Quantcast
Channel: Կնոջական – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Ձեր Մարմինը Օգնութիւն Կը Խնդրէ…Սննդանիւթերու Անբաւարարութեան Նախազգուշական Նշաններ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Մարդուն մարմինը բարդ համակարգ է, եւ երբ անոր կը պակսին էական սննդանիւթեր, ան նախազգուշական նշաններ կ՛ուղարկէ, որոնք պէտք չէ անտեսել:

Ստորեւ կը ներկայացնենք սննդանիւթերու անբաւարարութեան ամենատարածուած նշանները, եւ թէ ինչպէ՛ս կրնաք վերականգնել ձեր մարմնին հաւասարակշռութիւնը ճիշդ սնունդի միջոցով:

– ՉՈՐ ՄՈՐԹ. ձեր մարմինը Էօ. կենսանիւթի պակաս ունի. ան հզօր հակաօքսիտան է, որ կ՛օգնէ խոնաւցնելու եւ պաշտպանելու մորթը վաղաժամ ծերացումէ:

Էօ. կենսանիւթով հարուստ են` ընկուզեղէնը, արեւածաղիկի սերմերը, իւղոտ ձուկերը, ձիթապտուղի եւ հնդկընկոյզի իւղերը եւ այլն…

– ՓԽՐՈՒՆ ՄԱԶԵՐ ԵՒ ԵՂՈՒՆԳՆԵՐ. ձեր մարմինը Պէ. խումբի կենսանիւթերու եւ կիրի պահանջ ունի: Եթէ հերաթափութենէ կը տառապիք, իսկ ձեր եղունգները դիւրաբեկ դարձած են, ձեր ճաշացուցակին աւելցուցէք` չոր լուբիա, ամբողջական ձաւարեղէն, կաթնամթերք, ծովամթերք եւ այլն…

– ԼԻՆՏԵՐՈՒ ԱՐԻՒՆԱՀՈՍՈՒԹԻՒՆ. ձեր մարմինը Սէ. կենսանիւթի պակաս ունի: Եթէ ակռաները խոզանակելու ժամանակ ձեր լինտերը կ՛արիւնին, եթէ ձեր վէրքերը դանդաղ կ՛ապաքինին, օրական օգտագործեցէք` նարինջ, կիտրոն, մանտարին, քիուի, պուլկարական պղպեղ, լոլիկ, սոխ, սխտոր եւ այլն…

– ԱՆՔՆՈՒԹԻՒՆ, ՄԿԱՆԱՅԻՆ ՊՐԿՈՒՄՆԵՐ, ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ձեր մարմինը մակնեզիոմի եւ փոթասիոմի պահանջ ունի: Այս հանքայինները ոչ միայն կը հանգստացնեն ջղային համակարգը, այլեւ կը նուազեցնեն ընկճախտը եւ կը կանխեն մկանային ջղաձգութիւնները: Հետեւաբար չափաւոր քանակութեամբ կերէք` պանան, գետնախնձոր, սեւ տուրմ, չոր ծիրան եւ սալոր, ճակնդեղ եւ այլն…

– ԱՂԻ ՈՒՏԵԼԻՔՆԵՐՈՒ ՓԱՓԱՔ ԿԱՄ ՅՈՒԶԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ. ասոնք կրնան վկայել միզուղիներու կամ վերարտադրողական համակարգի վարակներու մասին: Ձեր դիմադրողական համակարգը վերականգնելու համար առատ ջուր խմեցէք եւ կերէք հակաբորբոքային մթերքներ` սխտոր, կոճապղպեղ: Օրուան ընթացքին առնուազն մէկ անգամ կերէք թարմ պտուղ մը, տերեւաւոր կանաչեղէն մը` շոմին, բանջար եւ այլն…

– ՔԱՂՑՐԱՒԵՆԻՔԻ ՓԱՓԱՔ. եթէ քաղցրաւենիքի մշտական պահանջ ունիք, յոգնութիւն եւ դանդաղկոտութիւն կը զգաք, ձեր մարմինը ջերմուժի կարիք ունի: Վերամշակուած շաքարաւազ օգտագործելու փոխարէն` ընտրեցէք ջերմուժի բնական աղբիւրներ` հում մեղր, սեւ տուրմ, արմաւ, թուզ…

– ԹԹՈՒ ՄԹԵՐՔՆԵՐՈՒ ՓԱՓԱՔ. ձեր լեարդը եւ լեղապարկը աջակցութեան կարիք ունին: Ձեր սննդակարգին աւելցուցէք` կիտրոն, խնձորի քացախ, կանաչ խնձոր, թթու բանջարեղէն, խաղող եւ այլն…

– ՊԱՂ ՁԵՌՔԵՐ ԵՒ ՈՏՔԵՐ, ՅՈԳՆԱԾՈՒԹԻՒՆ. ձեր մարմինը իոտի պահանջ ունի: Իոտի անբաւարարութիւնը կրնայ ազդել վահանագեղձի աշխատանքին վրայ եւ դանդաղեցնել նիւթափոխանակութիւնը: Աւելի յաճախ կերէք` ծովամթերք, հաւկիթ, մածուն, պանիր եւ այլն…

Թէեւ վերը նշուած նախազգուշական նշանները եւ զանոնք վերացնելու միջոցները բժշկական հիմքեր ունին, սակայն կարեւորութեամբ կ՛ընդգծենք, որ ինքնաբուժումի դիմելէ առաջ կարծիքը առնէք ձեր ընտանեկան բժիշկին, ատամնաբուժին, սննդագէտին, քանի որ «անմեղ» թուացող այդ ախտանշաններէն ոմանց ետին լուրջ հիւանդութիւններ թաքնուած կրնան ըլլալ:

Գործնական Թելադրանքներ

Ինչպէ՞ս Օգտագործել Օթեկ Հացը

Եթէ ձեռքի տակ մեծաքանակ ֆրանսական հաց ունիք, մի՛ սպասէք, որ օթեկնայ ու անգործածելի դառնայ: Մաս մը կերպընկալ տոպրակի մէջ դրէք ու սառցարան փոխադրեցէք աւելի ուշ օգտագործելու համար:

Իսկ եթէ ձեռքի տակ ունիք օթեկ ֆրանսական հաց, կրնաք դիմել հետեւեալ հնարքներուն.

Ա.- Հացի շերտերը փուռին մէջ չորցուցէք, ապա հարիչէ անցընելով` փոշիի վերածեցէք ու տարբեր խոհագիրներու մէջ օգտագործեցէք: Օրինակ` համեղ էսքալոփներ պատրաստեցէք:

Բ.- Հացի շերտերը խորանարդաձեւ կտրատեցէք, փուռի ափսէին մէջ տարածեցէք, քիչ մը ձիթապտուղի ձէթ եւ խնկածաղիկ ցանեցէք եւ եփեցէք, մինչեւ որ ոսկեգոյն դառնան: Խորանարդաձեւ հացիկներով զարդարեցէք ձեր ապուրներն ու աղցանները:

Գ.- Օթեկ հացի մէկ-երկու շերտ կ՛օգնեն թանձրացնելու ձեր ապուրները: Ապուրին բաղադրիչները հարիչը անցընելու ժամանակ օթեկ հացի շերտ մըն ալ աւելցուցէք, եթէ կ՛ուզէք ձեր նօսր ապուրին որոշ թանձրութիւն տալ:

Դ.- Բանջարեղէններուն եւ պտուղներուն յատկացուած սառնարանի գզրոցին մէջ օթեկ հացի մէկ-երկու շերտ զետեղեցէք. անոնք խոնաւութիւնը կլանելու յատկութիւն ունին:

Ե.- Տնային բոյսերուն հողին օթեկ հացի չոր փշրանք խառնելով` կը կանխարգիլէք թաղարին հողին քարացումը: Այդպիսով, բոյսին արմատները աւելի առողջ կը սնանին ու կը շնչեն:

Զ.- Օթեկ հացը թարմացնելու համար զայն զետեղեցէք խոնաւ թուղթէ տոպրակի մը մէջ եւ վառած փուռին մէջ ձգեցէք 3 վայրկեան` 180 ջերմաստիճանով: Այս հնարքը կ՛օգնէ, որ հացը վերագտնէ իր թարմութիւնը:

Է.- Օթեկ հացը պատառիկներու չափով կտրատեցէք թաթխաններու հետ մատուցելու համար:

Ջուրի Մէջ Աճող Տնային Բոյսեր

Եթէ յաճախ կը մոռնաք ձեր բոյսերը ջրել, կամ համբերութիւն եւ ժամանակ չունիք հողի, թաղարի կամ պարարտացուցիչի հետ զբաղելու, բայց եւ այնպէս, շատ կը սիրէք տան մէջ բոյսերով շրջապատուած ըլլայ, փորձեցէք սովորական ջուրի մէջ բոյսեր աճեցնել, քանի որ`

Ա.- Գրեթէ երբեք ստիպուած չէք ըլլար ձեր բոյսերը ջրելու: Նաեւ կը վերանայ բոյսը չափազանց ջրելու կամ ծարաւէ մեռցնելու վտանգը:

Բ.- Անհոգ կը ճամբորդէք` առանց ուրիշներու օգնութեան դիմելու, որ գան ու ծաղիկները ջրեն:

Գ.- Կրնաք ձեր երեւակայութեան զարկ տալ ու ստեղծել գեղեցիկ գլուխ գործոցներ` օգտագործելով ապակեայ շիշեր, ծաղկամաններ, խմիչքի բաժակներ, իսկ ջուրին հետ աւելցնել խճաքարեր կամ ոստրէներ…

Դ.- Կրնաք տեսնել, թէ ինչպէս կ՛աճին ու կը բազմանան ձեր բոյսերուն արմատները եւ հետեւիլ անոնց առողջութեան:

Ինչպէ՞ս Աճեցնել Բոյսերը` Ջուրի Մէջ: Քայլ Առ Քայլ Ուղեցոյց`

– Ընտրեցէք առողջ կամ թարմ հատումներ:

– Օգագործեցէք ապակեայ ծաղկամաններ, շիշեր, եւ այլն…

– Թորեալ ջուր օգտագործեցէք եւ վստահ եղէք, որ ցօղունը ընկղմած է, բայց տերեւները ջուրէն դուրս են:

– Բոյսը տեղադրեցէք անուղղակի արեւի լոյսով լուսաւոր տեղ մը:

– Պարբերաբար փոխեցէք ջուրը: Շաբաթը անգամ մը բաւարար է կանխելու համար մանրէներու կուտակումը եւ ապահովելու բոյսին առողջութիւնը:

Խոհագիր

Ստեպղինով
Եւ Սիսեռով Ապուր

Բաղադրիչներ

– 1 միջակ մանրուած սոխ
– 2 – 3 պճեղ մանրուած սխտոր
– 500 կ կեղուըւած եւ կլոր կտրատուած ստեպղին
– 400 կ խաշած սիսեռ
– 1 լիթր արգանակ (միսի, հաւի կամ բանջարեղէնի)
– Ազատքեղ եւ խորոված հացի խորանարդներ` զարդարանքի համար:
– 2 ապուրի դգալ ձէթ
– Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Թեթեւ կրակի վրայ ձէթին մէջ դարձնել մանրուած սոխն ու սխտորը: Աւելցնել կտրատուած ստեպղինը եւ եփել 3 – 5 վայրկեան:

Աւելցնել խաշած սիսեռն ու արգանակը, եռալէն ետք թեթեւ կրակի վրայ շարունակել եփել շուրջ 10 վայրկեան: Աղել, համեմել` ըստ ճաշակի:

Ապուրը հարել ելեկտրական գործիքով եւ մատուցելու ժամանակ երեսը զարդարել մանրուած ազատքեղով կամ խորոված հացի կտորներով:

Սիսեռ ուտելու համոզիչ պատճառներ

– Սպիտակուցով եւ բնաթելով հարուստ սիսեռը յագեցնող է եւ կ՛օգնէ վերահսկելու ախորժակը:
– Մակնեզիոմով եւ կիրով հարուստ սիսեռը կը նպաստէ ոսկորներու առողջութեան:
– Սիսեռը կ՛օգնէ կարգաւորելու արեան շաքարի մակարդակը:
– Սիսեռը կը նպաստէ մարսողութեան գործընթացին եւ կը կարգաւորէ աղիքներու գործունէութիւնը:
– Սիսեռը կը պաշտպանէ սրտանօթային հիւանդութիւններէն:
– Սիսեռը կը նպաստէ ուղեղի առողջութեան, իսկ մակնեզիոմի չափաբաժինը կը խթանէ ջղային համակարգը:
– Սիսեռը երկաթի հիանալի աղբիւր է. ան կրնայ կանխել երկաթի անբաւարարութիւնը:

Սիսեռին այս առաւելութիւններուն ծանօթանալէ ետք կ՛արժէ աւելի յաճախ զայն ընդգրկել մեր ճաշացուցակներուն մէջ: Լիբանանցիներս քաջածանօթ ենք սիսեռով պատրաստուած հումմոսին, պալիլային, ֆալաֆելին, պահքի կոլոլակներուն եւ այլն…

Բայց կարելի է զայն նաեւ օգտագործել ապուրներու եւ աղցաններու մէջ` աւելի լիարժէք օգտուելու համար անոր բարիքներէն:

***

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Թաղ

Ես իմ թաղիս քերթողն եմ
Լեզուս աղքատ է թաղեցիներուս նման
Տաղերուս միակ հարստութիւնը կը կազմեն
Թաղեցիներուս հոգերը
Կը սիրեմ թաղիս բնակիչները
Անոնք լիալուսինը չտեսնելու չափ կոյր
Զեփիւռին երգը չիմանալու չափ խուլ են
Համր են անոնք
Իրենց ապագային մասին խօսիլ չկարենալու չափ
Իսկ ես աղքատ լեզուովս կրնամ երգել Որբէոսի նման
Որովհետեւ պատկերներս ունին թաղեցիներուս երազները
Գոյն գոյն երազները
Լոյս լոյս երազները…

ԶԱՀՐԱՏ

Տարիներ առաջ այսօրը (20 փետրուար 2007), մահացաւ սիրուած պոլսահայ բանաստեղծ Զահրատը:

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>