Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ամրան եղանակին հետ ի յայտ կու գան զզուելի ճանճերը: Այս արագ բազմացող եւ մանրէներու բոյն միջատները առաւելաբար կը նուաճեն մեր խոհանոցները` մերթ թառելով ուտելիքներուն վրայ, մերթ` աղբամանին: Ահաւասիկ կարգ մը գործնական թելադրանքներ` անոնցմէ ձերբազատելու համար:
- Որքան տունը մաքուր ըլլայ, այնքան ճանճերը հեռու կը մնան մեզմէ: Սակայն ասիկա բաւարար չէ.
![բ.- Պատուհաններուն եւ պատշգամներուն եզերքը զետեղեցէք ռեհանի, անանուխի, լաւանտի թաղարներ:](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2014/08/GYO_Mini_Basil_pot__33601_std.jpg)
բ.- Պատուհաններուն եւ պատշգամներուն եզերքը զետեղեցէք ռեհանի, անանուխի, լաւանտի թաղարներ:
![ա.- Տան դռներն ու պատուհանները օժտեցէք մժեղարգել ցանցերով:](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2014/08/fly-screen-windows-69776-1446079.jpg)
ա.- Տան դռներն ու պատուհանները օժտեցէք մժեղարգել ցանցերով:
![դ.- Խոհանոցի դրան կամ պատուհանին մօտ զետեղեցէք սխտորի հիւսք մը:](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2014/08/175245R-AB-T-.jpg)
դ.- Խոհանոցի դրան կամ պատուհանին մօտ զետեղեցէք սխտորի հիւսք մը:
![գ.- Տան տարբեր անկիւնները զետեղեցէք նարինջներ, որոնց վրայ հաստատած ըլլաք մեխակի գամեր:](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2014/08/6a00d8341d1d7953ef017c34a1b215970b.jpg)
գ.- Տան տարբեր անկիւնները զետեղեցէք նարինջներ, որոնց վրայ հաստատած ըլլաք մեխակի գամեր:
ե.- Խոհանոցը զետեղեցէք կիսուած սոխ պարունակող պնակ մը:
զ.- Խոհանոցը զետեղեցէք կեղուըուած սխտորի պճեղներ:
- Երբ սառնարանը բանաք, անմիջապէս առէք ձեր փնտռածը եւ դուռը շուտով փակեցէք, որպէսզի սխալմամբ ճանճ չմտնէ:
- Աղբամանը թող օժտուած ըլլայ կափարիչով, աղբի կերպընկալ տոպրակները յաճախակի փոխեցէք, իսկ աղբամանը տեւաբար օճառ-ջուրով լուացէք:
- Անշուշտ կարելի է օգտագործել նաեւ միջատասպան դեղերը, որոնք թէեւ ազդու են, բայց` ոչ առողջապահական:
Հետաքրքրական
Տիանա Աբգար
Աշխարհի Առաջին Կին Դեսպանը
Թէեւ աշխարհի առաջին կին դեսպան համարուած է Ալեքսանտրա Քոլոնտան, որ 1923-1952 թուականներուն Խորհրդային Միութեան դեսպանի պաշտօն վարած է յաջորդաբար Նորվեկիոյ, Մեքսիքայի եւ Շուէտի մէջ, սակայն իրականութիւնը տարբեր է: Գրող, հրապարակախօս, հասարակական գործիչ Տիանա Աբգարը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան դեսպան նշանակուած է Ճափոնի եւ Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ 1925-ին, այսինքն` Ալեքսանտրա Քոլոնտայէն 3 տարի առաջ:
Ո՞վ Է Տիանա Աբգար
Տիանայի բունը անունը Անահիտ է. անոր նախնիները նորջուղայեցիներ էին: Մայրը եղած է հանրայայտ հնդկահայ վաճառական, գրող, թարգմանիչ: Հետագային անոր ընտանիքը տեղափոխուած է Հնդկաստանի Կալկաթա քաղաքը, ուր ան անգլիական կրթութիւն ստացած է:
1890-ին Աբգար ամուսնացած է ծնունդով նորջուղայեցի Միքայէլ Աբգարեանի հետ: Ամուսնութիւնը տեղի ունեցած է Չինաստան, ուրկէ մեկնած են Ճափոն եւ հոն ալ հաստատուած են: Հոն Միքայէլը մետաքսի վաճառականութեամբ զբաղած է եւ հիմնած` «Կրէյթ Իսթըրն» պանդոկը:
1906-ին ամուսինին անակնկալ մահէն ետք Տիանան իր զաւակներուն հետ տեղափոխուած է Եոքոհամա, ուր բացած է մեծ վաճառատուն եւ առեւտուրը շարունակած` Չինաստանի, Ա. Մ. Նահանգներու եւ Եւրոպայի հետ: Եոքոհամայի մէջ Տիանան նաեւ գնած է շքեղ առանձնատուն մը, որուն դռները միշտ բաց եղած են օտար բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն եւ հայ գաղթականներուն առջեւ:
Հրապարակախօս Եւ Գրագէտ
Ա. Համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին Տիանան ելոյթ ունեցած է հայ ժողովուրդին նուիրուած դասախօսութիւններով, յօդուածներով եւ աշխատակցած է Եոքոհամայի «Տը Ճափան Կազեթ» թերթին:
Տիանա Աբգարի (անգլերէն գրուած) գործերէն են` «Ճշմարտութիւնը հայութեան ջարդերու մասին» (1910) «Հայկական հարցը», «Դաւաճանուած Հայաստան» (1912), «Իր անունով» (1911), «Եւրոպայի խաղաղութիւնը», «Խաղաղութեան հարցը» (1912):
Տիանա ընդառաջելով «Թայմզ», «Ֆիկարօ» եւ այլ թերթերու դիմումներուն` յօդուածներ գրած է Արեւելքի երկիրներու տնտեսութեան մասին:
Բացի հայերէնէն եւ անգլերէնէն` Տիանան տիրապետած էր նաեւ հնդկերէնին, ճափոներէնին եւ չինարէնին:
Լիազօր Դեսպան
1920 յուլիս 2-ին Տիանա Աբգար նշանակուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչ եւ գլխաւոր հիւպատոս` ծայրագոյն Արեւելքի, Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան` Ճափոնի մէջ:
Պահպանած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Համօ Օհանջանեանին նամակը` ուղղուած Տիանա Աբգարին: Նամակին մէջ Օհանջանեան շնորհակալութիւն կը յայտնէ Աբգարին` նորածին հայրենիքի շահերը պաշտպանելու եւ հայրենակիցներու ծանր վիճակը թեթեւցնելուն համար:
Տիանա մեռաւ 1937-ին, թաղուեցաւ Եոքոհամայի օտար երկրացիներու գերեզմանատունը, ամուսինի կողքին:
2010-ին Ճափոնի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը երեկոյթ մը կազմակերպեց Տիանայի 141-րդ տարեդարձին առիթով: Ներկայ էին անոր թոռն ու ծոռը, որոնք դեսպանութեան նուիրեցին իրենց ընտանիքին պատկանող արխիւային նիւթեր, ինչպէս նաեւ` Տիանային ուղղուած Հ. Օհանջանեանի նամակին լուսապատճէնը:
Խոհագիր
Խորոված Բանջարեղէնով
Դդմաճ
Բաղադրութիւն
500 կրամ ֆարֆալէ խմոր (թիթեռնիկի ձեւով)
4 պճեղ սխտոր` շատ մանր մանրուած
1 սոխ` խորանարդաձեւ մանրուած
1 սմբուկ` կեղուըւած եւ խորանարդաձեւ կտրտուած
3 դդում` խորանարդաձեւ կտրտուած
4 կարմիր պղպեղ` խորանարդաձեւ կտրտուած
1/3 գաւաթ ձէթ
1/3 գաւաթ փեսթօ թացան
1/3 գաւաթ տաշուած փարմըզան
սեւ համեմ, աղ
1/4 գաւաթ խորոված սնոպար
Պատրաստութիւն
Կաթսայի մը մէջ ջուր եռացնել, աղ աւելցնել եւ խմորը խաշել եւ քամոցի մէջ փոխադրել:
Տապակի մը մէջ ձէթը տաքցնել եւ աւելցնել սխտորը, սոխը, սմբուկը, դդումն ու պղպեղը եւ շուրջ 10 վայրկեան եփել:
Խաշած խմորը աւելցնել բանջարեղէններուն վրայ, նոյնպէս ալ` փեսթօ թացանը եւ պանիրը: Աղել, համեմել եւ զգուշութեամբ խառնել:
Փոխադրել ներկայանալի ամանի մը մէջ եւ զարդարել սնոպարի հատիկներով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Արեւին
Հարաւի մեղմ ու լիաշունչ հովին հետ,
Որ վաղուց երազուած համբոյրի մը պէս,
Իմ սիրակարօտ հոգիս հեշտանքով կը լիացնէ,
Շողա՛, ո՜վ արեւ, շառափներովդ ոսկեծայր,
Մառախլապատ երկունքիս մէջ`
Ուր Մտածումը կը դեգերի ուղեմոլար,
Շողա՛, շողա՛, բարի՜ արեւ, հիւա՛նդ եմ…
Պատուհանիս հեղուկ ծոցին մէջ ինկած խելայեղ,
Միջօրէի հեշտադալար ու բոցակապ երազին գիրկը,
Թեւատարած կը սպասե՜մ.
Պըլլէ՜ զիս բոցեղէն ցանցերուդ մէջ,
Ու օրօրէ՜ ջերմագին,
Ու կիզանուտ համբոյրիդ տակ
Թող հոգւոյս մէջէն անցնին կարգաւ
Մանուկներն ընդարմացած:
Մինչեւ որ
Կանգնիմ նորէն ու անցնի՜մ դարձեալ
Տարփանքիս խանդաղատ ճամբաներէն:
Հիւա՜նդ եմ, բարի՜ արեւ շողա՜, շողա՜…
Հոգիս թռչնիկ մըն է,
Օդ ու լոյսի, երգ ու ծիծաղի կարօտ,
Բայց երգը, որ իր ալուցքէն կը թռչի,
Անտես ու ստուերոտ սանդուխներու վրայ
Կ՛իյնայ շնչահեղձ:
Շողա՛, շողա՛, բարի՜ արեւ, հիւա՜նդ եմ……
Վերջին անգա՜մ մըն ալ,
Դեռ իրիկո՜ւն չեղած
Ու, դեռ տամուկ գիշերին վըհուկը զիս չընդգրկած,
Վերջին անգա՜մ մըն ալ,
Փարէ՛ հոգւոյս խանդաբորբ ու կաթոգին,
Հիւա՜նդ եմ, բարի՜ արեւ, շողա՛, շողա՜…ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ
(Հատուած)