիւթերը:
Սեդան պատրաստած է մինչեւ 7-10 մեթրանոց գործեր, որոնք արդէն վաճառուած են: Ամէն տարի նոր գորգ-լաւաշ կը ստեղծէ, երբեք չեն կրկնուիր եւ իւրաքանչիւրը ունի իր անունը:
Սեդային յաճախորդները ոչ միայն տեղացիներն են, այլեւ` արտերկիր բնակող հայերն ու այլազգիներ:
Մեր Առօրեան
Դիւրացնող Հնարքներ
– 1 –
Որպէսզի թառամած ռեհանը ինքզինք վերագտնէ, պէտք է զայն զետեղել շաքար-ջուրով լեցուն ապակեայ շիշի մը մէջ: Կարճ ժամանակի ընթացքին անիկա կը վերագտնէ իր թարմութիւնը:
– 2 –
Որպէսզի կոճապղպեղը երկար դիմանայ, պէտք է զայն կեղուել, շերտել, ապա կերպընկալ տոպրակի մէջ դնել եւ սառցարանը պահել: Այս ձեւով կոճապղպեղը երկար ամիսներ կը դիմանայ:
Այսուհանդերձ, նախընտրելի է փոքր կտորներով բաւարարուիլ, քանի որ երկար ժամանակ պահուելով` այս հրաշք արմատը կը կորսնցնէ իր յատկութիւններուն մէկ կարեւր մասը:
– 3 –
Որպէսզի հազարը երկար դիմանայ, պէտք է զայն քացախով լուալ, ցամքեցնել, երկայնքին երկուքի կիսել եւ իւրաքանչիւր կէսը մաքուրը լաթի մը մէջ փաթթել: Փաթթուած կէսեր զետեղել կերպընկալ տոպրակներու մէջ եւ սառնարանը պահել:
– 4 –
Մեծաքանակ սխտոր կեղուելու պարագային, պճեղները քանի մը վայրկեան մանրալիքին մէջ դնել. զանոնք դուրս հանելէ ետք ինքնաբերաբար պիտի բաժնուին:
– 5 –
Որպէսզի մանանեխը լաւ պահպանուի, շիշին կափարիչը բանալէ ետք յանձնարարելի է կիտրոնի շերտ մը զետեղել երեսին: Այսպիսով մանանեխը չի չորնար եւ կը պահպանէ իր գոյնը:
Ի՞նչ Յաճախականութեամբ
Պէտք Է Լուալ
Յաճախ մեզի մաքուր թուացող իրերը սովորական աչքով անտեսանելի աղտեր կը պարունակեն եւ որոշ յաճախականութեամբ լուացուելու կարիքը ունին: Եւ այսպէս`
– Լուացքի մեքենան պէտք է մաքրել ամսական դրութեամբ, ճերմակ քացախ օգտագործելով եւ 900 ջերմաստիճանով յայտագրի վրայ:
– Կազօճախը պէտք է մաքրել շաբաթական դրութեամբ` սոտայով, բայց նաեւ` իւրաքանչիւր տապկոցէ ետք:
– Սառնարանը պէտք է մաքրել շաբաթական դրութեամբ` ճերմակ քացախով:
– Բաղնիքին նստարանը եւ լուացարանը պէտք է մաքրել շաբաթը առնուազն 3 անգամ, ի հարկին՛ օրական:
– Բաղնիքին անձեռոցները պէտք է փոխել շաբաթը 2 անգամ, իսկ լոգանքի անձեռոցը պէտք է լուալ շաբաթը անգամ մը:
– Բարձերը պէտք է լուալ 3-6 ամիսը անգամ մը:
– Մահճակալին ներքնակը պէտք է փոշեզերծել եւ հականեխել տարեկան առնուազն 2 անգամ:
– Գորգերը պէտք է փոշեզերծել օրական, յատկապէս եթէ տունը երեխայ կայ: Իսկ յատուկ շամփուենով լուալ տարին 2 անգամ:
– Լեփթոփը, բջիջային հեռախօսը, պատկերասփիւռին վահանակը պէտք է մաքրել օրական` հականեխիչ թաց թաշկինակով:
– Կանացի ձեռքի պայուսակը պէտք է մաքրել շաբաթական դրութեամբ, նոյնպէս ալ` շուկայի կտաւէ պայուսակը:
– Ճինզ տաբատները պէտք է լուալ 2-3 անգամ կրելէ ետք:
– Կրծկալները նոյնպէս պէտք է լուալ 2-3 անգամ կրելէ ետք, իսկ ամրան տաք եղանակին` օրական:
– Մանրալիքը պէտք է մաքրել իւրաքանչիւր գործածութենէ ետք: Մաքրելու ընթացքին կարելի է ջուրով լեցուն ամանին ճերմակ քացախ կամ կիտրոնի շերտեր աւելցնել եւ մանրալիքը 3-5 վայրկեան աշխատցնել:
Նշենք, որ շուկան վաճառուող մաքրութեան դեղերը այլազան են, սակայն մեծամասնութիւնը քիմիական թունաւոր նիւթեր կը պարունակէ, հետեւաբար յանձնարարելի է նախապատուութիւնը տալ ճերմակ քացախին, սոտային, կիտրոնին եւ այլն…
Խոհագիր
Խրթխրթան Փիցցա
– Ֆրանսական փեն տը մի հացի շերտեր
– Սխտորի պճեղներ` հացերը շփելու համար
– Քերոցէ անցած հալող պանիր
– Փեփերոնիի շերտեր
– Սովորական փիցցայի թացան (Բաղադրիչներուն քանակը` անձերու թիւին համաձայն)
– Խնկածաղիկ` երեսը ցանելու համար
Պատրաստութիւն
Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով:
Ֆրանսական հացի շերտերը ափսէին մէջ շարել եւ 5-7 վայրկեան եփել, մինչեւ որ ոսկեգոյն եւ խրթխրթան դառնան:
Կիսուած սխտորի պճեղով շփել հացերուն երեսը:
Փիցցայի թացանը տարածել հացերուն վրայ, ապա ծածկել քերոցէ անցած պանիրով:
Վերջապէս, աւելցնել փեփերոնիի շերտերը եւ խնկածաղիկը. եփել 5-7 վայրկեան, մինչեւ որ պանիրը հալի:
Աւելի առողջապահական տարբերակի մը համար փեփերոնին կարելի է փոխարինել սունկով, կանաչ պղպեղով եւ այլն…
Դիւրին եւ արագ տարբերակ մը, որ կը գոհացնէ թէ՛ փոքրերը եւ թէ՛ մեծերը:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ծնուել Եմ
Ես ծնուել եմ նրա համար,
Որ մօր սրտում կարօտ դառնամ
Եւ սպասուող որդու նման
Հեռուներից վերադառնամ.
Ես ծնուել եմ նրա համար,
Որ ցաւածին մխիթարեմ.
Ջահելների հարսանիքին
Ձեռքիս գինի` զուարթ պարեմ.
Նորածընի բերնով ճչամ
Ու մօր բերնով ասեմ «նանիկ».
Տուն երազող զոյգի համար
Դառնամ սիրոյ համեստ տանիք.
Եթէ շուրջս խաւար լինի`
Մարդկանց համար փայլատակեմ,
Հասակով մէկ փռուեմ գետին`
Վհատութեան ճամբան փակեմ…
ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ