Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ս. Աստուածածնի վերափոխման կամ խաղողօրհնէքի տօնը Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն մէկն է, որ կը նշուի ամէն տարի օգոստոս 15-ի ամենամօտ կիրակին:
Աւանդութեան համաձայն, այդ օրը մարդիկ եկեղեցի կը տանին խաղողի առաջին բերքը: Օրհնուած բերքը կը բաժնուի հաւատացեալներուն եւ պարտադիր է, որ խաղողը համտեսուի միայն օրհնուելէն ետք:
Կարգ մը ազգագրագէտներու համաձայն, խաղողօրհնէքի աւանդութիւնը կու գայ նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջանէն եւ կապուած է Նաւասարդի տօնին հետ: Խաղողօրհնէքը անցեալին եղած է պտղաբերութեան եւ մայրութեան աստուածուհի` Անահիտի փառաբանման օրը: Այդ օրը մարդիկ մատաղ կ՛ընէին եւ Անահիտին կը զոհաբերէին իրենց առաջին բերքը:
Խաղողի օրհնութենէն բացի, կը կազմակերպուէին տօնական երգ, պար եւ խաղեր: Ճոխ սեղաններ կը սարքուէին աւանդական պտուղներով եւ ուտեստներով:
Հետագային, քրիստոնէական շրջանին, խաղողօրհնէքի տօնը եկեղեցին միացուց Աստուածածնի վերափոխման տօնին: Եկեղեցին կ՛օրհնէ միայն խաղողը, որովհետեւ անիկա կը համարուի ազնուագոյն պտուղներէն մէկը եւ խաղողէն է, որ կը պատրաստուի պատարագի գինին, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի արիւնը:
Աստուածածնայ տօնին յաջորդող օրը մեռելոց է: Բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հանգուցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար հոգեհանգստեան պատարագ կը մատուցուի, որմէ ետք հաւատացեալները կ՛այցելեն իրենց հարազատներուն շիրիմները:
Ըստ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ, Աստուածածնի վերափոխման տօնին տօնելի են` Մարիամ, Մարօ, Մարի, Տիրուհի, Սրբուհի, Թագուհի, Լուսիկ, Արեգ, Արեւիկ, Աղաւնի, Մարգարիտ, Նազելի, Պերճուհի, Արշալոյս, Գեղանի… անունները:
Անահիտ Աստուածուհին
Անահիտ հայերու մայրութեան, զգաստութեան եւ պտղաբերութեան աստուածուհին է: Անահիտը Արտաշատ քաղաքի հովանաւորողն էր, հայերու գերագոյն աստուածուհին: Անիկա նաեւ կոչուած է Մեծ Տիկին, Ոսկեմայր, Ոսկեծղի, Ոսկեմատն: Անահիտի գլխաւոր տաճարը կը գտնուէր Եկեղեաց գաւառի Երիզա աւանը, այդ պատճառով ալ ամբողջ գաւառը կոչուած է Անահտաւան:
Անահիտին նուիրուած մեհեաններ կային նաեւ Արտաշատի, Արմաւիրի, Քաջարանի, Անահտաձորի, Աշտիշատի, Վասպուրականի եւ այլ վայրերու մէջ:
Անահիտի բոլոր տաճարներն ու արձանները անխնայ ոչնչացուած են: 19-րդ դարուն Փոքր Հայքի Սատաղ քաղաքին մէջ յայտնաբերուած է Անահիտի պրոնզաձոյլ դիմաքանդակը, որ ներկայիս կը գտնուի Լոնտոնի թանգարանը: 1968-էն անոր կրկնօրինակը կը գտնուի Հայաստանի պատմութեան թանգարանը:
Սովորութիւն էր Անահիտի տօնը մեծ շուքով տօնել ապրիլ 6-ին` որպէս մայրութեան օր, եւ օգոստոս 15-ին` որպէս առաջին բերքի զոհաբերութեան օր` խաղողօրհնէքի տօն:
Ճիշդ Եւ Սխալ Կարծիքներ
Աշխարհի չորս ծագերուն տարեկան թոներով ուտելիք կը թափուի աղբամաններուն մէջ, այս անընդունելի վատնումին առաջքը կարելի է առնել, եթէ մեզմէ իւրաքանչիւրը աւելի ուշադիր ըլլայ ուտելիքներու պահպանման ձեւին:
1
- Թելադրելի է սառած ուտելիք մը հալեցնելու համար զայն սառցարանէն ուղղակի դուրս հանել եւ սենեակի ջերմաստիճանով պահել:
ՍԽԱ՛Լ. սառած ուտելիք մը հալեցնելու լաւագոյն ձեւը զայն սառցարանէն սառնարանին վարի բաժինը փոխադրելն է: Հալելու գործընթացը կրնայ տեւել քանի մը ժամ կամ ամբողջ գիշեր մը` նայած ուտելիքին ծաւալին եւ տեսակին: Այլ միջոց մը` մանրալիքը, եթէ կ՛աճապարէք, կրնաք ուտելիքը քանի մը վայրկեանի ընթացքին հալեցնել մանրալիքի միջոցով:
Ի մտի ունեցէք, որ 5 աստիճանէն սկսեալ մանրէներ կը բազմանան ուտելիքներուն մէջ, հետեւաբար սենեակի ջերմաստիճանով ուտելիք դուրս մի՛ ձգէք: Չմոռնաք նաեւ, որ սառած եւ հալած ուտելիք մը կարելի չէ կրկին սառցարանը դնել` ուրիշ առիթով մը ուտելու համար:
2
- Ուտելիքները կարելի է տարիով սառցարանը պահել:
ՍԽԱ՛Լ. ոչ բոլոր ուտելիքները: Միջազգային առողջապահութեան չափանիշներով պտուղներն ու բանջարեղէնները կարելի է 1 տարի սառցարանը պահել: Միսերը, նայած տեսակին, կարելի է պահել 1-10 ամիս: Ձկնեղէններն ու ծովային պտուղները առաւելագոյնը 6 ամիս կարելի է պահել, իսկ լազանիան, թարթերը եւ եփուած կերակուրները` 1-10 ամիս:
3
- Ուտելիքներու աւելցածները սառնարանը կարելի է պահել 2-3 օր:
ՃԻ՛ՇԴ. ուտելիքներու աւելցածները կարելի է սառնարանը ապահով պահել առաւելագոյնը 3 օր: Զանոնք պէտք է տեղաւորել կափարիչով օժտուած ամաններու մէջ եւ զետեղել սառնարանին վերի դարանին վրայ:
4
- Կաթնեղէնները եւս կարելի է սառեցնել:
ՃԻ՛ՇԴ. կաթը, կարագը, սերը, պանիրն ու մածունը կարելի է սառեցնել մինչեւ 6 ամիս: Ասոնցմէ ոմանք` մածունը, սերը հալելէ ետք կրնան կորսնցնել իրենց սահուն, ողորկ կազմուածքը` առանց սակայն վնասակար դառնալու:
5
- Պտուղներուն եւ բանջարեղէններուն պահպանման տեւողութիւնը կը տարբերի ըստ տեսակի:
ՃԻ՛ՇԴ. կեռասը, ծնեբեկը, սունկն ու խաղողը կարելի է սառնարանը պահել 3-5 օր: Սալորը, լոլիկը, հազարը, վարունգը եւ կանաչ սոխը սառնարանին մէջ կը դիմանան մէկ շաբաթ, ճակնդեղն ու կաղամբը` 2-3 շաբաթ: Խնձորը ամէնէն երկար դիմացող պտուղն է. անիկա սառնարանին մէջ իր թարմութիւնը կը պահէ մինչեւ 6 ամիս:
Համոզիչ Պատճառներ Ակռայի
Խոզանակը Չնետելու Համար
Ատամնաբուժները կը թելադրեն ակռայի խոզանակները նորոգել 3 ամիսը անգամ մը, իսկ հինը մի՛ նետէք, կրնաք զայն օգտագործել զանազան բաներու:
![Պատերուն վրայէն մատիտի եւ ներկի հետքերը մաքրելու համար:](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2014/08/FYLWXYKGE7LFFII.jpg)
Պատերուն վրայէն մատիտի եւ ներկի հետքերը մաքրելու համար:
![Մազի խոզանակը մաքրելու համար:](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2014/08/F5O9QPFGEE03U6E.jpg)
Մազի խոզանակը մաքրելու համար:
![Կօշիկներուն ներբանը մաքրելու համար:](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2014/08/Clean-Your-Shoe-Soles.jpg)
Կօշիկներուն ներբանը մաքրելու համար
- Ձեր յօնքերը սանտրելու համար:
- Սալաքարերուն ճեղքերը մաքրելու համար:
- Մազերը ներկելու համար:
- Խոհանոցի կարգ մը ելեկտրական մեքենաներ մաքրելու համար:
- Եղունգները մաքրելու համար:
- Շապիկներուն օձիքները մաքրելու համար:
- Ծորակներուն շուրջը մաքրելու համար:
Խոհագիր
Հաւով Պրոքոլի
Բաղադրութիւն
- Միջակ չափի պրոքոլի մը (կանաչ ծաղկակաղամբ)
- 2 հաւու կուրծք
- 2 ապուրի դգալ շուշմայ
- Սոյա թացան ըստ ճաշակի
- 1 թէյի դգալ շուշմայի իւղ
Պատրաստութիւն
Պրոքոլին մասերու բաժնել եւ 2-3 վայրկեան եփել եռացող աղի ջուրի մէջ, ապա` քամոցի մէջ փոխադրել:
Հաւուն կուրծքերը խաշել, բզկտել, եւ չփակչող յատակով տապակի մէջ շուշմայի իւղի մէջ կարմրցնել: Ապա աւելցնել կէս բաժակ ջուր, սոյա թացանը եւ շուշման ու բոլորը միատեղ խառնել: Խառնուրդին աւելցնել պրոքոլին եւ կրկին խառնել ու թեթեւ կրակի վրայ 3 վայրկեան եփել` ի հարկին երբեմն քանի մը կաթիլ ջուր աւելցնելով:
Հրամցնել տաք, նախընտրաբար պասմաթի բրինձով եղինձի կողքին:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Չըսի՞
Մութը չիջած, իրիկուընէ,
Իրեն ըսի, թէ ինձ համար
Սէրը տժգոյն ծաղիկ մըն է,
Զոր շունչիս տակ չէի կրնար
Ապրեցընել – լուռ, կը խնդար…Մութը չիջած, իրիկուընէ,
Իրեն ըսի, թէ ինձ համար
Սէրը հիւանդ կարապ մըն է,
Զոր շրթունքներս չէին կրնար
Կեանքի բերել – լուռ, կը խնդար…Մութը չիջած, իրիկուընէ
Իրեն ըսի, թէ ինձ համար
Սէրը մեռնող նշոյլ մըն է,
Զոր իմ հոգիս ա՛լ չէր կրնար
Բոցավառել – լուռ, կը խնդար…Ու լուսնին տակ, կէս-գիշերին,
Երբ կ՛իջնէինք բլուրն ի վար`
Կը կշտամբէր զիս հոգեւին.
«Տե՛ս, հիւանդ եմ, ու չե՛ս գթար»,-
Կը մրմնջէր ու լուռ կու լար…Բայց ես իրեն չըսի՞, չըսի՞,
Իրիկուընէ, մութը չիջած,
Թէ ցուրտ Հովէն եթէ մսի`
Այս հոգիովս, ցաւէն շիջած,
Չէի՛ կրնար հուր տալ, չըսի՞…ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ