Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Գալեա Նովենցը Հայաստանի ամենասիրուած եւ տաղանդաւոր դերասանուհիներէն էր, յայտնի` թատրոնի եւ շարժապատկերի աշխարհէն ներս իր խորապէս զգացմունքային եւ վաւերական դերակատարումներով:
Քանի մը տասնեակ տարի տեւած ասպարէզին ընթացքին ան կեանքի կոչեց ուժեղ եւ բարդ հայ կնոջ կերպարներ` անմոռանալի հետք ձգելով խորհրդային եւ հայկական շարժապատկերի պատմութեան մէջ:
Գալեայի ամենայայտնի դերը եղած է «Նահապետ» ժապաւէնին մէջ (1977), ուր ան պատկերած է Ցեղասպանութիւնը վերապրածի արտասովոր խորութեամբ եւ տոկունութեամբ կնոջ կերպարը:
Դերասանուհիին խաղընկերները եղած են` շարժապատկերի եւ թատրոնի վարպետներ Մհեր Մկրտչեանը, Սօս Սարգսեանը, Խորէն Աբրահամեանը եւ այլն… Աշխատած է տաղանդաւոր բեմադրիչներ` Հենրիկ Մալեանի, Ալպերթ Մկրտչեանի, Ֆրունզէ Դովլաթեանի եւ ուրիշներու հետ:
Գալեայի աւելի քան 30 ժապաւէններէն յիշենք` «Մենք ենք մեր սարերը», «Հեղնար աղբիւր», «Կտոր մը երկինք», «Գիգոր», «Ճերմակ անուրջներ», «Մեր մանկութեան թանկոն» եւ այլն…
1985-ին Վենետիկի համաշխարհային 42-րդ շարժապատկերի փառատօնին «Մեր մանկութեան թանկոն» ժապաւէնին մէջ լաւագոյն դերակատարումին համար արժանացաւ դատակազմի յատուկ մրցանակին: Վենետիկի մէջ մրցանակը շնորհելու ժամանակ Գալեան բնութագրեցին` որպէս իտալացի աշխարհահռչակ դերասանուհի Աննա Մանիանիի արեւելեան տարբերակը:
Այսպիսով, Գալեա Նովենցը դարձաւ առաջին ու առայժմ միակ հայ դերասանուհին, որ արժանացած է նման բարձր պարգեւի:
Հոգեբանին Կարծիքով
Դրական Դաստիարակութեան
6 Խորհուրդներ` Ծնողներուն
– 1 –
Մի՛ վիճիք երեխային ներկայութեան եւ մի՛ հակաճառէք զիրար երեխային դաստիարակութեան հետ կապուած հարցերուն մասին:
– 2 –
Երեխային ներկայութեան մի՛ խօսիք ձեր ֆինանսական դժուարութիւններուն մասին:
– 3 –
Երեխային ներկայութեան մի՛ քննադատէք դպրոցը եւ կամ` ուսուցիչները:
– 4 –
Երեխային ներկայութեան ժխտական մեկնաբանութիւններ մի՛ կատարէք անձի մը մասին, որ այդ պահուն զրոյցին ներկայ չէ:
– 5 –
Մի՛ քննադատէք ձեր երեխային արտաքին յատկանիշները` հասակը, գիրութիւնը կամ այլ թերութիւն ո՛չ անոր ներկայութեան, ո՛չ ալ` բացակայութեան:
– 6 –
Երեխային ներկայութեան զինք մի՛ համեմատէք իր քրոջ, եղբօր կամ դասընկերոջ հետ, նոյնիսկ եթէ այդ համեմատութիւնները ի նպաստ իրեն են:
Առողջապահական
Պա՞ղ, Թէ՞ Տաք Լոգանք
Թէ՛ պաղ եւ թէ՛ տաք լոգանքը ունին իրենց առաւելութիւնները: Սակայն նախքան իւրաքանչիւրին առաւելութիւնները թուելը` յիշեցնենք, որ միայն ընտանեկան բժիշկին խորհուրդին դիմելէ ետք կարելի է որդեգրել մէկը կամ միւսը: Խնդրոյ առարկայ անձին առողջական խնդիրները եւ օգտագործած դեղերը կրնան կտրուկ արգելքներ սահմանել եւ չարտօնել, որ ծայրայեղ քայլերու դիմուի:
Պաղ Լոգանքին Առաւելութիւնները
ա – Կը բարելաւէ արեան շրջագայութիւնը,
բ – Կը խթանէ ջղային համակարգը եւ կը կազդուրէ,
գ – Կը նուազեցնէ քորթիզոլը` ընկճախտի հորմոնը,
դ – Կ՛ամրապնդէ մտային կարողութիւնը, կը բարձրացնէ արթնութիւնը,
ե – Կը բարելաւէ կեդրոնացումը,
զ – Կը խթանէ դիմադրողական համակարգը,
է – Մազերուն եւ մորթին թարմ տեսք կը հաղորդէ,
ը – Կը բարելաւէ տրամադրութիւնը,
թ – Կ՛արագացնէ նիւթափոխանակութիւնը,
ժ – Կը նպաստէ խոր եւ վերականգնող քունին:
Տաք Լոգանքին Առաւելութիւնները
ա – Կը խթանէ էնտորֆինի արտադրութիւնը, որուն շնորհիւ մարմինը կը թուլնայ եւ կը հանգստանայ,
բ – Կը թեթեւցնէ մկանային եւ այլ ցաւեր,
գ – Կը բարելաւէ քունին որակը,
դ – Կը մաքրէ մորթը, կ՛ընդլայնէ ծակտիկները, կը ձերբազատէ սեւ կէտերէն,
ե – Կը բարելաւէ արեան շրջագայութիւնը, կը կարգաւորէ արեան ճնշումը,
զ – Կ՛օգնէ բարձրացնելու երջանկութեան հորմոնի` «սերոթոնին»-ին մակարդակը,
է – Կ՛օգնէ ջերմուժ այրելու,
ը – Կ՛ազդէ շնչառութեան վրայ եւ կը բանայ շնչուղիները,
թ – Կը թեթեւցնէ մրսածութիւնն ու հազը,
ժ – Կ՛ամրացնէ դիմադրողական համակարգը:
Գեղեցկագիտական
7 Խորհուրդներ` Փայլուն Եւ Առողջ
Մորթ Ունենալու Համար
1 – Խոնաւցուցէք. բաւականաչափ ջուր խմելը եւ առանց շաքարի բուսական թէյեր օգտագործելը կ՛օգնեն պահպանելու մորթին առաձգականութիւնը եւ ուշացնելու կնճիռները: Յանձնարարելի է օրական 1,5 – 2 լիթր ջուր խմել` կանխելու համար մորթին ջրազրկումը: Անշուշտ խոնաւցնող սերերը եւս իրենց դերը ունին:
2 – Հաւասարակշռուած սննդականոն օգտագործեցէք. այն, ինչ որ կ՛ուտէք, ուղղակիօրէն կ՛ազդէ ձեր մորթին արտաքին տեսքին վրայ: Օգտագործեցէք Սէ., Էօ կենսանիւթերով, Օմեկա 3-ով եւ հակաօքսիտաններով հարուստ մթերքներ:
3 – Օրական մաքրեցէք ձեր մորթը, յատկապէս ինչ կը վերաբերի շպարին: Նաեւ կարեւոր է, որ ընտրէք թէկուզ սուղ, սակայն որակաւոր շպարի արտադրութիւններ:
4 – Պաշտպանուեցէք արեւուն վնասակար ճառագայթներէն. օգտագործեցէք արեւապաշտպան սերեր: Այսպիսով, կ՛ապահովէք մորթին առաձգականութիւնն ու երիտասարդ տեսքը:
5 – Մարձեցէք ձեր դէմքը. կատարեցէք շրջանաձեւ շարժումներ: Մարձումը կը խթանէ արեան շրջագայութիւնը եւ բնական փայլք կը հաղորդէ մորթին:
6 – Բաւարար քնացէք. գիշերային հանգիստ քունը կը վերականգնէ մորթը, կը բարելաւէ անոր տեսքը եւ կը թարմացնէ զայն:
7 – Մի՛ ծխէք. այս վատ սովորութիւնը ժամանակէն առաջ կը ծերացնէ ձեր մորթը:
Ի՞նչը Ինչո՛վ Դարմանել
– Յոգնած մորթին առողջ տեսք եւ փայլք տալու համար…
Մաքուր դէմքին վրայ տարածել 2 թէյի դգալ մեղր, սպասել 20 վայրկեան, ապա մաքրել գաղջ ջուրով:
– Դէմքին մորթին գոյնը բանալու եւ ընդլայնած ծակտիկները սեղմելու համար…
Կէս կիտրոնի հիւթին 2 ապուրի դգալ հանքային ջուր աւելցնել եւ բամպակի մը միջոցով օծել դէմքը: 2 վայրկեան սպասել, ապա` ցօղուել:
– Մորթին մեռած բջիջները մաքրելու համար…
100 կ աղին 3 ապուրի դգալ ձէթ աւելցնել եւ մորթը շփել շրջանակաձեւ շարժումներով, ապա` առատօրէն ցօղուել:
– Իւղոտ մորթը հաւասարակշռելու համար…
Լոլիկը շերտել, շերտերը դէմքին վրայ շարել, ձգել 15 վայրկեան, ապա` խոնաւ բամպակով մը մաքրել:
– Ջրազրկուած մորթը խոնաւցնելու համար…
Հարիչէ անցած վարունգին ապուրի դգալ մը կաթ աւելցնել եւ ստացուած խիւսով ծեփել դէմքը. սպասել քառորդ ժամ, ապա` ցօղուել:
– Չոր մորթը հաւասարակշռելու համար…
25 սանթիլիթր տաք ջուրի մէջ թրջել սեւ թէյի ծրարիկ մը. ձգել, որ պաղի, ապա օրական, առտու եւ իրիկուն, բամպակի միջոցով օծել դէմքը:
Խոհագիր
Քաղցր Գետնախնձորով,
Շոմինով Եւ Ոսպով Աղցան
– 2 միջին չափի քաղցր գետնախնձոր
– 1 գաւաթ խաշած ոսպ
– 2 գաւաթ թարմ շոմինի տերեւներ
– 2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– 1/4 գաւաթ փշրուած ֆեթա պանիր
Թացանին համար
– 3 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– 2 ապուպի դգալ կիտրոնի հիւթ
– 1 ապուրի դգալ մանանեխ
– 1 պճեղ ճզմուած սխտոր
– 1 թէյի դգալ մեղր
– Աղ, պղպեղ
Պատրաստութիւն
Քաղցր գետնախնձորները խորանարդաձեւ կտրատել, ձիթապտուղի ձէթով, աղով եւ սեւ պղպեղով համեմել եւ նախապէս տաքցուած փուռի մէջ 20-25 վայրկեան խորովել, մինչեւ որ փափկանան:
Մինչ այդ փոս ամանի մը մէջ պատրաստել թացանը` վերը նշուած բաղադրիչները խառնելով:
Մատուցման ամանին մէջ լեցնել տաք քաղցր գետնախնձորները, եփած ոսպը եւ թարմ շոմինի տերեւները: Աւելցնել թացանը եւ զգուշութեամբ խառնել: Սեղան բերելէ առաջ երեսը զարդարել փշրուած ֆեթա պանիրով:
Կարելի է ի հարկին շոմինը փոխարինել կաղամբով, քաղցր գետնախնձորը` մեղրադդումով կամ ստեպղինով:
Թուենք Այս Առողջապահական Աղցանին Յատկութիւնները
Ա – Հարուստ է սննդանիւթերով` Ա. եւ Սէ. կենսանիւթեր, երկաթ, բուսական սպիտակուց, բնաթել եւ այլն…
Բ – Հակաբորբոքային է. քաղցր գետնախնձորը եւ շոմինը յայտնի են իրենց հակաբորբոքային յատկութիւններով:
Գ – Օգտակար է սրտին. ոսպը եւ ձիթապտուղի ձէթը կը նպաստեն սրտի առողջութեան բարելաւման:
Դ – Կ՛օգնէ մարսողութեան. բնաթելերու բարձր պարունակութիւնը կը նպաստէ աղիքներու առողջ գործունէութեան եւ առհասարակ` մարսողութեան գործընթացին:
Ե – Կենսունակութեան. ածխաջուրերու, բնասպիտներու եւ առողջ ճարպերու հաւասարակշռուած խառնուրդը կայուն կը պահէ կենսունակութիւնը:
*
* *
Շաբթուան Մտածումը
Կինը աշխարհ չէ եկած մինակ հաճելի ըլլալու համար: Կինը եկած է իր խելքը, մտային, բարոյական եւ ֆիզիքական յատկութիւնները զարգացնելու համար: Ինքզինքնին յարգող բոլոր կիներուն իտէալը միայն հաճելի ըլլալը պէտք չէ ըլլայ, այլ երկրիս վրայ գործօն բարերար տարր մը դառնալը:
Մեր հայրերէն մեզի աւանդուած ժառանգութիւններէն ամէնէն շքեղը, ամէնէն իրականը մեր գեղեցիկ, հարուստ եւ մեծավայելուչ լեզուն է, պէտք է պահպանենք յուզումով, հրայրքով եւ խանդավառութեամբ: Ես վստահ եմ, որ կը պաշտպանենք:
ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ